Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Դաշինքի Դէմ Դաշինք

August 1, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուսիան եւ Իրանը երկու անկախ պետութիւններ են, եւ բնականաբար անոնց շահերը երբեմն կը համընկնին, իսկ երբեմն ալ` ոչ: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 17 մարտ 2018-ին Սոչիի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ բոլոր օտար ուժերը պէտք է քաղաքական լուծման փուլէն սկիզբէն ետք հեռանան Սուրիայէն: Քանի մը շաբաթ ետք, Ասատի քեռիին տղուն պատկանող սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հրատարակեց յօդուած մը, որ կը քննադատէր Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթիի այն խօսքը, թէ սուրիական վարչակարգը կը տապալէր, եթէ Իրան չմիջամտէր: Սուրիոյ մէջ իրանեան ներկայութեան հարցը քննարկած Թրամփ-Փութին վեհաժողովէն օրեր ետք, իրանցի երեսփոխան Պեհրուզ Պոնիատի իրանեան խորհրդարանի հրապարակային նիստի ընթացքին զգուշացուց ի վնաս Իրանի ռուս-սուրիական մերձեցումէն` նշելով, որ Սուրիան եւ Ռուսիան «կը զոհեն» Իրանը: «Անհաւանական չէ, որ քաղաքական ճատրակի այս աննշան երկու զինուորները մեզ զոհաբերեն Նեթանիահու-Թրամփ բագինին վրայ», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն շրջանառութեան մէջ դրած է «Արաբական ՕԹԱՆ»-ի մը կազմութեան գաղափարը, որուն քննարկումը նախատեսուած է 12-13 հոկտեմբերին: Թէեւ այդ կառոյցը Իրանի դէմ ուղղուած է, սակայն չի կրնար չմտահոգել Ռուսիան եւ Իսրայէլը: Մոսկուան իր կարգին շրջանառութեան մէջ դրած է շրջանին մէջ սիւննի մեծամասնութեան դէմ փոքրամասնութիւններու դաշինք յառաջացնելու գաղափարը: «Պեկին-Սատաթ» հիմնարկը կը նշէ, թէ «Իսրայէլ կրնայ արժէքաւոր դերակատար մը ըլլալ շրջանին մէջ սիւննի մեծամասնութեան դէմ փոքրամասնութիւններու դաշինք յառաջացնելու Ռուսիոյ տեսլականի իրականացման մէջ, պայմանով, որ Մոսկուան ձերբազատի Սուրիոյ մէջ Իրանի ներկայութենէն»:

Ըստ երեւոյթին այդ դիպաշարն է, որ այժմ կը կիրարկուի: Սակայն Ռուսիան չի կրնար փոքրամասնութիւններու դաշինք մը կազմել առանց Իրանի: Այդպիսի դաշինք մը պիտի կաղայ եւ Ռուսիոյ համար վերածուի բեռի, իսկ սիւննի մեծամասնութեան համար` դիւրին պատառի: Շրջափակման շօշափելի վտանգը դիմագրաւող Իրանը իր կարգին կարիքը ունի Ռուսիոյ: Իրանի դուռը թակող այդ վտանգը բաւարար է մոռցնելու Սուրիոյ հարցով սրտնեղութիւնը:

Առաւել հետաքրքրական է Իսրայէլի կեցուածքը. Թել Աւիւ չի կրնար դէմ ըլլալ շրջանին մէջ իր գլխաւոր թշնամիին` Իրանին դէմ եղող «Արաբական ՕԹԱՆ»-ին, սակայն միեւնոյն ժամանակ պիտի ուզէ սահմանափակել իրեն համար վտանգ ներկայացնող այդ դաշինքին ուժը եւ անոր ուշադրութիւնը իրմէ հեռացնել: «Փոքրամասնութիւններու դաշինք»-ի մը եւ «Արաբական ՕԹԱՆ»-ի մը ստեղծումն ու անոնց միջեւ պայքարը կը վնասազերծէ բոլոր վտանգները: Թել Աւիւի շահերէն կը բխի հովել այդ պայքարի բոցը, որովհետեւ անոր թէժացումն ու Իսրայէլի անվտանգութեան ամրապնդումը կ՛ընթանան ձեռք-ձեռքի:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակը` Պատիւ, Զոհողութիւն Եւ Հաւատարմութիւն

Յաջորդը

ՀՅԴ ԶՈՄ. Հանդիպում Աբովեան Համայնքի Ղեկավարին Հետ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.