Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը յուլիս 30-ին կազմակերպեց արդէն աւանդական դարձած այցելութիւն Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան վանք: Այս անգամ Եւրոպայի մէջ գտնուող հայկական ամենահին հաստատութիւններէն մէկու հիւրերն էին Աւստրիոյ արտաքին գերատեսչութեան աշխատակիցները` արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ կեդրոնական Ասիոյ պիւրոյի ղեկավար Կատարինա Վիզերի եւ Մշակութային համագործակցութեան պիւրոյի ղեկավար Թերեզա Ինճայնի գլխաւորութեամբ:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն, Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արման Կիրակոսեանի եւ միաբանութեան աբբահայր Պօղոս արք. Գոճանեանի ուղեկցութեամբ ու վերջինիս մեկնաբանութիւններով, աւստրիացի դիւանագէտները շրջայց կատարեցին միաբանութեան տարածքին, ծանօթացան եկեղեցւոյ, թանգարանին, հայ վանականներու կողմէ դարերով հաւաքուած ու պահպանուած հարուստ հաւաքածոներուն եւ գրադարանին:
Այցելուները յատուկ ուշադրութեամբ ծանօթացան յունիս 1-էն միաբանութեան թանգարանին մէջ բացուած «Հայաստանի Հանրապետութիւն- Աւստրիա. 1918-1921թուականներուն պաշտօնական շփումները» ցուցահանդէսին, որ Աւստրիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը պատրաստած էր Սարդարապատի հերոսամարտի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեայ յոբելեանին ընդառաջ, եւ որուն հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած էր մայիս 28-ին: