Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 29, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սփիւռքի Նախարարը Ամփոփեց Կիպրոս Եւ Միացեալ Նահանգներ Կատարած Այցելութիւններուն Արդիւնքը

Օգոստոս 21-ին սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ նախարար Մխիթար Հայրապետեանին մամլոյ ասուլիսը, որուն նպատակը նախարարին Կիպրոս եւ Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութիւններուն արդիւնքին ամփոփումն ու հետագայ համագործակցութեան հեռանկարներու ներկայացումն էր:

Անդրադառնալով Կիպրոսի նախագահին արտերկրեայ եւ մարդասիրական հարցերով յանձնակատար Ֆոտիու Ֆոտիսի հրաւէրով Կիպրոս կատարած պաշտօնական այցելութեան` սփիւռքի նախարարը նշեց, որ այցելութիւնը ունէր երեք հիմնական նպատակ: Առաջին նպատակը Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս ձեւաչափով սփիւռքի հարցերու շուրջ եռակողմ հանդիպումը, փորձառութեան փոխանակումն ու սփիւռքներու համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ տարաբնոյթ ձեռնարկներու կազմակերպումն էր: «Հանդիպումներ ունեցայ նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, ներկայացուցի յետյեղափոխական Հայաստանի տեսլականը, լսեցի առաջարկներ: Ի հարկէ այցելեցի նաեւ «Մելգոնեան» կրթական հաստատութիւն, որուն հարցին ծանօթ էի շատոնց, սակայն այս հարցին մէջ տակաւին հանդէս կու գամ լսողի դերին մէջ, կը փորձեմ լսել բոլոր հիմնաւորումները եւ շարունակել աշխատանքները երկու կողմերուն հետ», աւելցուց նախարարը:

Մանրամասնօրէն խօսելով Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս ձեւաչափով սփիւռքի հարցերու շուրջ համագործակցութեան մասին` Մխիթար Հայրապետեանը ընդգծեց, որ պաշտօնական այցելութեան շրջանակներու մէջ հանդիպած է Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անաստասիատիսի, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թերենս-Նիքոլաոս Քուիքի եւ Եգիպտոսի ներգաղթի նախարար Նապիլա Մաքրամի հետ: Վերջինս հայ-եգիպտական յարաբերութիւններու սերտացման, սփիւռքներու հարցերուն շուրջ գործակցութեան սկսելու ցանկութիւն յայտնած է: «Նկատի առնելով հեռանկարները` ես եւս դրական արտայայտուեցայ համագործակցութեան ընդլայնման մասին: Կիպրոսի նախագահին առաջարկով որոշեցինք Եգիպտոս-Կիպրոս-Յունաստան սփիւռքի հարցերով արդէն իսկ գործող ձեւաչափին մէջ ներգրաւել նաեւ հայաստանեան կողմը: Քայլը կատարուած է, եւ առաջին քառակողմ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ: Ես այս կը համարեմ Կիպրոս կատարած այցելութեանս ձեռքբերումներէն մէկը, որ հող կը նախապատրաստէ նաեւ պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպումներու համար: Կարեւոր է նաեւ, որ այս երկիրները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հարցին մէջ յստակ դիրքորոշում ունին», նշեց սփիւռքի նախարարը` չմոռնալով ըսելու նաեւ, որ հանդիպումներու ընթացքին առկայ էր մեծ ոգեւորութիւն` Հայաստան պետութեան եւ թաւշեայ յեղափոխութեան հանդէպ: Մխիթար Հայրապետեանը Եգիպտոսի ներգաղթի նախարարին հրաւէրով սեպտեմբերի վերջաւորութեան պաշտօնական այցելութեամբ պիտի այցելէ Եգիպտոս, այնուհետեւ աշխատանքային այցելութիւն պիտի կատարէ Լիբանան:

Ներկայացնելով Միացեալ Նահանգներ կատարած աշխատանքային այցելութեան հիմնական շեշտադրումները` սփիւռքի նախարարը նշեց, որ այցելութեան հիմնական նպատակը հայ համայնքին հետ տարուող աշխատանքները եւ նոր Հայաստանի ըսելիքները համայնքին հասցնելն էր: «Բազմիցս նշած եմ, որ սփիւռքի հանդէպ վերաբերմունքը պիտի փոխուի: Սփիւռքը այլեւս չընկալուիր իբրեւ պանքոմաթ, պէտք է ըլլան փոխշահաւէտ համագործակցութիւն եւ փոխադարձ հոգատարութիւն: Հայաստանը պիտի ըլլայ ուժեղ, եթէ սփիւռքը ըլլայ ուժեղ, եւ` հակառակը: Այս ամէնը արտայայտուած է մեր տեսլականին մէջ, որ կը մշակուի ոլորտի լաւագոյն մասնագէտներուն հետ, եւ ընդգրկուած պիտի ըլլայ պետական հայեցակարգի շրջանակներու մէջ: Մենք հարցեր ունինք նաեւ ճանչնալու սփիւռքը, պէտք է գիտական հետազօտութիւններ եւ խոր ուսումնասիրութիւններ կատարուին: Նախապէս մեծ համայնքները եղած են ուշադրութեան կեդրոն: Այսուհետեւ այդպէս պիտի չըլլայ, մենք պիտի աշխատինք բոլորին հետ», շեշտեց նախարարը: Ան նաեւ աւելցուց, որ ամերիկահայերուն փոխանցուած հիմնական ուղերձներէն մէկն ալ այն եղած է, որ միայն հայաստանակեդրոն մօտեցումը ընդունելի չէ, եւ Հայաստանը եւս պետք է լուծէ սփիւռքին հարցերը:

Ըստ Մխիթար Հայրապետեանին, Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ունեցած հանդիպումները իրենց աշխարհագրութեամբ աննախադէպ էին: «Հանդիպումներ ունեցայ ինչպէս համայնքային, այնպէս ալ կուսակցական գործիչներու, հոգեւոր, կրթական շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ` Լոս Անճելըսի, Նիւ Եորքի եւ Պոսթընի մէջ: Եթէ որեւէ հայկական կառոյց, կազմակերպութիւն յայտարարէ, որ այցելութեանս ընթացքին ինքն իրեն անտեսուած զգացած է, ես շատ պիտի զարմանամ: Այսօր արդէն սփիւռքի նախարարութիւնը որոշած է աշխատիլ բոլորին հետ, ստեղծել կարելիութիւն բոլոր այն մարդոց համար, որոնք կը փափաքին աշխատիլ ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման, Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ համահայկական ներուժի համախմբման: Այս ուղերձը շատ լաւ ընդունուեցաւ ամերիկահայերուն կողմէ: Ի հարկէ նախապէս եղած են մերժուածներ եւ արտօնեալներ, սակայն այսօր այսպիսի տարանջատում չի կրնար ըլլալ: Կայ համագործակցութեան մէկ նախապայման` անմնացորդ նուիրում աշխատանքին», ընդգծեց սփիւռքի նախարարը: Շարունակելով նիւթը` նախարարը մէկ անգամ եւս նշեց, որ սփիւռքը բազմաշերտ է, եւ իւրաքանչիւր համայնք կը պահանջէ առանձնայատուկ մօտեցում: Աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացման համար Մխիթար Հայրապետեանը անխուսափելի համարեց նախարարութեան ստորաբաժանումներու կառուցուածքային փոփոխութիւնները:

Խօսելով ամերիկահայ համայնքի հարցերու մասին` նախարարը առանձնացուց ձուլման, դպրոցներու փակման վտանգը, դասագիրքերու, կրթութեան մրցունակութեան հարցը: Ինչ կը վերաբերի սփիւռքի մէջ բնակող եւ պարտադիր զինուորական ծառայութենէն խուսափած քաղաքացիներու հարցին` Մխիթար Հայրապետեանը տեղեկացուց, որ յառաջիկային կը պատրաստուի հանդիպելու պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանին հետ եւ ներկայացնել ինչպէս սփիւռքի նախարարութեան, այնպէս ալ սփիւռքահայերու կողմէ կատարուած առաջարկները:

Սփիւռքի նախարարը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ ներդրումներ ընելու փափաք յայտնողներ շատ եղած են, եւ հակառակ օրէնքի գերակայութեան հանդէպ վստահութեան` առկայ է տեղեկատուութեան պակաս, եւ համապատասխան տեղեկատուութիւնը շուտով պիտի տեղադրուի նախարարութեան կայքին վրայ: Մխիթար Հայրապետեանը կը նախատեսէ հանդիպում նաեւ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանին հետ` քննարկելու սփիւռքի ներդրումներուն առնչուող հարցերը: «Այցելութեան ընթացքին աւելի քան 100 ընտանիք ինծի մօտեցան եւ ըսին, որ վաճառքի հանած են իրենց բնակարանները եւ կը փափաքին վերադառնալ Հայաստան: Հաւանական հայրենադարձները կը փափաքին օրէնքի գերակայութիւն եւ աշխատատեղերու աւելացում: Մասնագիտական հայրենադարձութեան գործընթացը արդէն իսկ սկսած է, եւ մենք եւս կը փորձենք պետական կառավարման համակարգին մէջ ներգրաւել նաեւ սփիւռքի ներուժը», նշեց սփիւռքի նախարարը:

Ամփոփելով ասուլիսը` Մխիթար Հայրապետեանը ըսաւ, որ հակառակ մասնագիտական հայրենադարձութեան մեծ պահանջին` պետութիւնը այսօր մեծ ներգաղթի պատրաստ չէ:

 ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան Հերթական Բանակումը

Օգոստոս 14-19 Աղաւնաձորի մէջ կայացաւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան հերթական բանակումը, որ նուիրուած էր արցախեան շարժման 30-ամեակին եւ կը կրէր «Յանուն Արցախի, ի փառս հայրենիքի» կարգախօսը:

Հինգ օր տեւած բանակումի ընթացքին ընկերական ջերմ մթնոլորտի մէջ երիտասարդներն ու կուսակցութեան համակիրները քննարկեցին արդիական հարցեր, որոնք կ՛ընդգրկէին` Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան ընթացիկ իրավիճակը, արցախեան հիմնական հարցը, սփիւռքի հայկական լոպին, ՀՅ Դաշնակցութեան ծրագրային եւ կանոնագրային առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ` քարոզչական մեքենան:

ՀՅԴ Արցախի Պատանեկան Միութեան Բանակում

Օգոստոս 17-19 Շուշիի «Եզնիկ Մոզեան» արհեստագործական ուսումնարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութեան վարչութեան կողմէ կազմակերպուած բանակումը` Ստեփանակերտի, Ասկերանի եւ Մարտունիի շրջաններէն եկած 55 պատանիներու մասնակցութեամբ:

Եռօրեայ բանակումի ծրագիրը կ՛ընդգրկէր` մարզանք, ազգային երգ ու պարի ուսուցում, խմբակային խաղեր, շարժապատկերի ցուցադրութիւն, զարգացման մրցում, խաղ, քայլարշաւ, այցելութիւն պատմական մշակութային վայրեր եւ խարուկահանդէս:

 Բարեգործական Առաքելութեամբ «Թեւանիկ»-ը Կրկին Արցախի Մէջ

«Թեւանիկ» բարեսիրական խումբին նախաձեռնութեամբ Արցախի մէջ սկսած են բարեգործական աշխատանքներ: Խումբը հերթականօրէն կազմակերպած է դասընթացքներ` նպատակադրելով մասամբ լուծելու Արցախի մէջ գործազրկութեան եւ կիներու աշխատանքային հարցերը: Դասընթացքները այս անգամ  կ`ընթանան կարելու եւ ձեւելու, ասեղնագործութեան, հլունագործութեան եւ կտորէ տարբեր աշխատանքներու պատրաստման ոլորտներու մէջ: Խումբին անդամները արցախցի կիներուն եւ աղջիկներուն պիտի փոխանցեն իրենց հմտութիւնները:

«Թեւանիկ»-ը ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորման հետ միասին ձեռնարկած է այս աշխատանքներուն: Ուլունքագործութիւն, ասեղնագործութիւն, կարուձեւ եւ կտորէ տարբեր աշխատանքներու պատրաստում. այս 4 ուղղութիւններով «Թեւանիկ» խումբի 5 անդամները իրենց հմտութիւնները պիտի փոխանցեն Ստեփանակերտի եւ այլ շրջաններու մօտաւորապէս 60 կիներու եւ աղջիկներու:

««Թեւանիկ» խումբի ծրագիրներէն մէկն ալ Արցախի մէջ պատրաստուած արուեստի գործերը, ձեռային աշխատանքները Իրանի մէջ վաճառքի հանելն ու հասոյթը նեղութեան մէջ գտնուողներուն յատկացնելն է: Այս դասընթացքը կարելիութիւն կու տայ տեղացիներուն` զարգացնելու իրենց հմտութիւնները` լուծելով կիներու զբաղուածութեան հարցը», նշած է խումբի անդամ Ալինա Գասպարեանը:

Կարուձեւի խմբակը այս տարի առաջին անգամն է, որ կը կազմակերպուի: Թեհրանէն եկած կարուձեւի մասնագէտ Անահիտ Թորոսեանի խօսքով, հանդերձագործի շնորհքին պէտք է տիրապետէ իւրաքանչիւր կին. «Մասնակիցներուն խանդավառութիւնը ակնյայտ է: Կրնամ ըսել, որ խմբակը ծառայեց իր նպատակին», նշած է Անահիտ Թորոսեանը:

Մարտունիի մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի աշխատող Անահիտ Յակոբճանեանը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշած է, որ դասընթացքը փորձի փոխանակման եւ նոր կարողութիւններ ձեռք բերելու կարելիութիւն կ՛ընձեռնէ:

ՀՕՄ-ի արցախեան գրասենեակի տնօրէն Սվետլանա Յարութիւնեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ կառոյցը փոխհատուցած է շրջաններէն եկած մասնակիցներուն ճանապարհածախսը:

Վեց օր տեւողութեամբ դասընթացքի երեք օրերը իրականացուած են Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզին մէջ,  իսկ յաջորդ 3 օրերը` Շուշիի:

Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ Հայ-Չինական Բարեկամութեան Դպրոցը

Երեւանի մէջ բացուեցաւ հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցը, որ կառուցուած է Չինաստանի աջակցութեամբ:

Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտնեց, որ դպրոցի աշակերտներուն համար չինարէնի ուսուցումը մեծ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ:

«Յայտնի ասացուածք կայ` քանի լեզու գիտես, այնքան մարդ ես: Չինարէնի իմացութիւնը կարելիութիւն կու տայ` հասու ըլլալ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան պատմութեան հսկայական շերտի մը եւ անսահաման տեղեկատուութեան: Յոյս ունիմ, որ այս դպրոցը կը դառնայ այն խողովակը, որուն միջոցով հայ ժողովուրդը առաւել խորութեամբ կը տեղեկանայ այն մեծ ազդեցութեան, զոր Չինաստանն ու չինական քաղաքակրթութիւնը ունեցած են մարդկութեան զարգացման վրայ», ընդգծեց վարչապետը:

Դպրոցին մէջ ուսուցումը պիտի կազմակերպուի վարժարանի օրինակով, ուսումնական հաստատութեան մէջ պիտի գործեն 5-12-րդ դասարաններ: Ուսումնական գործընթացի կազմակերպման համար չինարէնի ուսուցիչները պիտի հրաւիրուին Չինաստանէն: Ըստ Հայաստանի մէջ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիէն Ըրլոնկիի, դպրոցը հայ-չինական լաւ յարաբերութիւններու ապացոյցն է:

