Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակը` Պատիւ, Զոհողութիւն Եւ Հաւատարմութիւն

Օգոստոս 1, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Հանգի՛ստ: Պատրա՛ստ:

Քայլ առաջ, օ՛ն:

Լիբանանեան բանակն է, կը տողանցէ:

Դարձեալ 1 օգոստոս է. Լիբանանի այն քիչ օրերէն, որոնց ընթացքին կարելի է հպարտանալ, պատկանելիութիւն զգալ, ճակատաբաց ու հանգիստ սրտով մօտենալ հեռատեսիլին, հետեւիլ շրջանաւարտ սպաներուն հանդէսին ու տողանցքին եւ գոհ ու ապահով զգալ:

Լիբանանի տարօրինակ «հրաշալիքներուն» կողքին բանակը կը մնայ այն հրաշքը, որ կը հմայէ բոլորը եւ կը ստեղծէ Լիբանանի մէջ գոհունակ ըլլալու կարելիութիւնը, որ ինքնին այլ հրաշք մըն է:

Երկրի մը մէջ, ուր քաղաքացին մերթ մարդամեքենայի վերածուած է ու մերթ յուսալքումներ մարմնաւորող շնչող էակի, անկարելի է, որ չհպարտանայ իր բանակով եւ անոր սխրագործութիւններով:

Զրկանքներով իր ուղին կերտած եւ հսկայ կարիքներ ունեցող լիբանանեան բանակը վերջերս սկսած է զինուորական շարք մը օժանդակութիւններ ստանալ` կարգ մը երկիրներէ միայն:

Թէեւ բանակին տրամադրուած օժանդակութիւնները սահմանափակ են, սակայն անոնք առիթ տուած են, որ բանակը յաղթէ ահաբեկչութեան, չարիք մը, որ ամբողջ աշխարհը սարսափեցուցած է:

Անցեալ տարի բանակը յայտարարեց «Բարձունքներու արշալոյսը» կոչուող գործողութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ Արսալի եւ Պաալպեքի բարձունքները, ինչպէս նաեւ Քաայի լեռները ահաբեկիչներէ եւ ահաբեկչութենէ մաքրագործեց:

Անշուշտ բանակին այս քաջագործութեան նեցուկ կանգնեցան լիբանանցիները, իսկ բանակին զօրակցեցաւ եւ անոր զինուորական աշխատանքներուն մէջ իր ներդրումը ունեցաւ Դիմադրութիւնը:

Այս իրականութիւնը կու գայ վերահաստատելու, որ «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը, որ պաշտօնապէս ընդունուած է Լիբանանի կառավարութեան կողմէ, փաստած է իր իրաւացիութիւնը` իբրեւ լաւագոյն միջոց` պաշտպանելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:

Այսօր շրջանաւարտ սպաները հանրապետութեան նախագահէն պիտի ստանան իրենց սուրերը եւ արժանավայել կերպով պիտի կոչուին «Բարձունքներու արշալոյս»-ի սերունդ:

Հոս կրնանք նաեւ հաստատել, որ բանակը իր զօրութեամբ, նուիրումով ու միասնականութեամբ կը մնայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իրականացուցած մեծագոյն նուաճումը, որ սկիզբ առած է բանակի հրամանատարութեան անոր օրերէն, տասնամեակներ շարունակ պահած անոր աւանդը, որ տակաւին նոյն կամքով ու կորովով կը շարունակէ գործել զօր. Աունի գերագոյն հրամանատարութեան օրերուն:

Բանակին ու յատկապէս անոր գաղտնի սպասարկութեան դիմաց առկայ կը մնան շարք մը հարցեր ու խնդիրներ, որոնցմէ են ահաբեկչութեան քնացած բջիջներուն հետապնդումը, պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ տիրող իրավիճակը հակակշիռի տակ պահելն ու այդ գաղթակայաններուն մէջ անոր ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի սահմաններուն հսկողութիւնը` թշնամի Իսրայէլի յարձակումներէ եւ օրական դրութեամբ կրկնուող ոտնձգութիւններէ:

Սակայն այս բոլորը կատարելու եւ յաւելեալ զօրութեամբ երկիրն ու քաղաքացիները պաշտպանելու համար բանակը կարիքը ունի աւելի ծանր զէնքերու, յաւելեալ զինամթերքի ու սպառազինութեան, որ առանց նախապայմանի տարիներէ ի վեր առաջարկուած է իրանեան պետութեան կողմէ, եւ որուն Լիբանան տակաւին չէ պատասխանած` անորոշութեան ընդհանուր տրամադրութիւն մը ստեղծելով այդ առաջարկին շուրջ:

Հաւանաբար իրանեան զէնքերն ու հրթիռներն են, որ ամէնէն աւելի օգտակար պիտի ըլլան լիբանանեան բանակին` շրջանին մէջ ուժի հաւասարակշռութիւնը պահպանելու:

Հետեւաբար այս հարցը կը մնայ քննարկելի` Լիբանանի մէջ կազմուելիք նոր կառավարութեան, որուն շողերուն մասին դրական խօսքեր կան միայն, սակայն որուն  նշոյլը տակաւին հորիզոնի վրայ չ՛երեւիր եւ ոչ ալ կը ջերմացնէ երկիրը…

Շնորհաւո՛ր տօնդ, շնորհաւո՛ր օրդ լիբանանեան բանակ, որ ամէն օր կը հսկես մեր ապահովութեան:

 

 

Նախորդը

Զարմանքի Եւ Ափսոսանքի «Պատ»-ը (Լիբանանեան Բանակի Տօնին Առիթով)

Յաջորդը

Անդրադարձ. Դաշինքի Դէմ Դաշինք

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?