Յօդուածներ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Փոքրիկներու Սուրբ Գրոց Ճամբար

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Փոքրիկներու Սուրբ Գրոց Ճամբար

Ուրբաթ, 24 օգոստոս 2018-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց «Թռչնոց բոյն» հաւաքուած շուրջ 150 փոքրիկներուն, որոնք կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած Ս. Գրոց ճամբարին (Bible Camp): Վեհափառ հայրապետը դիմաւորելէ ետք, բարի գալուստի խօսք արտասանեց բաժանմունքի վարիչ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը, որ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կաթողիկոսին` նոր սերունդին նկատմամբ իր ցուցաբերած յատուկ հոգատարութեան եւ...

Հարցազրոյց` Եուրոզի Հետ

Հարցազրոյց` Եուրոզի Հետ

Վերջին երկու տարիներուն Եուրոզի ստեղծագործական վարկն ու համբաւը աւելի եւս բարձրացան ու տարածուեցան` սկսեալ Սինկափուրէն ու Փեքինէն մինչեւ Նիւ Եորք ու Լոս Անճելըս: Այս միջազգային գնահատման մէջ կենսական դեր ունեցաւ (Symbiosis) նկարաշարը, որուն առիթով իրեն հետ կայացած հարցազրոյցը կու տանք ստորեւ: Կարդալէ ետք այս զրոյցը, ի յայտ կու գայ, թէ ի՛նչ որակի գեղարուեստական նոութիւններով կ՛օժտէ արուեստը եւ ինչո՛ւ միջազգայնօրէն կ՛ընդունուի...

Անմար Սէր` «Իմ Հայաստան»

Անմար Սէր` «Իմ Հայաստան»

Երեւանի մէջ լոյս տեսած «Իմ Հայաստան» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, զոր մտայղացած, կազմած եւ հրատարակած է Հայաստանում ճանչցուած լրագրող, հրապարակագիր, գրականասէր մտաւորական Լեւոն Լաճիկեանը: Հատորը նուիրուած է Մեծ եղեռնի յիշատակին եւ կ՛ընդգրկէ արեւմտահայ եւ արեւելահայ անուանի 36 բանաստեղծների Հայաստանին նուիրուած քերթուածները (անոնց կարգին` Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան, Պետրոս Դուրեան, Սիամանթօ, Դանիէլ Վարուժան, Մուշեղ Իշխան, Յովհաննէս Թումանեան, Վահան Տէրեան, Եղիշէ Չարենց, Յովհաննէս Շիրազ, Պարոյր Սեւակ...

Խոստովանանք

Գրողի Անկիւն. Մտորումներ` Համահայկական Կրթական 8-րդ Խորհրդաժողովի Մասին (Աղվերան – Հայաստան) 2-6 Օգոստոս 2018

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Նախաձեռնութեամբ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան, 2-6 օգոստոս 2018, Աղվերանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-սփիւռք Համահայկական 8-րդ կրթական խորհրդաժողովը, որուն հրաւիրուած էին Հայաստանէն եւ բազմաշերտ սփիւռքէն, Արցախէն, Ջաւախքէն ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներ, տնօրէններ, փրոֆեսէօրներ, մշակութային, կրթական կեդրոններու, թեմական խորհուրդի անդամներ եւ ներկայացուցիչներ, վարիչներ, մասնագէտներ, աշխատակիցներ, դաստիարակներ, մեթոտիստներ եւ գիտաշխատողներ ու հիւրեր` աւելի քան 150 կրթական մշակներ: Իբրեւ սոյն...

Ակնարկ.  Պերլին – Պրիւքսելի Ինքնուրոյն  Քայլերը` Հարաւային Կովկասի Մէջ

Ակնարկ. Պերլին – Պրիւքսելի Ինքնուրոյն Քայլերը` Հարաւային Կովկասի Մէջ

Գերմանիոյ վարչապետի այցելութիւնը Հարաւային Կովկաս կ՛արժէ դիտարկել տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական գործընթացներու ընդհանուր եղելոյթներու շրջագիծին մէջ: Կարեւոր հանգամանքը այս պարագային այն է, որ Գերմանիոյ վարչապետը Եւրոպական Միութեան  իրողական ղեկավարն է եւ Հարաւային Կովկասի մէջ իր առած քայլերը ունին համաեւրոպական տարողութիւն: Ուաշինկթըն-Մոսկուա պարանաձգային մրցակցութիւնը վաղուց թափանցած էր տարածաշրջան: Յարաբերութիւններու ելեւէջներու առընթեր կայուն կ՛ընթանային մրցակցային  կամ ազդեցութեան գօտի պահպանել-նուաճելու գործողութիւնները: Այժմ այդ պարանաձգութեան...

Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփայի «Պակսող Էջերը» Գիրքը Կը Պատմէ Զէյթունի Աւետարանին Ոդիսականը

Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփայի «Պակսող Էջերը» Գիրքը Կը Պատմէ Զէյթունի Աւետարանին Ոդիսականը

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ Շուտով լոյս կը տեսնէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի մշակոյթի պատմութեան մասնագէտ-դասախօս Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփայի «The missing pages. The modern life of a medieval manuscript from Genocide to justice» («Պակսող էջերը. միջնադարեան ձեռագրի մը արդի կեանքը` Ցեղասպանութենէն մինչեւ արդարութիւն») գիրքը, որ կը վերաբերի Զէյթունի Աւետարանին կորսուած 8 էջերուն: Զէյթունի Աւետարանը 1256 թուականին ընդօրինակուած է Հռոմկլայի մէջ: Զայն գրած ու նկարազարդած է 13-րդ...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Սլաքներ. Բայց Կարելի՞ Է Վարժուիլ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աշխարհը տագնապի մատնող ռազմական թէ բնական պատահարներուն ի տես` կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ դէպքերու ղեկը շարժողները մարդկութեան` ունին հին-նոր պատգամ մը. վարժուեցէ՛ք դառնութիւն պատճառող վիճակներուն: Բացատրենք քանի մը նորագոյն օրինակներով: Եմէնի պէս երկիր մը քանի մը տարիէ ի վեր միացած է Միջին Արեւելքը հարուածող ռազմական փոթորիկի զոհերու շարքին: Ամէն օր, սէուտական ու դաշնակից օդանաւեր, յստակօրէն խրախուսուելով Ուաշինկթընէն...

Թրքական Պահանջները Առաւել Բարդացուցած Են Կացութիւնը

Թրքական Պահանջները Առաւել Բարդացուցած Են Կացութիւնը

Ա. Ա. Տնտեսաքաղաքական շահերու բախման բաւական ցայտուն բեմագրութիւն մըն է Միացեալ Նահանգներ – Թուրքիա տագնապը, որ բնականաբար ունի մէկէ աւելի ծալքեր, մանաւանդ եթէ մեր ընթերցողները ի մտի ունենան Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԷՇ-ի եւ իսլամական ծայրայեղական տարբեր հատուածներու դէմ շղթայազերծուած պատերազմին մէջ, Թուրքիոյ վստահուած դերակատարութիւնը: Մինչ թուրքեւամերիկեան տարակարծութիւնները կը յամենան, իսկ թրքական լիրան թէեւ` ոչ անցեալ շաբաթներու կշռոյթով, կը շարունակէ արժեզրկուիլ, նոր...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

«Ֆաքս» Պատկերասփիւռի Ջախջախիչ Յարձակումը Թուրքիոյ Եւ Էրտողանի Վրայ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Մինչ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ հակամարտութիւնը կը շիկանայ, Թուրքիոյ անխելք նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը չի հասկնար, որ շարունակելով կեղծ մեղադրանքներով պահել ամերիկացի պատուելի Էնտրու Պրանսընը, մեծ հարուած կը հասցնէ Թուրքիոյ տնտեսութեան եւ իր` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հարցին: Խելամիտ այլ թուրք ղեկավար մը շատոնց ազատ արձակած կ՛ըլլար պատուելի Պրանսընը` եւ կը պահպանէր ռազմական...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Իրօ՞ք Ազրպէյճանը Մտադիր Է Անդամակցել ՀԱՊԿ-ին

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Հարցը բնաւ հռետորական չէ: Այն ունի քաղաքական նախադրեալներ ու հիմքեր եւ, որպէս այդպիսին` լայնօրէն շրջանառւում է ինչպէս ազրպէյճանական, նոյնպէս եւ հայկական լրատուամիջոցներում: Մանաւանդ վերջին շրջանում` մերձկասպեան երկրների նախագահների կողմից Կասպից ծովի իրաւական կարգավիճակի մասին հռչակագրի ստորագրումից յետոյ, որ, ինչպէս յայտնի է,  տեղի է ունեցել օգոստոսի 12-ին` ղազախական Ակտաու քաղաքում: Եւ այսպէս, իրօ՞ք Ազրպէյճանը կարող է դիտարկել...

Շնորհահանդէս Պօղոս Շահմելիքեանի «Յիշատակներ… Անցած Օրեր» Գիրքի Անգլերէն Թարգմանութեան

Շնորհահանդէս Պօղոս Շահմելիքեանի «Յիշատակներ… Անցած Օրեր» Գիրքի Անգլերէն Թարգմանութեան

26 յուլիս 2018-ին Լոս Անճելըսի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ գտնուող «Ապրիլ» գրատան «Ռոսլին» արուեստասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պօղոս Շահմելիքեանի «Յիշատակներ ... Անցած օրեր» գիրքին անգլերէն թարգմանութեան` Dawn of the Armenian Pop Music հատորին շնորհահանդէսը: Մինչ ներկաները կը գրաւէին իրենց տեղերը, մեծ պաստառի մը վրայ կը ցուցադրուէր համանուն գիրքին հայերէն տարբերակին` 2012-ին Լոս Անճելըսի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին կազմակերպած գինեձօնէն տեսարաններ: Ձեռնարկին...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն 100-ամեակ. Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտիչ Արամ Մանուկեանի Դերակատարութիւնը` Հիմնուելով Վանի Անկախութեան Փորձին Վրայ

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Արամ Մանուկեան` Սերգէյ (Սարգիս) Յովհանիսեան, 1879-1919, ՀՅԴ անդամ, ազգային-ազատագրական գործունէութիւնը սկսած է դպրոցական տարիքին (որուն պատճառով վտարուած դպրոցէն, հակառակ անոր որ ուշիմ աշակերտ էր), Շուշիի մէջ, ապա ցարական Ռուսիոյ հայ ժողովուրդին վրայ ճնշումներուն դէմ պայքարով: 1901-1903 գործած է Պաքուի, Գանձակի, Թիֆլիսի, Ալեքսանդրապոլի եւ Կարսի մէջ: «Ռուսերը կը հալածէին հայ լեզուն, հայ դպրոցը եւ ազգային-մշակութային հաստատութիւնները» (1), Հայ եկեղեցւոյ...

Տեսակէտ.  Մտահոգիչ Որակաւորում

Տեսակէտ. Մտահոգիչ Որակաւորում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ամիր Խաթամի յայտարարեց, թէ իր երկիրը Թուրքիոյ, Աֆղանիստանի, Ազրպէյճանի եւ Փաքիստանի հետ ունի լաւ յարաբերութիւններ, որոնք հիմնուած են «եղբայրութեան եւ անկեղծութեան» վրայ: Եթէ Խաթամի կ՛ակնարկէ իսլամական եղբայրութեան, ապա վերոնշեալ երկիրները սիւննիական են եւ հաշտ աչքով չեն դիտեր իրենց շիի «եղբայրները»: Փաքիստանի մէջ շիիները ահաբեկչական յարձակումներու յաճախակի թիրախ են, եւ թէեւ այդ երկրի նորընտիր վարչապետ Օմրան...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Հարիւրօրեայ Յեղափոխութեան Մը Մասին

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հարիւրօրեայ Յեղափոխութեան Մը Մասին

«Յիշեցէ՛ք, շարունակ յիշեցէ՛ք, որ բոլորս, ե՛ւ դուք ե՛ւ ես յատկապէս, գաղթականներէ եւ յեղափոխականներէ սերած ենք» Ֆրանքլին Ռուզվելթ Հարիւր օրեր թաւալած են «թաւշեայ յեղափոխութեան» այն օրէն, երբ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ մը կատարուեցաւ: Փոփոխութիւն մը, որուն առաջին քայլը առնուած էր ամիսներ առաջ, երբ նախագահական կառավարման փոխարէն` կանաչ լոյս տրուած էր ժողովրդավարական կանոններու վրայ հիմնուած խորհրդարանական կառավարման ձեւին: Այսօր, ցոյցի ելած այդ աշխատաւորները, պաշտօնեաները, ուսուցիչներն...

Դիմաւորել 100-Ամեակը – 20.  100-ամեակին Կ՛ունենա՞նք Հայրենադարձութեան  Ծրագիր Եւ Գործադիր Մարմին

Ազատ Խոհեր` Ժողովրդայնացման Մասին Ընդհանրապէս

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի 17 օգոստոսի Հանրապետութեան հրապարակի տպաւորիչ հանրահաւաքի ընթացքին արտասանած ճառը վերջին տասնամեակներու ընդհանուր սահմանումով ամէնուրեք զարգացող populiste քաղաքական խօսքի նմուշ մըն էր: Ոչ միայն հայկական: Վերանկախացած Հայաստանի պետութիւնը, հայ ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), զգացական-յուզական երջանկացնող վիճակներէն հեռանալով` իմաստուն վերաբերում եւ գնահատում պէտք է ունենան երկրի եւ ժողովուրդի հարցերուն, ներկային, ապագային եւ պատմութեան մասին, երբ շատ...

Յեղափոխական Ազնուագոյն Նկարագրով…

Յեղափոխական Ազնուագոյն Նկարագրով…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Երկար մի ժամանակաշրջան վայրի լիպերալիզմի մոտելներով քաղաքական յղփացածնների մօտ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ հասկացողութիւնը խեղաթիւրւում էր որպէս, մեղմ ասած, «ժամանակավրէպ ռոմանթիզմ»... Վայրի լիպերալամէտների ինչպէս քաղաքական, այնպէս էլ ե՛ւ տնտեսական ե՛ւ քաղաքակրթական-սոցիալական «արժէքային համակարգերն», ահաւասիկ, յօդս ցնդած կեղծարարութիւններ են... * * * Հայաստանի վերանկախ հանրապետութեան 3-րդ տասնամեակի նախավերջերին իրականացուել է թաւշեայ կոչուող յեղափոխութիւն, որի առանցքում իր անհերքելի հետքը...

Եռաբլուրի Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Մատուցուեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի Յիշատակին

Եռաբլուրի Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Մատուցուեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի Յիշատակին

22 օգոստոս 2018-ին արցախեան ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն մատուցուեցաւ Եռաբլուրի մէջ: Այս առիթով հաւաքուած էին անոր հարազատները, պէյրութեան եւ մարտական ընկերները եւ կուսակիցները: Շուշիի առանձնակի գումարտակի փոխհրամանատար Հարմիկ Յովսէփեանը ըսաւ. «Մհեր Ջուլհաճեանը մարդկային բարձր արժէքներու տէր անձ էր: Մանուկի սիրտ ունէր, զգացմունքները շատ դժուար կը կարողանար ծածկել: Եթէ մարդ քիչ մը ծանօթ ըլլար անոր, կը գուշակէր, որ այդ...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Թունուզը` Իբրեւ Միջին Արեւելքի Եւ Հիւսիսային Ափրիկէի Մէջ Լայնամտութեան Օրինակ

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Երկուշաբթի, 13 օգոստոս 2018-ին, Թունուզի մէջ Կիներու ազգային օրուան առիթով, Թունուզի նախագահ Պեժի Քայիտ Սիպսի յայտարարեց, որ պիտի ապահովէ նիւթական ժառանգութեան հաւասար բաժանում`երկու սեռերուն միջեւ, նշելով միաժամանակ, որ իբրեւ նախագահի` իր պարտականութիւնն է միացնել բոլոր թունուզցիները եւ ոչ թէ բաժնելզանոնք: Երկու սեռերուն միջեւ դրամական ժառանգութեան հաւասար բաժանումը կը նկատուի մեղք` ըստ կրօնամէտ շրջանակներուն, որոնք այս քայլը կը դիտեն...

Արասէն Նոր Գիրք.  Արա Կիւլերի Լուսանկարներն Ու Պատմուածքները` Միատեղուած

Արասէն Նոր Գիրք. Արա Կիւլերի Լուսանկարներն Ու Պատմուածքները` Միատեղուած

«Արաս» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Արա Կիւլերի «Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք» գիրքը (144 էջ), որ ի մի կը բերէ ստեղծագործ լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ միջազգային գետնի վրայ հռչակուած յառաջատար արուեստագէտներէն մէկուն` Արա Կիւլերի վաղ շրջանին գրառած պատմուածքներն ու հետագայի լուսանկարները, բովանդակալից կերպով կը բացայայտէ անոր նուազ ծանօթ` գրողի ու պատմուածագիրի ինքնութիւնը: Թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն համաժամանակեայ, եռահատոր այս նոր հրատարակութիւնը...

«Փրկիչը…»

«Փրկիչը…»

Խօսքը Յիսուսի մասին չէ: Այլ` յատկանշական գրքոյկի մը, որ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» տարի մը առաջ լոյս տեսաւ Երեւանի «Վան Արեան» հրատարակչութենէն: Հեղինակը` լրագրող, հրապարակախօս եւ գրող Լիւսիա Մեհրապեան, «Փրկիչը» խորագրեալ վիպակի մը մէջ կը ներկայացնէ կործանման ենթակայ ժամանակակից գիւղի մը պատմութիւնը, որ միաժամանակ իր ընդհանուրին մէջ հայրենիքը կը խորհրդանշէ: Ոսկիի երկրպագուները` անտեսելով մարդկային ու հայրենասիրական որեւէ տեսակի արժէք` ոգի ի բռին...

Page 664 of 1111 1 … 663 664 665 … 1,111

Արխիւներ