Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Օգոստոս Դ. – Նոր Հայաստանի Արշալոյսը

Օգոստոս 29, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապրելով սփիւռքի մէջ, մեր ողջ ուշադրութիւնը բնականաբար կը կեդրոնանայ հայրենիքի քաղաքական զարգացումներուն վրայ:

Հայաստանը յեղափոխութիւն կ՛ապրի: Յեղափոխութիւն մը, որ կոչուած է` բարելաւելու երկրի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային կեանքը, վերացնելու անվստահութեան մթնոլորտն ու փտածութիւնը, վերջ տալու շահագործումներուն, մենաշնորհումներուն, ժողովրդավարութեան ազատ ու խաղաղ ընթացքի խափանման փորձերուն ու վերջնականապէս քանդելու արհեստական պատը` ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն միջեւ:

Սա դրական յառաջխաղացք է, որուն յաջողութեան պէտք է նպաստեն ժողովուրդն ու քաղաքական ուժերը:

Ժողովուրդը իր աշխուժ մասնակցութեամբ, քաղաքական ուժերը իրենց ծրագիրներով ու այդ ծրագիրներուն լուսաբանման նպաստող հասարակական միջավայրի ապահովումով, իսկ իշխանութիւնները այս բոլորին ի նպաստ առողջ միջավայր ստեղծելու յանձնառութեամբ` զերծ մնալով քաղաքական դաշտին մէջ բաժանարար սահմանագծումներէն ու այլակարծութիւնը կաշկանդող փորձութիւններէն:

Ժողովրդավարական պայքարը սկսած է, պայքար մը, որ նոյնիսկ երկրի խորհրդարանը ժողովրդային հրապարակով ճնշումի տակ պահելու այլընտրանքը նկատի ունի, եթէ խորհրդարանը ժողովուրդէն խորթանալու ընթացք ունենայ: Սակայն ժողովրդային հրապարակի տեւական բանեցումը` իբրեւ խորհրդարանը քաղաքականօրէն հակակշռող մեքանիզմ, արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ որոշ փուլի մը համար, հաւանաբար մինչեւ խորհրդարանական արդար ընտրութիւններու իրականացում: Պէտք չէ մոռնալ, այդուհանդերձ, որ մեր երկիրը խորհրդարանական կառավարման համակարգի առաջին քայլերը կը թեւակոխէ, հետեւաբար առկայ փոփոխութիւնները պէտք չէ նսեմացնեն այդ համակարգին առողջ զարգացումը ու նման քայլերու նախօրէին նկատի ունենան սահմանադրական ընթացակարգը, սահմանադրութեան գերակայութիւնը, որովհետեւ Հայաստանի պետութիւնը իրաւական պետութիւն է:

Յեղափոխութեան յաղթանակը այլընտրանք չունի: Անոր արժէքները պէտք է պահպանուին ու արդիւնաւորուին գործնականապէս, որովհետեւ ժողովուրդը մեծ յոյսերով կառչած է այս յեղափոխութեան, փտածութեան երեւոյթը սկսած է տեղի տալ արդէն, ուժի կիրարկումը, քաղաքացին նսեմացնելու երեւոյթները խորթ են այլեւս նոր Հայաստանին համար, պետութեան առաջին դէմքերն ու քաղաքական գործող ուժերը իրենց իսկ օրինակով կը մերժեն փտածութիւնը, այլակարծութեան կաշկանդումը, կաշառքը, կ՛ուրուագծեն քաղաքական գործիչի համեստ, պարկեշտ պահուածքն ու ժողովուրդին ակնկալութիւնները արդարացնելու յանձնառութիւնը: Ժողովուրդին հաւատքն ու վստահութիւնը վերականգնած են, սա պէտք է պահպանել ու դրական ուղղուածութիւն տալ անոր:

Վստահութեան մթնոլորտն ու քաղաքական կառուցողական ուժերու թափանցիկ գործելակերպն է, որ պարարտ հող պիտի ստեղծեն միջազգային գետնի վրայ նոր վարկ ու համբաւ ձեռք բերած նոր Հայաստանի ոստումնային զարգացումին համար:

Տնտեսական եւ ընկերային կեանքի բարելաւման ծրագիրներ, սահմանադրական կարգի ու օրէնքի պահպանում եւ խորհրդարանական համակարգի ամրապնդման նպաստող խորհրդարանական արդար ընտրութիւններու երաշխաւորում: Ահա այն հիմնաքարերը, որոնք պիտի նպաստեն յեղափոխութեան յաջողութեան ու քաղաքական տարբեր ուժերու նոր Հայաստանի վերակառուցման մասնակցութեան:

Յեղափոխութիւնը շահագործող, յեղափոխական կուսակցութիւններու դերակատարութիւնը նսեմացնող ցեցեր միշտ ալ պիտի յայտնուին, էականը, այդ բոլորէն վեր, երկրի զարգացման ու անոր անվտանգութեան պահպանման, ժողովրդավարութեան ամբողջական կիրարկման նպաստող գործունէութեան լայն ու ազատ դաշտի պահպանումն է:

ՀՅԴ ընկերա-տնտեսական քաղաքականութեան հիմնադրոյթները յստակ կերպով կ՛ուրուագծեն տնտեսական զարգացման, ազգային եկամուտի արդար բաշխման ու Հայաստանը բանուկ գործարանի մը վերածելու անհրաժեշտ միջոցները, տնտեսական քաղաքականութիւնն ու նախաձեռնելի քայլերը:

Այս եւ նման ծրագիրներու քննարկման ու կեանքի կոչման քայլերը եւս կը նպաստեն յեղափոխութեան յաղթանակին ու երկար սպասուած նոր Հայաստանի կերտումին:

«Գ.»

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հայաստան Կանգնած Է Անկիւնդարձի Մէջտեղը

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?