ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Մկրտիչ Վարդապետ Խրիմեան`
Վարագայ Վանքին Վանահայր
Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան, գաւառաբնակ նորահաս սերունդի կրթութեան եւ դաստիարակութեան նուիրուելու գաղափարով, որոշեց Պոլիսէն Վան վերադառնալ եւ «Արծուի Վասպուրական»-ի հրատարակութիւնը շարունակել հայրենիքի մէջ:
Պօղոս Օտեան Մկրտիչ վարդապետին մօտիկ բարեկամը եւ աջակիցն էր, եւ Օտեաններուն տունը վարդապետին համար հարազատ միջավայր էր: Պօղոս Օտեան (1795-1862) արքունի ճարտարապետ էր եւ սուլթանական պալատներու վերատեսուչ: Օտեաններուն տունը մտաւորական կեանքի վառարան մըն էր, ուր կը հաւաքուէին տղաք եւ աղջիկներ եւ գրական ու գեղարուեստական ձեռնարկներու նախափորձեր կ՛ընէին: Տան մէջ իշխող էին մարդկային ամենաջերմ յարաբերութիւնները:
Պօղոս Օտեան մեծ գումարներ դրաւ Մկրտիչ վարդապետի տրամադրութեան տակ: Արդէն «Արծուի Վասպուրական»-ի հրատարակութեան համար տպագրական մեքենան, տառերը, գործիքները, թուղթն ու մելանը ձեռք բերուած էին Պօղոս աղայի նուիրատուութեան շնորհիւ:
Մկրտիչ վարդապետ կը ծրագրէր Աղթամարի վանքին մէջ բարձրագոյն վարժարան մը բանալ, «Արծուի Վասպուրական»-ի տպարանը հոն հաստատել եւ Արծրունեաց գահը հանդիսացող կղզին հոգեւոր ու մշակութային կեդրոնի վերածել:
Յակոբոս պատրիարք Սերոբեան եւ Պօղոս Օտեան ամէն աջակցութիւն ցոյց տուին վարդապետին: Ազգին ծառայելու գաղափարով խանդավառ երկու երիտասարդներ` Տիգրան Գալփակճեան եւ Միքայէլ Ռուբէնեան պատրաստակամութիւն յայտնեցին վարդապետին հետ Վասպուրական երթալու եւ ժողովուրդի դաստիարակութեան նուիրուելու: Մկրտիչ վարդապետ ընդառաջեց անոնց:
Մկրտիչ վարդապետ տպագրական մեքենան, տառերը, գործիքները, թուղթն ու մելանը արկղներու մէջ դասաւորելէ եւ հակերու վերածելէ ետք, 1856-ի հոկտեմբերին իր ընկերակիցներուն` Տիգրանի եւ Միքայէլի հետ ուղղուեցաւ Սիրքէճիի նաւամատոյցը: Բարեկամներ եւ համակիրներ հաւաքուած էին ողջերթ մաղթելու. «Երթաս բարեաւ վարդապետ, կեցցե՛ս Վասպուրականի արծիւ»:
Սեւ ծովուն վրայ քանի մը օրուան նաւարկութենէ ետք նաւը Տրապիզոնի նաւահանգիստը ցամաք ելաւ: Բեռները ջորեպաններու յանձնելով եւ իւրաքանչիւրը ձի մը վարձելով, Մկրտիչ վարդապետ, Տիգրան եւ Միքայէլ Տրապիզոնէն ճամբայ ելան: Անձրեւային եղանակ էր եւ ճանապարհորդութիւնը` երկար եւ տաժանելի:
Կարաւանը երբ Վանի մօտեցաւ լուրը արդէն տարածուած էր: Վարդապետին եղբայրը` Մսրխան, ազգականներ, բարեկամներ եւ թաղեցիներ դիմաւորելու ելան եւ կարաւանը առաջնորդեցին Յանկոյսներու Պստիկ Տաճար Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը: Բեռները ջորիներուն վրայէն քակեցին, իջեցուցին եւ եկեղեցւոյ յարակից սենեակներուն մէջ տեղաւորեցին:
* * *
