Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

Օգոստոս 4, 2018
| Գրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Պէշիկթաշլեանի Կենդանագիրը

«Կենդանագիր» բառը մեր օրերուն գործածական չէ այլեւս: Նոյնիսկ անըմբռնելի է: Բայց եթէ պրպտել ուզենք ԺԹ. դարուն պատկանող գրական գործեր կամ հրատարակութիւններ, յաճախ մեր դիմաց պիտի ցցուի այս մեռեալ բառը: «Կենդանագիր»: Գրողի մը կամ ոեւէ անձի մը կենդանագիրը:

«Կենդանագիր», ուրեմն, պարզապէս կը նշանակէ…դիմանկար: Լուսանկարիչի մը կողմէ կենդանի նկարուած, բնական ու հարազատ գիծերով արտայայտուած դիմապատկեր:

Ու հիմա հարց տանք հնաբոյր ոճով.– Պէշիկթաշլեան քանի՞ կենդանագիր ունի արդեօք:

Ինծի կը թուի, թէ հազիւ 3 լուսանկար ունի ան: Երկուքը դիմանկարներ են, իսկ երրորդը` գրեթէ ամբողջ հասակով նկարուած պատկեր, մինչեւ ծունկերը: Այս վերջինը Պոլսոյ նշանաւոր Ապտիւլլահ(եան) եղբայրներու լուսանկարչատան մէջ քաշուած է, հաւանաբար 1864-ին: Եւ այս երեքն են, որ իր մասին խօսող յօդուածներուն կը կցուին տեւաբար` ցոլացնելով  փափկակազմ դիմագիծ մը, որուն ետին թաքնուած են «մտերմութիւն, սէր, կրակ ու բոց», ինչպէս պիտի գրէր ի՛նք իսկ` «Առ զեփիւռն Ալէմտաղի» քերթուածին տողերուն մէջ:

Արշակ Չօպանեան (1872–1954), որ Պէշիկթաշլեանի մահէն շուրջ քառասուն տարի ետք` 1907-ին,  առաջին ամբողջական ուսումնասիրութիւնը լոյս ընծայեց անոր մասին, բանաստեղծին դէմքը կ՛ուրուագծէ հետեւեալ տողերով.

– Զինքը  ճանչցողները կը նկարագրեն զայն` միշտ գունատ, ուսերը ցցուած, մսկոտ, ամառ-ձմեռ վիզը բուրդէ շալով մը փաթթուած ու կուրծքը միշտ չարագուշակ հազով մը պատռտուած: …Միջահասակ էր, բարակ մարմնով մը, որուն վերեւ կը կանգնէր անհամեմատականօրէն մեծ գլուխ մը: Դէմքը մսազուրկ էր, ցամքած, դալկագոյն, եւ անոր վրայ կը ցցուէր քիթ մը` չափազանց հայկական: Մութ շագանակագոյն երկայն գանգուր մազեր կը շրջանակէին լայն գմբէթարդ ճակատ մը, զոր գանկին առաջամասը մերկացնող փոքրիկ ճաղատութիւն մը ա՛լ աւելի կ՛ընդլայնէր: Աչքերը` սեփ-սեւ, մանր, տարտամօրէն շիլ, բայց տարօրինապէս սուր ու հրուտ. ցանցառ մօրուք մը շագանակագոյն, մերկ այտերէն հեռու` կզակին վրայ բուսած, բաւական լայն կիսաբոլորակով մը կը պատէր այդ դէմքը, որուն վրայ բարակ շրթներ` բարակ պեխերով պսակուած, տոհմիկ նրբութեան նոթ մը կը դնէին:

Եւ սակայն այդ խարխուլ ու զաղփաղփուն մարմնին մէջ բնութիւնը դրած էր ամէնէն կրակոտ ու միանգամայն ամէնէն գողտրիկ հոգին, այդ աններդաշնակ ու մահագոյն դէմքին ետեւ` ամէնէն շնորհալի եւ ամէնէն կենդանի միտքը: Իր անձէն արտաշնչուող բարոյական հրապոյրը անդիմադրելի էր:

Պէշիկթաշլեանի դիմանկարին նայելով` զայն պատկերել փորձած է նաեւ պոլսահայ գրագէտ Ռ. Հատտէճեան.

