ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ
Զ) Արտաքին քաղաքականութիւն եւ արցախեան հիմնահարց
Նոր իշխանութիւնը իր կազմաւորման մեկնարկէն իսկ քանիցս արձանագրեց, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ կտրուկ շրջադարձեր բացառուած են: Այսուհանդերձ, այս ոլորտին մէջ ձեւաւորուած հաւասարակշռութեանց բովանդակային սեփական լիցք հաղորդելու թիրախաւորումը ընդգծուեցաւ ինքնիշխան պետութեան վայե՛լ հաստատակամութեամբ` տարբեր ուղերձներու եւ դիւանագիտական շփումներու ընթացքին: Դիւանագիտական յարաբերակարգի այս ուղենիշն ու գործելակերպը անհրաժեշտութիւն էին այլեւս` արտաքին քաղաքականութեան խցանուած շնչերակները բանալու ուղղութեամբ:
Պէտք է հաստատել, որ դիւանագիտական գրեթէ նախապաշարեալ եւ կծկուած նախկին պահուածքն ու գործելակերպը նոյնիսկ արտաքին քաղաքականութեան տարընթերցումներու եւ վիժումներու առաջնորդած էին:
Տարածաշրջանային եւ բեւեռային այս հաւասարակշռութեան մէջ, արտաքին քաղաքական հնարաւորութիւններու որոնման մրցավազքով Հայաստանը իր աշխուժութեամբ պէտք չէ զիջի Ազրպէյճանին:
Գործելակերպի այս փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ միջպետական, դաշնակցային թէ գործընկերային յարաբերակարգի հարթակի վրայ նախաձեռնող բովանդակութեամբ ներկայանալու ա՛յս պարունակին մէջ պէտք է տեղադրել վարչապետին Մոսկուա, Թիֆլիս եւ Պրիւքսել կատարած շրջայցերն ու տարբեր աշխատանքային հանդիպումները` իրենց յղած պատգամներով:
Թէ՛ Պրիւքսելին եւ թէ՛ ալ Ռուսաստանին յղուած իր ուղերձներով Հայաստանը դաշնակցային եւ համագործակցական իր յարաբերութեանց օրակարգը կը տեղադրէր Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան գծով յանձնառու երաշխաւորումներ հաստատագրելու շրջածիրէն ներս:
Այսպէս, մէկ կողմէ, ի տես նախիջեւանեան հատուածի եւ արցախեան առաջնագիծերու ազերիական տեղաշարժերուն ու աշխուժութեան, պաշտօնական Երեւանը կը յուշէր Մոսկուայի տարածաշրջանային անվտանգութեան պահպանման իր լծակներուն բանեցման Հայաստանի դաշնակցային ակնկալութիւնն ու պահանջը:
Միւս կողմէ` Պրիւքսելը կը հրաւիրուէր յանձնառու յենարանով` Հայաստանի ժողովրդավարական առաջընթացը պաշտպանելու Ազրպէյճանի ամբողջատիրական քաղաքակրթութեան նկրտումներէն:
Համարձակ նկատուող այս ուղերձներով Հայաստանը մէկ անգամ ընդմիշտ հաստատակամ կը թուի ըլլալ արտաքին յարաբերութեանց ոլորտին մէջ, միակողմանի օրակարգեր ընկալելու աւանդութեան էջը փակելով` ազգային շահերու իր առաջադրանքները յստակ բանաձեւելու:
Հայաստանը աշխարհաքաղաքական ի՛ր տեղը կանգնեցնելու, բացառապէս ազգային շահերով եւ հայկական արեւելումով առաջնորդուելու վարչապետին յայտարարած արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգը կարեւոր մեկնակէտ մը նշանակած է արդէն: Այս մէկը ցարդ կիրարկուած բազմավեքթըր քաղաքականութեան աշխարհաքաղաքական բախումներէ խուսափելու նպատակադրումէն անդին` ազգային հեռահար եւ առաւե՛լ նախաձեռնողական ուղեգիծի մը որդեգրման հիմնարկէքին պէտք է վերածել:
Տարածաշրջանի ձեւաւորուած աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան մէջ որակական տեղ պահելու եւ դեր վերցնելու դիւանագիտական յարաճուն ջանադրութեան մէջ միա՛յն կարելի է ապահովել Հայաստանի անվտանգութիւնն ու ազգային շահերը, յատկապէս` արցախեան հիմնահարցի լուծման ուղղութեամբ: Այլապէս, նոյնինքն հաւասարակշռութիւնը, ինչ-որ պահու մը միջբեւեռային անհրաժեշտութեամբ ու անոր համընկնող շահերու ազդեցութեան տակ, հայկական գործօնի բացակայութեան պայմաններով` կրնայ հայավնաս գործընթաց մը թոյլատրել:
Արցախեան հիմնահարցի ուղղութեամբ, վարչապետին կողմէ Արցախի Հանրապետութեան բանակցային կողմի հիմնական հասցէատէր ըլլալու հանգամանքին շեշտադրումը` հետագայ հաւանական ճնշումները ցրուելու եւ խուսանաւումի դիտաւորութեան պարզունակ պարունակէն դո՛ւրս, բանակցային օրակարգը ինքնորոշման իրաւունքի գերակայութեա՛մբ հաստատագրելու ուղեգիծ մը կը նպատակադրէ: Այս շեշտադրումին զուգահեռ, վարչապետը Արցախ կատարած իր պարբերական այցելութեամբ, աշխատանքային ու պաշտօնական հանդիպումներով եւ իր կատարած յայտարարութիւններով կը յուշէ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորի Հայաստանի անզիջող յանձնառութիւնը: Բանակցային պատրաստակամութեան կողքին, վարչապետը Ազրպէյճանի յարձակողական արկածախնդրութեան դիմաց Հայաստանի ջախջախիչ հակահարուածի ազդարարութենէն չվարանեցաւ:
Զոյգ շեշտադրումները ապահովագրող եւ անշրջելի փոխլրացման տանող իրաւաքաղաքական քայլը` ԱՀ-ՀՀ ռազմավարական դաշինքի մը հաստատագրման ՀՅԴ-ի առաջադրանքն է, որ ոչ միայն բանակցային սեղանին վրայ հայկական զոյգ կողմերուն սահմանագիծերը կ’ամրացնէ, այլեւ ազերիական ռազմատենչութեան մէկ կարեւոր զսպանակը կը հանդիսանայ:
Նման իրաւաքաղաքական քայլի մը ժամանակը տակաւին չէ սպառած եւ իր ռազմավարական ու դիւանագիտական հիմնաւորումները կը պահէ:
Է) Տնտեսական-ընկերային եւ ժողովրդագրական բարեշրջման կնճռոտ ուղին
Կառավարութեան հարիւր օրուան գործունէութեան ամփոփումով պարզուած տնտեսական ցուցանիշները խրախուսիչ են եւ բարեբեր ենթահող մը յառաջացնելու տուեալներ կը պարփակեն:
Եռամսեակի տնտեսական աճը շարունակականութեան եւ երկնիշ ոստումի միտումներ ունի: Մաքսային դիւանակալութեան պարզեցումն ու յստակացումը, տնտեսական ստուերը օրինական դաշտ մղելու ճիգը, մենաշնորհներու վերացման հետեւողականութիւնը, փտածութեան դէմ պայքարի քաղաքական կամքը, ինչպէս նաեւ ներդրումներու խթանման եւ ձեռնարկատիրական-արտադրական կարողականութեանց քաջալերման քաղաքականութիւնը անշրջելի՛ թափ հաւաքած կը թուին ըլլալ:
Տնտեսական աճը ժողովրդային շերտերու վրայ թարգմանելու եւ ընկերային ուղղուածութեամբ, աճի եկամուտը վերաբաշխելու պատրաստակամութիւնը նոր յոյս կը ներշնչէ:
Տնտեսական աճի ներկայ մոտելը ներառական համակարգով մը փոխակերպելու վարչապետին պարզած գաղափարները բարգաւաճ տնտեսութեան մը ուղին կ’ուրուագծեն:
Պետութեան կողմէ հաւասար առիթներու, մենաշնորհները կանխող ազատ մրցակցային դաշտի, ինչպէս նաեւ ենթակառուցուածքներու յառաջացման յանձնառութեամբ, տնտեսութեան մասնակցային միաւորներու բազմապատկման գրաւը իբրեւ ուղենի՛շ կ’որդեգրուի: Այս առումով, վարչապետը հասարակութենէն կ’ակնկալէ եւ կը պահանջէ տնտեսութեան հետ վերաբերելու ժխտական կամ կրաւորական մշակոյթի կտրո՛ւկ փոփոխութիւն: Մէկ խօսքով` տնտեսական մտայնութեան փոփոխութի՛ւն, որ կ’ենթադրէ աշխատունակութիւն եւ նախաձեռնողականութիւն, ինչպէս նաեւ` տնտեսական-աշխատանքային հմտութեանց յայտնաբերում եւ ինքնազարգացում: Այսպիսով, վարչապետը տնտեսապէս նպաստընկալ ու կրաւորական հասարակութեան դէպի աշխատունակ ու նախաձեռնող հասարակութիւն անցումը կը խրախուսէ:
Աղքատութեան 30%-ի սահմանագիծը հատած տնտեսութեան մը մէջ ենթակայական ուժերու եւ ձգտումներու շարժը իսկապէ՛ս որ անհրաժեշտ է: Սակայն, վերոնշեալ պայմանաւորումներէն անկախ, անիկա կը կարօտի նաեւ ընկերային ուղղուածութեամբ բնորոշուող խթաններու, ինչպէս` ցած տոկոսներով վարկերու հասանելիութեան ապահովում եւ նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում` սպառողական նուազագոյն պիւտճէի համեմատ: Այս ուղղութեամբ, յատուկ ուշադրութեան առարկայ պէտք է դառնան տարածքային համաչափ զարգացման ծրագիրները, պետութեան հարկային քաղաքականութեան եւ օրէնսդրական վերամշակումները, յատկապէս` եկամտահարկի յառաջատուական դրոյթի հաստատման վճռակամութեամբ…
Վարչապետին կողմէ ներկայացուեցաւ նաեւ տնտեսական առաջընթացի կառուցուածքի կառավարութեան պատկերացումը: Սոյն յատակագիծին յատկորոշող մօտեցումը` հանքարդիւնաբերութենէն տնտեսական աճի կախուածութիւնը թեքելն է` բազմաճիւղ այլ ոլորտներու ուղղութեամբ: Ոլորտներ, որոնք Հայաստանի աշխարհագրական, բնութեան, աշխատուժի, ինչպէս նաեւ առողջապահական-գիտակրթական-քաղաքակրթական եւ այլ «դրամագլուխի» կարելիութիւններէն կը բխին: Միւս կողմէ` երկրի ժողովրդագրական պատկերի ամրագրման եւ, ինչո՞ւ չէ, նաե՛ւ բարեշրջման ծրագրաւորումները թափ կը հաւաքեն ծնելիութեան մակարդակի բարձրացման խթանումով, դէպի գիւղ հոգատար սեւեռումով, ինչպէս նաեւ` հայրենադարձութեան թիրախային քաղաքականութեան մը սաղմնաւորումով:
Արդարեւ, տնտեսական առաջընթացի այս կառուցուածքը հիմնաւորուած եւ քաշողական յատակագիծով մը կը ներկայանայ: Այսուհանդերձ, անոր ճարտարապետութիւնը բծախնդիր, հետեւողական եւ երկարաշունչ քաղաքականութեան մը կը կարօտի: Քաղաքականութիւն մը, որ Հայաստանի տնտեսական շէնքին ժողովրդագրական ու ընկերային ներդաշնակ հիւսուածքն ու շաղախը չի զլանար հայթայթելու անոր ամէ՛ն մէկ սիւնին ու ամէ՛ն մէկ պատին…
18-28 օգոստոս 2018
«Դրօշակ»
(Շար. 3 եւ վերջ)