Ակնարկ. Չբաւականանանք Էշն Ու Փալանը Ծեծելով
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Շատեր վկայած են, որ Հայաստանը հրաշալի երկիր է: Այս օրերուն կը պատահին դէպքեր, որոնք շեշտը կը դնեն բառին առաջին արմատին վրայ, կը փաստեն, որ մեր հայրենիքը ՀՐԱՇՔի՛ երկիր է: Նորագոյն հրաշքը պատահեցաւ երկու օրուան մէջ. ՀԱՔ-ի մէկ անդամը` Զոյա Թադեւոսեան, նախ ամենայն ինքնավստահութեամբ խօսեցաւ Ազրպէյճանէն հայերուս «գրաւած հողերը» վերադարձնելու հրամայականին մասին, քննադատողներէն հակառակին փաստը պահանջեց, երկու օր ետք,...
















