Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 30, 2018
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Ուսուցչական Համագումար

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Ուսումնական խորհուրդի, 21-23 օգոստոսին Քեսապի «Ինճէճիկեան-Կիւլպէնկեան մշակութային կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ ուսուցչական համագումար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին թեմի ազգային վարժարաններու (Հալէպ, Դամասկոս, Լաթաքիա եւ Քեսապ) տնօրէններն ու ուսուցիչները, թիւով 70 հոգի:

Համագումարին բացումը կատարուեցաւ 21 օգոստոսին, սրբազան հօր Տէրունական աղօթքով: Սրբազան հայրը բարի գալուստի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ համագումարի կարեւորութեան` ընդգծելով հայ ուսուցիչի անշրջանցելի կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Ան հրաւիրեց ներկաները սրտբաց քննարկում կատարելու սերունդներու դաստիարակութեան գործի յաջողութեան համար:

Այս համագումարին առթիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.վեհափառ հայրապետը յղած էր օրհնութեան գիր մը:

Առաջին օրուան դասախօսներն էին  Լիբանանէն հրաւիրուած Ժիրայր Դանիէլեանը եւ Շաղիկ Գանտահարեան-Խուտավերտեանը: Դանիէլեան խօսեցաւ «Տնօրէն, ուսուցիչ, ծնողք եւ աշակերտ առողջ յարաբերութիւններ» նիւթին շուրջ, իսկ Խուտավերտեան` «Ուսուցիչ-աշակերտ հոգեբանական խնդիրներ» նիւթին շուրջ: Երկու բանախօսները ներկայացուցին կրթական համակարգի ներկայ իրավիճակը, դաստիարակութեան բարդ եւ դժուարին խնդիրները եւ իրենց պատկերացումները տուին իւրաքանչիւր խնդրին առնչութեամբ: Այնուհետեւ մասնակցող ուսուցիչները առիթ ունեցան, լուսաբանական հարցումներ ուղղելու եւ կարծիքներ արտայայտելու:

Աւարտին, սրբազան հայրը Ուսումնական խորհուրդին եւ մասնակիցներուն անունով գնահատանքի խօսքէն ետք, դասախօսները պարգեւատրեց շնորհակալագրերով եւ յուշանուէրներով:

Յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ «Գործնական աշխատանքներ»-ու բաժին, ուր մասնակիցները բաժնուեցան վեց խումբերու եւ իրենց տրամադրուած յատուկ հարցաթերթիկներով քննարկեցին համագումարի օրակարգերը, պարզեցին հայ դպրոցին եւ ուսուցիչին իրավիճակները, կատարեցին ախտաճանաչումներ եւ իրենց հաւաքական քննարկումէն բխած առաջարկները բանաձեւեցին:

Ուսուցչական Համագումարը շարունակեց իր աշխատանքները 22-23 օգոստոսին:

Կիպրոս

Սուրիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանորդի Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան

13 օգոստոսին Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Կիպրոսի մէջ Սուրիոյ նոր նշանակուած դեսպանորդ` Ուաըլ Իսմայիլ Խալիլը, որ դիմաւորուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ` Խորէն  արք.  Տողրամաճեանի կողմէ:

Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Սուրիոյ քաղաքական կացութիւնը եւ Կիպրոսի իրավիճակը: Դեսպանորդը անդրադառնալով Սուրիոյ ներկայ վիճակին, Աստուածաշունչէն օրինակ բերելով` ըսաւ, որ Ծննդոց գիրքին մէջ նշուած Յովսէփի` Փարաւոնին երազին մեկնաբանութեան նման, ինք կը հաւատայ, որ Սուրիոյ եօթը տարիներու պատերազմը իր աւարտին կը հասնի եւ պիտի սկսի վերելքի նոր ծաղկման տարիները: Ան անդրադարձաւ նաեւ երկրէն ներս օտար պետութեանց ժխտական միջամտութիւններուն քաղաքական եւ զինուորական իմաստով եւ յատկապէս` Թուրքիոյ խաղցած վատ դերակատարութեան:

Իր կարգին, սրբազան հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական այցելութեան համար եւ նշեց, որ հայոց առաջնորդը իր դասընկերն ու օծակիցն է եւ մօտէն ծանօթ է Սուրիոյ անցուդարձերուն: Ան յանուն հայութեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց պետութեան, որ 1915-ի ջարդերէն ետք աքսորեալ մեր ժողովուրդի զաւակներուն տէր դարձաւ: Միեւնոյն ժամանակ ցաւ յայտնեց Սուրիոյ նման հիւրընկալ երկրի մը աւերման ու հազարաւոր մարդոց սպանութեան, ինչպէս նաեւ պարտադրուած գաղթին: Սրբազանը նաեւ իր ընդվզումը յայտնեց անմարդկային դէպքերուն, մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխման, սրբավայրերու պղծման ու յատկապէս Տէր Զօրի յուշահամալիրի ականահարման համար:

Սրբազանն ու դեսպանորդը անդրադարձան արաբ եւ հայ ժողովուրդներու սերտ բարեկամութեան եւ Սուրիոյ կառչած մնալու իրենց կամքին ու վերածաղկման հաւատքին:

Թեհրան

Իրանահայ Երաժշտագէտ Վարդան Սահակեանին Նուիրուած Մեծարման Երեկոյ

31 յուլիսին Թեհրանի «Վահտաթ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իրանահայ երաժշտագէտ Վարդան Սահակեանի մեծարման հանդիսութիւնը:

Վարդան Սահակեանը աւարտած է գեղարուեստի բաժանմունքը եւ իսլամական մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան կողմէ անոր շնորհուած է գեղարուեստի առաջին կարգի վկայական, եւ ան գնահատանքի արժանացած է «Ֆաճր» երաժշտական 27-րդ փառատօնին ընթացքին: Ան կը դասաւանդէ Իրանի զանազան համալսարաններու մէջ եւ անդամակցած է Իրանի շարժապատկերի երաժիշտներու կեդրոնին: Անդամակցած է նաեւ «Ֆաճր» երաժշտական փառատօնի տարբեր տարիներու դատական կազմերուն, Իրանի «Երաժշտական տուն»-ի մէջ: Ան նուագախումբի համար մշակած է իրանեան ազգային ստեղծագործութիւններ եւ թարգմանած` երաժիշտ Նիքոլայ Ռիմսքի Քորսաքովի «Կիրառարական ներդաշնակութիւն» գիրքը: Վարդան Սահակեանը երաժշտութիւն յօրինած է իրանեան շարք մը շարժանկարներու համար: Երկար տարիներ համագործակցած է Թեհրանի հայոց թեմի Կրթական խորհուրդին կողմէ կազմակերպուող Մշակութային փառատօնի երաժշտական բաժինի դատական կազմին հետ:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որուն մէջ Իրանի երաժշտութեան մարզէն ներս գտնուող անձնաւորութիւններ արտայայտուած էին Սահակեանի անհատականութեան ու մարդկային արժանիքներուն մասին:

Աւարտին Վարդան Սահակեանին յանձնուեցաւ գնահատագիր մը, որմէ ետք ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն:

Միացեալ Նահանգներ

Ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ Կը Պատուէ ՀՄԸՄ-ը

9 յունիսին, նահանգային ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտին ներկայացուց ՀՄԸՄ-ը: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ը հիմնուած է 1918-ին ու մինչեւ օրս դաստիարակած է աւելի քան 800 հազար պատանիներ` աշխարհի 5 ցամաքամասերուն վրայ: 2018 թուականը յատկանշական է այս կազմակերպութեան համար, որովհետեւ կը զուգադիպի իր հիմնադրութեան 100-ամեակին: Ան նկատել տուաւ, որ 1968-ին Լոս Անճելըսի մէջ հիմնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի առաջին մասնաճիւղը, աւելցնելով, որ  ներկայիս ՀՄԸՄ-ը դարձած է Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն հայկական մարզական եւ սկաուտական կազմակերպութիւնը, որ կը համախմբէ ամերիկահայ երիտասարդութիւնը` ներշնչելով մարմնակրթական եւ ընկերային առողջ դաստիարակութիւն ու կ՛ամրապնդէ նոր սերունդին կապերը հայկական ժառանգութեան եւ մշակոյթին հետ: ՀՄԸՄ-ի սկաուտները ամէն տարի Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը, դրօշակի արարողութիւն կը կատարեն: ՀՄԸՄ-ը անցնող 100-ամեակին մի՛շտ կառչած մնաց «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանին` պատրաստելով տիպար քաղաքացիներ եւ կերտելով անոնց անզուգական նկարագիրը:

