ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Տիգրան Բեկզատեան
Տիգրան Բեկզատեան. քաղաքական-պետական գործիչ, անկուսակցական: Կ՛ենթադրուի, որ ծնած է 1875-ին:
Ան եղած է Պաքուի հայկական եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի նախագահ, որ գործած է 1906-ին եւ կը գտնուէր Պաքուի ուսումնարանի փողոցը: Ազգային խորհուրդի անդամ:
Հայաստանի անկախացումէն եւ հանրապետութեան կերտումէն ետք եղած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչ Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ:
1919-ին մասնակցած է հայ-ազրպէյճանական խորհրդաժողովին, ապա` անդրկովկասեան երեք երկիրներու հանրապետութիւններու խորհրդաժողովին:
Տիգրան Բեկզատեանը կը մահանայ 8 օգոստոս 1942-ին:
Էլլեն Բիւզանդ
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, գրող, բարեսիրական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է Գիւմրի, ապրած է Կարս: Ուսանած է Թիֆլիսի նշանաւոր Յովնանեան օրիորդաց վարժարանին մէջ:
1916-ին ընդունուած է Վարշաւայի համալսարանի իրաւաբանական հիմնարկ:
Էլլեն Բիւզանդ եղած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ:
1918-ին մեկնած է Հայաստան` մասնակցելու համար Սարդարապատի ճակատամարտին:
Աշխատած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի գրասենեակին մէջ` որպէս գործավար:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք ձերբակալուած եւ բանտարկուած է: Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ ազատած եւ ուղարկուած է Քամարլինի ճակատ, ուր ան կը մնայ մինչեւ 1921 ապրիլ:
Այնուհետեւ ամուսնացած է Յովհաննէս Քիւթքեանի (հետագային` բժիշկ) հետ: 1921-ին Էլլեն ամուսինին հետ Հայաստանէն մեկնած է Իրան: Անոնք 2 մանչ զաւակ կ՛ունենան:
1929-ին ընտանիքը տեղափոխուած է Ֆրանսա եւ 30 տարի ապրած Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ: Զբաղած է հասարակական-կուսակցական եւ գրական գործունէութեամբ: Եղած է Ֆրանսայի Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) ղեկավար:
Կեանքի վերջին տարիները շատ ծանր եղած են այն պատճառով, որ կորսնցուցած է ամուսինն ու 2 տղաները: Հետագային տեղափոխուած է Լոս Անճելըս` քրոջ եւ փեսային մօտ եւ ապրած է անոնց հետ մինչեւ կեանքին վերջը:
Ան այն հայ կին գրողն էր, որ գրականութեան մէջ հայ կինը դարձուցած է գլխաւոր հերոս: Անոր գործերէն են` «Նոր կին», «Կարսը եւ ախպէր Արշոն» , «Ուխտագնացութիւն դէպի Վենետիկ», «Վահագնի» վէպերը, «Պահակ» մանկական պատմուածքները: 1981-ին, յետմահու, Լոս Անճելըսի մէջ հրատարակուած է «Զրոյց Կարսի մասին» պոէմը, իսկ «Սարի բոբչէ» պոէմն ուղղուած է հայ ժողովուրդի հերոս որդիներուն` ֆետայիներուն եւ գիւղացիներուն:
Էլլեն Բիւզանդ կը մահանայ 1970-ին:
Աբրահամ Գիւլխանդանեան
Աբրահամ Գիւլխանդանեան. ազգային-ազատագրական շարժման, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, պատմաբան, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 1875-ին, Վաղարշապատ, Էջմիածին: Աւարտած է էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, աւելի ուշ Եարոսլաւլի Տեմիտով բարձրագոյն վարժարանի իրաւաբանական բաժինը:
1894-ին կը յարի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան:
1898-ին կը փոխադրուի Պաքու, ուր կը զբաղի Պաքուի նաւթաշրջանի հայ բնակչութեան ազգային եւ ընկերային պայքարը կազմակերպելու գործով: 1902-1908 տարիներուն գրեթէ անընդհատաբար ընտրուած է Կեդրոնական կոմիտէի անդամ:
1905-1906 թուականներուն հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ մասնակցած է մարտերուն, կազմակերպած է Գանձակի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը:
1908-էն սկսեալ` անդամ ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյի, Ռ. Սեւեան ծածկանունով:
1910-ին ցարական իշխանութիւնները Գիւլխանդանեանը ձերբակալած եւ բանտարկած են, ապա ազատ արձակած են 1912-ին: 1913-ին մտած է Ազգային բիւրոյի կողմէ Թրքահայաստանի մէջ բարենորոգումներ անցնելու գործին օժանդակող պատասխանատու մարմնի մէջ: 1916-ին` Պաքուի Հայոց ազգային խորհուրդի նախագահ:
1918-ին մասնակցած է Պաքուի հայութեան դիմադրութեան կազմակերպումին:
Հայաստանի անկախացումէն ետք, 1919 յունիսին Գիւլխանդանեան ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, եղած է ներքին գործերու եւ արդարադատութեան, 1920-ին ելեւմտական նախարար: 2 դեկտեմբեր 1920 Ալեքսանդր Խատիսեանին հետ ստորագրած է Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) պայմանագիրը:
Հայաստանի պոլշեւիկեան նուաճումէն ետք անցած է Ռումանիա, ապա հաստատուած է Փարիզ, ուր իբրեւ Բիւրոյի անդամ` մնացած է մինչեւ մահ, զբաղած է Դաշնակցութեան դիւանին մէջ պահուող աւելի քան 100 հազար վաւերագրերու ու փաստաթուղթերու կարգաւորումով:
1942-ին եղած է Պերլինի մէջ հիմնադրուած Հայ ազգային խորհուրդին փոխնախագահը:
Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, Փարիզը գերմանացիներէն ազատագրուելէ ետք, ֆրանսացի համայնավարներու պահանջով զաւակին հետ ձերբակալուած եւ բանտարկուած է 1944 հոկտեմբերէն մինչեւ 1945 սեպտեմբերը:
Մեծ է Գիւլխանդանեանին վաստակը հայ յեղափոխական, ազգային-ազատագրական շարժման ղեկավարման եւ անկախ Հայաստանի պետական կեանքի կազմակերպումի գործին մէջ:
Աբրահամ Գիւլխանդանեանը մահացած է 1946-ին, Փարիզ:
Ռուբէն Դարբինեան
Ռուբէն Դարբինեան. իսկական անունը` Արտաշէս Չիլինկարեան, հայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, խմբագիր, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 1883-ին, Ախալքալաք, Ջաւախք:
Աւարտած է Թիֆլիսի երկրորդական ռուսական վարժարանը, ուսանած է Հայտելպերկի եւ Միւնիխի համալսարաններուն մէջ, 1906-ին աւարտած է ՄՊՀ իրաւաբանական ուսումնարանը:
Աշխատակցած է կովկասահայ մամուլին («Մշակ» եւ «Մուրճ») տպագրած է գիտական, քաղաքական, արուեստաբանական յօդուածներ:
1906-ին կատարած է կուսակցական աշխատանք: Աշխուժօրէն մասնակցած է «Փոթորիկ» խումբի աշխատանքներուն: 1906-ին մասնակցած է Էջմիածնի մէջ գումարուած Ազգային ընդհանուր ժողովին: 1909-ին խուսափելով ցարական իշխանութիւններու հետապնդումներէն` հաստատուած է Կ. Պոլիս, աշխատակցած` «Ազատամարտ»-ին:
1913-ին գործած է Գերմանիոյ մէջ, սակայն հետապնդումներէ եւ ամբաստանութիւններէ խուսափելու համար ձեռք բերած է անձնագիր` Դարբինեան Ռուբէն անունով եւ մինչեւ կեանքին վերջը կրած է այդ անունը: Պերլինի մէջ օգնած է գերմանա-հայկական ընկերութեան ստեղծումին:
1914-ին կը վերադառնայ Անդրկովկաս, ուր աշխատած է Թիֆլիս եւ Պաքուի մէջ (մինչեւ 1916` «Արեւ» օրաթերթի խմբագիր): Թիֆլիսի, ապա Պաքուի մէջ մասնակցած է հայ ազգային խորհուրդներու կազմութեան աշխատանքներուն: Պաքուի Հայոց ազգային խորհուրդի քարտուղար եղած է: 1917-ին հրատարակած է «Գործ» ամսագիրը (Պաքու):
1918-ին, Ռոստոմի կողքին, իր մասնակցութիւնը բերած է հայկական հերոսական դիմադրութեան կազմակերպումին` ընդդէմ իթթիհատ-մուսաւաթական հակահայ միացեալ գրոհներուն: Պաքուի անկումէն ետք անցած է Երեւան:
Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք մաս կազմած է Խորհրդային Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ վարող հայկական իրերայաջորդ պատուիրակութիւններուն: Իսկ 1920-ի աշնան մաս կազմած է Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին կառավարութեան` ստանձնելով արդարադատութեան նախարարի պաշտօնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումէն ետք պոլշեւիկներու նորակազմ Յեղկոմը բանտ նետեց նաեւ Ռուբէն Դարբինեանը, որ 18 փետրուարի համաժողովրդային ապստամբութեան յաղթանակով ազատ արձակուեցաւ, մինչեւ ապրիլ ամիսը մնաց Երեւան եւ, այնուհետեւ, իր կարգին Զանգեզուրի վրայով անցաւ Պարսկաստան, ուրկէ ուղարկուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (Պոսթըն):
1922-ին ապրիլին ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով Դարբինեանին յանձնուեցաւ «Հայրենիք»-ի խմբագրութիւնը: Խմբագիր Դարբինեանին առաջին նուաճումը եղած է «Հայրենիք Ամսագիր»-ի լոյս ընծայումը` 1922 նոյեմբերին: Երկրորդը` 1933-ին, Դարբինեանի մղումով ՀՅԴ Պատգամաւորական ժողովը որոշում տուած է նաեւ անգլերէն հրատարակութիւն մը ունենալու համար: 1934-ի մարտէն սկսեալ լոյս տեսնող «Hairenik Weekly»-ն (ներկայիս` «Armenian Weekly»): Իսկ աւելի ուշ, անգլերէն քարոզչութեան, վերլուծման եւ մտաւորական զարգացման համար անհրաժեշտութիւնը զգացուած է անգլերէն այլ հրատարակութեան մը, եւ Ռ. Դարբինեանի օրով սկսած է հրատարակուիլ «Armenian Review» հանդէսը, 1948-ի յունուարէն սկսեալ: Պէտք է նշել, որ յատկապէս «Հայրենիք Ամսագիր»-ը հանդիսացած է կոթողական աշխատանք: Դարբինեան իր գաղափարախօսական կարեւոր ներդրումը ունեցաւ «Հայրենիք» օրաթերթի եւ ամսագիրի մէջ, հոն գրած է պատմագիտական կարեւոր յօդուածներ («Ինչ պայմաններու մէջ ծնունդ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը» 1953-ին, «Ի՞նչ կարելի է սպասել Ստալինի յաջորդներից»` 1953-ին եւ այլն):
Ռուբեն Դարբինեանը կը մահանայ 1968-ին, Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
(Շար. 7)