Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յետյեղափոխութեան Երկրորդ Փուլի Ազդանշաններով…

Սեպտեմբեր 4, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՄԷՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

Ա) Նախաբան

Հայկական թաւշեայ յեղափոխութիւնը` իր ժողովրդական-քաղաքացիական մաքրամաքուր առաջադրանքներով եւ ազգային վառ երազանքներով, լիարժէք արդիւնաւորման ու յաղթանակի համար, քաղաքակիրթ հիմնարկաւորման ուղի մը կ՛ենթադրէ:

Հիմնարկաւորման այս ուղին` ժողովրդական ակնկալիքներու եւ ազգային-պետական շահերու ներդաշնակ հաշուառման ունակութեան մը նաեւ կը կարօտի:

Ուղի մը, որ երկիրի ժողովրդավարութեան, սահմանադրականութեան եւ ազգային-պետական անվտանգութեան կամրջման զգայուն մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ:

Վերոնշեալ եռեակի կամրջման առաջին շրջափուլը աւարտեցինք կոշտ առճակատման բացառումով եւ սահմանադրութեան շրջագիծով կատարուած իշխանափոխութեամբ, ինչպէս նաեւ` աշխարհաքաղաքական հայկական այն դիրքաւորումի պահպանմամբ, որ արցախեան հիմնահարցի հայկական կողմի կարմիր սահմանագծումները անխախտ կը պահէ: Այս բոլորին միաժամանակեայ իրագործումն էր, որ միջազգային առումով հայկական թաւշեայ յեղափոխութեան եզակիութիւնը բնորոշեց: Սակայն կամրջման այս գործընթացը չխորացուցած եւ չամրապնդած` նոր սկիզբի առաքելութիւնը կրնայ վիժիլ եւ իր ուղին կորսնցնել: Թաւշեայ յեղափոխութեան առաջադրանքներն ու փայփայած երազանքը անհրաժեշտ նախադրեալները պարզած են ուժերու համախմբման եւ պետականաշինութեան համազգային զօրաշարժ մը յարաճուն պահելու:

Գործնապէս, նոր սկիզբի հիմնարկաւորման կոչուած ազգային համաձայնական կառավարութիւնը պէտք չէ վերածուի սոսկական անցումային կառավարութեան մը: Նոր սկիզբի հիմնարկէքը ազգային համաձայնութեան ենթահողի վրայ կատարելը այլընտրանք չունի, եթէ բոլորը կառչած են թաւշեայ յեղափոխութեան լիարժէք արդիւնաւորման եւ կուտակուած յոյսն ու ուժը չվատնելու: Յեղափոխութիւնը հրապարակներէն պետականաշինութեան գործին ներդնելու եւ պետական մտածողութեան ու անոր հիմնարկներուն աւիշին վերածելու մարտահրաւէրը տակաւին չէ շրջանցուած:

Այդ մարտահրաւէրի յաղթահարման նախապայմանը կը մնայ, ազգային համաձայնութեան ենթահողի վրայ, ժողովրդավարութեան արմատաւորման, երկրի սահմանադրութեան վաւերականութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ ազգային-պետական անվտանգութեան դրոյթներու պահպանումի փոխլրացման եւ շաղկապման հոլովոյթը:

Ազգային համաձայնական կառավարութեան եռամսեակի եզրափակումը առիթ մըն է այս հարթութեանց վրայ արծարծելու յառաջիկայ փուլին հետ առնչուող առաջադրանքներ, ձգտումներ եւ ակնկալութիւններ, ինչպէս նաեւ` իրադրութեանց համապատասխան հարցադրումներ, վերապահումներ ու մտահոգութիւններ փոխանցելու: Այս բոլորին առարկայական հաշուեկշիռը կատարելու հարկադրանքին առջեւ են բոլորը: Սոյն յօդուածը վերոնշեալ հաշուեկշիռի ներկայացման փորձ մըն է:

Բ) Տարբեր զգեստաւորումով` քաղաքական մենաշնորհի նոր ուրուականը

Անկախ քաղաքագիտական տեսութիւններէ` հայրենի ներքաղաքական կեանքի փորձառութիւնները փաստարկեցին, որ քաղաքական դաշտի մենաշնորհը մեքենական կերպով կ՛առաջնորդէ տնտեսական մենաշնորհի կազմաւորման` ընկերային բեւեռացման ծանր հետեւանքներով: Քաղաքական մենաշնորհներու փոփոխութիւնը պարզապէս գունափոխեց տնտեսական մենաշնորհները եւ զանոնք սերտաճած պահեց քաղաքական համակարգին:

Ահաւասիկ անիւը նոյն ուղղութեամբ դառնալու թակարդին մէջ կ՛իյնայ…

Յետյեղափոխութեան համաձայնական կառավարութեան հարիւր օրուան ամփոփումի թեմայով հանրահաւաքի կազմակերպման եւ ներկայացման ձեւաչափը խորթ ու վանողական պահուածք մը կը դրսեւորէր համաձայնական կառավարութեան մասնակից ուժերու նկատմամբ: Վարչապետի կուսակցութեան` Քաղաքացիական պայմանագիրի առաջնորդութեամբ, խնամքով անտեսուած էին կառավարութեան մասնակից բոլոր միւս ուժերը (Հանրապետութիւն, Լուսաւոր Հայաստան, Բարգաւաճ Հայաստան, ՀՅԴ) իրենց պաշտօնական ղեկավարութեամբ կամ նոյնիսկ` նախարարներով: Աւելի՛ն. Քաղաքացիական պայմանագիրի պաշտoնական բանբերը ակնարկելով ՕԵԿ-ի եւ Բարգաւաճի հանրահաւաքին մասնակցելու կոչերուն` բացայայտ կերպով կը յայտնէր, որ իրենք կարիքը չունին ուրիշ կուսակցական միաւորներու նեցուկին, այլ կ՛ապաւինին միայն քաղաքացիներու զօրակցութեան:

Հանրահաւաքը միակուսակցականացնելու այս պահուածքը ազդարարեց արդէն, որ հանրահաւաքի կազմակերպումը կը նպատակադրէ վարչապետի վարկանիշի գործիքով` սեփական կուսակցութեան քարոզչութեան եւ օգտուիլ քաղաքական դաշտը միաբեւեռ դարձնելու պատեհ առիթէն: Այս դիտանկիւնով, հանրահաւաքի ընտրուած խորագիրը վերոնշեալ նպատակադրումին համար օգտագործուած գլխարկ մըն էր պարզապէ՛ս, ինչ որ պարկեշտ վերաբերում չէ գոնէ կառավարութեան մասնակից ուժերուն հանդէպ: Հանրահաւաքի կազմակերպման ու ներկայացման միակուսակցականացուած եղանակը, ինչպէս նաեւ վարչապետի որոշ ուղերձներու եւ առաջադրանքներու բովանդակութիւնը ոչ միայն համահունչ չէին բեմահարթակէն բարձրաձայնուած ազգային միասնութեան լոզունգներուն, այլեւ անոնց անկեղծութիւնը փորձաքարի կ՛ենթարկէին:

Տգեղ երեւոյթ է նաեւ, երբ կառավարութեան հարիւր օրուան ամփոփման թեմայի տակ վարչապետին կողմէ ծանուցուի իր ղեկավարած կուսակցութեան Երեւանի քաղաքապետի թեկնածուն: ՀՀ վարչապետը անկողմնակալ վերաբերում պէտք էր ցուցաբերէր բոլոր թեկնածուներուն նկատմամբ, երբ կը ներկայանայ իբրեւ այդպիսին, բայց մանաւա՛նդ, երբ ազգային համաձայնութեան պատմուճանը կրող վարչապետ է:

Հանրահաւաքը ուժերու համախմբման ծառայեցնելու եւ այդ համախմբումով յեղափոխութեան առաջադրանքներու ուղղութեամբ թափ հաւաքելու փոխարէն` սկիզբէն իսկ վիժեցաւ եւ նոր բաժանարար գիծերու առիթ ստեղծեց:

Յեղափոխութեան առաջադրանքներու շուրջ գէթ կառավարութեան մասնակից ուժերու ներգրաւման եւ համախմբման վարքագիծը առաւե՛լ կը նպաստէ յարաճուն ժողովրդական յենարանի կազմաւորման, քան` այդ առաջադրանքներու միակուսակցականացնելու եւ մենաշնորհելու գործընթացը: Քաղաքացիական պայմանագիրը պէտք չէր ներքաշուեր յեղափոխութեան եւ մանաւանդ անոր յաջորդող փուլի սեփականացման գայթակղութեան, եթէ անկեղծ եւ հաւատարիմ ազնուութիւնը ունի յեղափոխութեան յաղթանակը իսկապէս նուիրաբերելու ժողովուրդին: Ճիշդ է, որ Քաղաքացիական պայմանագիրը յեղափոխութեան նախաձեռնութիւնը առաւ, եւ վարչապետը անոր հեղինակաւոր առաջնորդութիւնը կատարեց, բայց պէտք չէ շրջանցուին քաղաքական այն ուժերը (Ելքի միւս բաղադրիչները` Լուսաւոր Հայաստանն ու Հանրապետութիւնը, ՀՅԴ-ն եւ Բարգաւաճ Հայաստանը), որոնք նպաստեցին յեղափոխութեան սահմանադրական ելակէտի անհրաժեշտ ապահովման:

Այլ քաղաքական ուժերու մասնակցային տարբեր ձեւաչափերու լուսանցքայնացման ու չէզոքացման միտող այս պահուածքն ու վարուելակերպը քաղաքական վատառողջ մշակոյթի մը ցուցանիշներն են: Տաւուշի մարզ այցելութեան ընթացքին վարչապետին կողմէ քաղաքական գործընկերութեան գաղափարի նկատմամբ անհանդուրժող եւ ենթակայական մեկնաբանութեամբ կեցուածքը շեշտուած նախանշան մը կը փոխանցէր այս գծով:

Ասկէ կարելի է ենթադրել աւելին. արդարեւ, համաձայնական կառավարութեան մասնակից ուժերու միջեւ քաղաքական յուշագիրի կազմութենէն խուսափումը պէտք էր փնտռուած ըլլար այս պահուածքին մէջ, որ իբրեւ գլխաւորող ուժ` ձգտեցաւ շրջանցել պայմանական յանձնառութեան տակ դրուելու կացութիւն մը, մասնակցային կարելի լծակները բացառելու միտումով:

Իսկ ազգային համաձայնութեան վարչապետին առջեւ քշած եզրը, ընդհանրապէս, թերի ու խոցելի կը մնայ: Ազգային համաձայնութեան յղացքը հեղինակային իրաւունք չի՛ կրնար ունենալ. անիկա լա՜յն ընդգրկումով` «խմբագրակազմ» կ՛ենթադրէ, թէկուզ` «խմբագրապետի» առկայութեամբ:

Այսպէ՛ս, համաձայնական կառավարութեան մասնակից ուժերը, որոնք յատուկ ներդրում ունեցան ժողովրդային ֆորսմաժորային իրավիճակին սահմանադրական ելք ապահովելուն, այսօր, յետադարձ հայեացքով, հաւաքաբար «փողոցը» օրինականացնող, բայց այլեւս անպէտք ցուցափեղկի մը կամ նոյն «փողոցը» սահմանադրական հիմնարկ տեղափոխած անգործածելի բեռնակառքի մը տեղ կը դրուին:

Առաւե՛լ վտանգաւորը այն է, որ քաղաքական դաշտի մէջ քաղաքական ուժերու մասնակցային ձեւաչափերը շրջանցելէ անդին, ինքնավստահ համարձակութեամբ, կ՛որդեգրուի ընդհանրապէս խորհրդարանը ժողովրդային հանրահաւաքներով փոխարինելու նախաձեռնութիւն. այն ալ` հին Աթէնքի նախնական ժողովրդավարութեան բնորդով:

Այս նախաձեռնութիւնը ո՛չ թէ միջազգային քաղաքագիտութեան եւ պատմագիտութեան, այլ ամբոխավարութեա՛ն master class է: Ամբոխավարական նման մեքանիզմի մը ներդրումը ո՛չ միայն կը միտի բազմակուսակցական դրութեան եւ կուսակցութիւններու չէզոքացման, այլ քաղաքական մշակոյթի սնանկացումով` անոր ու առհասարակ քաղաքական դաշտի անէացման…

Թերեւս վերանկախացած մեր պետութեան պետական համակարգի փտածութիւնը իր դաժան կերպարներով ու բիրտ բնոյթով միջազգային քաղաքագիտութեան մէջ master class էր ու է, որ կ՛ենթադրէ համարժէք լուծումներ, ԲԱՅՑ` ո՛չ յունական պուզուքիայի հին ռիթմերով եւ ո՛չ ալ պոլշեւիկեան յեղկոմի կամ լեւոնեան շտապի ներշնչումներով: Փտախտաւորուած համակարգի ու կենսակերպի երեւոյթներուն լուծման հայկական եղանակը ա՛յլ է: Զուտ հայկակա՛նն է, որ master class կրնայ ըլլալ, այնպէս` ինչպէս հայոց պատմութեան կարգ մը անկիւնադարձային դրուագներ, վերջին հարիւրամեակի կտրուածքով` Սարդարապատէն արցախեան ազատամարտ եւ մինչեւ (այո՛) թաւշեայ յեղափոխութիւն:

Գ) Կառավարման համակարգին ուղղուած հարցադրումներ

Վերը անդրադարձանք քաղաքական դաշտը միակուսակցականացնելու, ամբոխավարութեան ներարկումով առճակատման` սեւ-սպիտակի բաժանարար սահմանագծումով կաղապարելու եւ տարբեր բնոյթի այլակարծութեանց առիթները չէզոքացնելու կազմաւորուող միտումներու մասին:

Այս ամբողջը բոլորովին այլ հարթութիւն կը տեղափոխուի, երբ ուղղակի յղում կը կատարուի կառավարման ձեւի փոփոխութեան:

Եթէ այս յղումները եւ անոր համարժէք միջոցառումները` մինչեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան փուլ, յեղափոխութեան առաջադրանքները առջեւ մղելու գործիքներ են եւ կը նպատակադրեն միայն յետընթացի գործողութիւններ եւ դաւադրութիւններ կանխել, թերեւս արդարացուած են ժամանակաւորապէ՛ս: Ի վերջոյ, ժողովրդավարական պայքարի ձեւ է` ժողովրդական հրապարակով ճնշումի տակ պահել ժողովուրդէն խորթացած խորհրդարան մը:

Նոյնն է պարագան հանրաքուէներու կազմակերպման եւ ներկայացման աքթիւութեան` իբրեւ խորհրդարանէն վերադասուած համակարգ` նո՛յն խորհրդարանը ճնշման տակ պահո՛ղ: Ի դէպ, գործող սահմանադրութիւնը այս վերջինին հնարաւորութիւնը կ՛ընձեռէ երկու հարիւր հազար ժողովրդային ստորագրահաւաքի մը միջոցով, անշո՛ւշտ` սահմանադրական համապատասխան ընթացակարգով մը, որ դարձեալ նոյն խորհրդարանին կարիքը ունի:

Ժողովրդական հրապարակով քաղաքական պայքարի այս մարտավարութիւնը թերեւս ամենայարմար զսպաշապիկն է յեղափոխութեան անհնազանդութեան նշաններ ցոյց տուող խորհրդարանին: Ի միջի այլոց, 2005-ի Լիբանանի «Մայրիներու յեղափոխութեան» ժողովրդական հրապարակի մարտավարութիւնը, երկարաշունչ պայքարի իբրեւ միջոց, մաշեցաւ, երբ խորհրդարանական մեծամասնութեան ուժերը քանի մը ամիս ետք սկսան բանեցնել այս անգամ իրենց կազմաւորած ժողովրդական հրապարակը` թուային ու քարոզչաքաղաքական համարժէք տարողութեամբ: Այսինքն պէտք չէ բացառել նաեւ ժողովրդական հրապարակի դէմ այլ ժողովրդական հրապարակի շարժման բեմագրութիւնը, որ կոշտ առճակատման վերադարձի բաղադրիչներ կրնայ կուտակել:

Մէկ խօսքով, ժողովրդական հրապարակի մշտանորոգ բանեցումը իբրեւ խորհրդարանը քաղաքականօրէն հակակշռելու մեքանիզմ` կրնայ արդարացուած ըլլալ որոշ փուլի մը համար:

Սակայն ժողովրդական հրապարակի հիմնարկաւորումը իբրեւ խորհրդարանը փոխարինող կառոյց` անընդունելի է եւ յղի է երկրի օրինականութեան վարկանիշի եւ սահմանադրականութեան գերակայութեան խնդրահարումներով` ո՛չ միայն ներքնապէս, այլեւ` միջազգայնօրէ՛ն: Պէտք չէ մոռնալ, որ Հայաստանի պետութիւնը նաեւ իրաւական պետութիւն է, եւ հանրութիւնը իր իշխանութիւնը կը ձեւաւորէ իրաւական մեքանիզմով: Ուղիղ ժողովրդավարութեան նման կառուցակարգի մը ներդրումը` զուիցերիական քանթոններու ժողովրդական կենսակերպի առնչութիւններով, նաեւ անյարիր է պատերազմական անմիջական վտանգի տակ գտնուող մեր հանրապետութեան:

Եթէ ուղիղ ժողովրդավարութեան հիմնաւորուած համոզումն ու խանդավառութիւնը առկայ են, կարելի է խորհրդարանական վարչաձեւի իբրեւ լրացուցիչ հակակշռի մաս` ուղղակի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած եւ հանրաքուէներու կազմակերպման լիազօրութիւններով օժտուած նախագահական հիմնարկի մը հաստատումը այլընտրանք ընդունիլ: Անմիջապէս աւելցնեմ, որ նման այլընտրանքի մը առաջադրումը պետութիւնը երկգլխանի կացութեան մը մղելու չի միտիր, ոչ ալ` կիսանախագահական վարչաձեւի, այլ պարզապէ՛ս հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ ժողովրդային դրդումով, պարբերաբար, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ստուգել` հանրաքուէներու կազմակերպման ընդմէջէն, ուղղակի ժողովուրդին կողմէ ընտրուած եւ ժողովրդավարական կեանքի երաշխաւորութեան լիազօրութիւնները կրող նախագահական հիմնարկի միջնորդութեամբ:

Ասկէ անկախ ալ, անցնող իրադարձութիւնները ապացուցեցին, որ super վարչապետի հիմնարկը պէտք է վերանայուի, եւ որոշ լիազօրութիւններ պէտք է վերաբաշխուին նախագահին եւ խորհրդարանին` խուսափելու համար անել կացութեանց լուծումը մէկ հիմնարկով սահմանափակելէ: Այս գծով վարչապետ Փաշինեանը իր յանձնառութեան տէրը պէտք է ըլլայ:

Գալով կառավարութեան կազմը եւ պետական զանազան գերատեսչութիւնները կրճատելու եւ համարկելու անհրաժեշտութեան` անիկա պետական գործունէութեան արդիւնաւէտութեան հաշուարկներու հիմամբ պէտք է կառուցուի եւ սոսկ տնտեսավարման կրճատումներու նեղ թելադրանքով չառաջնորդուի:

Տակաւին, սփիւռքի նախարարին կողմէ երկպալատ խորհրդարանի ստեղծման միջոցով սփիւռքի հայրենական կեանքի մասնակցութեան առաջադրանքը պէտք է մարմնաւորուի համապատասխան քննարկումներուն սփիւռքի ի՛սկ մասնակցութեամբ: Ողջունելի այս առաջադրանքը պէտք է ներառէ նաեւ այլ տարբերակներու քննարկումներ:

Որպէսզի երկպալատ խորհրդարանի մը մէկ պալատը, սփիւռքի մասնակցութեամբ հանդերձ, անպտուղ ծերակոյտի մը կերպարանքը չստանայ, կարելի է քննարկել ազգային խորհուրդի գոնէ 15%-ը սփիւռքահայութեան երեսփոխաններով գոյացնելու տարբերակը, որ իրական մասնակցութեան դուռ կը բանայ: Հայաստանակեդրոն եւ մէկ հայութեան առաջադրանքը հայրենական քաղաքական կեանքի սփիւռքի իրակա՛ն մասնակցութեան ձեւաչափի մը որդեգրմամբ միայն կրնայ մարմին ստանալ:

18-28 օգոստոս 2018
«Դրօշակ»

(Շար. 1)

Նախորդը

Յօտուած Ծիրանին

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պոլսոյ «Շաբաթօրեայ Մայրեր»-ու Ոդիսականը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?