– …Կը տեսնենք նիհար մարմնի մը վրայ բաւական խոշոր գլուխ մը, շատ պայծառ ու լայն, բաց ճակատով: Ճակտին վրայ մազերը բաւական նահանջած են: Ատոր փոխարէն, գեղեցիկ մօրուք մը կը շրջապատէ ծնօտին վարի մասը, զատուելով մօրուքի փոքրիկ ուրիշ կտորէ մը, որ նստած է վարի շրթունքին վրայ: Նուրբ ու գեղեցիկ պեխ մը մասնաւոր գեղեցկութիւն մը կու տայ դէմքին: Երկու գեղեցիկ աչքեր կը նային դէպի մեր աջ կողմը: Մազերուն ու մօրուքին միջեւ կը տեսնուի իր աջ ականջը, որ բաւական մեծկակ է: Իսկ ձախ կողմի ականջը մնացած է միւս կողմը, չի տեսնուիր: Երկու թեւերը վար կախուած են: Հանդարտ ու իմաստուն մարդու երեւոյթ ունի («Պտոյտ հայ գրականութեան քուլիսներուն մէջ», Բ. հատոր, 2007, Պոլիս):

Ես եւս, հիմա, հանդարտ ու երկարօրէն կը դիտեմ բանաստեղծին կենդանագիրները: Սակայն բնաւ չեմ համոզուիր «անհամեմատականօրէն մեծ գլուխ մը» կամ «բաւական խոշոր գլուխ մը» բնորոշումներուն:

Գանկաբան չեմ, բայց կը խորհիմ, որ մայր բնութիւնը համաչափ ու հաւասարակշռուած բնականոն ֆիզիքականով մը օժտած էր Պէշիկթաշլեանը: Զարտուղի կամ արտասովոր ոչի՛նչ կայ իր կազմին մէջ:

Կը հրաւիրեմ իմ ընթերցողներս, որ լա՛ւ զննեն թոքախտաւոր հէգ բանաստեղծին հասակաւոր լուսանկարը:

Պէշիկթաշլեան Անբա՞խտ Էր, Թէ՞ Բախտաւոր

Շատեր պիտի մտածեն թերեւս, որ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան անբախտ գրող մըն էր, որովհետեւ մահացաւ երիտասարդ հասակին, հազիւ 40 տարեկանին, առանց իրագործելու իր կեանքին մեծ երազները:

Այո՛, 40 տարին կարճ եւ անբաւարար կեանք մըն է:

Միւս կողմէ սակայն, եթէ այս նիւթը քննենք թաւալող ժամանակին անհունութեան ընդմէջէն, այն ատեն պիտի համարձակինք ըսել որ Պէշիկթաշլեան բախտաւոր բանաստեղծ մը եղաւ: Որովհետեւ, հակառակ իր գրական համեստ վաստակին (գրած է ընդամէնը 50 քերթուած), ան իր մահէն ետք մի՛շտ ալ պահեց մնայուն եւ պատուաւոր տեղ մը Զարթօնքի շրջանի մեր գրողներու հոյլին մէջ:

Կրնանք ըսել, որ ան բնաւ չմոռցուեցաւ: Իր յիշատակը բնաւ չթառամեցաւ: Ընդհակառակն, իր գործերը բազմիցս տպուեցան տարբեր քաղաքներու մէջ` Պոլիս, Փարիզ, Թիֆլիս, Նիւ Եորք, Երեւան, Վենետիկ, Պէյրութ, Հալէպ` բազմահազար օրինակներով: Իր մասին լուրջ մենագրութիւններ գրի առնուեցան ու դեռ ալ կ՛առնուին:

Ճիշդ է, որ Պէշիկթաշլեան հրատարակեալ հատոր չունեցաւ իր կենդանութեան: Քերթուածներէն ոմանք թէեւ տպուեցան ժամանակակից մամուլին մէջ, բայց գործերուն մեծ մասը մնաց անտիպ:

