Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
2018-2019 կրթական տարեշրջանը պիտի դիմաւորենք մտահոգ վիճակի մէջ:
Լիբանանահայ կրթական համակարգը դժուար վերամուտի սեմին է:
2018-2019 տարեշրջանին լիբանանահայ վարժարանները տնտեսական, կրթական, թիւի եւ կրթական մշակի լուրջ հարցերու առջեւ կը գտնուին:
Ուսուցիչներու ամսաթոշակներու յաւելումի օրէնքը եւ անոր ընկերակցող կրթաթոշակներու բարձրացումը բնականաբար դէպի օտար` ձրիավարժ վարժարաններու հոսք մը ստեղծած է:
Երկարաժամկէտ ծրագիրով պետութիւնը յստակօրէն իր պետական ձրիավարժ վարժարաններուն թափ տալու եւ անձնական, համայնքային համեստ եւ միջակ դասակարգի վարժարաններուն դէմ ակնյայտ պայքար կը մղէ:
Հայկական վարժարաններէն դէպի օտար վարժարաններու հոսքը կը շարունակուի, միաժամանակ հայկական վարժարանները այս երեւոյթին ի տես եւ նորարարութեան հետ քայլ պահելու անհաւասար ճիգով վարժարանները միացնելու ընթացքի մէջ են: Անցնող տարուան աւարտին դարձեալ աւելի քան 50 ուսուցիչներ գործէ արձակուեցան խտացումի, միացումի պատճառով: Յիշենք, որ անցեալ տարեշրջանին նոյնքան թիւով ուսուցիչներ գործէ արձակուած էին:
Յարանուանական վարժարաններէն չորսէն երկուքը տնօրէն չունին եւ տնօրէն խորհուրդով կը գործեն: Այլ յարանուանութեան պատկանող վարժարաններէն չորսին մէջ ալ թիւի զգալի անկում կայ, եւ ներքին մրցակցութեան պատճառով վարժարանները դժբախտաբար թուային առումով տժգոյն վերամուտի մը կը սպասեն:
Երրորդ յարանուանութեան պարագային` վարժարաններու պատասխանատուները դարձեալ վերանորոգման որոշում ունին: 2019-2020 տարեշրջանին ալ վարժարանի մը երկրորդականը փակելու որոշում տուած են: Միւս կողմէ` միութենական երկու վարժարաններ տարուէ տարի թիւի նահանջ կ՛արձանագրեն: Նորակառոյց մանկամսուրներու ակնկալած թիւը դժբախտաբար առաջին տարին պիտի չհասնի իր նպատակին:
Այս պայմաններով կը դիմաւորենք 2018-2019 կրթական տարեշրջանը: Գաղութի մը զօրութեան ցուցանիշը իր կրթական օճախներն են: Այսօր լիբանանահայ վարժարանները տնօրէնի թեկնածու չեն գտներ: Հայրենաւանդ նիւթերու ուսուցիչներ չեն պատրաստեր:
Չենք գիտեր` ո՛ւր կ՛երթանք:
Չենք զգար, որ տագնապող կայ:
Չենք տեսներ, որ հարցերը ըստ էութեան ընկալող կայ:
Լիբանանի նման գաղութ մը փաստօրէն վերամուտը կը դիմաւորէ այս դժուարութիւններով: Ինչպէ՞ս կը բացատրուի այս մէկը: Ընդհանրապէս ազգային հաստատութիւններու հանդէպ նոր սերունդին անվստահութի՞ւնն է:
Կարծէք ստեղծուած է այնպիսի մթնոլորտ մը, որ նոր, թարմ, խոստմնալից եւ ատակ ու պատրաստուած ուժեր չուզեն ծառայել մեր մօտ:
Լիբանանը, այս բոլորէն ետք, դարձեալ կը հաստատեմ, բնական ներուժ ունի, որ բնականաբար մեր սերունդները հայօրէն մեծնան, մտածեն եւ զգան: Կը մնայ ճիշդ մարդիկը ճիշդ տեղը դնել: