Յօդուածներ

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Սեբաստացի Մուրատ (Խրիմեան, 1874-1918). ­Հայ յե­ղա­փո­խա­կան շարժ­ման դիւ­ցազ­նա­կան ֆե­տա­յին

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Օգոստոս 4-ին կ’ոգեկոչենք հերոսական նահատակութեան հարիւրամեակը հայ ժողովուրդի քաջարի ծնունդներէն անմահն Սեբաստացի Մուրատի: Մուրատ զոհուեցաւ թրքական զօրքի արշաւանքին դէմ Պաքուի հայութեան մղած ինքնապաշտպանութեան անհաւասար ուժերով ահեղ կռուի ընթացքին, ճիշդ այն պահուն, երբ հերոսաբար կրցած էր ճեղքել թշնամի բանակին պաշարման օղակը եւ յաղթանակ ապահովել հայկական զօրքին: Արդարեւ, 4 օգոստոս 1918-ին, դար մը առաջ, Պաքուի հայութիւնը կենաց-մահու կռիւ կը մղէր...

Սամուէլ Պոյաճեանի Յիշատակին

Սամուէլ Պոյաճեանի Յիշատակին

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Ահա քառասուն օրեր անցան, եւ եղբայր Սամուէլ Պոյաճեանը կը բացակայի մեր կեանքէն: Ահաւասիկ մեր վերջին յարգանքը կ՛արտայայտենք Այնճար գիւղի արժանաւոր զաւակներէն` ուսուցիչ, դաստիարակ եւ ՀՄԸՄ-ական եղբայր Սամուէլ Պոյաճեանին: Եղբայր Սամուէլ Պոյաճեան ծնած է Մուսա Լերան Խտրպէկ գիւղը, 1935-ին, Նշան եւ Ովսաննա Պոյաճեաններու որպէս երկրորդ զաւակը: Ան ծնունդ առած է ազգասէր, եկեղեցասէր եւ հայրենանուէր ընտանիքի մէջ: Այդ ոգին կենդանի...

Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի Այցը Քջակ

Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի Այցը Քջակ

ՔՋԱԿ-ը (Քրիստոնէական Ջանից ամառնային կեդրոն),  որ կը գտնուի Մոնթեվերտէի գեղատեսիլ բարձունքին վրայ,  իբրեւ Հայ աւետարանական Ջանից երիտասարդական շարժումի համագումարներու կեդրոն ծառայած է իր հիմնումէն (1949) մինչեւ այսօր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով մեծ վնասներու ենթարկուած ՔՋԱԿ-ը այսօր հիմնովին բարեկարգուած է եւ սքանչելի ու հանգստաւէտ  պայմաններով հաւաքավայր դարձած է թէ՛ մեծերուն, եւ թէ փոքրերուն համար: Հինգշաբթի, 2  օգոստոսին Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս...

«Պէտք Է Լիարժէքօրէ՛ն Վերականգնել Գիրք Կարդալու Մշակոյթը»   (Ս. Մահսէրէճեանի «Պահուած Գանձերու Երկիրը» Վիպակին Առիթով)

«Պէտք Է Լիարժէքօրէ՛ն Վերականգնել Գիրք Կարդալու Մշակոյթը» (Ս. Մահսէրէճեանի «Պահուած Գանձերու Երկիրը» Վիպակին Առիթով)

Գ. Հ. «Հայ գիր» հրատարակչատունը յունիսի վերջերուն լոյս ընծայեց յատկապէս հայ պատանիներու եւ աշակերտներու «հասցէագրուած» վիպակ մը` «Պահուած գանձերու երկիրը» խորագիրով. հեղինակն է հայ մամուլի բազմամեայ աշխատակիցներէն` Սարգիս Մահսէրէճեանը, որուն գրիչէն նախապէս ալ լոյս աշխարհ եկած է պատանիներու համար գրքոյկներու շարք մը: Դպրոցական պատանիներու տարիքին յարմարութեամբ, 84 փոքրադիր էջերու վրայ տարածուող գրքոյկը լոյս տեսած է Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, կը...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպում, Որքա՞ն Իրական Է

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Առաջին հայեացքից, հնարաւոր է, որ հարցը հռետորական է հնչում: Բայց, թէկուզ եւ այդպէս, այնուամենայնիւ, կարծում եմ, որ այն խիստ այժմէական ու հրատապ է: Բարձր մակարդակի այդ հանդիպումն այս տարուայ աշնա՞նը կը կայանայ, թէ՞ աւելի շուտ կամ ուշ, եւ  կամ, թէ մէկ այլ ձեւաչափով, ասենք` երկու երկրների նախագահների  մասնակցութեամբ` Սարգսեան-ալիեւ մակարդակով, կարծում եմ` էական չէ: Այն պէտք...

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով)

Յուշատետր. «Պատճառ»-ներ Եւ «Արդիւնք»-ներ` Քով Քովի

Ռ.Հ. Յաճախ առիթներ ունեցած եմ մտածելու, որ կեանքի մէջ «պատճառ»-ի ու «արդիւնք»-ի փոխյարաբերութիւնները մեր մօտ կրնան ճամբայ բանալ սխալ համոզումներու: Մենք յաճախ պատճառը կը շփոթենք արդիւնքին հետ, կամ, ընդհակառակը, արդիւնքը կը շփոթենք պատճառին հետ: Որը միւսին պատճառը կամ արդիւնքն է, յստակ չենք գիտեր: Կամ յստակօրէն սխալ գիտենք: Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա: Պարտաւոր եմ օրինակներ տալ անձնական կեանքէս: Երէկ առաւօտ բարեկամ...

«Հին»-էն Ու «Նոր»-էն Վեր Մէկ Հայաստան Կայ

«Հին»-էն Ու «Նոր»-էն Վեր Մէկ Հայաստան Կայ

ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ Բարի՛ լոյս, հա՛յ, հայրենի՛ք, Հայաստա՛ն, Բարի՛ լոյս, Արարատեա՛ն աշխարհ, Բարի՛ լոյս, Աստուա՛ծ, Արարա՛տ: Երեք տարի առաջ, այսօր, ես առի կեանքիս մեծագոյն քայլը: «Գլխէս մեծ» քայլ, եւ այդ ալ` ի՜նչ քայլ, քայլ դէպի տուն: Ինձ կանչող չեղաւ, ո՛չ հարազատ, ո՛չ ալ` ծանօթ ունէի, որ ինծի «արի տուն» ըսէին. այն, ինչ որ ունէի մինչեւ այդ օրը, գրեթէ ոչինչ էր, բացի`...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Նրա Նուիրեալ Երկիրը Վասպուրականն Էր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ես առաջին անգամն է էի տեսնում մի այսպիսի սիրելի անձնաւորութիւն: Նա այն աբեղաներից էր, որի բերանում Յիսուսի, Մովսէսի եւ Պօղոսի անունների հետ ստէպ յիշւում էին իր ազգի նահապետների անունները, ոչ միայն հասարակ խօսակցութեան մէջ, այլեւ սուրբ տաճարի բեմից: Նա չէր խօսում բիբլիական Պաղեստինի եւ «Վերին Երուսաղէմ»-ի երանութիւնների մասին, նրա նուիրեալ երկիրը Վասպուրականն էր... Րաֆֆի Ափսո՜ս... Մեր պատանութեան օրերու...

Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչները Այցելած Են Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութիւն

Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչները Այցելած Են Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութիւն

Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը յուլիս 30-ին կազմակերպեց արդէն աւանդական դարձած այցելութիւն Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան վանք: Այս անգամ Եւրոպայի մէջ գտնուող հայկական ամենահին հաստատութիւններէն մէկու հիւրերն էին Աւստրիոյ արտաքին գերատեսչութեան աշխատակիցները` արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ կեդրոնական Ասիոյ պիւրոյի ղեկավար Կատարինա Վիզերի եւ Մշակութային համագործակցութեան պիւրոյի ղեկավար Թերեզա Ինճայնի գլխաւորութեամբ: Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ...

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Պէշիկթաշլեանի Կենդանագիրը «Կենդանագիր» բառը մեր օրերուն գործածական չէ այլեւս: Նոյնիսկ անըմբռնելի է: Բայց եթէ պրպտել ուզենք ԺԹ. դարուն պատկանող գրական գործեր կամ հրատարակութիւններ, յաճախ մեր դիմաց պիտի ցցուի այս մեռեալ բառը: «Կենդանագիր»: Գրողի մը կամ ոեւէ անձի մը կենդանագիրը: «Կենդանագիր», ուրեմն, պարզապէս կը նշանակէ...դիմանկար: Լուսանկարիչի մը կողմէ կենդանի նկարուած, բնական ու հարազատ գիծերով արտայայտուած դիմապատկեր: Ու հիմա հարց...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Սլաքներ. Կոտրել Կացինի Նման Կոթեր…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի պատկերասփիւռի մէկ կայանի լրատուական յայտագիրէն` 1 օգոստոսին ի միջի այլոց հաղորդուեցաւ հետեւեալը. Հայաստանի բնակչութեան այժմու թիւը շուրջ 2,9 միլիոն է: Մանրամասնութիւններ` վերջին շրջանին, քաղաքներէ հեռացած են շուրջ 6 հազար բնակիչ, գիւղերէ` աւելի քան 3 հազար: Նոյն օրը, «Ազդակ»-ի «50 տարի առաջ» սիւնակին մէջ կար Հայաստանէն լուրերու շարան մը, որոնցմէ մէկը կ՛ըսէր. 1968-ի յուլիսի վերջերուն, Հայաստանի բնակչութեան թիւը...

Գործնական Քայլեր` Այնճարի Եւ Կովսականի Միջեւ Համագործակցութեան Ուղղութեամբ

Գործնական Քայլեր` Այնճարի Եւ Կովսականի Միջեւ Համագործակցութեան Ուղղութեամբ

Հարցազրոյցը` ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆԻ Վերջերս Արցախ այցելած էր Լիբանանի Այնճար գիւղաքաղաքի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը: Կովսականի մէջ ան արժանացած էր հիւրընկալ ընդունելութեան, բնակիչները աղ ու հացով, երգով ու պարով դիմաւորած են քոյր քաղաքի քաղաքագլուխը: Կովսականի եւ Այնճարի հետագայ համագործակցութեան ուղիներու, անոնց կազմակերպման եւ ընթացքի մասին է «Ապառաժ»-ի զրոյցը Այնճարի քաղաքապետին հետ: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Խօշեան, 2018 մայիսին Լիբանանի մէջ Այնճարի եւ Կովսականի միջեւ...

Ուրացող Պետութիւնը

(Ան) ազատութեան Օր

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ 110 տարի առաջ, նոր սահմանադրութեան գործադրման շնորհիւ վերացաւ նաեւ Թուրքիոյ գրաւոր մամուլին մէջ տխուր հռչակ վայելող գրաքննութիւնը: Կայսրութեան շրջանակները, ինչպէս` բոլոր նորութիւնները, մեծ վերապահութիւն ցուցաբերած էին նաեւ թերթերու` որպէս զանգուածային լրատուամիջոց հրատարակութեան: Այդ մասին ալ երկրին մէջ նախափորձը կատարեցին ազգային փոքրամասնութիւնները: Նախքան թրքերէնով թերթի մը հրատարակութիւնը արդէն հայ կամ յոյն խմբագիրներ սկսած էին իրենց մայրենի լեզուներով թերթեր հրատարակել:...

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց` Պարոյր Սեւակի Գերեզմանին

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց` Պարոյր Սեւակի Գերեզմանին

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Վանաշէն (նախկին Թայթան) գիւղ, Արարատի մարզ, հարազատ հօրեղբoրս տունը իջեւանեցայ, երբ  հայրենիքի վերանկախացումէն անմիջապէս ետք այցելութեան գացի Հայաստան: Փափաքիս ընդառաջ երթալով` անհամբեր սպասեցի տնեցիներուն կողմէ կազմակերպուած վաղամեռ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի գերեզման այցելութեան: Երկու տասնեակ տարիներ առաջ Զանգակատուն (նախկին Չանախչի) իր հայրենի գիւղէն մօտ ութ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, Արարատի շրջանէն դէպի Երեւան ճամբուն վրայ, որպէս թէ ինքնաշարժի անհեթեթ...

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Սարգիս Արարատեան Սարգիս Արարատեան, ծանօթ նաեւ` Շահնազարեան անունով, յայտնի հասարակական գործիչ եւ քիմիագէտ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Ծնած է Նուխի (Կովկաս), 1 հոկտեմբեր 1884-ին կամ 1886-ին, իր նախնական ուսումը ստացած է նախ տեղւոյն hայոց ծխական վարժարանը, ապա ռուսական քաղաքային դպրոցը. իր քննութիւնը տուած է սպայից վարժարան մտնելու համար Թիֆլիսի պետական ուսումնարանին մէջ ու ապա` Ներսիսեան վարժարանին մէջ տուած է...

Էրտողանի Գերմանիա Այցելութիւնը Բնաւ Ողջունելի Չէ

Էրտողանի Գերմանիա Այցելութիւնը Բնաւ Ողջունելի Չէ

Ա. Ա. Գերմանիոյ մէջ քաղաքական բուռն բանավէճի նիւթի վերածուած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը Պերլին հրաւիրելու Գերմանիոյ իշխանութիւններուն որոշումին դէմ, որ ըստ ընդդիմութեան, անտեղի եւ անյարմար որոշում մըն է, որովհետեւ Էրտողանի նման բռնատէր մը ոչ մէկ պարագայի Գերմանիա պէտք է այցելէ: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի Գերմանիա հաւանական այցելութեան դէմ սուր բանավէճը պայթեցաւ անցեալ շաբաթ, երբ գերմանական մամուլը հաղորդեց, որ նախագահ Ֆրանք Վալթեր...

Այն Տարիքը, Որ Կը Զգաս, Աւելի Նշանակալի Է, Քան` Իսկական Տարիքդ

Այն Տարիքը, Որ Կը Զգաս, Աւելի Նշանակալի Է, Քան` Իսկական Տարիքդ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ Ոչ ոք կ՛ուզէ ծերանալ, եւ ամէն ոք կը փնտռէ երիտասարդ մնալու գաղտնիքը: Մարդկութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին այսպէս եղած է: Թէեւ անկարելի է նախախնամութեան, բնութեան դէմ աշխատիլ, սակայն մարդիկ կիսալուծումներ կը փորձեն գտնել: Մարդոց մեծամասնութիւնը  կը զգայ աւելի երիտասարդ կամ աւելի տարիքոտ, քան այն, ինչ որ անոնք իսկապէս են, եւ այս «ենթակայական  տարիքը» մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ անոնց ...

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Եկէ՛ք` հաւաքական պտոյտի մը ձեռնարկենք դէպի ԺԹ. դարու կէսերը: Քալենք ժամանակին հակառակ ուղղութեամբ, երթանք մինչեւ 150-160 տարի ետ: Մտնենք Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքին դռներէն ներս ու շրջինք հայահոծ թաղամասերը` Գումգաբու, Սամաթիա, Պէշիկթաշ, Բերա, Օրթագիւղ, Խասգիւղ, Կէտիկփաշա, Գատըգիւղ կամ Սկիւտար: Ականատես ըլլանք այն մեծ խմորումներուն, արտաքին ազդակներու եւ պատմաքաղաքական իրադարձութեանց արդիւնք, որոնք կը պատրաստէին արեւմտահայոց Զարթօնքի շրջանը: Այդ օրերու Պոլիսը, ինչպէս` աւելի...

Ներէ՛ Զիս, Հայրենի՛ Հող

ՍԷՐՈՒԺ ԱԲԻԿԵԱՆ Չեմ գիտեր, թէ ինչպէ՛ս ողջ մնացած եմ. վերադարձի անհիմն ճամբուն մասին կը մտածեմ, արդեօք վերադարձ կա՞յ: Գիտեմ` ինչպէս բաժնուցայ քեզմէ, մա՛յր հող, անշուշտ նպատակը մեզ բնաջնջել էր: Մա՛յր հող, քեզ կը կանչեմ, երբ մանկութեանս յիշատակի նկարներս կը վերյիշեմ, երբ անմեղութիւնն ու մակերեսային գաղափարներ մեզ կը միացնեն: Երբ հասակ առի, գիտակցեցայ, որ մեզ միացնողը շատ աւելի վսեմ էր, հասկցայ,...

Ակնարկ.  Իրաւական Գործընթացով Արձագանգելու Քայլը

Ակնարկ. Իրաւական Գործընթացով Արձագանգելու Քայլը

Հայ ազգային քոնկրեսի (ՀԱՔ) անդամ Զոյա Թադեւոսեանի յայտարարութիւնը, թէ` Արցախի ազատագրուած տարածքները պէտք է վերադարձնել Ազրպէյճանին, եթէ հիմնախնդիրի լուծումը ատիկա կը պահանջէ, պէտք է ըսել, որ բոլորովին միակ ու նոր զգայացունց յայտարարութիւնը չէ: Թադեւոսեանէն առաջ եւս այդ տարածքներու կարգավիճակին մասին տարբեր ձեւակերպումներ հնչած են, նոյնիսկ անոնց հայկական պատմական պատկանելիութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձած է: Թադեւոսեան աւելի մանրամասնելով իր միտքերը կը հաստատէ,...

Page 670 of 1111 1 … 669 670 671 … 1,111

Արխիւներ