Վան հասնելէն ետք Մկրտիչ վարդապետ ճամբայ ելաւ դէպի Աղթամար եւ ներկայացաւ Գաբրիէլ կաթողիկոսին: Պոլսոյ մէջ իր գործունէութեան մասին զեկուցելէ ետք Մկրտիչ վարդապետ յայտնեց, որ պատրիարքարանին, ազգային մարմիններուն եւ հայրենասէր անձերու նեցուկով եկած է Աղթամարի վանքին մէջ դպրոց բանալու, տպարան հիմնելու, թերթ հրատարակելու եւ ժողովուրդին մէջ լուսաւորութիւն տարածելու:
Սակայն Գաբրիէլ կաթողիկոս անիրականանալի պատրանք նկատեց Մկրտիչ վարդապետին մտադրութիւնները: Վանքին միաբաններն ալ հակառակեցան իրեն եւ ծիծաղելի նկատեցին այդ ծրագիրները, որոնք տարօրինակ ցանկութիւններ կը նկատուէին: Մկրտիչ վարդապետ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞վ պիտի կառավարէր վարժարանը եւ տպարանը: Խոհեմութիւնը կը պահանջէր հեռու մնալ խենթ ու խելառ գործերէ եւ չխանգարել վանքին հանգիստն ու խաղաղութիւնը: Վարժարան եւ տպարան բանալու եւ լուսաւորութիւն տարածելու համար տէրութեան գանձարան պէտք էր, մինչդեռ վանքը ոչ գանձարան ունէր, ոչ ալ հարստութիւն: Հայոց ազգը թող իր վիճակին մնայ: Ազգը Մկրտիչ վարդապետին նման անձերու խրատներուն պէտք չունի: Ան բողոքականի նման բան մը եղած է, մոլորած է: Ան ապերախտ է, որ վանքը, սուրբ վայրը ձգեց եւ տարին անգամ մը Պոլիս կը վազէ, ամիրաներէն օգնութիւն կը խնդրէ եւ մեծ պարտքերու տակ կքած է: Աղթամարի միաբանները կ՛եզրակացնէին, որ Մկրտիչ վարդապետ գլուխը խելք չունի եւ ոչ ըրածը գիտէ, ոչ ալ խօսածը:
Համոզուած, որ Աղթամարը լուսաւորութեան կեդրոն դարձնելու իր ծրագիրները անյուսօրէն խորտակուած են, Մկրտիչ վարդապետ հեռացաւ կղզիէն եւ Վան վերադարձաւ:
* * *
Մկրտիչ վարդապետ Վանի մէջ առանց վհատելու սկսաւ հետապնդել իր ծրագիրները: Պէտք էր ընտրել այլ վանք մը: Յարմարագոյնը Վարագայ վանքն էր, թէեւ անիկա ալ անմխիթար վիճակի մէջ կը գտնուէր: Վանքը թէեւ ընդարձակ հողեր ունէր, տնտեսապէս ինքնաբաւ էր, բայց Վանի առաջնորդարանը, ազդեցիկ հոգեւորականներ եւ ջոջեր անհաշիւ կերպով կը տնտեսէին ու կը շահագործէին վանքին հարստութիւնները:
Մկրտիչ վարդապետ մանրամասն կերպով ուսումնասիրեց Վարագայ վանքին հոգեւոր, բարոյական ու տնտեսական անկեալ վիճակը եւ ընդարձակ տեղեկագիր մը պատրաստելով ուղարկեց Պոլիս` պատրիարքարանին եւ Օտեան ընտանիքին:
Մկրտիչ վարդապետ կը գրէր, որ Աղթամարի վանքը լուսաւորութեան կեդրոն դարձնելու իր ծրագիրները խորտակուած են, եւ իր ծրագիրներու իրականացման համար նկատի ունի Վարագայ վանքը, որ իբրեւ քաղաքին մօտիկ կեդրոն, ամէնէն յարմար վայրն է:
Տեղեկագիրը Պոլսոյ ազգային իշխանութեան շրջանակներուն մէջ մեծ իրարանցում առաջացուց: Յակոբոս պատրիարք եւ Օտեան ընտանիքը զօրավիգ կանգնեցան Մկրտիչ վարդապետին եւ պնդեցին, որ ան Վարագայ վանքին վանահայր նշանակուի եւ նուիրուի ժողովուրդի լուսաւորութեան գործին: Սակայն կարգ մը հոգեւորականներ եւ աշխարհականներ կը պնդէին, որ Վարագայ վանքը կապուած մնայ Վանի առաջնորդարանին եւ ջոջ աղաներուն, եւ Մկրտիչ վարդապետն ալ անոնց հրահանգներով գործէ:
Մկրտիչ վարդապետին ընդդիմացողները հակառակ էին Օտեաններուն: Օտեանները լուսաւորեալ եւ յառաջդիմասէր անուններով ճանչցուած խմբակցութեան ներկայացուցիչներն էին:
Օտեանները վճռական կերպով դիրքորոշուած էին ի նպաստ իրենց տան բարեկամ, տան անդամ նկատուող Մկրտիչ վարդապետին: Պօղոս աղա, կինը` Թագուհի եւ անոնց զաւակները` Գրիգոր, Նշան, Խաչիկ, Յակոբ եւ Եւփիմէ խոր սիրով եւ ամենաջերմ զգացումներով կապուած էին վարդապետին:
Վարդապետի ծրագիրներուն ընդդիմացողները անզօր կը մնային Օտեաններուն դէմ: Հակառակ անոր որ գաւառներուն մէջ թերթ հրատարակելու իրաւունք չկար, Պօղոս Օտեան, շնորհիւ իր հեղինակութեան, յաջողեցաւ պետութենէն Մկրտիչ վարդապետին համար Վանի շրջանին մէջ թերթ հրատարակելու արտօնագիր ձեռք ձգել:
Իր կարգին Յակոբոս պատրիարք 1856 դեկտեմբերին յատուկ կոնդակով մը Վարագայ վանքը Վանի առաջնորդարանէն անկախ հռչակեց եւ անոր վանահայրութիւնը Մկրտիչ վարդապետին յանձնեց:
Վանի մէջ ալ Մկրտիչ վարդապետին ընդդիմացողներ կային: Յատկապէս առաջնորդարան եւ ջոջ աղաները ամէն կերպով կը պայքարէին Խրիմեանի դէմ եւ քանի մը անգամ ալ Պոլիս դիմած էին, բայց ի վերջոյ անզօր գտնուելով պատրիարքին եւ Օտեաններուն դէմ, որոշեցին վերջին փորձ մը ընել Մկրտիչ վարդապետը հեռու պահելու: Անոնք Վարագայ վանքի միաբանութեան հրահանգեցին պարիսպներուն դուռերը միշտ փակ պահել եւ թոյլ չտալ, որ Մկրտիչ վարդապետ ներս մտնէ:
* * *
Մկրտիչ վարդապետ 1857 յունուարին ստացաւ Վարագայ վանքին վանահայրութիւնը ստանձնելու վերաբերեալ Յակոբոս պատրիարքին կոնդակը:
Կոնդակը ստանալէն անմիջապէս ետք, Մկրտիչ վարդապետ, իր հետ առնելով համակիրներ եւ գործակիցներ, ցրտաշունչ առաւօտ մը ճամբայ ելաւ դէպի Վարագայ վանք:
Խումբը երբ վանքին պարիսպներուն առջեւ հասաւ տեսաւ որ դուռերը փակուած են: Ձայն տուին, դուռերը թակեցին որ բանան, բայց ներսէն ոչ մէկ ձայն: Բաւական սպասելէ ետք, Մկրտիչ վարդապետին օգնականը` Գասպար պարիսպներէն վեր մագլցեցաւ, վանքին բակը ցատկեց եւ ներսէն դուռը բացաւ: Մկրտիչ վարդապետ եւ ընկերները ներս մտան եւ ուղղուեցան վանահօր սենեակը, ուր հաւաքուած գտան միաբանները: Մկրտիչ վարդապետ վանահօր ցոյց տուաւ պատրիարքին կոնդակը, որուն համաձայն Վարագայ վանքը Վանի առաջնորդարանի իրաւասութենէն հանուելով ուղղակի պատրիարքարանի իրաւասութեան կ՛ենթարկուէր, եւ Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան կը հաստատուէր իբրեւ նոր վանահայր:
* * *
Վարագայ վանքը կը գտնուի Վան քաղաքէն հարաւ-արեւելք, Վարագ լերան արեւմտեան լանջին: Ոլորապտոյտ եւ ծառազարդ ճամբան կ՛անցնի Շուշանց գիւղին մօտէն եւ Զեռնակուտ բլուրէն, որուն լանջերէն կը բխին Կաթնաղբիւր, Իշխանաց աղբիւր եւ Սալով աղբիւր: Վարդավառի բլուրէն անդին Դժոխքի ձորն է, այնուհետեւ` Ծակ քարը, որուն մէջէն առու մը կ՛անցնի: Ճամբան կը յառաջանայ դէպի Կուզ Հէր լեռնանցքը եւ Սուրբ Հռիփսիմեանց մատուռ: Մատուռին դէմը Ապարանջան աղբիւրն է: Բլուրը կը բարձրանայ եւ կ՛իջնէ Կոռ քար, որ Շուշանց գիւղի լերան ստորին մասն է, Վարագայ լերան արեւմտեան գագաթը: Շրջակայքը առատ աղբիւրներ են:
Ճամբան կ՛երկարի դէպի Ձիաթռնուկի բարձունքները, Կոռտկան քար եւ կ՛իջնէ Հնձներաց ձոր, ուրկէ զառիվերը կ՛ուղղուի դէպի Վերին Վարագ: Ճամբուն զուգընթաց Աբեղաքարերն են (վեղարանման գլուխներով քարեր): Վերին Վարագի մէջ են Անմահական աղբիւրը, Քրիստոսի աղբիւրը եւ վերը` Թոդիկ ճգնաւորի այրը եւ քարայր-մատուռը: Հիւսիս-արեւելքը Աստղկան բերդն է, Վարագայ լերան բարձրագոյն գագաթը` 3250 մեթր: Հարաւ-արեւելքը Գալիլիա բարձունքն է, ուր Հռիփսիմեանց ձեռքով պահուեցաւ Յիսուսի խաչափայտին մէկ մասը, որ յետոյ Թոդիկ ճգնաւորին աղօթքներով յայտնուեցաւ եւ Վարագայ վանքին մէջ ամփոփուեցաւ:
Բամբասանաց բլուրին դիմաց Ծաղկաձորն է, որ կ՛իջնէ դէպի Սուրբ Գրիգոր (Սալնապատ) վանքի հովիտը: Ճամբան կը բարձրանայ Կարմրաւորաց Սուրբ Աստուածածին վանքին վերի աւազանը, Կաքւան աղբիւրներ եւ կը հասնի Վարդապետաց աղբիւրը եւ լիճը (Վարագայ վանքին ջուրի աւազանը), Վարագայ վանքին այգիներն ու անտառները:
Վարագայ վանքը հիմնուած է Է. դարուն եւ բարձր պարիսպներով շրջապատուած էր: Մեծ եւ գլխաւոր դարպասը կը գտնուէր արեւմտեան կողմը: Շրջափակին հիւսիս-արեւելեան կողմը կողք կողքի եօթը տաճարներն էին: Սուրբ Սոփիա ամենահինն է եւ կոչուած է Բերդաւոր (ամրոցի վերածուած). արեւմտեան պատին վրայ կայ Արծրունեաց Սենեքերիմ թագաւորի կնոջ` Բագրատունեաց Գագիկ Ա. թագաւորի դուստր Խուշուշի 981 թուակիր արձանագրութիւնը: Հիւսիսէն կից է Սուրբ Յովհաննէս կամ Քառասուն Աբեղայից եկեղեցին: Դէպի հիւսիս վանքին գլխաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին է: Հիւսիսէն կից է Սուրբ Նշան եկեղեցին, իսկ արեւմուտքէն` գաւիթը, որ օգտագործուած է իբրեւ եկեղեցի, կոչուելով Սուրբ Գէորգ: Գաւիթին արեւմուտքէն կից է նախասրահը, հիւսիսէն` Սուրբ Խաչ եկեղեցին, իսկ հարաւէն` Սուրբ Սիոն եկեղեցին:
Վանքի շրջափակի հարաւային եւ արեւմտեան կողմերը միաբաններու եւ ուխտաւորներու երկյարկանի բաժանմունքն էր հարիւր սենեակներով: Բաժանմունքին արեւելեան կողմը Տնտեսատուներն էին եւ Տնտեսատան բակը, իսկ հարաւ-արեւմտեան կողմը ախոռներն էին եւ Նախրաբակը:
Շրջափակին արեւելեան կողմը Դրախտ այգին էր:
Վանքին հիւսիսային կողմը, եկեղեցիներէն հիւսիս-արեւմուտք աղբիւրն էր եւ Վանահօր սենեակը: Կողքին` վանականներու եւ աշակերտներու խուցեր, սեղանատուն, խոհանոց, բաղնիք եւ փուռ: