Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ուշացումը Չ՛արդարացուիր

August 30, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ արձանագրուած յայտարարողական հարթութիւնը երկիրը կ՛առաջնորդէ կրակի եւ արդարութեան արանքին: Խօսքը բնականաբար կը վերաբերի միջազգային դատարանի մօտալուտ վճիռին առիթով կատարուած տրամագծօրէն հակառակ ուղղութիւններ բովանդակող յայտարարութիւններուն:

Ներլիբանանեան հանգոյցներու վերագրուող կառավարութեան կազմութեան արգելակումի տեսութիւնը տեղի կու տար յաճախ` շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուող զարգացումներու հետ կապուած գործընթացներու հետեւանքային ազդեցութիւններու վարկածներուն: Այժմ ո՛չ միայն ներլիբանանեան-շրջանային, այլ նաեւ միջազգային նոր թնճուկներ կ՛աւելնան` միջազգային դատարանէն ակնկալուած վճիռին ընկալելիութիւնը քաղաքական տարբեր մօտեցումներու ենթարկելով: Մինչ, արաբական մամուլին մէջ կ՛երեւին Լիբանանի նկատմամբ Ուաշինկթընի նախապատրաստող պատժամիջոցներու մասին ենթադրական վերլուծումներ:

Կառավարութիւն  կազմելու նպատակով բանակցային երթեւեկութեան տպաւորութիւնը կը ձգեն որոշ լուրեր, յայտարարութիւններ, այնուամենայնիւ տակաւին չէ գոյացած համոզում, որ համակողմանի համաձայնութեան առաջնորդող շրջափուլը մուտք գործած է երկիրը: Հաւաստիութիւն փոխանցող նախագահ-վարչապետ հանդիպումի եւ կառավարութեան կազմի անուանացանկի փոխանցումի լուրը ինքնին  այս պայմաններուն մէջ կը թուի, որ բաւարար չէ ընթացակարգի գործնական փուլը անցնելու:

Անորոշ է նաեւ նախագահի յայտարարած 1 սեպտեմբերի ժամկէտը: Սահմանադրական ընթացակարգը նման կազմալոյծ վիճակներու համար որեւէ տնօրինումի ելք յայտնապէս չէ նախատեսած:

Միակ ելքը` տարածաշրջանային իրավիճակի եւ միջազգային նոր իրադրութիւններու ձեւաւորման առաջնորդող կացութեան քաղաքական ճիշդ ընթերցումի հիման վրայ կայանալիք համալիբանանեան գիտակցական կամքի դրսեւորումն է: Արտաքին այդ պայմաններուն վրայ կ՛աւելնան ֆինանսատնտեսական հեռանկար մթագնող ցուցանշային պատկերները եւ անոնց հետեւող ընկերային վիճակներու բարդացման միտումներու տեսանելիութիւնը:

Փոխզիջումնային մօտեցումը գերակայ հրամայական է լիբանանեան բոլոր կողմերուն, հոսանքներուն, կազմակերպութիւններուն համար: Միջհամայնքային համակարգը այստեղ ոչ թէ համայնքային հատուածականութեան գերադասումն է, այլ համայնքներու միջեւ փոխհասկացողութեամբ, փոխզիջումով ընդհանուր շահի առաջադրումը: Փոխադարձ զիջումը այս պարագային համայն Լիբանանի շահն է:

Ակնկալուած ընթացակարգը կը թուի, որ դիւրին չէ: Ներհամայնքային անհամաձայնութիւններու փարատում, որմէ ետք միջհամայնքային համախոհութեան գոյառման համար արագ միջոցառումներու որդեգրում: Արտաքին ալիքներու դիմակայման համար ներքին համախմբումի անհրաժեշտութեան գիտակցում. իսկ այս պարագային սահմանադրական համախմբուածութիւնը կ՛առարկայանայ կառավարութեան կազմութեամբ:

Այլապէս խաղը կը դառնայ վտանգաւոր. թէ՛ կրակին, եւ թէ՛ արդարութեան հետ խաղերը անպայման կ՛ունենան իրենց ծանր հետեւանքները: Միջազգային ընտանիքի անդամ Լիբանանը կառավարազուրկ կարգավիճակով դժուար թէ կարենայ յաղթահարել արտաքին-ներքին մարտահրաւէրները: Այլընտրանք չկայ. անյապաղ կազմե՛լ կառավարութիւնը:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցած Են Հայաստանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Հետ

Յաջորդը

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.