Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպա Եւ Հայաստանս

August 31, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տարիներ առաջ էր եւ` կրկին ամառ: Ամբողջ աշխարհը գրեթէ արձակուրդի մէջ էր: Մենք ալ` նոյնպէս: Խորքին մէջ ինծի համար արձակուրդ ըսուածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` փախուստ մը սովորական եւ միօրինակ առօրեայէն: Այլ խօսքով նաեւ վերանորոգուելու արդար եւ միաժամանակ ծախսալից փորձ մը: Հաճելի ակնկալութիւն մը` կեանքիդ որոշ եւ ճշդուած օրերը տարբեր ձեւով ընդունելու եւ ապրելու գաղտնիքով:

Նախաբանս չեմ ուզեր երկարել:

Այդ օրերուն Եւրոպա էինք էրիկ-կնիկ, եւ յատկապէս անոր ծայրագոյնը` Իրլանտա եւ Իրլանտական Հանրապետութիւն: Այս վերջինը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` Միացեալ Թագաւորութեան մէկ բաժինը:

Ու սկսելով Իրլանտայի Տապլինէն, ամբողջ երկու շաբաթ, մեծ ու հանգստաւէտ փոխադրակառքով եւ ընկերակցութեամբ հմուտ կայտ-առաջնորդի մը, շուրջ յիսուն հոգիով եզերած էինք այս երկու երկիրներու մեծ ու փոքր քաղաքներն ու գիւղերը ու վերջապէս` հասնելով Պելֆասթ:

Եւրոպա ըսի, պէտք էր նաեւ աւելցնէի, թէ ան կարծես ամբողջ աշխարհի պատմութիւնն ալ էր:  Պատմական հսկայ թանգարան մը: Ամէն օր մեր այդ կայտը քարեղէն հնութիւններու տակէն կորսուած կամ պահուըտած կեանքերու «շունչ» տալով` զանոնք դուրս կը բերէր ու կը փռէր մեր յիշողութեան առջեւ, գեղեցիկ կրկներգի նման: Այլ խօսքով’ պատմութեան կանչերու հոսանք: Ու յուսահատ կողոպուտ մը կարծես կար մեր` զբօսաշրջիկներուս աչքերուն մէջ: Բոլորս ագահօրէն կը փորձէինք պատմական յուշեր հաւաքել: Տեսանելի էր, թէ հոս ալ որքա՛ն խոր էր պատմութիւնը:

Սակայն եւ այնպէս, պատմութեան կողքին եւ պատմութեան չափ ալ մեր բոլոր ընկերակիցները մեզ իբրեւ «արմենիանզ»` հայեր անունով կը ճանչնային: Ո’չ մեր անունը սորվեցան եւ ո՛չ ալ ազգանունը: Իրենց համար մենք միայն այս նոր անունով  կը ճանչցուէինք: Մեր հոգը չէր: Ներքնապէս ուրախ էինք: Հպարտ եւ երջանիկ: Գոնէ այս ձեւով այս օտարները տեղեակ եղած էին, որ մենք` այս նոր անուն ունեցողներս, հայրենիք մը ունէինք Արմենիա անունով, եւ որ մենք այս երկրագունդի վրայ իբրեւ հին ազգ կ’ապրէինք: Դարաւոր պատմութիւն ունեցող ժողովուրդ էինք եւ ներկայիս ալ ազատ եւ անկախ երկիր մը ունէինք, որ որ իրենց գիտցած այս Արմենիան մենք` Հայաստան կը կոչէինք: Այսքան եւ դեռ ասկէ աւելին:

Ու առանց պարտադրանքի, ամէն օր ճաշի կամ ընթրիքի միջոցին, մեր պատմութենէն, մեր լեզուէն, մեր մշակոյթէն տող մը, դրուաք մը յիշեցուցինք, սորվեցուցինք: Սորվեցան, թէ ոչ, շատ ալ վստահ չէի: Բայց գլուխնին «արդուկելու» չափ խօսեցանք: Ո՛չ ոք բողոքեց: Չեմ գիտեր զբօսաշրջութեա՞ն եկած էին, թէ՞ հայոց պատմութեան դասընթացքներուն մասնակցելու: Հետաքրքրական էր: Շեշտեցինք ամէն բան: Նմանութիւններ բերինք: Դէմքեր ու դէպքեր յիշեցինք: Ցեղասպանութիւն եւ քրիստոնեայ առաջին պետութիւն` իբրեւ մեծ վկայութիւն եւ հաստատ փաստ առաջ «քշեցինք»: Նաեւ պարզեցինք, որ մեզ ճանչնալու համար նախ պէտք էր ճանչնալ մեր երկիրը` Հայաստանը: Մեր դրախտավայրը:

Ապա շրջապտոյտի ընթացքին վերադառնալով տեղւոյն երկրի պատմութեան, իրենց հետ համեստօրէն ընկերացանք անոր դարերու շարքին: Տեսանելի էր, թէ որքան խոր էր պատմութիւնը: Անկասկած: Ուստի աչքերուս մէջ ամփոփեցի մեծ ընդարձակութիւնը` այդ երկրի կանաչութեան հետ միասին:

Պէտք է ճանչնալ երկիրը եւ անոր մտայնութիւնը: Գիտէի այդ մէկը: Ուստի քալեցինք: Բոլորս միասին քալեցինք, երկար, յաճախ շնչասպառ, որովհետեւ այդպէս էր դասաւորուած: Քալեցինք տեսնելու` երկրի արշալոյսի գոյներով զարդարուած անցեալը: Իւրաքանչիւր կառոյցի պատի վրայ դարերը կը խօսէին երկարօրէն: Ու մենք որոշ չափով մօտեցած էինք այդ անցեալին:

Սակայն Արեւելքը այսպէս չէր, կ’ըսէի մտովի: Արեւելքը ուրիշ է: Հիմա այդ Արեւելքը կորսնցուցած է իր վերանորոգուելու աւիշն ու հմայքը: Հոս տարբեր էր: Իսկ հոն® Հոս ամէն բանի մէջ Աստուած կար: Գոյն, լոյս, գիծ, ե՛ւ խորհուրդ, ե՛ւ հաւատք: Կեանքի յաւիտենականութեան հոլովոյթը կար մարդոց երակներու մէջ: Թէեւ պատմութիւնը հոս ալ գրուած էր կրակով ու թուրով, ատելութեամբ եւ յաղթանակով, սակայն ամէն «բան» հպարտութեամբ կը յայտնաբերուէր: Իսկ եկեղեցին արդէն ամուր  նստած էր իւրաքանչիւր դէմքի, պատահարի ու փլատակի  սրտին վրայ:

Ամէն քաղաք կամ աւան, կամ` մթին քարեր ու քանդակներ, մեր դիմաց կը բանային նոր դռներ, նոր թուականներ, նոր պատկերներ` տաք ու խանդավառ շունչով: Նկատելի էր, որ քրիստոնեայ աղօթքը երկար ատենէ ի վեր պառկած էր այդ հնամաշ փլատակներուն տակ: Ու, ի՛նչ մեղքս պահեմ, պատմութիւնը իսկապէս խածած էր սիրտս, ուղեղս, ժամերս եւ վայրկեաններս լեցուցած` նորութիւններով: Այլեւս օրերս սկսած էին պատմութիւն խօսիլ, անոր հետքին հետեւիլ: Ու նոր իմաստ մը տալու համար ժամերուս` մօտէն հետեւեցայ հրամցուած թուականներուն, մեծ ու փոքր անուններուն, դէպքերուն, դէմքերուն, հերոսներուն եւ անոնց  արձաններուն ու մշակոյթին եւ անոր թելադրանքին ու այդ ձեւով ալ աւելի մօտեցայ երկրի անցեալին: Տեսակաւոր եկեղեցիներ ու դղեակներ, պալատներ ու ամրոցներ, թանգարաններ եւ յուշարձաններ, կարծր ու փափուկ սրտերու մէջ հաւատք բուրող մէկական կոթողներ էին: Միւս կողմէ` տեսանելի էր, թէ ինչպէ՛ս խմիչքը, ոգելից ըմպելին մարդոց դէմքերուն վրայ կարմիր բոցեր նետած էր: Իսկապէս` կախարդական աշխարհ:

Ասկէ մեկնած` մտովի կ’ըսէի. «Իրլանտա, դո՛ւն այն երկիրն ես, որ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու երեսին կարողացած ես հպարտութեան լռութեամբ պոռալ»:

Եւ յանկարծ ինքնածին նախանձ մը ծնունդ կ’առնէր մէջս:

