ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Կը զարմանանք, ոչ թէ անոր համար, որ տակաւին, տասնամեակներէ ի վեր կը յիշատակենք կամ կ՛արժեւորենք եզակի այս տօնը, այլ անոր համար, որ իբրեւ լիբանանցիներ, գիտնալով հանդերձ, թէ երկրին միակ ապաւէնն ու յոյսը բանակն է, կը շարունակենք զայն թիրախ դարձնել, շատ անգամ հեգնանքով եւ վիրաւորական խօսքերով, անոր սրբազան առաքելութիւնը նսեմացնելով, աւելի՛ն. ուղղակիօրէն զայն հարուածելով: Այլ խօսքով, լիբանանցին կը զարմանայ եւ կը զարմացնէ, ահա` թնճուկը, որուն վերլուծութիւնն ու վերծանումը կը պատկանի ապագայ սերունդներու:
Ճիշդ է, որ նման վերաբերում ցոյց տուողները տոկոսային համեմատութեամբ շատ քիչ են, այդուհանդերձ անոնց շարքերուն մէջ կը գտնուին զարմանազան տիպի անհատներ, ինչպէս` քաղաքական կեանքի մէջ գործուն մարդիկ, բարձրաստիճան հոգեւորականներ, կուսակցապետներ, կասկածելի գործերով հարստացած անհատ թէ մաֆիա խմբաւորումներ, ժողովուրդի բացայայտ կեղեքիչներ, թմրեցուցիչի «հսկայ» վաճառականներ եւ այլն, եւ այլն, որոնք, այսպէս ըսած, տիրական են իրենց անարգել գործով եւ ազդու` նիւթական անսահման կարելիութիւններով:
Կ՛արձանագրենք այս բոլորը, ցաւ ի սիրտ, որովհետեւ մեր առօրեայ կեանքին մէջ ականատես կ՛ըլլանք այնպիսի տխուր եւ ողբերգական դէպքերու, որոնց զոհ կը դառնան քաջ ու խրոխտ բանակի տղաները, պարտականութեան ճամբու վրայ թէ պաշտպանական արարքներու ընթացքին, պատերազմի թէ խաղաղ օրերուն:
Կրնայ ըսուիլ, թէ ինչո՛ւ ափսոսալ ի տես այս բոլորին, նեղանալ ու բորբոքիլ, երբ տակաւին կ՛ապրինք հողատարածքի մը վրայ, որուն անունը Լիբանան է, երբ կը գործէ պետութիւն մը, որ կայանալու երազանքը կ՛ապրի` իր անկախութենէն ի վեր, երբ հաստատութենական մտածողութեան փոխարէն կը գերիշխէ ազգաքանդ համայնքայնութիւնը, երբ Սահմանադրութիւնը անուանական ներկայութիւն է, իսկ անոր ընկալումը` հատուածական եւ ըստ քմահաճոյքի, երբ արդարադատական օրէքներու կիրարկումը կը բախի անհատական շահերու գերակայութեան, երբ ինք` ժողովուրդը կ՛ուզէ, այսպէս ըսած, ապրիլ անտառի օրէնքով եւ մասամբ նորին:
Օգոստոսի 1, բանակի օր:
Լիբանանի եղբայրասպան պատերազմի (1975-1990) տարիներուն, երբ նոյն երկրի քաղաքացիներ, ինչ-ինչ քաղաքական կողմնորոշումներու պատրուակով զիրար յօշոտելու եւ երկիրը քանդելու մրցավազքը կ՛ապրէին, այդ օրերուն անգամ, ձեւով մը, սիրոյ ու յարգանքի արտայայտութիւններ կը լսէինք հանդէպ պետական կառոյցի մը` յանձին լիբանանեան բանակին, որովհետեւ կար այն գիտակցութիւնը, թէ օր մը, անպայման, երկրի անվտանգութեան եւ ժողովուրդի պաշտպանութեան միակ կռուանը պիտի հանդիսանայ բանակը, իր բոլոր ստորաբաժանումներով:
Եւ կը պատահէր այն, ինչ որ սպասելի եւ ակնկալելի էր:
Փաստօրէն, յետ երկարատեւ ու մահասփիւռ պատերազմին, շնորհիւ կարգ մը հայրենասէր պետական գործիչներու (մատի վրայ հաշուըւող), փորձ կը կատարուի միաւորելու բանակի տարտղնուած զօրագունդերը: Փորձը կը յաջողի, բանակը կը վերագտնէ իր աշխուժութիւնը եւ կը լծուի ինքնակառուցման աշխատանքի:
Առաջին հերթին անոր կ՛ապահովուի որոշ քանակի զէնք ու զինամթերք, տեղի կ՛ունենան սպայական մակարդակի վերաորակաւորման դասընթացքներ, տակաւ կը զարգանան արհեստավարժի ու մասնագիտական անհատական ունակութիւնները, կը բարելաւուին արհեստագիտական թէ գումակային ոլորտները, կը բարձրանայ զինուորի կորովը, բարոյահոգեբանական վիճակը, կ՛ամրապնդուի զինուորական հաւատոյ հանգանակի իմաստն ու հնչեղութիւնը, իսկ ամէնէն էականը` բանակին կը յանձնուի երկրի ապահովութեան տիրութիւն ընելու պատիւն ու կամքը:
Բանակը կը վերականգնի եւ կը ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը:
Սակայն, աւելի քան 25 տարի է, լիբանանեան բանակը կը դիմագրաւէ մե՛րթ արտաքին (զինումի) ու մե՛րթ ներքին (քաղաքական) դժուարութիւններ, վտանգներ եւ խոչընդոտներ: Յայտնապէս, անոր կ՛արգիլուի, ինչպէս միշտ, ձեռք ձգել զէնքերու արդիական տեսականի, որոնք կրնան սպառնալիք դառնալ մէկ կողմէ թշնամի Իսրայէլին, միւս կողմէ` քաղաքական կամք պարտադրող օտար ուժերու եւ պետութիւններու:
Վերջին տարիներուն լիբանանեան բանակը` վաստկած ըլլալով զինուորական փորձառութիւն եւ ինքնավստահութիւն, մանաւանդ` ապաւինելով իր զինուորի հարուածող բազուկին եւ նուիրումին, ինչպէս նաեւ իր կողքին ունենալով կարգ մը պետական այրերու թէ ժողովուրդի աջակցութիւնը, կը նետուի պատերազմի դաշտ:
Ան պատերազմ կը մղէ տարբեր կողմերու դէմ, որոնք կը սպառնային երկրի անվտանգութեան ու ժողովուրդի խաղաղութեան: Կը նախաձեռնէ զինուորական հսկայածաւալ արշաւի մը, կ՛ազատագրէ կարգ մը գիւղեր, որոնք բռնագրաւուած էին իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ, կը հարուածէ եւ կը չէզոքացնէ թաքուն բջիջներ, որջեր, որոնք կը միտէին խանգարել երկրին անդորրութիւնն ու բնական կեանքը:
Իրօք, բանակը աննահանջ եւ յաղթական մարտեր կը մղէ երկրի կարգ մը սահմանային շրջանները բռնագրաւած բարբարոս զինեալներու դէմ, կ՛ունենայ նահատակներ, կ՛ազատագրէ հողերը եւ կը հաստատէ իր իշխանութիւնը:
Ինչ կը վերաբերի թմրեցուցիչի մաքսանենգներու, աւազակային խմբակներու թէ ոճրագործ տարրերու դէմ իր արշաւին, ճիշդ է, որ ցարդ կ՛արձանագրէ իր յաղթական երթը, բազում զոհողութիւններ յանձն առնելով, այդուամենայնիւ, տակաւին գոյութիւն ունին լիբանանցիներ, որոնց հաճելի չեն թուիր նման արարքներ, որովհետեւ կը վտանգուին անոնց պիղծ շահերն ու թաքուն գործառնութիւնները:
Արդ, բանակի տօնին առիթով կ՛արժէ կրկին հարց տալ, թէ լիբանանցին, որ կը յոխորտայ իր խաղաղասիրական ու հայրենասիրական զգացումներով, կը հպարտանայ իր բանակով, ճիգ կը թափէ ազատելու օտարի բռնաճնշումներէն եւ քաղաքական ազդեցութիւններէն, ամէն պատեհ առիթի կը յիշեցնէ կապոյտ երկինքին ու ծովուն գեղեցկութիւնը (իբր թէ), բարձր լեռներու եւ կանաչ բնութեան (եթէ կան տակաւին) գրաւիչ ներկայութիւնը եւ այլն, արդեօք իբրեւ ժողովուրդ կը հաւատա՞յ իր երազներուն, կ՛ուզէ՞ տեսնել երկիր մը, որ ունի հզօր բանակ եւ պետականութիւն, թէ՞ պարզապէս լոզունքներ են վերոնշեալները, լոկ ժամավաճառութիւն:
Այո՛, զարմանքի եւ ափսոսանքի «պատ» մը կառուցած է ինք` ժողովուրդը: Պատ մը, որ իրարմէ բաժնած է նոյն քաղաքացին, ընտանիքն ու համայնքը նաեւ: Պատ մը, որ ստեղծուած է արուեստականօրէն, առանց դոյզն խղճմտանքի: Պատ մը, որուն առջեւ լիբանանցին իր բոլոր շերտերով եւ այլազանութեամբ կը փափաքի լալ, միշտ ողբալ, յաճախ տկարանալ` յանուն սեփական շահերու պահպանման:
Միւս կողմէ, նոյն ժողովուրդի ծոցէն ծնունդ առած բանակը, շնորհիւ իր կամքին ու հայրենասէրի ոգիին, հակառակ բոլոր արգելքներուն, իր անվեհեր զինուորի եւ քաջարի սպայի մաքուր արեամբ, հաւատամքի մեծութեամբ կը քանդէ այդ բոլոր շինծու պատերը, որոնք կը պառակտեն Լիբանանն ու հասարակութիւնը:
Արդ, սրբազան այս տօնին առիթով` հարկ է խոնարհիլ բանակի բոլոր նահատակներուն առջեւ եւ միշտ հպարտանալ անոնց մատուցած զոհողութեամբ:
29 յուլիս 2018