Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այն Տարիքը, Որ Կը Զգաս, Աւելի Նշանակալի Է, Քան` Իսկական Տարիքդ

Օգոստոս 3, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ոչ ոք կ՛ուզէ ծերանալ, եւ ամէն ոք կը փնտռէ երիտասարդ մնալու գաղտնիքը: Մարդկութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին այսպէս եղած է: Թէեւ անկարելի է նախախնամութեան, բնութեան դէմ աշխատիլ, սակայն մարդիկ կիսալուծումներ կը փորձեն գտնել: Մարդոց մեծամասնութիւնը  կը զգայ աւելի երիտասարդ կամ աւելի տարիքոտ, քան այն, ինչ որ անոնք իսկապէս են, եւ այս «ենթակայական  տարիքը» մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ անոնց  մարմնական եւ մտային առողջութեան վրայ:

Ն.

Պահ մը երեւակայեցէք, որ դուք ծննդեան հաստատագիր չունիք եւ ձեր տարիքը պարզապէս հիմնուած է ձեր մէջի զգացողութեան վրայ: Քանի՞ տարեկան էք` պիտի ըսէիք:

Ձեր հասակի բարձրութեան կամ կօշիկի չափին պէս, ձեր աշխարհ եկած առաջին օրէն անցած տարիներու թիւը անփոփոխ փաստ է: Բայց առօրեայ փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ մենք ծերանալը յաճախ նոյն ձեւով չենք զգար. շատեր աւելի ծեր կամ աւելի երիտասարդ կը զգան, քան` իրենց իսկական տարիքը:

Գիտնականները սկսած են աւելի շատ հետաքրքրուիլ այս յատկութեաբ: Ըստ անոնց, ձեր «ենթակայական տարիքը» կրնայ կարեւոր ըլլալ` հասկնալու համար այն պատճառները, որոնք որոշ մարդիկ կը մղեն ծաղկելու իրենց յառաջացող տարիքին հետ, իսկ միւսները` թառամելու:

«Այն չափը, որով տարիքոտները իրենց իսկական տարիքէն աւելի փոքր կը զգան, կրնայ ճշդել կարեւոր առօրեայ կամ կեանքի որոշումներ եւ յառաջիկայ ծրագիրները», կ՛ըսէ  Վիրճինիա համալսարանի դասախօս Պրայան Նոսեք:

Ատոր  կարեւորութիւնը հոս չ’աւարտիր: Զանազան  ուսումնասիրութիւնները նոյնիսկ ցոյց տուած են, որ ձեր ենթակայական տարիքը նոյնպէս կրնայ նախատեսել տարբեր կարեւոր առողջապահական արդիւնքներ, ներառեալ` մահուան վտանգը: Որոշ իսկական պարագաներու, դուք իսկապէս «այնքան ծեր էք, որքան կը զգաք»:

Նկատի առնելով այս հետաքրքրական արդիւնքները` բազմաթիւ ուսումնասիրողներ այժմ կը փորձեն վերլուծել կենսաբանական, հոգեբանական եւ ընկերային զանազան գործօններ, որոնք կը ձեւաւորեն ծերացման անհատական փորձը, եւ թէ` այս գիտելիքը ինչպէս կրնայ օգնել մեզի ապրիլ աւելի երկար, առողջ կեանքով:

20-ական տարիքի կէսերէն ետք շատեր աւելի երիտասարդ կը զգան իրենց իսկական տարիքէն

Ծերացման հոլովոյթի այս նոր հասկացողութիւնը տասնամեակներէ ի վեր կը շարունակուի: 1970-ականներուն եւ 1980-ականներուն ի յայտ եկան առաջին ուսումնասիրութիւնները` նկարագրելով զգացմունքային եւ իսկական տարիքի միջեւ գոյութիւն ունեցող բացը: Այժմ բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին այս մասին:

Ամէնէն հետաքրքրական ուսումնասիրութիւններէն մէկը յայտնաբերած է  մեր անձին հետ ենթակայական տարիքի փոխադարձ ազդեցութեան ձեւը: Այժմ ընդհանրապէս  ընդունուած է, որ մարդիկ, երբ կը սկսին իրենց տարիքը առնել, կը դառնան նուազ արտաքնահայեաց եւ անտարբեր` նոր փորձառութիւններու: Անհատականութեան փոփոխութիւնները, որոնք նուազ  կ՛արտայայտուին այն մարդոց մէջ, որոնք սրտով աւելի երիտասարդ են, եւ կը շեշտուին աւելի ծեր զգացողներուն մէջ:

