Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գործնական Քայլեր` Այնճարի Եւ Կովսականի Միջեւ Համագործակցութեան Ուղղութեամբ

August 3, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը` ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆԻ

Վերջերս Արցախ այցելած էր Լիբանանի Այնճար գիւղաքաղաքի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը: Կովսականի մէջ ան արժանացած էր հիւրընկալ ընդունելութեան, բնակիչները աղ ու հացով, երգով ու պարով դիմաւորած են քոյր քաղաքի քաղաքագլուխը: Կովսականի եւ Այնճարի հետագայ համագործակցութեան ուղիներու, անոնց կազմակերպման եւ ընթացքի մասին է «Ապառաժ»-ի զրոյցը Այնճարի քաղաքապետին հետ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարո՛ն Խօշեան, 2018 մայիսին Լիբանանի մէջ Այնճարի եւ Կովսականի միջեւ ստորագրուած էր համագործակցութեան յուշագիր: Ի՞նչ քայլեր յաջորդած են համաձայնագիրի ստորագրման:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մայիս 16-ին Այնճարի մէջ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրեցինք եւ Կովսականը Այնճարի հետ քոյր քաղաք հռչակուեցաւ: Ես հիմա այստեղ եմ գլխաւորապէս գործնական քայլեր առնելու հեռանկարով: Ուզեցի ժամանակ չկորսնցնել և անհրաժեշտ տեղեկութիւններ հաւաքել: Այնճարի մէջ արդէն մասնագէտներու խումբ ունինք, որ կ՛աշխատի Կովսականի երկրագործական հնարաւորութիւններու ուսումնասիրութեամբ: Նպատակը Կովսականի կլիմայական պայմաններուն ծանօթանալն է, հնարաւոր խոչընդոտները հասկանալը, որպէսզի ըստ այդմ ծրագիրներ կազմենք եւ աւելի շուտ արդիւնքներ ապահովենք: Իմ այցելութիւնս փոխադարձ է: Զիս զգուշացուցած էին, որ հնարաւոր է հիասթափուիմ` Կովսականի վիճակը տեսնելով: Բայց ես հիասթափուելու բան չունիմ, որովհետեւ 79 տարի առաջ 1939-ին, երբ Այնճարի հիմը դրինք, հողատարածքն ամբողջութեամբ ճահիճ էր եւ մալարիայի, բծաւոր տիֆի հիւանդութեան բոյն: Առաջին տարուան ընթացքին հիւանդութիւններու պատճառով տուած ենք 1000 զոհ: Հակառակ ատոր` մեր կամքի, ապրելու տենչի շնորհիւ յաջողեցանք կերտել այսօրուան Այնճարը, որ Լիբանանի ամենագեղեցիկ գիւղաքաղաքն է` իր կազմակերպական ոճով, տեսքով, մաքրութեամբ, կարգապահութեամբ: Եւ բնական է, որ հոս ալ չենք ընկճուելու: Ես կ՛առաջնորդուիմ մէկ սկզբունքով` արցախեան հողը պատահական չէ ազատագրուած, անիկա սրբացած է ամէն քայլափոխի թափուած նահատակներու արիւնով, եւ այդ հողի շենացման համար մենք պէտք է ընենք հնարաւորը: Իսկ գաղութներն ալ իբրեւ վտակ  պէտք է հոսին այս խոշոր գետին մէջ:

Մինչեւ սեպտեմբեր Լիբանանի մէջ մեր մասնագէտները կ՛աւարտեն իրենց աշխատանքները եւ մասնագիտական խումբով կու գան այստեղ` յաւելեալ ճշգրտութեամբ գործերը դասաւորելու համար:

Հ.- Ինչպէ՞ս ընտրուած է Կովսականը որպէս քոյր քաղաք եւ ի՞նչ  ակնկալիքներ ունիք Արցախի հետ համագործակցութեան խորացումէն:

Պ.- Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններու, մասնաւորապէս արտաքին գործերու նախարարութեան, ՀՅԴ Լիբանանի եւ Արցախի պատասխանատու ընկերներու, նաեւ Լիբանանի Ազգային իշխանութիւններու կողմէ համախորհուրդ` մեզի  յանձնուած է այս առաքելութիւնը: Նմանօրինակ պատասխանատուութիւնը մեզի յաւելեալ ուժ կու տայ: Անշուշտ, շրջանի գիւղատնտեսութեան զարգացման համար անհրաժեշտ է  նաև պետական աջակցութիւն:

Յուլիս 24-ին հանդիպում ունեցած եմ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսայեանին հետ, որուն ընթացքին քննարկուած են Լիբանան արցախեան գիւղատնտեսական վերամշակուած արտադրանքի արտահանման հնարաւորութիւնները:

Հ.- Ի՞նչ նմանութիւններ նկատած էք Կովսականի եւ Այնճարի միջեւ:

Պ.- Յատուկ նմանութիւն չկայ, բայց ոգիի, գործի եղանակի իմաստով նոյնացած են երկու քաղաքները: Այնճարը նախագծուած էր ֆրանսական բանակին կողմէ: Անիկա ունի եզակի յատակագիծ, կանոնաւոր ջրանցքներ, ջրուղիներ, ոռոգման համակարգեր: Նմանութիւնն այն է, որ երկուքն ալ երկրագործական հիմքերու վրայ են: Հիմա կը փորձենք նոր ծառատեսակներ բերել, փոքր արտադրութիւններ հիմնել: Ասոնք կ՛ապահովեն շուտ արդիւնք, որ ժողովուրդը կրնայ մօտ ապագային տեսնել:

Հ.- Իսկ հնարաւո՞ր է արդեօք այստեղի փորձը Այնճար օգտագործել:

Պ.- Բնականաբար մեր համագործակցութիւնը փոխյարաբերութեան վրայ հիմնուած է, այստեղ ալ կան լաւ կարողութիւններ, որոնք պէտք է օրինակ ծառայեն Այնճարի համար: Իսկ ծրագիրի տեսլականը ինծի համար յստակ է, որովհետեւ մենք այլեւս այն չենք, ինչ որ էինք 1990-էն առաջ: Մենք նոր փուլ մտած ենք մեր պատմութեան մէջ, մենք պետականութիւն ունինք, եւ անիկա հզօրացնելու գործին մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր հայ:

Կը փափաքէի, որ հեզասահ ընթանայ այս առաքելութիւնը եւ մեր գործին մէջ  խոչընդոտներու չհանդիպինք:

«Ապառաժ»

Նախորդը

(Ան) ազատութեան Օր

Յաջորդը

ԶՈՄ-ՆԱՈՄ Միջմիութենական Հանդիպում

RelatedPosts

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր»,  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան
Հարցազրոյց

«Իւրաքանչիւր Նոր Բեմ Իր Փորձառութիւնը Կը Բերէ, Սակայն Հնդկաստանի Եւ Չինաստանի Մէջ Ելոյթ Ունենալը Ինծի Համար Տարբեր Նշանակութիւն Ունէր», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Շողիկ Թորոսեան

October 20, 2026
Հայագիտութիւն Մագիստրոսական Ծրագիր` Հայագիտական Համակողմանի Գիտելիքի Կարելիութիւն
Անդրադարձ

«Մեղու»-ն Ծնած Է Սէրէն»

October 16, 2026
«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի  Տնօրէն Վիգէն Աւագեան
Հարցազրոյց

«Ունկնդիրներուն Հաւատարմութիւնն Է, Որ «Վանայ Ձայն»-ին Ուժ Կու Տայ Իր Երթը Շարունակելու 40-Ամեակէն Անդին» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ «Վանայ Ձայն»-ի Տնօրէն Վիգէն Աւագեան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.