Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Իրաւական Գործընթացով Արձագանգելու Քայլը

Օգոստոս 2, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ ազգային քոնկրեսի (ՀԱՔ) անդամ Զոյա Թադեւոսեանի յայտարարութիւնը, թէ` Արցախի ազատագրուած տարածքները պէտք է վերադարձնել Ազրպէյճանին, եթէ հիմնախնդիրի լուծումը ատիկա կը պահանջէ, պէտք է ըսել, որ բոլորովին միակ ու նոր զգայացունց յայտարարութիւնը չէ: Թադեւոսեանէն առաջ եւս այդ տարածքներու կարգավիճակին մասին տարբեր ձեւակերպումներ հնչած են, նոյնիսկ անոնց հայկական պատմական պատկանելիութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձած է: Թադեւոսեան աւելի մանրամասնելով իր միտքերը կը հաստատէ, որ նման հարց կ՛որոշեն եռանախագահները, եւ թէ տարածքներու կարգավիճակի ձեւակերպումը իբրեւ «բռնագրաւուած» տուած է միջազգային ընտանիքը:

Ահա այստեղ արդէն հարցի մասին ճիշդ նման հաստատումներ կատարելով փաստօրէն Թադեւոսեանի ըսածը կը նոյնանայ Հայաստանի առաջին նախագահին այս մասին կատարած բազմաթիւ յայտարարութիւններու հիմնական առանցքին հետ: Վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններու նախընտրական արշաւը Լեւոն Տէր Պետրոսեան հիմնած էր ամբողջ հիմնախնդիրի իր այս պատկերացումներուն վրայ: Զիջիլ տարածքները` ապահովելու համար խնդիրի կարգաւորումը, հաստատելու համար խաղաղութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութեան ապաշրջափակումը: Զիջումները կատարել միջազգային ընտանիքին, միջնորդներու ճամբով:

Այս առումով ալ Թադեւոսեանի հնչեցուցած տեսակէտները ոչ թէ նորութիւն չեն, այլ բարձրաձայնուած են իր պատկանած կուսակցութեան առաջին դէմքով:

Հիմա անմիջապէս անհրաժեշտ է մէջբերել ՀԱՔ-ի բանբեր Արման Մուսինեանի յայտարարութիւնը, թէ Թադեւոսեանը արտայայտած է իր անձնական կարծիքը, որ քոնկրեսի դիրքորոշումը չէ:

Փորձենք մնալ տրամաբանութեան շղթայի սահմաններուն մէջ` հետեւցնելու համար, որ հիմք ընդունելով Մուսինեանի յայտարարութիւնը, ապա կը նշանակէ, որ առաջին նախագահը եւս անձնական կարծիք ունեցած է ազատագրուած տարածքներու յանձնման մասին, ինչ որ պաշտօնական դիրքորոշումը չէ ՀԱՔ-ին: Դժուար պիտի ըլլայ անշուշտ պատկերացնել, որ նման ճակատագրորոշ խնդիրներու պարագային կուսակցութեան մը նախագահի անձնական տեսակէտը ինչպէ՛ս կը տարանջատուի իր կուսակցութեան պաշտօնական դիրքորոշումէն. մանաւանդ եթէ մտաբերենք, որ ամբողջ նախընտրական արշաւի փիլիսոփայութիւնը, գաղափարախօսութիւնը հիմնուած էր զիջումնային մօտեցումներով հակամարտութեան կարգաւորման լուծում ապահովելու առաջադրանքին վրայ: Փաստօրէն, առաջին նախագահը խաղաղութեան իր անձնական ծրագիրով կ՛ուզէր մուտք գործել խորհրդարան, կազմել ՀԱՔ-ի խմբակցութիւն: Այն ՀԱՔ-ին, որ տարածքներու կարգավիճակի իր նախագահին կողմէ յառաջ քշուող պատկերացումները չէր բաժներ:

Մուսինեան այն ատեն անհրաժեշտութիւն չէր զգացած հերքելու իր նախագահին տեսակէտները: Բայց փորձենք մնալ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ եւ կատարել լաւատեսական ենթադրութիւն: ՀԱՔ-ը այն ժամանակ համաձայն էր խաղաղութեան ծրագիրին եւ իր դիրքորոշումը չէր տարբերեր թէ՛ ՀԱՔ-ի նախագահին եւ թէ՛ բնականաբար ՀԱՔ-ի անդամին մօտեցումներէն, սակայն այժմ փոխուած է իր դիրքորոշումը եւ չի բաժներ ազատագրուած տարածքները յանձնելու գաղափարը…

Մտածումի տեղի կու տան ներկայ ժամանակահատուածին նման տեսակէտներ հրապարակ նետելու մղումները:

ՀԱՔ-ի նախագահի կամ շարքային անդամներու մօտ հիմնական փոփոխութիւն չկայ այս հարցով: Փոխուած են արձագանգումներու եղանակները: ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն իրաւական գործընթաց կը սկսի Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած դրոյթները խախտող նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած Զոյա Թադեւոսեանին դէմ:

Իրաւական առումով ճշդելի մէկ կէտով: Թադեւոսեանը Հայաստանի քաղաքացի է, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը բնականաբար Արցախի տարածքային ամբողջականութեան կամ փաստացի սահմաններուն մասին որեւէ յօդուած չունի, ինչ որ հաւանաբար հաշուի առած է Դաշնակցութեան Արցախի ղեկավարութիւնը:

Հասարակութեան համար կարեւորը այս պարագային իրաւական գործընթացի ձեռնարկելով արձագանգելն է` քաղաքական ախտահարուած յայտարարութիւններու տարածման կանխարգիլման նպաստելու համար:

«Ա.»

Նախորդը

Տիգրան Բալայեան Խօսած Է Ռուսական Կողմի Արձագանգին Մասին

Յաջորդը

Սերենա Ուիլիըմս Ասպարէզի Ամէնէն Ծանր Պարտութիւնը Կրեց

RelatedPosts

Ակնարկ.   Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն`  Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Քաթարի Մէջ Համադրուած Հակասութիւն` Անգարայի Եւ Պաքուի Միջեւ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յաջորդ Հաղորդակցութիւններու Ժամկէտները Տակաւին Որոշուած Չեն»

Սեպտեմբեր 18, 2025
Մերժելով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց  Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը`  «Ոճիրներու Դիմակայումը Տեղական Դատական  Թատրոններու Ճամբով Չ՛ըլլար»  Կ՛ըսէ Սուէյտայի Արդարադատական  Գերագոյն Յանձնախումբը
Գլխաւոր լուրեր

Մերժելով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Հաղորդագրութիւնը` «Ոճիրներու Դիմակայումը Տեղական Դատական Թատրոններու Ճամբով Չ՛ըլլար» Կ՛ըսէ Սուէյտայի Արդարադատական Գերագոյն Յանձնախումբը

Սեպտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?