ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մկրտիչ Խրիմեան, ազգին, հայրենիքին եւ եկեղեցիին ծառայելու ուխտով, որոշած էր կուսակրօն հոգեւորական դառնալ: Ան 10 փետրուար 1854-ին իր քեռիենց` Ջրբաշեաններուն ձին առնելով իրենց տան ծառային հետ հեռացաւ տունէն եւ գնաց Արտամետ, ուր իջեւանեցաւ քահանային տունը: Ծառան ձին առնելով վերադարձաւ Վան:
Նոյն գիշերը Մկրտիչ Արտամետի ծովափէն առագաստանաւ առնելով Աղթամար կղզին ցամաք ելաւ:
Կէս գիշերը անց էր: Սուրբ Խաչ տաճարին զանգերը կը ղօղանջէին եւ վանականներ իրենց խուցերէն եկեղեցի կ՛ուղղուէին: Գիշերային ժամերգութիւնը կը սկսէր` ի դէմս Հօր Աստուծոյ, եւ քնաթաթախ վանականներու շուրթերը կ՛արձագանգէին. «Տէր, եթէ զշրթունս իմ բանաս, բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս քո»:
Լոյսը տակաւ կը բացուէր եւ արեգակը իր առաջին շողերը կ՛արձակէր:
Սուրբ Խաչ տաճարին զանգերը կրկին կը ղօղանջէին եւ առաւօտեան ժամերգութիւնը կը սկսէր ի դէմս Որդւոյն Աստուծոյ. «Լցաք առաւօտու ողորմութեամբ քով, ցնծացաք եւ ուրախ եղաք զանմենայն աւուրս կենաց մերոց»: Մկրտիչ ուղղուեցաւ դէպի տաճար եւ վանականներուն հետ մասնակցեցաւ ժամերգութեան: Ապա ան միաբաններուն ըսաւ որ ինք ուխտաւոր է: Վարդապետները խուց մը տուին իրեն եւ հիւրընկալեցին:
Աղթամարի Սուրբ Խաչ տաճարը, կառուցուած` 915-921-ին, հայկական ճարտարապետութեան գոհարներէն է: Աղթամար հոգեւոր եւ մշակութային ու գրչութեան մեծ կեդրոն էր: Աղթամարի կաթողիկոսութիւնը հիմնուած էր 1113-ին: Սուրբ Խաչ տաճարին կից կը գտնուէին կաթողիկոսարանը` վանականներու եւ ուխտաւորներու խուցերով: Փառահեղ վանքը, հնութիւններու սքանչելի պահեստով, հարուստ էր հայրենի յիշատակարաններով:
Կէսօրէ ետք (11 փետրուար 1854-ին) Մկրտիչ ներկայացաւ Գաբրիէլ Շիրոյեան կաթողիկոսին եւ ըսաւ, որ կը փափաքի վարդապետ ըլլալ:
Գաբրիէլ կաթողիկոս Տեառնընդառաջի նախատօնակի երեկոյեան (փետրուար 13-ին) զայն սարկաւագ ձեռնադրեց, իսկ փետրուար 14-ին` կուսակրօն քահանայ:
Մկրտիչ վարդապետ քառասունքը անցուց տաճարին մէջ փակուած, պատարագի արարողութեան փորձեր կատարելով եւ Աւետարան կարդալով:
Մկրտիչ վարդապետ իր անդրանիկ պատարագը մատուցեց Յանկոյսներու Պստիկ Տաճար Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր ժողովուրդի ներկայութեան ուխտ ու երդում ըրաւ դառնալ հովիւ քաջ եւ իր անձը նուիրաբերել իր հօտին` հայ ազգին:
***
Աղթամարի միաբան Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան Վանի Յանկոյսներու Պստիկ Տաճար Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցած իր անդրանիկ պատարագէն ետք ծանօթ դարձաւ իբրեւ հմուտ, զարգացած, կարող եւ ազգասէր ու հայրենասէր հոգեւորական: Ան ամէն կիրակի Վանի եկեղեցիներէն մէկը կը հրաւիրուէր պատարագելու եւ քարոզելու եւ եկեղեցիները միշտ խուռն բազմութեամբ լեցուն կ՛ըլլային:
