Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 31, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հալէպի ազատագրումով, գլխաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Շահան արք. Սարգիսեանի, սկիզբ առին թեմիս տարածքին վերականգնումի եւ վերաշինութեան նախապատրաստական աշխատանքները, մասնագիտական սերտողութիւնները, ուր առաջնահերթ տեղ կը գրաւէր Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, որ սուրիական տագնապի օրերուն ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ թիրախ դարձաւ հրթիռակոծումներու, որուն հետեւանքով ալ կարգ մը կառոյցներ քանդուեցան:

Ուրբաթ, 30 մայիս 2018, հանդիսապետութեամբ սրբազան հօր, յատուկ աղօթքով մեկնարկը տրուեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն, ապա շինարարական ընկերութեան եւ հսկող երկրաչափին հետ ստորագրուեցան պաշտօնական համաձայնագիրները:

Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքով ընդգծեց սուրիական հայրենիքին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը` միաժամանակ վեր բերելով, որպէս խորհրդանիշ, պատմական Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ նշանակութիւնը Հալէպի հայ համայնքին եւ հանուր հայութեան համար: Եկեղեցւոյ եւ շրջակայքի վերաշինութեան ու նորոգութեան ծրագիրը կ՛ընդգրկէ եօթը բաժիններ, որոնք պիտի իրագործուին հերթական փուլերով:

Առաջին փուլով սկսած է եկեղեցւոյ եւ մայր մուտքին նորոգութիւնը, որուն շինարարական աշխատանքները կ՛ընթանան մեծ թափով` ուղղակի հսկողութեամբ սրբազան հօր, Ազգ. վարչութեան եւ շինարարական յանձնախումբին: Յիշենք նաեւ, որ եկեղեցւոյ նորոգութիւնը կը վայելէ նաեւ սուրիական պետական բարձրաստիճան շրջանակներու ուշադրութիւնը եւ անվերապահ քաջալերանքը, որուն խօսուն ապացոյցն էր սրբազան հօր հրաւէրով, շաբաթ, 23 յունիս 2018-ին Հալէպի նահանգապետ Հիւսէյն Ահմետ Տիապի, Նահանգապետարանի եւ առնչակից գրասենեակներու պատասխանատուներու այցելութիւնը եկեղեցւոյ աշխատավայր, ուր յետշրջագայութեան նահանգապետը իր գոհունակաութիւնը արձանագրեց տարուած աշխատանքին գծով եւ բարձրօրէն գնահատեց հայ համայնքին ներդրումը սուրիական հայրենիքի վերաշինութեան նուիրական գործին:

Անվիճելիօրէն Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, աւելի քան հինգ հարիւր տարիներու իր դարարմատ պատմութեամբ եւ ժողովրդամատոյց առաքելութեամբ, կը հանդիսանայ Սուրիոյ հայ համայնքին հաւատքի ծաղկումին, տառապանքին, վերածնունդին եւ ստեղծագործ հանճարին շքեղ վկայարանը, եւ մենք երախտաւորի զգացումներով կը ներբողենք պատմութիւն կերտած, բայց պատմութիւն չդարձած հաւատքի այս Տունը` ըսելով. «Թագաւոր երկնաւոր, զեկեղեցի քո անշարժ պահեա»:

ԴԻՒԱՆ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Նախորդը

Արցախեան Տագնապ. Երեւանէն Եւ Ստեփանակերտէն Կարծր Կեցուածք` Պաքուի Յարձակողապաշտ Քաղաքականութեան Դէմ

Յաջորդը

Լիզպոնի Հինգը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?