Շաբաթ, 25 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան Քֆար Մաթթայի շրջանին մէջ ՀՄԸՄ Պէյրութի տարեկան բանակումի խարուկահանդէսն էր. եւ եթէ հոն գտնուող ներկաներէն մէկը, տարբեր պատճառներով, կամայ թէ ակամայ, ծանօթ չէր ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան, անոր անշեղ նպատակներուն եւ դաւանած արժէքներուն, բայց մանաւա՛նդ անտեղեակ էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերուն ամբողջականօրէն հայեցի դիմագիծէն եւ որոշիչ դերակատարութենէն, ապա ան առիթը ունեցաւ այս բոլորին գործնական արտայայտութեան եւ նպատակաուղղուած աշխատանքին ականատես ըլլալու:
ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղը, իր կազմակերպած եւ յաջողութեամբ պսակած 10 օրուան բանակումի աւարտին, խարուկահանդէսի ներկաներուն հրամցուց խնամքով եւ բծախնդրութեամբ պատրաստուած բանակավայր մը` իր ձեռային աշխատանքներով, պատի թերթերով, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակները պանծացնող եւ յաւերժացնող տեղեկութիւններով, ուսումնասիրուած յայտագիրով, երգերով, պարերով, ստեղծագործ, հաճելի եւ միաժամանակ դաստիարակիչ բովանդակութեամբ:
Այսպիսով, ներկաները հաղորդակից դարձան ՀՄԸՄ-ի նպատակին եւ արժէքներուն եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտին մէջ կազմաւորուող համագործակցութեան ոգիին, ընկերային հմտութիւններուն եւ հայեցի ինքնութեան: Բոլորին աչքերուն առջեւ եւ հոգիներուն դիմաց վերակենդանացան ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրները, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տիտանները, անկախ Հայաստանի, Սասունի, Վանի, Ուրֆայի, Զէյթունի եւ Շապին Գարահիսարի հերոսական անցեալն ու աւանդութիւնները: Իւրաքանչիւր սկաուտի, մոկլիի, գայլիկի, արծուիկի, արիի, արենուշի, երէցի, պարմանուհիի արիասիրտ եւ աշխուժ քայլերուն, արտասանած խօսքերուն եւ խանդավառ մասնակցութեան ընդմէջէն կ՛ուրուագծուէր ՀՄԸՄ-ականի եւ գիտակից հայու կերպար մը. կերպար մը, որ այնքա՛ն հազուագիւտ է եւ հետզհետէ անհետացող` մերօրեայ ժամանակաշրջանին:
Ապրի՛ք, սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ, ձեր վարձքը կատար եւ շնորհակալութիւն ձեզի, որ այդ երեկոյ, ներկաներուն առիթը տուիք տուն վերադառնալու գոհունակ սրտով եւ հանգիստ մտքով, աւելի՛ն, վերանորոգուած յոյսով, որ հակառակ այն թոհուբոհին, որուն ականատես ենք ամէ՛ն օր, հակառակ հայեցի եւ բարոյական արժէքներու կրկնուող ոտնակոխումին եւ մեր հաւաքական յառաջխաղացքը կասեցնող եւ անոր սպառնացող անփութութեան եւ անպատասխանատուութեան` դեռ կարելի է հաւատալ, որ ապագան կրնայ փայլուն ըլլալ, երբ կայ ծրագրաւորուած եւ անշահախնդիր աշխատանք, աշխուժ գործ եւ գիտակից հաւատք, երբ կան պատանիներ եւ երիտասարդներ, որոնք ուխտած են մնալ արթուն պահակներ:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