Իր հեղինակային Ա. գիրքը լոյս ընծայուեցաւ մահէն կարճ ժամանակ անց, 1870-ին, Պոլիս, իր մտերիմ գրչեղբօր` վիպագիր Ծերենցի (բժ. Յովսէփ Շիշմանեան, 1822–1888) յառաջաբանով եւ խմբագրութեամբ: Հատորը, որ տպագրուեցաւ Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի նախկին սաներու ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ, կը կոչուէր «Մատենագրութիւնք Մ. Պէշիկթաշլեանի»: Այստեղ ի մի բերուած էին քերթողին բանաստեղծութիւնները, ճառերն ու թարգմանութիւնները: Գիրքը վաճառքի դրուեցաւ ընկերակցութեան նոյն տարուան հացկերոյթին, եւ հասոյթը յանձնուեցաւ ողբացեալին անապաւէն մօրուին:

Աւելի քան երեսուն տարի անց, 1903-ին, բանաստեղծին յիշատակը այս անգամ վերակենդանացաւ կովկասահայ շրջանակներու մէջ, երբ անոր քերթուածներու մէկ ժողովածուն (Պոլիս տպուածին կրկնօրինակը) լոյս տեսաւ Թիֆլիս, պատմաբան Լէոյի ընդարձակ յառաջաբանով: Այստեղ Լէօ երկարօրէն կը խօսէր Մխիթարեաններու ստեղծած գրական-մշակութային մթնոլորտին մասին ու նկատել կու տար, որ Պէշիկթաշլեան, իբրեւ բանաստեղծ, քալեց Ալիշանի ուղիէն` իր քնարով արձագանգ տալով մեր ամենանուիրական ձգտումներուն:

Յաջորդ տարի, 1904-ին, այս անգամ ալ Չօպանեանն էր, որ Փարիզի մէջ տպեց «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի  քերթուածներն ու ճառերը» խորագրեալ ժողովածու մը, ուր «Անահիտ»-ի անխոնջ խմբագիրը, բնագիրներուն դիմաց, արձակունակ աշխարհաբարի վերածեր էր Պէշիկթաշլեանի գրաբար բոլոր բանաստեղծութիւնները, ճշդումներ կատարեր էր այդ բնագիրներուն մէջ եւ խնամեալ ծանօթագրութիւններով կամ լուսաբանութիւներով ճոխացուցեր էր հատորը:

Բայց Չօպանեան չբաւականացաւ այսքանով: Ան շարունակեց իր գլուխը հակել Պէշիկթաշլեանի վաստակին վրայ, լիառատ մանրամասնութիւններ ժողվեց անոր կեանքին ու լայնածիր գործունէութեան մասին ու ի վերջոյ, 1907-ին, առանձին հատորով Փարիզի մէջ ի լոյս ընծայեց այն շահեկան մենագրութիւնը, որ իր տեսակին մէջ «առաջին» մըն էր, –«Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի կեանքն ու գործը»: Այս ուսումնասիրութենէն քանի մը ընդարձակ գլուխներ նախապէս (1905-ին) երեւցած էին Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագրին մէջ: Ակնյայտ էր, որ Չօպանեան մասնայատուկ սէր մը ունէր Պէշիկթաշլեանի նկատմամբ` առանց զայն անձամբ ճանչցած ըլլալու, առանց նոյնիսկ անոր ժամանակակիցը ըլլալու:

Մինչեւ Մեծ Եղեռն ու անկէ ալ ետք, պոլսահայութիւնը չմոռցաւ իր ծոցէն ծնած այս տաղանդաւոր բանաստեղծը: Երբեմն ուխտի այցեր կազմակերպուեցան դէպի անոր շիրիմը: Պոլսեցի Զարդարեան Վահան եւ Պիմէն գրավաճառ եղբայրները կողքի մը տակ մէկտեղեցին անոր թատերախաղերը (1909): Յետոյ, Առաքել Պիպէռճեան (1854–1923, գրաբարագէտ Յակոբ Գուրգէնի եղբայրը) 1914-ին, միշտ Պոլսոյ մէջ, պատրաստեց ու հրատարակեց «Յուշարձան Մ. Պէշիկթաշլեանի» խորագիրով նոր մենագրութիւն մը, տեսակ մը երախտագիտական տուրք, որ անգամ մը եւս լուսարձակ կը բանար բանաստեղծին կեանքին ու գրական բերքին վրայ:

Ամէն ոք պիտի զարմանայ սակայն, եթէ յայտնեմ, որ այդ միեւնոյն ժամանակաշրջանին Պէշիկթաշլեանի գործերը տպուեցան նաեւ Նիւ Եորքի մէջ, տեղւոյն երբեմնի «Կոչնակ» շաբաթաթերթին նախաձեռնութեամբ: «Տաղք եւ թատերգութիւնք Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի», 1917, 560 էջ («Կոչնակ» հրատարակչական Ընկ.):

Ուշադրութի՜ւն թուականին – 1917: Մեծ Եղեռնի տարիներն էին, ու տակաւին Հայաստանի Հանրապետութիւնն իսկ ստեղծուած չէր: Մեր ժողովուրդին կէսը յուղարկաւորը դարձեր էր միւս կէսին: Ու ճիշդ այդ օրերուն, ովկիանոսներէն անդին, Նիւ Եորքի մէջ, կը տպուէր կէս դար առաջ մահացած բանաստեղծի մը ստուար հատորը:

Խիզախութի՞ւն կոչենք այս արարքը, թէ՞ խենթութիւն:

– Խենթութիւն` Ամերիկայի մէջ:

Համացանցը օգնեց ինծի, որպէսզի գտնեմ «Կոչնակ» թերթի 1917-ի թուայնացուած հաւաքածոն, պրպտումներ կատարեմ հոն ու տեղեկութիւններ քաղեմ Նիւ Եորքի վերոնշեալ հրատարակութեան մասին.

Ի սկզբանէ, «Կոչնակ» քանի մը անգամ ծանուցած է, թէ շուտով լոյս պիտի ընծայէ Պէշիկթաշլեանի գործերու ժողովածուն: Եւ խթանելու համար հրատարակելի գիրքին վաճառքը, ան իր ընթերցողներուն առաջարկած է կանխօրօք վճարել սակագինին կէսը` 1 տոլար եւ 15 սէնթ, փոխարէնը խոստանալով բաժանորդներուն անունները առանձին ցուցակով մը տպագրել հատորին վերջաւորութեան, «որպէսզի անոնք յաւերժանան իբրեւ սատարողներ Պէշիկթաշլեանի անմահ գործերուն վերակենդանութեանը»…: Հրատարակիչները գիտակից էին, որ այս գործը գլուխ կը հանէին «այնպիսի ժամանակի մը մէջ` երբ հայուն թշնամին գոռոզաբար կ՛ենթադրէ, թէ մեզ բնաջնջած է. ճիշդ այն ատեն մենք պիտի նոր կենօք [= կեանքով] յարուցանենք հայրենասիրութեան եւ եղբայրութեան քնարերգակին հոգեշունչ երգերը» («Կոչնակ», Նիւ Եորք, 10 փետրուար 1917):

Ճիշդ ամիս մը անց, մարտ 10-ի թիւով, «Կոչնակ» կ՛աւետէր, թէ արդէն լոյս տեսած էր Պէշիկթաշլեանի հատորը: Խմբագրական իր սիւնակին մէջ ան խանդավառօրէն կը գրէր, որ մօտաւորապէս 500 գրասէրներ շուտափոյթ ընդառաջեր էին թերթին կոչին ու առաջուց բաժանորդագրուեր գիրքին: «Ժողովրդային այս հնչուն համակրութիւնը,- կը գրէր թերթը,- ապացոյց մըն է, թէ Ամերիկայի հայ գաղութը Ատլանտեանի այս հեռաւոր ափերուն վրայ դեռ վառ կը պահէ իր սրտին մէջ գուրգուրանք մը իր ազգային մշակոյթին եւ իր դասական գրականութեան նկատմամբ»:

Անկարելի է չմտածել. – Հայ գիրքի ամերիկաբնակ հի՜նգ հարիւր բաժանորդ: 1917-էն մինչեւ մեր օրերը որքա՜ն այլասերած է հայութիւնը, որքա՜ն բան փոխուած է հայ մարդուն` «իր ազգային մշակոյթին եւ իր դասական գրականութեան նկատմամբ» վերաբերմունքին մէջ…

(Շար. 2)

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Օգոստոս 1968)

Յաջորդը

Աւստրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ներկայացուցիչները Այցելած Են Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութիւն

RelatedPosts

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*
Գրական

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*

Նոյեմբեր 4, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան
Գրական

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան

Մարտ 3, 2023
Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա
Գրական

Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները` Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին

Հոկտեմբեր 13, 2022
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?