Բայց ամէնէն հետաքրքրականն ու շատերու համար զարմանալին այն էր, որ Անգլիոյ կողմէ նախկին ոճրագործ նկատուածները ներկայիս այս երկրին մէջ իբրեւ ազատամարտիկներ ճանչցուած էին ու` մէկական քաղաքական գործիչներ դարձած: Ուրեմն մէկուն ոճրագործը միւսին ազատամարտի՞կն էր: Ահա՛ քեզի` կեանք եւ պատմութիւն:

Այս բոլորը հարազատ եւ համարձակ կը լսէի մեր այդ առաջնորդին բերնէն` թափանցիկ հոգիով, լուսաւոր երաժշտութեամբ, որ յաճախ կը կրծէր նաեւ ամբողջ էութիւնս:

Կարծես ներքին ձգտում մը բառերս կը յուշէր եւ մտածումներս կ՛առաջնորդէր: Իրականութիւնն էր, որ կ՛ապրէր: Նոր մարդու թափ, որուն մէջ ներկայ էր մարդուն, իր ազգին հանդէպ որդեգրած կամ ունեցած բոլոր գլխաւոր ձգտումները: Այսպէս, տեղ տեղ ապրումներս կիսեցի եւ սակայն զգացի, որ այս անծանօթ հեռաւորութիւնը իրեն հետ մտքիս ամայութիւն մըն ալ բերած էր, մօտիկ անցեալիս թելադրանքով հիւսուած` զգացումով միատեղ:

Ահա թէ ինչպէ՛ս կսկիծը նետած էր զիս իր անդունդը: Մտածումս խանգարուած էր հաստատապէս: Կը խօսուէր թագաւորութեան, հերոսութեան, ազատութեան եւ հին աստուածներու մասին:  Թէեւ զարմանքն ու հիացմունքը թակած էին միտքս, սակայն յանկարծ կը զգայի, որ կրկին անգամ լեզուիս վրայ հին երգ մը սկսած էր անձայն քալել: Է՛հ, մենք ալ փառաւոր անցեալ մը ունեցած էինք: Թագաւորներ, իշխաններ, յաղթանակներ, ազատամարտիկներ, ֆետայիներ, աստուածներ եւ Աստուած մը: Է՛հ, իրապէս, որ մեր աստուածները տարբեր էին: Մեր հերոսները` նոյնպէս: Հապա՞ մեր երկիրը եւ հապա՞ մե՛նք: Հայրենիքս եւ հայութիւնը: Հաստատապէս` Հայաստանը, որ մնացած էր ենթագիտակցութեանս մէջ վիպային կերպարով, հիմա սկսած էր արթննալ: Իր կարօտը խանգարած էր զիս: Յստակ էր, որ ինք այս երկրին մէջ ալ հետս էր: Մօտս: Մտածումներուս մէջ: Մէկ խօսքով, ինքն ալ ներկայ էր:

Դարձեալ, բառերու փոխարէն, այս անգամ դարաւոր պատմութիւնս, հերոսներուս յաղթանակներն ու նոյնիսկ պարտութիւնները լռութեամբ կը խօսէին, ու այդ մէկը տենդով մը կը զգայի: Ահա թէ ինչո՛ւ աշխարհի տարածքին մեր կեանքը ներքնապէս կը հիւծէ մեր մարմինը:

Պատմութեան հետն էի, եւ մեր Հայաստանն ալ պատմական է:

Գացէ՛ք, տեսէ՛ք: Վայելեցէ՛ք: Այցելեցէք մեր երկիրը: Հոն ալ պատմութիւն կը հոսի իր եզերքներէն: Հաւատացէ՛ք` պատմութիւնն է ամէնէն վստահելին: Յաճախ կը պոռայի:

Կը զգայի, որ հոգիս պաշարուած էր երկիւղով: Կսկիծը կը հոսէր սրտէս: Անոր համար անկէ ետք այլեւս չհաշտուեցայ սովորական առաւօտին հետ:

Ես այդ օտար երկրի, իր օտար հողին վրայ, քալած էի հայրենիքիս անցեալէն, անոր ներկայի եւ անմիջական վաղուան յոյսով եւ հաւատքով:

 

 

Նախորդը

Նամակնե՜ր… Ճակատագիրնե՜ր…

Յաջորդը

Տեսակէտ. Միատեսակ Մտածելու Վնասները Մեր Երկիրը Մէկ Անգամ Արդէն Ապրել Է

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.