«Թէեւ Չինաստան եւ Հայաստան իրարմէ հեռու կը գտնուին, բայց երկու երկիրներն ալ ունին հնագոյն պատմութիւն եւ հարուստ մշակոյթ: Հայաստանի մէջ չինարէն սորվողներուն թիւը հազարէն աւելի է: Հայերէնի մէջ կայ չնաշխարհիկ բառը, որ բառացիօրէն կը թարգմանուի որպէս Չինաստան աշխարհի, եւ կը նշանակէ` հիասքանչ: Կը հաւատամ, որ հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցը իսկապէս չնաշխարհիկ դառնայ», նշեց դեսպանը:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը յայտնեց, որ հետագային յայտնի պիտի դառնան այն փոքրիկներուն անունները, որոնք կարելիութիւն պիտի ունենան յաճախելու այս դպրոցը:

«Դիմողներուն թիւը շատ մեծ է, սակայն կարելիութիւնները սահմանափակ են: Ծրագիրը մեր հանրակրթական դպրոցի ծրագիրն է. ուրեմն, կոչ կ՛ընեմ ծնողներուն` եթէ իրենց փոքրիկները չեն ընդունուած այս դպրոցը, զանոնք ուղարկեն չինարէնի ուսուցումով այլ դպրոցներ: Եթէ չեմ սխալիր, այսօր այլ 6 այսպիսի դպրոցներ կան», ըսաւ նախարարը:

Նշենք, որ դպրոցը նախատեսուած է 405 աշակերտներու համար: Անիկա ապահովուած է` տարրալուծարաններով, լեզուի ուսուցման դասարաններով, գրադարանով, համակարգչային լսարաններով, պարասրահով եւ մշակութային կեդրոնով: Հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցին մէջ պիտի գործէ նաեւ Չինաստանի թանգարան:

Լոնտոնաբնակ Դոկտոր Վրէժ Ներսէսեանը Ձեռագիրներ Կը Նուիրէ Մատենադարանին

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուաւոր դոկտոր, լոնտոնաբնակ Վրէժ (Ներսէս Ա. քահանայ) Ներսէսեանը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին նուիրեց 17-18-րդ դարերու եթովպիական 4 ձեռագիրներ` Աւետարան, ճառեր, քարոզներ:

Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեանը երախտագիտութիւն յայտնեց վաստակաշատ հայագէտին` Մատենադարանի ձեռագրական հաւաքածոն համալրելուն համար:

Տեղեկացնենք, որ Լոնտոնի համալսարանի «Հէյթրոփ» քոլեճը Ներսէս Ա. քահանայ Ներսէսեանին 2017-ին շնորհեց աստուածաբանութեան դոկտորի կոչում: Վրէժ Ներսէսեանը երկար տարիներ (1975-2012) եղած է Բրիտանական գրադարանի Քրիստոնէական Մերձաւոր Արեւելքի բաժինի պատասխանատուն:

Շարլ Կունոյի Եւ Ժորժ Պիզէի Նուիրուած Երեկոյ

Երեւանի «Ֆրանքոֆոն» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ «Աւետիք Իսահակեան»-ի կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական երեկոյ մը` նուիրուած ֆրանսացի աշխարհահռչակ երաժշտահաններ Շարլ Կունոյին եւ Ժորժ Պիզէին:

Բանախօսն էր արուեստագիտութեան դոկտոր Թամար Յովհաննիսեան: Երեկոյին ընթացքին հնչեցին Շարլ Կունոյի «Ֆաուսթ» եւ Ժ. Պիզէի «Քարմէն» օփերաներէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ ցուցադրուեցաւ նոյն օփերաներէն կարգ մը պատկերներ:

Նշենք, որ այս երեկոն մաս կը կազմէ ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան նախաձեռնած զանազան ձեռնարկներուն:

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները Մկրտիչ Վարդապետ Խրիմեան` Միաբան Ուխտին Աղթամարայ

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Օգոստոս Դ. – Նոր Հայաստանի Արշալոյսը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?