Վանի մէջ իր կրօնական պարտականութիւնները աւարտելէ ետք Մկրտիչ վարդապետ վերադարձաւ Աղթամար: Գաբրիէլ կաթողիկոսի կարգադրութեամբ ան գաւառներուն մէջ շրջուն քարոզիչ նշանակուեցաւ:
Աղթամարի կաթողիկոսութեան թեմերը կ՛ընդգրկէին Վանայ ծովուն հարաւային շրջանը` Ռշտունիք, Հայոց Ձոր, Շատախ, Անձեւացիք, Մոկք, Խիզան եւ Կորճայք: Բարձր լեռներ` Արտոս, Առնոս եւ Եղերով, Փեսանդաշտը, ձորեր ու անտառներ, Արեւելեան Տիգրիս եւ Մեծ Չաբ գետեր:
Ռշտունիք ծովահայեաց գաւառին մէջ կը գտնուի Ոստան աւանը եւ Նարեկայ վանքը: Հայոց Ձոր կ՛ընդգրկէ Վանայ լիճէն հարաւ-արեւելք տարածուող գօտին. յիշենք Անգղ, Քերծ, Կեմ, Առեղ, Խորգոմ եւ Հնդստան գիւղերը: Շատախ, Արեւելեան Տիգրիսի աջ ափին գտնուող Թաղ աւանով եւ Շիտան, Կայնամերան, Ծեծանց, Սիվտկին, Հինենց, Սակ, Կաճեթ եւ այլ գիւղերով, լեռնային է, ջրառատ եւ հարուստ արօտավայրերով: Աւելի արեւելք` Անձեւացիք կամ Նորդուզ, ուր Հոգոց վանքը մեծ սրբատեղի էր. յիշենք Փիրբադալան, Շահմանց, Սքունիս Ներքին, Սքունիս Վերին, Հայկան եւ Աշկան գիւղերը: Աւելի հարաւ, Կորճայքի հայաբնակ գիւղերէն են Գարունակ, Հալվա, Բակ, Նեհրի, Խորան, Աշկիթան Ներքին, Աշկիթան Վերին, Զառնակ, Շամաշա եւ Կալետան:
Շատախէն արեւմուտք, Առնոս լերան միւս կողմը Մոկաց աշխարհն է` իր անտառածածկ քարքարոտ լեռներով եւ խորհրդաւոր հովիտներով: Ճանապարհները նեղ կածաններ են: Բազմաթիւ ջրվէժներ կը յառաջացնեն Մոկս գետը, որ անդնդախոր ձորերէն սլանալով կը հոսի դէպի Տիգրիս: Մոկս աւանը, գետի ափերուն, ձորամիջին, թաղուած է այգիներու կանաչ ծովու մէջ: Գիւղերը` Կճողս, Ծառստանց, Թառամաղ, Հաղմղունս, Մակնի, Գոմանց, Խրեբ, Հաւարիս, Կճաւ, Ծափանց, Սակս, Գիդրիս, Մարականց, Սըպկանց, Հագըլվան, Բրտնուտ, Սեպ, Բառ, Սորս, Բուլենց, Վանքիկ, Գինեկանց, Բուրանդ, Լճան, Հացաբլուր, Հաղին, Հառնանց, Լուլենց, Կայթանց, Նանենց, Շէն, Հասկնջաւ, Անապատ, Փետատեղ, Նորովանց, Կասր, Ադիջանց, Կարճկանց, Առինջ, Դեմկառ եւ Խալենց, փոքր են, լեռնալանջերուն եւ ժայռերուն փակած:
Հոգեւոր կեդրոններ էին Սուրբ Խաչ եւ Ամենափրկիչ վանքերը, իսկ Եղերով լերան ստորոտի Փութկու Սուրբ Գէորգ վանքը ձմրան բուքին ու փոթորիկին ճանապարհորդներու ապաստանարան էր:
Մոկացիք ինքնիշխան համայնք էին: Յիշենք Մոկաց Միրզան. Կոլոտ փաշա անոր հարսնցուին` Նազլուխանին տիրանալու համար զայն Ճիզրէ հրաւիրեց եւ թունաւորելով սպաննեց: Մինչեւ ԺԸ. դար մոկացիք կը կառավարուէին իրենց մելիքներուն կողմէ: Անոնց վերջինն էր մելիք Յովհաննէս: Մինչեւ 1840-ական տարիները Մոկք պահած էր իր ինքնիշխան գոյավիճակը:
Խիզան, ուրկէ կը հոսի Արեւելեան Տիգրիսի վտակ Խիզան գետը, կ՛ըդգրկէ երեք գիւղախումբ` Խիզան, Մամռտանք եւ Սպարկերտ:
Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան իբրեւ շրջուն քարոզիչ շրջագայեցաւ գիւղ առ գիւղ, ապրեցաւ ժողովուրդին հետ, գիւղական եկեղեցիներուն մէջ պատարագեց, քարոզեց եւ խօսեցաւ ազգի, հայրենիքի ու կրթութեան մասին: Ան խորապէս ուսումնասիրեց գաւառներու հայութեան ապրելակերպը, պայմանները, ինչպէս նաեւ մտաւոր, կրթական, տնտեսական եւ քաղաքական վիճակը:
Քարոզչական շրջագայութենէն Աղթամար վերադառնալէն ետք Մկրտիչ վարդապետ Գաբրիէլ կաթողիկոսին առաջարկեց հնարաւոր ամէն տեսակ միջոցներու դիմել, գաւառի հայութեան մտաւոր եւ տնտեսական վիճակը բարելաւելու համար:
Կաթողիկոսութիւնը ընդարձակ հողեր ունէր եւ գիւղերէն պտղի կը հաւաքէր: Սակայն հնարաւորութիւնները սահմանափակ էին: Հարկաւոր էին պատրաստուած անձեր: Մինչ քրտական հարստահարութիւնները հետզհետէ աւելի սանձարձակ կը դառնային: Քիւրտ ցեղեր կը տեղաւորուէին հայկական գիւղերու մէջ եւ կ՛իւրացնէին հայ գիւղացիներու հողերը: Նորդուզի հայերը, չկարենալով հանդուրժել կրաւցի քիւրտերու սանձարձակութիւններուն, սկսած էին հեռանալ եւ Աբաղայի դաշտի գիւղերուն մէջ տեղաւորուիլ: Կրաւցի քիւրտերը պատուհաս դարձած էին նաեւ շատախցիներուն համար: Խիզանի հայութիւնը սոսկալի թշուառութեան մէջ կ՛ապրէր: Ռշտունիքի բերրի հողերը հայերու ձեռքէն խլուած էին: Մոկացիներ (որոնց մէջ կային աշուղներ եւ բանասացներ) ապրուստ ապահովելու համար Արարատեան դաշտի գիւղերը աշխատանքի կ՛երթային:
Գաբրիէլ կաթողիկոս բարձր գնահատեց Մկրտիչ վարդապետին եռանդն ու գործունէութիւնը, որոնք սակայն պէտք է պարփակուէին միայն կրօնի եւ հոգեւոր քարոզչութեան սահմաններուն մէջ:
Գաբրիէլ կաթողիկոս գրաւոր արտօնութիւն տուաւ Մկրտիչ վարդապետին եւ զայն իբրեւ Աղթամարի նուիրակ եւ քարոզիչ Պոլիս ուղարկեց:
***
Մկրտիչ վարդապետ Աղթամարէն հեռացաւ 1854-ի աշնան վերջաւորութեան: Ճամբայ ելաւ դէպի Արճէշ, ուրկէ անցաւ Էրզրում, հոնկէ` Տրապիզոն, եւ նաւ նստելով Պոլիս ցամաք ելաւ: Պոլսեցիք տեղեակ էին, որ ան պիտի ժամանէր եւ բարեկամներ դիմաւորեցին զինք: Վարդապետը Սկիւտարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին առաջնորդուեցաւ, որուն բակին մէջ իրեն սենեակ մը յատկացուեցաւ:
Մկրտիչ վարդապետ քանի մը օր ետք ներկայացաւ Յակոբոս պատրիարքին եւ անոր պարզեց իր առաքելութեան նպատակը: Պատրիարքը սիրալիր ընդունելութիւն ցոյց տուաւ եւ արտօնեց, որ Պոլսոյ եկեղեցիներուն մէջ պատարագէ եւ քարոզէ:
Նոյն օրերուն Պոլսոյ հայկական թերթերը ծանուցեցին, որ Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան մայրաքաղաք ժամանած է:
Մկրտիչ վարդապետ Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներուն մէջ շրջիկ քարոզիչ դարձաւ: Այն եկեղեցին, որ կը պատարագէր եւ կը քարոզէր, ժողովուրդը կը հմայէր իր հոգեշունչ քարոզներով եւ սրտառուչ խօսքերով: Կը խօսէր Հայաստան աշխարհի, հայոց տառապանքներուն եւ գաւառներու հայութեան մասին: «Ողբամ զքեզ հայոց աշխարհ, ողբամ զքեզ ժողովուրդ հայոց», կ՛ըսէր եւ զգաստութեան կը հրաւիրէր, որ մայրաքաղաքի հայութիւնը միայն իր ուսման, դաստիարակութեան եւ բարօրութեան մասին չմտածէ, որովհետեւ կայ բուն հայրենիքը, Հայաստանը, որ խաւարի, տգիտութեան, բռնութեան եւ արհաւիրքներու տակ ընկճուած, անտեսուած եւ մոռացութեան մատնուած է: Գաւառներու հայութիւնը մայրաքաղաքի հայութեան օգնութեան եւ հոգատարութեան առարկայ պէտք է ըլլայ: Ան կոչ կ՛ուղղէր, որ պատրիարքարան, ազգային մարմիններ եւ ժողովուրդ եղբայրաբար ձեռք կարկառեն գաւառներու հայութեան եւ զարկ տան անոնց մտաւոր դաստիարակութեան: «Իր ազգն ու հայրենիքը չսիրող անձը մարդկային կեանքի մէջ ապրելու իրաւունք պիտի չունենայ», կ՛ըսէր եւ կը շեշտէր, որ «Հայ եղողը Հայաստանի հողին վրայ միայն կը ճանչնայ թէ՛ ինքզինք եւ թէ՛ ազգն ու հայրենիքը»:
Հայաստանցի վարդապետին քարոզները թունդ հանեցին Պոսլոյ հայոց սրտերը: Պոլսեցիք սկսան հետաքրքրուիլ գաւառաբնակ հայութեան վիճակով եւ յաճախ ալ հանգանակութիւններ կազմակերպեցին, գաւառի հայութեան օգնելու համար:
Պոլսոյ հայութիւնը կը սթափէր եւ կը յիշէր, որ անդին, Անատոլուի խորերը եւ բուն Հայաստանի մէջ հայութեան ստուար զանգուած մը կար, տառապած, տանջուած, խաւարի եւ տգիտութեան մէջ, թրքական եւ քրտական արհաւիրքներու ենթակայ:
Սկիւտարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ծխականներուն խնդրանքով եւ պատրիարքարանին արտօնութեամբ Մկրտիչ վարդապետ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ քարոզիչ նշանակուեցաւ:
Մկրտիչ վարդապետ, բանաւոր քարոզչութեան կողքին սկսաւ մտածել նաեւ գրաւոր քարոզչութեան մասին: Ան դիմեց բարեկամներու եւ համակիրներու, որպէսզի նիւթապէս օգնեն իրեն ամսաթերթ մը հրատարակելու համար: Տատեան, Օտեան, Պալեան եւ Տիւզեան ընտանիքները ընդառաջեցին եւ անոնց օժանդակութեամբ ու պատրիարքարանին արտօնութիւնը առնելէ ետք Մկրտիչ վարդապետ Արապեան տպարանէն սկսաւ հրատարակել «Արծուի Վասպուրական»-ը: Առաջին թիւը լոյս տեսաւ 1855 յունիսին:
«Արծուի Վասպուրական»-ի չորս թիւ (1855 յունիս, յուլիս, օգոստոս եւ սեպտեմբեր) լոյս տեսան Արապեան տպարանէն, 500-ական օրինակով:
Մկրտիչ վարդապետ բարեկամներու օժանդակութեամբ 1855 հոկտեմբերին իր սեփական տպարանը բացաւ Սկիւտարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող շէնքի մը մէջ: «Արծուի Վասպուրական» հոնկէ լոյս տեսաւ մինչեւ 1856 մայիս: