Ռ.Հ.
Յաճախ առիթներ ունեցած եմ մտածելու, որ կեանքի մէջ «պատճառ»-ի ու «արդիւնք»-ի փոխյարաբերութիւնները մեր մօտ կրնան ճամբայ բանալ սխալ համոզումներու: Մենք յաճախ պատճառը կը շփոթենք արդիւնքին հետ, կամ, ընդհակառակը, արդիւնքը կը շփոթենք պատճառին հետ: Որը միւսին պատճառը կամ արդիւնքն է, յստակ չենք գիտեր: Կամ յստակօրէն սխալ գիտենք:
Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա:
Պարտաւոր եմ օրինակներ տալ անձնական կեանքէս:
Երէկ առաւօտ բարեկամ մը այցելութեանս եկաւ: Երբ գրասենեակէս ներս մտաւ, բոլորին նման, ան ալ շունչ շունչի եկած էր` մագլցած ըլլալով այն երկու սանդուխները, որոնք իմ ամէնօրեայ երկու սանդուխներս են: Փուլ եկաւ բազկաթոռին մէջ ու ժպտելով ըսաւ.
– Հիմա կը հասկնամ, թէ ինչո՛ւ առողջ կը մնաք: Ամէն օր այս երկու սանդուխները մագլցիլը առողջ կը պահէ ձեզ:
Բացատրեցի, որ ես ալ ամէն օր ճիշդ իրեն նման շնչահատ մնալ սկսած եմ այդ երկու սանդուխները մագլցելու ընթացքին: Ասիկա այնքան ալ անսովոր բան մը չէր:
Բարեկամիս մեկնումէն ետք, սակայն այդ նախադասութիւնը գամուեցաւ մտքիս մէջ:
«Հիմա կը հասկնամ, թէ ինչո՛ւ առողջ կը մնաք», ըսած էր ան:
Եւ ես ինծի հարցուցի.
– Մարդ երկու սանդուխ մագլցելո՞ւն համար է, որ առողջ կը մնայ, թէ ոչ առողջ ըլլալուն համար է որ կը մագլցի երկու սանդուխ:
Ահաւասիկ հոս էր մտածումի թնճուկը, հոս էր այն բանալին, որով կրնային փնտռել պատճառ-արդիւնք յարաբերութեան բուն խորհուրդը: Այս երկու հաստատումներէն ո՞րը ճիշդ էր. մենք ո՞ր մէկուն պիտի հաւատայինք, ո՞ր մէկուն առաջնահերթութիւն պիտի տայինք: Երկուքը իրարու այնքան մօտիկ էին, բայց որքան հակադիր իմաստներ ունէին իրարու հետ: Եւ որքան սխալ համոզումներու կրնայինք յանգիլ, եթէ մէկուն տեղ միւսը ընդունէինք որպէս ճշմարտութիւն:
Անմիջապէս օրինակները բազմացուցի մտքիս մէջ:
Օրինակ, հարցուցի.
Սա նիհար մարդը, որ ամէն առտու կը վազէ մարզանքի նպատակով, ամէն օր վազելո՞ւն համար է, որ նիհար կը մնայ, թէ ոչ նիհար ըլլալուն համար է, որ կը յաջողի վազել:
Սա մարդը որ շարունակ ֆրանսերէն գիրքեր կը կարդայ ու շատ լաւ ֆրանսերէն գիտէ, ֆրանսերէն շատ գիրք կարդալո՞ւն համար է, որ զարգացուցած է իր ֆրանսերէնը, թէ ոչ ֆրանսերէնը արդէն շատ զարգացուցած ըլլալուն համար է, որ շատ գիրք կը կարդայ:
Ես, որ ամառը կը սիրեմ յաճախ ծով մտնել ու կը հաւատամ, որ ծովը կ՛օգնէ, որ ես զիս լաւ զգամ, ծով մտնելուս համար է, որ ես զիս լաւ կը զգամ, թէ ոչ ես զիս լաւ զգալուս համար է, որ կը սիրեմ ծով մտնել:
Դժուար է պատասխանել այս հարցումներուն: Կը վախնամ, որ մենք յաճախ զմեզ կը խաբենք պատճառներն ու արդիւնքները իրարու ետեւէ շարելու ընթացքին: Կը վախնամ, որ մենք շոգեկառքին վակոնները վայրաշարժին առջեւ կը կապենք` փոխանակ վայրաշարժին ետին կապելու: Այդ նիհար մարդը, որ կը կարծէ, թէ նիհար կը մնայ ամէն օր վազելու շնորհիւ, թերեւս չի գիտեր, որ ամէն օր կը վազէ պարզապէս նիհար եղած ըլլալուն համար: Այս նիհար մարդու պարագային, վայրաշարժը վազելու սովորութի՞ւնն է, թէ իր նիհարութիւնը: Ֆրանսերէն շատ կարդացող եւ ֆրանսերէնը լաւ գիտցող մարդուն պարագային ալ, վայրաշարժը մարդուն լաւ ֆրանսերէն գիտնա՞լն է, թէ՞ ֆրանսերէն շատ գիրք կարդալը: Ո՞րն է, որ կը քաշէ ու կը տանի միւսը: Դիւրին չէ պատասխանել այս հարցումներուն: Կամ` դիւրին է խաբուիլ այս հարցումներուն պատասխանելու ընթացքին:
Իմ մարզասէր բարեկամներէս մէկը տարիներ առաջ շատ աշխատեցաւ, որպէսզի ես ալ իրեն նման ամէն օր մարզանք ընեմ: Ինք թէ՛ ծանրաբարձ էր, թէ՛ վազող էր, եւ ամէն օր կը խօսէր մարմնամարզի բարիքներուն եւ օրհնութիւններուն մասին: Մէկ կողմէ մարմնամարզի գովքը կը հիւսէր, մէկ կողմէ ալ զիս կը մեղադրէր մարմնամարզի նկատմամբ իմ ցուցաբերած անտեսումին պատճառաւ: Իսկ ես միշտ կը հաւատայի, որ ես աւելի առողջ մարզանք ըրած կ՛ըլլայի ամէն օր իմ երկու սանդուխները մագլցելով, քան թէ` այն մարմնամարզիկը, որ քանի մը երկվայրկեանի մէջ հազար մեթր կը վազէր` թոքերը բզիկ-բզիկ ընելով, կամ` այն մարդիկը, որ չեմ գիտեր քանի հարիւր քիլօ ծանրութիւն կը վերցնէր իր երակները պայթեցնելու գնով:
Մեր վերի թաղերուն մէկէն ամէն օր նիհար, շատ նիհար մարդ մը կ՛իջնէ ինքնաշարժով, ինքնաշարժը մեր դիմացը կը թողու, դուրս կ՛ելլէ ու կը սկսի վազել ծովեզերքն ի վեր: Կէս ժամ վերջ կը վերադառնայ յոգնած, քրտնած, հեւիհեւ, լեզուն դուրս ինկած: Ոտքի վրայ կենալու վիճակ չունի: Բայց ունի երջանիկ մարդու դէմք: Երջանիկ է, որովհետեւ կը հաւատայ, որ այդ առտու բան մը շահեցուց իր առողջութեան: Իսկ ես կը խնդամ: Որովհետեւ կը հաւատամ, որ մարզանքը չէ, որ մարդը առողջ կը պահէ, այլ առողջ մարդն է, որ մարզանք կ՛ընէ եւ մարզանքը կ՛ապրեցնէ: