«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի երկար տարիներու պատուոյ բարերարներէն լոսանճելըսաբնակ Անդրանիկ Պաղտասարեանը գլխաւոր դեր ունեցաւ ապրիլեան պատերազմի ծանր վնաս կրած Թալիշ գիւղի վերակառուցման գործին մէջ:
Ազրպէյճանի սահմանէն հազիւ քանի մը վայրկեան հեռու գտնուող Թալիշը արցախեան առաջին համայնքն էր, որ ազրպէյճանցիներուն կողմէ յարձակման ենթարկուեցաւ 1 ապրիլ 2016-ի կանուխ ժամերուն: Պատերազմի աւարտին Թալիշը հաստատապէս կը մնար հայկական տիրապետութեան տակ, բայց աւերակի վերածուած էր: Մեծ թիւով մարտիկներ եւ գիւղացիներ իրենց կեանքը կորսնցուցած էին, եւ գիւղի հանրային շէնքերուն, բնակարաններուն, առեւտրական հաստատութիւններուն եւ ենթակառոյցներուն մեծամասնութիւնը մասամբ կամ ամբողջովին քանդուած էր: Աւելի՛ն. ամբողջ բնակչութիւնը գաղթական դարձած էր, եւ Թալիշը` ամայացած:
Պատերազմէն անմիջապէս ետք, սակայն, Լոս Անճելըսի մէջ գործող «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հրատապօրէն իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց համայնքի վերակառուցման վրայ` վճռելով օգնել անոր, որպէսզի ան տառացիօրէն յառնէր մոխիրներէն: Այս նպատակով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը սկսաւ «Թալիշի վերածնունդ» ծրագիրին, որ իրականացաւ շնորհիւ Անդրանիկ Պաղտասարեանի առատաձեռնութեան եւ Արցախի կառավարութեան բերած յաւելեալ նեցուկին:
20 մայիս 2018-ին Թալիշի մէջ տեղի ունեցած հանդիսաւոր արարողութեամբ մը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը բազմաթիւ նորաւարտ ծրագիրներու բացումը կատարեց: Ձեռնարկին կը մասնակցէին թալիշցիներ, պատուոյ հիւրեր, ներառեալ` Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համաշխարհային գործընկերներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` Անդրանիկ Պաղտասարեանը եւ Սօսի Պապէլեանը:
Պատերազմէն ետք, կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերակառուցեց Թալիշի համայնքային կեդրոնը, հանդիսասրահը եւ 18 բնակարաններ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերակառուցեց նաեւ գիւղի 45 քիլոմեթր երկարութեամբ խմելու ջուրի ցանցը, եւ կառուցեց նոր` 22 քիլոմեթր երկարութեամբ կոյուղիի ցանց մը:
«Այդ ծրագիրները նպատակ չունին միայն բարելաւելու արցախցիներու ընկերային եւ կենցաղային պայմանները: Այդ ծրագիրները կը նպատակադրեն վերջնականապէս կառուցելու երկիր մը, ուր յարաբերութիւնները կանոնակարգուելու են ազնուութեան, աշխատասիրութեան, խոնարհութեան, հայրենապաշտութեան, բարութեան եւ այլ արժէքներու վրայ, իր ուղերձին մէջ յայտնեց նախագահ Բակօ Սահակեանը:
«Չէի երեւակայեր, թէ այն գումարով, որ նուիրեցի, կարելի էր այս գործը ընել, եւ դեռ դրամ ալ մնացած է մեր աշխատանքը շարունակելու համար: Երբ փոքր էի, հայրս կ՛ըսէր, որ պէտք էր սորվէի դրամը ճիշդ եւ իմաստուն կերպով գործածել: Ահա այսօր անվարան կը հաստատեմ, որ հոս` Թալիշի մէջ դրամս իմաստուն կերպով կը գործածուի», բացման արարողութենէն ետք յայտնեց բարերար Անդրանիկ Պաղտասարեանը:
Ներկայիս, մինչ Թալիշի բնակիչները աստիճանաբար կը վերադառնան իրենց ծննդավայրը, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ զանազան ծրագիրներ իրականացնել համայնքին մէջ ներառեալ` դպրոցի եւ մանկապարտէզի վերակառուցումը, գլխաւոր ճամբու հիմնանորոգումը եւ 17 յաւելեալ բնակարաններու վերակառուցումը: Մեծագոյն նպատակներէն մէկն է մօտաւորապէս 70 տուն վերակառուցել մօտիկ ապագային, որպէսզի կարելի ըլլայ վերաբնակեցնել Թալիշի ամբողջ համայնքը:
«Պատմականօրէն, հայը, մինչեւ որ դանակը ոսկորին չհասնի, բան մը չ՛ըներ: Ասիկա զիս կը մտահոգէ: Ես կը հաւատամ, որ եթէ ձեռք ձեռքի տանք եւ զօրացնենք մեր հայրենիքը, մտահոգուելիք ոչինչ կը մնայ: Միայն պէտք է իրարու հանդէպ վստահութիւն եւ հաւատք ունենանք», յայտնած է Ա. Պաղտասարեանը: