Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Բանակցային Գործընթացքին Մէջ Արցախի Ներգրաւումը Կը Բխի Խնդիրի Խաղաղ Կարգաւորման Շահերէն. Աշոտ Ղուլեան
Ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ Արցախի ներգրաւումը միայն կը բխի հակամարտութեան խաղաղ ու արդարացի կարգաւորման շահերէն: Այս մասին նշած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:
«Արցախի ներկայութիւնը բանակցային գործընթացին մէջ միայն ու միայն կը բխի հակամարտութեան խաղաղ ու արդարացի կարգաւորման շահերէն: Այս փաստը տարիներ շարունակ մեր արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն մէջ մատնանշուած է` հիմնաւորելու համար երկրի իշխանութիւններու դիրքորոշումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի շրջանակներուն մէջ ընթացող բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափը վերականգնելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ: Այն հանգամանքը, որ 1990-ականներուն, երբ Արցախը անմիջապէս կը մասնակցէր բանակցութիւններուն, մենք ունեցած ենք ճշգրիտ արդիւնքներ զինադադարի հաստատման եւ անոր համակարգի ամրապնդման մասին` հիմնարար փաստաթուղթերու տեսքով, արդէն իսկ կը հաստատեն այն տեսակէտը, որ առանց հակամարտութեան հիմնական կողմի` Արցախի, գործընթացը մշտապէս ձգձգուելու է: Այսօր միջնորդները չեն յաջողիր անգամ ապահովել բանակցութիւններու վերսկսման անհրաժեշտ պայմանները, իսկ ատիկա արդէն կը խօսի այն մասին, որ ներկայ ձեւաչափը չի բաւարարեր արդիւնաւէտ կարգաւորմանը: Այսքանով հանդերձ, եթէ ներկայիս հակամարտութեան ոչ բոլոր կողմերը կը գիտակցին այս պարզ իրողութեան, ապա այդ դեռ չի նշանակեր, որ հայկական կողմերը պէտք է դադրին շրջանառել Արցախի մասնակցութեան թեման, քանի որ, ի վերջոյ, հարցին լուծումը կրնայ ըլլալ բացառապէս այն դէպքը, եթէ վերջինս համապատասխանէ Արցախի ժողովուրդի ակնկալիքներուն», «Արմենփրես»-ի փոխանցումով` ըսած է Ղուլեանը:
Արցախի Ազգային ժողովի նախագահը անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանի հետ հնարաւոր պատերազմի վերսկսման` նշելով, որ Արցախը գործ ունի Ազրպէյճանի` անկանխատեսելի իրականութեան հետ:
«Այս հանգամանքը մեզ կը պարտաւորեցնէ չկորսնցնել զգօնութիւնը` պատերազմի յանկարծակի վերսկսման հանդէպ: Ազրպէյճանը երբեւէ չէ թաքցուցած խնդիրը ռազմական եղանակով լուծելու ցանկութիւնը: Զինադադարի համաձայնութեան պարբերական խախտումները, ներթափանցման փորձերը եւ սահմանին վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելուն ուղղուած գործընթացներու ներդրման բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն հրաժարումը միայն կը հաստատեն այդ երկրի վարչախումբի վրէժխնդրական յաւակնութիւնները: 2016 թուականի ապրիլէն ետք մենք աւելի համակողմանի կ՛արձագանգենք ստեղծուած իրավիճակին: Այս ընթացքին ամրացուցած ենք սահմանագիծը, արհեստագիտականօրէն վերազինած ենք պաշտպանական դիրքերը: Սակայն անվտանգութեան ապահովման գործը միայն մեր պարտաւորութիւնը չէ», ըսած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը:
Պատասխանելով հարցին, թէ ովքե՞ր արտերկրի մէջ կը կրեն Արցախի անվտանգութեան ապահովման պատասխանատուութիւնը, Աշոտ Ղուլեանը նշած է, որ անոնք առաջին հերթին միջնորդ երկիրներն են:
«Եթէ կը խօսինք տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման ու պատերազմի կանխման քաղաքական լծակներու մասին, ապա այդ առաջին հերթին կը վերաբերի միջնորդներուն` ի դէմս ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներուն եւ անդամ երկիրներուն», ընդգծած է ան:
«Եթէ 1991 թուականին անկախ հանրապետութեան հռչակումը Արցախի ինքնագոյատեւման կենսական պայման էր, ապա այսօր անիկա արցախեան նոր սերունդի ինքնութեան անբաժանելի մասն է: Մեր կեանքի իրաւունքն ապահովելու, պաշտպանութիւնը պատշաճօրէն կազմակերպելու եւ մայր հայրենիքին վերամիաւորուելու համար սկսած շարժման հետագայ յաջողութիւնը երաշխաւորելու համար մենք գացինք երկրորդ հայկական հանրապետութեան հռչակման ճանապարհով` պահպանելով միջազգային իրաւունքով ամրագրուած բոլոր պահանջները: Անցած 27 տարիներու ընթացքին համահայկական ջանքերով մենք յաջողած ենք զարգացնել Արցախը եւ դարձնել այն համազգային արժէք. արժէք, որ բոլորինն է եւ իւրաքանչիւրինը», ըսած է նախագահը:
Աշոտ Ղուլեանի խօսքով, խորհրդարանական դիւանագիտութիւնն ամենաարդիւնաւէտ գործընթացն է` արտաքին աշխարհին Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը հասանելի դարձնելու համար:
«Արցախի Հանրապետութեան այսօրուան կարգավիճակով պայմանաւորուած` մենք դուրսի հետ շփումներու շատ քիչ հնարաւորութիւններ ունինք: Խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը թերեւս ամենաարդիւնաւէտ աշխատող գործընթացն է, որ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռէ արտաքին աշխարհին, մասնաւորապէս` քաղաքական-հասարակական շրջանակներուն հասանելի դարձնելու Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը, այս կամ այն հարցերուն մէջ մեր դիրքորոշումն ու տեսակէտները: Ազգային ժողովի մէջ կը գործեն շարք մը բարեկամական խումբեր` Եւրոպական խորհրդարանի, Պելճիքայի Թագաւորութեան Ֆլանտրիայի խորհրդարանի հետ եւ բարեկամութեան շրջանակներ` Լիթվայի, Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի ֆրանսախօս համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս ուղղութեամբ մեր աշխատանքները աշխուժ կերպով շարունակուելու են նաեւ յաջորդ նստաշրջաններու ընթացքին: Այս ամէնուն հետ մէկտեղ կան նոր նախաձեռնութիւններ, որոնց իրագործումն, ի հարկէ, ժամանակի հարց է», նշած է ան:
Եզակի Նուիրատուութիւն` Այնթապի Հերոսամարտէն Մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի գիտաժողովներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եզակի նուէրի մը յանձնման արարողութիւնը թանգարանին: Սուրիահայ հայրենադարձ Ճորճ Բարսեղեանը թանգարանին նուիրեց իր ընտանեկան մասունքը` Այնթապի հերոսամարտին ընթացքին օգտագործուած ատրճանակը:
Մասնագիտութեամբ բժիշկ Ճորճ Բարսեղեանը արդէն վեց տարի է ի վեր մնայուն բնակութիւն հաստատած է Հայաստանի մէջ: Առաւել կապուելով հայրենիքին` ան հաստատապէս որոշած է սերունդէ սերունդ փոխանցուած ընտանեկան մասունքը` ատրճանակը, ի պահ տալ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին:
«Այստեղ անոր վերջնական եւ մշտական արժանի վայրն է` մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը յաւերժացնող սրբատեղիին մէջ, ուր անիկա կարելի եղածին չափ մօտիկ է նահատակներու հոգիներուն», համոզուած է Բարսեղեանը:
Ատրճանակը պատկանած է իր հօր մեծ հօրը` Գիրգոր (Գեւիրկ) Բարսեղեանին, որ մասնակցած է Այնթապի հերոսամարտերուն: Բարսեղեանը զէնքը Հայաստան գալէն առաջ ի պահ տուած էր Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատան, եւ միայն վերջերս Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանի ջանքերով կրցած էր դուրս բերել Սուրիայէն:
«Այս չափազանց կարեւոր նուիրատուութիւն է, թանգարանային միաւոր, որ իր մէջ կը խտացնէ հայ ժողովուրդին մարտական ոգին, վերապրելու կամքն ու յաղթանակի նկատմամբ ունեցած վստահութիւնը», յայտնեց թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Նարինէ Մարգարեանը:
Նշենք, որ հանդիսութեան ներկայ էին` սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փոլատեանը, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամետ Հաժ Իպրահիմը, թանգարանի հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամներ եւ հիւրեր:
Չինաստան Հայաստանին Կը Նուիրէ Շտապ Օգնութեան 200 Նոր Հիւանդատար Ինքնաշարժ
Հինգշաբթի, 30 օգոստոսին, կառավարութիւնը իր հերթական նիստին ընթացքին հաստատեց որոշում մը, որուն հիման վրայ Հայաստան կ՛ընդունի Չինաստանի կողմէ նուիրուող շտապ օգնութեան 200 նոր հիւանդատար ինքնաշարժները:
«Նախագիծով կը նախատեսուի շտապ օգնութեան հիւանդատար ինքնաշարժները եւ անոնց օժանդակ սարքաւորումները նուիրել Երեւանի եւ մարզերու մէջ գործող բժշկական կազմակերպութիւններուն` շտապ օգնութեան աշխատանքը կազմակերպելու նպատակով: Այսպիսով, ամբողջութեամբ կը բաւարարուի Հայաստանի մէջ առկայ ամբողջ պահանջարկը, եւ շտապ օգնութեան կանչերու մերժման հարց չենք ունենար», յայտնեց առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը: Ըստ նախարարին, մարզերը նոյնպէս պիտի ունենան վերակենդանացման սարքերով օժտուած հիւանդատար ինքնաշարժներ, որոնց միջոցով հիւանդները պիտի տեղափոխուին Երեւան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց չինական կողմին` կարեւոր եւ անհրաժեշտ աջակցութեան համար:
«Այս օգնութիւնը եւս մէկ անգամ կ՛ընդգծէ հայ-չինական յարաբերութիւններուն բարձր մակարդակը: Համոզուած եմ, որ այդ յարաբերութիւնները յառաջիկային էականօրէն կը զարգանան եւ նոր մակարդակի կը բարձրանան», ըսաւ վարչապետը:
Հայաստանի Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Պիտի Ցուցադրուի Մարտիրոս Սարեանի «Գազելներ» Նկարը
Առաջին անգամ Հայաստանի մէջ` Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանին մէջ կազմակերպուող «Սարեանը եւ Ֆրանսան» ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի Մարտիրոս Սարեանի յայտնի «Գազելներ» նկարը` Տրետեակովեան պատկերասրահի հաւաքածոյէն: Նկարը կարելի դարձած է ցուցադրութեան դնելու ամերիկահայ բարերար Հայկուշ Քոհլերի մեկենասութեան շնորհիւ: Այս մասին կը տեղեկանանք տուն-թանգարանի Դիմատետրի էջէն:
Նշենք, որ «Սարեանը եւ Ֆրանսան» ցուցահանդէսը պիտի կայանայ սեպտեմբեր 19-էն նոյեմբեր 14 եւ նուիրուած է Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան գագաթնաժողովին:
Յայտնենք, որ նոյն ցուցահանդէսի ծիրին մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ պիտի ներկայացուի վարպետին փարիզեան շրջանի (1926-1928) «Կովկասեան քաղաքի փողոց. Թիֆլիս» (1927 թուական) զարմանալի պատմութիւն ունեցող կտաւը:
Յուսադրող Ապագայ` Ամուր Տանիքի Տակ Բնակարանաշինութիւն Թաթուլ Գիւղին Մէջ
Մկրտչեաններու բազմանդամ ընտանիքը կ՛ապրի Արագածոտնի մարզի Արտենի լերան հարաւարեւելեան ստորոտը գտնուող Թաթուլ գիւղին մէջ: Մօտ տասը տարի ընտանիքը ապրած է խարխլուած տանիքով ու բնակարանային տարրական պայմաններէն զուրկ, կիսակառոյց տան մէջ, որուն պատերը ցուրտէն եւ խոնաւութենէն բորբոսած ու սեւցած են:
Նոր` վարդագոյն տուֆով պատուած կառոյցը այժմ բացարձակ նման չէ հին տան. արդէն քանի մը ամիսէ ընտանիքի հայրը` Վոլոդիան, գիշեր-ցերեկ շինարարական աշխատանքներ կ՛իրականացնէ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի բնակարանաշինութեան ծրագրի շրջանակներուն մէջ: Ան հասցուցած է ոչ միայն ամրացնել ու հաստացնել բարակ պատերը, այլ նաեւ` նոր յարմարութիւններ ստեղծել:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի խումբերը միացած են ընտանիքին` յատակի պեթոնի աշխատանքներն իրականացնելու համար: Կողմերու աջակցութեան արդիւնքով Մկրտչեաններուն տունը նոր ու ամուր տեսք կ՛ունենայ:
«Աւելի քան տասը տարի մեր գործընկերներուն հետ ձգտած ենք տանիք ստեղծել ատոր անհրաժեշտութիւնն ունեցող շատ մը ընտանիքներու համար, քանի որ ամուր տանիքը նաեւ ամուր ընտանիքի խորհրդանիշ է: Յուսով եմ, որ շինարարական հրապարակին վրայ կամաւորներուն դրսեւորած նուիրումն ու ջանասիրութիւնը դրական լիցքեր կը փոխանցեն ե՛ւ իրենց, ե՛ւ այս տան մէջ ապրողներուն», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:
Ջրվէժէն Պարանով Իջնել, Թռչիլ Ժայռերէն Դէպի Գետը. Հայաստանի Մէջ Պիտի Զարգանայ Արկածախնդրական Զբօսաշրջութեան Նոր Տեսակ
Երեւանեան «ՕՍՄ» հիմնադրամը յայտարարած է յուլիս ամսուան ընթացքին վաւերացուած նախագիծին` Դանիէլ Արութիւնովի Canyoning-ին մասին:
Նախագիծին նպատակն է Հայաստանի մէջ զարգացնել արկածախնդրական զբօսաշրջութեան նոր տարբերակ` canyoning-ը, վերջինս արկածային զբօսանք մըն է կիրճի եւ գետի մէջ: Զբօսանքի ընթացքին պէտք է լողալ, ջրվէժներէ պարանով իջնել, թռչիլ ժայռերէն դէպի ջուր, սահիլ թէք ժայռերու վրայէն, մագլցիլ եւ այլն: Այդ ճանապարհը կարելի պիտի ըլլայ անցնիլ 2-6 ժամուան ընթացքին` գետի հոսանքին ուղղութեամբ:
Ինչպէս կը նշուի, Հայաստանի մէջ արդէն կան 4 հետազօտուած գօտիներ, ուր կարելի է կազմակերպել նմանատիպ ժամանց: Հայաստանի կլիման յարմար է, համապատասխան գոյքի օգտագործման պարագային, զբաղելու այս գործունէութեամբ տարուան մէջ մինչեւ ութ ամիս:
Տեղեկացնենք, որ «ՕՍՄ» հիմնադրամը անկախ մարդոց խումբ մըն է, որ կ՛աջակցի իրականութիւնը աւելի լաւ դարձնող գաղափարներու: Ամէն ամիս հիմնադրամը կը տրամադրէ 1.000 տոլարի համարժէք փոքր դրամաշնորհ մը` տուեալ ամսուան նախագիծը շահողին: «ՕՍՄ»-ն կարելիութիւն կ՛ընձեռէ դիմորդներուն` իրականացնել սեփական մտայղացումներ, որոնք կրնան նպաստել մեր հասարակութեան բարելաւման գործընթացին: