Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակ. Երախտագիտութեան Եւ Արժեւորման Փորձ

August 28, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

Գրեթէ մէկ ամիս անցած է Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան դարադարձին նուիրուած պաշտօնական եւ ժողովրդային հանդիսութիւններէն: Մանաւանդ այս օրերուն, երբ շատերս քննադատութեան մէկական վարպետներ ենք, յաճախ ձեռնածալ նստած` կը քննադատենք այս կամ այն միութեան ըրածը կամ չըրածը, սխալներն ու, մարտահրաւէրները նշելու կողքին, գործնական ու ազդու լուծումներ չենք առաջարկեր, «եթէ մենք չենք կազմակերպողը, ուրեմն թերի-անկատար է»-ի հոգեբանութեամբ կը գործենք ու կը ծլանանք արդար գնահատականներ տալ դրական երեւոյթներուն: Կը հաւատամ, որ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած հայաստանեան ձեռնարկներուն բոլո՛ր դերակատարներուն, ամէնէն մեծէն մինչեւ ամէնէն չնչին ներդրում ունեցողներուն անխտիր` երախտապարտութեան խօսք արձանագրելը իմ խղճի նուազագոյն պարտքն է:

Հետեւաբար, երախտապարտութեան ազնիւ խօսք` բոլոր անոնց, որոնք ամիսներ շարունակ ծրագրեցին, դասաւորեցին, կազմակերպեցին, համակարգեցին, գործադրեցին, նուիրաբերեցին, օժանդակեցին, շարքերը զօրաշարժի ենթարկեցին, քուլիսներու ետին, ժողովներու միջոցով կամ Երեւանի ու Բիւրականի տօթին ու կիզիչ արեւին տակ ջիղ ու համբերութիւն վատնեցին, ուժաթափ եղան, մարտահրաւէրներ յաղթահարեցին, մէ՛կ խօսքով` ԳՈՐԾԵՑԻ՛Ն, որ այդ տասը պատմական օրերը ոսկի տարերով արձանագրուին ո՛չ միայն ՀՄԸՄ-ի, այլ հայոց նորագոյն պատմութեան տարեգրութեան մէջ:

Պատմական էին այդ օրերը, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը համայն հայութեան առջեւ իր հարիւրամեայ աշխարհատարած երթին հաշուետուութիւնը կու տար ՃԱԿԱՏԱԲԱ՛Ց, հայրենի անկախ հողին վրայ, եռագոյնի հովանիին ներքեւ, ինքնիրո՛յն, կազմակե՛րպ, բծախնդրօրէն մշակուած ձեռնարկներով, սկաուտական կուռ շարքերով, զանազան երկիրներէ ժամանած հարիւրաւոր միութենականներով, պետական, քաղաքական, ակադեմական աւագանիի ներկայութեամբ, անոնց իրաւացի գնահատականով ու քաջալերանքով, հայրենաբնակ ու սփիւռքաբնակ հայրենակիցներու ժողովրդային մասնակցութեամբ:

Պատմական էին, որովհետեւ ՀՄԸՄ-ը որպէս հայկական ժամանկակից իրականութեան մէջ մեծագոյն թիւ եւ ցանց ունեցող համահայկական կազմակերպութիւն` Հայաստանի մէջ սոյն ձեռնարկներու կազմակերպումով կու գար իր լուման ներդնելու ընդամէնը երկու ամիս առաջ ժողովրդային յեղափոխութեամբ իշխանափոխութիւն ապրած հայրենիքին ու ժողովուրդին կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ կը նպաստէր ներկայ իշխանութիւններուն վաւերականութեան առաւել հաստատման: Այսպիսով, ՀՄԸՄ-ը անգամ մը եւս կը փաստէր, որ ինք հայրենակեդրոն ու հայրենանուէր միութիւն է: Միւս կողմէ` իշխանութիւններուն ցուցաբերած ողջունելի համագործակցութիւնը եւ անվերապահ զօրակցութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէին բոլոր մասնակիցներուն եւ կ՛ամրապնդէին ժողովուրդ-իշխանութիւն  համահայական կազմակերպութիւններ յարաբերութիւնները:

Պատմական էին այդ օրերը, որովհետեւ խորհրդանշականօրէն Պոլիսէն, Արարատի գագաթէն, Փարիզէն ու Անթիլիասէն բերուած ջահերը կը միաձուլուէին Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին հետ, որ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու եւ պահանջատիրութեան կրակն է:

Պատմական էին, որովհետեւ աշխարհի չորս ծագերէն աւելի քան 1200 սկաուտներ Հայաստան մէկտեղելով` ՀՄԸՄ-ը անուղղակիօրէն կը վերահաստատէր իր առաքելութիւնը «նահատակ ցեղի անմահները» դէպի հայրենի կատարներ առաջնորդելու:

Պատմական էին, որովհետեւ Օփերային թատրոնի սրահի պաշտօնական հանդիսութեամբ, Բիւրականի մէջ բացուած յուշաքարով, Երեւանի ՀԱՍԿ-ի կեդրոնին մօտ քողազերծուած ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներու կիսանդրիներով եւ Գիւմրիի մէջ տեղադրուած Վահան Չերազի արձանով, ինչպէս նաեւ հարիւրամեակի դրոշմաթուղթի, գիտաժողովի եւ ՀՄԸՄ-ի թանգարանային իրերու ալպոմին հրատարակութեամբ, Երեւանի կեդրոնին մէջ տեղադրուած մեծ պաստառներով ու լրատուական զանգուածային միջոցներու անդրադարձով Հայաստանի մէջ ՀՄԸՄ-ի հանրաճանաչութեան մակարդակը կը բարձրանար:

Յառաջիկայ տասնամեակներուն նմանատիպ պատմական յոբելեաններ նշելու համար, ՀՄԸՄ-ը ունի կայացած համաշխարհային կառոյց, կամաւորներու հսկայ բանակ, ներուժ եւ պատմական փորձ: Կը մնայ առարկայական արժեւորումի ենթարկել միութեան ներկա՛ն, ներկան ու ներկայի նպատակասլաց գործը առաջնային դասել, չգինովնալ անցեալի փառքով, չտարուիլ ապագայի վարդագոյն երազներով, վերանորոգուիլ, աւելի արդիականանալ, միշտ որակը գերադասել, ստեղծագործել ու ժամանակակից աշխարհայեացքով, ռազմավարութեամբ, ծրագրով  աշխատելաոճով թեւակոխել երկրորդ հարիւրամեակ:

Վիեննա, 23 օգոստոս 2018

Նախորդը

1914-ի Ընդհանուր Պատերազմին Սսոյ Վանքին Հարստութիւնը Ինչպէ՞ս Հալէպ Փոխադրուեցաւ

Յաջորդը

Լուսահոգի Գարեգին Առաջին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Ծննդեան Տարեդարձի Առիթով

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.