Սակայն հետաքրքրական է, որ երիտասարդ ենթակայական տարիքի մարդիկ աւելի բարեխիղճ եւ նուազ ջղային են: Դրական փոփոխութիւններ, որոնք կու գան բնականոն  ծերացման հետ: Այսպիսով, կը թուի, թէ անոնք ձեռք կը բերեն  իմաստութիւն, որ կեանքի աւելի մեծ փորձառութեան հետ կու գայ: Բայց ատիկա չի գար երիտասարդութեան ներուժի եւ լիառատութեան հաշուոյն: Ատիկա չի նշանակեր, որ աւելի ցած ենթակայական տարիք ունենալու պարագային, մենք կը մնանք մնայուն տհաս վիճակի մէջ:

Ձեր տարիքէն աւելի երիտասարդ զգալը նոյնպէս կ՛օգնէ նուազեցնելու ձեր ընկճուածութիւնը եւ աւելցնելու ձեր մտային առողջութիւնը: Ատիկա նոյնպէս կը  նշանակէ աւելի լաւ մարմնական առողջութիւն, ներառեալ` յիշողութեան նուազումը, եւ աւելի քիչ հաւանականութիւն` հիւանդանոց մտնելու հիւանդութեան պատճառով:

Միջին տարիքի եւ տարեցներու 17 հազարնոց խումբի մը 3 երկարատեւ ուսումնասիրութիւններ կատարած է Մոնփելիէի համալսարանի դասախօս Եաննիք Ստեփանը:

Մարդոց մեծ մասը աւելի քան ութ տարի նուազ կը զգար իր իսկական տարիքէն: Բայց ոմանք կը զգային, որ ծերացած են, եւ հետեւանքները լուրջ էին: Քու իսկական տարիքէդ 8 եւ 13 տարեկան աւելի զգալը 18-25 առ հարիւրով աւելցուցած է  մահուան վտանգը (ուսումնասիրութեան շրջանին), նոյնպէս ծանր հիւանդութիւնները, նոյնիսկ այն պարագային, երբ տարեցները  բարձր ուսում եւ  ընտանեկան լաւ կարգավիճակ ունին:

Որքան իրենց տարիքը առնեն, քիչ հաւանական է որ աւելի երիտասարդ ենթակայական տարիքի մարդիկ տառապին ընկճախտէ եւ կանուխ մահէ

Կան բազմաթիւ պատճառներ, թէ ինչո՛ւ ենթակայական տարիքը մեզի շատ բան կը թելադրէ մեր առողջութեան մասին: Ատիկա կրնայ ուղղակի արդիւնքը ըլլալ ընկերացող անհատականութեան  փոփոխութիւններուն. աւելի ցած ենթակայական  տարիքը կը նշանակէ, որ դուք աւելի շատ գործունէութիւն կ՛ունենաք (ճամբորդութիւն կամ նոր զբաղմունք): «Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ ենթակայական տարիքը մարմնական աշխուժութեան նախադէպն է», կ՛ըսէ Ստեփան:

Բայց մարմնական եւ հոգեկան բարեկեցութիւնը ենթակայական  տարիքին կապող մեքանիզմը գրեթէ անկասկած կը գործէ երկու ուղղութիւններով: Եթէ դուք կը զգաք ճնշուած դարձած էք, մոռացկոտ եւ` մարմնապէս տկար, դուք հաւանաբար աւելի տարիքոտ կը զգաք: Արդիւնքը կրնայ ըլլալ վնասակար շրջանակ մը` հոգեբանական եւ բնախօսական գործօններով, նպաստելով աւելի բարձր ենթակայական տարիքի եւ աւելի վատ առողջութեան, որ կը ստիպէ մեզի զգալ նոյնիսկ աւելի տարիքոտ եւ աւելի տկար:

Ստեփանի վերլուծումը, որ այժմ հրապարակուած է, ամէնէն ընդարձակ  ուսումնասիրութիւնն է, որ ցոյց կու տայ ենթակայական տարիքի ազդեցութիւնը մահուան վրայ: Ան կ՛ըսէ. «Ձեր ենթակայական տարիքը կրնայ աւելի լաւ նախատեսել  ձեր առողջութիւնը, քան` ձեր ծննդեան հաստատագիրի թուականը»:

Ցած ենթակայական տարիք ունեցող մարդիկ դրական անհատական աճ կ՛ունենան, աւելի մեծ ինքնավստահութիւն եւ երիտասարդական եռանդ

Ասիկա նկատի ունենալով` բազմաթիւ գիտնականներ կը փորձեն բացայայտել ընկերային եւ հոգեբանական գործօնները, որոնք կրնան այդ բարդ հոլովոյթը ձեւաւորել: Ե՞րբ մենք կը սկսինք զգալ, որ մեր միտքը եւ մարմինները կը գործեն տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ: Իսկ ինչո՞ւ ատիկա տեղի կ՛ունենայ:

Նիկոլ Լինտների հետ աշխատով (նոյնպէս` Վիրճինիայի համալսարանին մէջ) Նոսեք ուսումնասիրած է ենթակայական  եւ ժամանակագրական տարիքի միջեւ բացը կեանքի ընթացքին: Ինչպէս կրնաք ակնկալել, երեխաներուն եւ դեռահասներուն  մեծամասնութիւնը աւելի մեծ կը զգան: Բայց ասիկա կը դադրի շուրջ 25 տարեկանին, երբ ենթակայական տարիքը ետ կը մնայ  ժամանակագրական տարիքէն: 30 տարեկանին մարդոց շուրջ 70 առ հարիւրը աւելի երիտասարդ կը զգայ իսկական տարիքէն: Եւ այս անհամապատասխանութիւնը միայն ժամանակի ընթացքին  կ՛աճի: Նոսեքը եւ Լինտները գրած են. «Ենթակայական ծերացումը կ՛երեւի Հրատի վրայ, ուր Երկիր մոլորակի  մէկ տասնամեակը հաւասար է միայն 5,3 Հրատի տարիներուն»:

Նոսեքը եւ Լինտները նոյնպէս չափած են մասնակիցներուն «ցանկալի տարիքը», որ նոյնպէս հետեւած է  Հրատի ժամանակին: «Ատիկա կը շարունակէ մնալ մեզի հետ, եւ` քիչ մը աւելի դանդաղ կշռոյթով, քան մենք հիմա կը զգանք», ըսաւ Նոսեք: «Ասիկա կը թուի, թէ կը պաշտպանէ  այն գաղափարը, որ մենք կը զգանք մեր կեանքի փորձառութիւնը` միշտ աւելի լաւ ըլլալով, պարզապէս քիչ մը աւելի դանդաղ, քան` մեր իսկական փորձառութիւնը», կ՛ըսէ ան: Այնպէս մը չէ, որ միայն մէկ  գագաթնակէտ տարիք կայ: Կրկին, փոփոխութիւնը կը պատահի 20-ական տարիքի  կէսերուն. քսան տարեկան անձերուն 60 առ հարիւրը կը ցանկայ աւելի տարիքոտ ըլլալ: Բայց 26 տարեկանին 70 առ հարիւրը կը նախընտրէ աւելի երիտասարդ ըլլալ, իսկ ատկէ ետք շատեր անցեալը կը դիտեն ամէնէն երջանիկ ակնոցներով:

Առողջապահական միջամտութիւնները արդիւնաւէտ կ՛ըլլան, եթէ նկատի առնեն մարդոց ենթակայական տարիքը, զանոնք մղելով աւելի երիտասարդ զգալու

Որոշ հոգեբաններ ենթադրած են, թէ աւելի ցած ենթակայական  տարիքը ինքնապաշտպանութեան ձեւ է, որ կը պաշտպանէ մեզ տարիքային բացասական կարծրատիպերէ:

Գերմանիոյ Պիելֆելտի համալսարանի դասախօս Աննա Քոռնատին պատրաստած ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է այն միտքին վրայ, որ մարդոց ենթակայական  տարիքը կրնայ ըլլալ բազմաբնոյթ բան մը, որ կը տարբերի զանազան ասպարէզներու մէջ: Դուք կրնաք տարբեր ըլլալ, երբ դուք ձեր մասին կը մտածէք աշխատավայրին մէջ` համեմատած այն բանի հետ, երբ կը մտածէք ձեր ընկերային  յարաբերութիւններուն մասին: Եւ Քոռնատ հարցուց մասնակիցներուն, թէ արդեօ՞ք անոնք աւելի երիտասարդ կամ տարիքոտ զգացած են կեանքի տարբեր փուլերու ընթացքին:

Անշուշտ, ան բացայայտած է, որ մարդոց ենթակայական տարիքը աւելի ցած է, երբ տարիքային բացասական կարծրատիպերը աւելի տարածուած են (աշխատանքը, առողջութիւնը եւ դրամական հարցը), ինչ որ կարծես թէ կը հաստատէ այն գաղափարը, որ այս մտածելակերպը կ՛օգնէ մարդոց` հեռու մնալու իրենց տարիքային խումբի բացասական կարծրատիպէն: Հաւատալով` «Ես կրնամ ըլլալ 65, բայց միայն 50 կը զգամ»-ին, կը նշանակէ, որ դուք աւելի քիչ կ՛անհանգստանաք աշխատանքի մէջ ձեր ըրածին համար: Քոռնատ նոյնպէս բացայայտած է, որ աւելի ցած ենթակայական տարիք ունեցող մարդիկ հակուած են պատկերացնելու իրենց ապագայ ինքնութիւնը աւելի դրական լոյսի ներքեւ:

Մեզ պաշտպանելով մեր հասարակութեան ծերացման մասին ունեցած տեսակէտէն, եւ մեր ապագային աւելի լաւատես տեսակէտ տալով, այս ինքնապաշտպանութիւնը իր կարգին աւելի կրնայ բացատրել որոշ առողջական օգուտները` քու տարիքէդ աւելի երիտասարդ զգալու:

Շատեր աւելի ցած ենթակայական տարիք ունենալով` կը պաշտպանուին տարեցներու բացասական կարծրատիպերէն

Գոյութիւն ունեցող քանի մը  ուսումնասիրութիւններէն մէկուն մէջ մարզանքի մասնակցող տարեցները աւելի ուժ ձեռք ձգած եւ  աշխուժ եղած են, երբ մասնագէտները գոված են անոնց  կատարումը` համեմատած նոյն տարիքի այլ մարդոց հետ:

Ստեփան կը խորհի, որ բժիշկները պէտք է իրենց բոլոր հիւանդներուն հարցնեն անոնց ենթակայական տարիքի մասին, որպէսզի բացայայտեն այն մարդիկը, որոնք ապագայ  առողջութեան կապուած խնդիրներ ունին, որոնք աւելի արդիւնաւէտ կը ծրագրեն իրենց առողջապահութիւնը:

Մինչ այդ այս բացայայտումները կրնան մեզի տալ աւելի նրբերանգ տեսակէտ` մեր ուղեղներու եւ մարմիններու եղանակի ժամանակի անցումը:

—————————————————————–

Որքան տարիքոտ ըլլաք դուք, կ՛արժէ  հարցականի տակ առնել, թէ  արդեօ՞ք այդ սահմանափակումներէն որեւէ մէկը ներսէն կու գայ:

—————————————————————–

Օգտագործուած աղբիւր՝
«Պի.Պի.Սի.»

Նախորդը

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Յաջորդը

Էրտողանի Գերմանիա Այցելութիւնը Բնաւ Ողջունելի Չէ

RelatedPosts

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն
Մշակութային եւ Այլազան

Բրիտանական Փոքր Գիւղի Մը Մասին Կը Գրեն, Արցախի Մասին Կը Լռեն

Մայիս 9, 2025
Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ
Մշակութային եւ Այլազան

Կատարեալ Արդարադատութիւն Կա՞յ

Ապրիլ 11, 2025
Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները
Մշակութային եւ Այլազան

Մութ Կենսուժ. Նոր Տուեալները Կասկածի Տակ Կը Դնեն Բնագիտութեան Հիմնական Օրէնքները

Մարտ 28, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?