Ծերակուտականը նաեւ դրուատեց «Հրաշք» նախաձեռնութիւնը, որ իբրեւ համընդգրկուն եւ համագաղութային երիտասարդական կազմակերպութիւն` ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ հիմնուեցաւ եւ կը համախմբէ յատուկ կարիքներ ունեցող մարզիկներ, որպէսզի իրենց մասնակցութիւնը բերեն տարբեր մարզախաղերու:

Ծերակուտական Փորթանթինօ իր խօսքի աւարտին ողջունեց ներկայ ՀՄԸՄ-ական հիւրերը, ապա անոնց նուիրեց նահանգային ծերակոյտին հռչակագիրը, որ կը կրէ ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի, Քեւըն տէ Լէոնի եւ Սքաթ Ուիլքի ստորագրութիւնները:

Քանատա

Վանքուվըրի Մէջ Հիմնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Նոր Մասնաճիւղ

ՀՄԸՄ-ի 100-ամեայ յոբելեանի նորագոյն նուէրը հանդիսացաւ Քանատայի Վանքուվըր քաղաքին մէջ հիմնուած նոր մասնաճիւղը:

Արդարեւ, 18 օգոստոսին հովուական այցելութեամբ Վանքուվըր ժամանած Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան նախագահեց ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի հիմնադրութեան արարողութեան եւ օրհնեց ՀՄԸՄ-ի դրօշակը:  Հիմնադրման արարողութեան ընթացքին յաջորդաբար իրենց խօսքերը արտասանեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մոսիկ Թօփուզեանը եւ ՀՄԸՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լէոնի Սարմազեանը: Հանդիսութեան ընթացքին ՀՄԸՄ-ի դրօշը յանձնուեցաւ մասնաճիւղի անդամներուն:

Հիմնադրութեան արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ ժողովրդային նուիրահաւաք, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 30 հազար տոլար` ի նպաստ նոր մասնաճիւղի յառաջիկայ աշխատանքներուն:

Սպանիա

Սպանիոյ Արքայական Ընտանիքին Ներկայութիւնը Հայազգի Տաղանդաւոր Ջութակահար Արա Մալիքեանի Համերգին

1 օգոստոսին Մայորքայի մէջ հանգստացող Սպանիոյ արքայական ընտանիքի անդամները ներկայ գտնուեցան հայազգի տաղանդաւոր ջութակահար Արա Մալիքեանի համերգին: Արքայական ընտանիքին անդամները Արա Մալիքեանը բարձր գնահատողներն են եւ 2016-ին Մատրիտի մէջ եւս ներկայ գտնուած էին անոր նուագահանդէսին:

Աշխարհահռչակ ջութակահար, խմբավար, յօրինող Արա Մալիքեանը ծնած է 1968-ին, Լիբանան: Ան հիմնադիրն է «Փականինի» քառեակին: Մալիքեան դասական երաժշտութեան կատարման անսովոր արհեստագիտութիւն կը կիրարկէ:

Պրազիլ

Հայկական Մշակոյթի Շունչը Պրազիլի Մէջ

29 յուլիսին Համազգայինի Պրազիլի մասնաճիւղի «Արեւիկ» եւ «Կիլիկիա» պարախումբերը մասնակցեցան Սան Փաուլոյի մէջ կայացած Ազգերու փառատօնին, որ տեղի ունեցաւ 5-րդ անգամն ըլլալով:

Փառատօնին մասնակցողները ներկայացուցին իրենց երկիրներու ազգային խոհանոցը եւ մշակոյթը:

Փառատօնին հայկական պարախումբերը հանդէս եկան հետաքրքրական նախաձեռնութեամբ եւ ներկաներուն սորվեցուցին հայկական պարեր` «Թամզարա», Կարնոյ քոչարի, «Մշոյ խըռ» եւ այլն:

Մասնակիցները խանդավառուեցան հայկական պարերով եւ մեծ հետաքրքրութեամբ լսեցին փոքրիկներու պարախումբի պարուսոյց Անայիս Զատիկեանին բացատրութիւնները` հայկական պարերուն, մշակոյթին եւ պատմութեան մասին:

Նախորդը

Կին Դէմքեր. Անկելա Մերքել

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի 2017-2018 Տարեշրջանի Տարեկան Բանակում

RelatedPosts

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?