Սեպտեմբեր 1-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 27-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ:
Պետական բարձր պարգեւներով պարգեւատրուած են պաշտպանութեան բանակի զինծառայողներ, ազատամարտիկներ, խումբ մը պետական եւ հասարակական գործիչներ, բարերարներ, տնտեսութեան, առողջապահութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներու ներկայացուցիչներ:
Իր ելոյթին մէջ նախագահը նշած է, որ այսօր Արցախը մայր Հայաստանի եւ սփիւռքի հետ միասին վստահ քայլերով կ՛ընթանայ ազատ, ինքնիշխան եւ ժողովրդավարական պետութիւն կառուցելու ճանապարհով` ընդգծելով, որ այս բոլոր տարիներու ընթացքին առաջին հերթին յուսալիօրէն ապահովուած է պետութեան եւ ժողովուրդի պաշտպանունակութիւնն ու անվտանգութիւնը, լուծուած են շատ ու շատ խնդիրներ պետական մարմիններու ու ժողովրդավարական հիմնարկներու կայացման, տնտեսութեան տարբեր ոլորտներու զարգացման, բնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման ուղղութեամբ:
Խօսելով ընելիքներու մասին` Բակօ Սահակեանը նշած է, որ ժամանակը կը ներկայացնէ նոր պահանջներ եւ կարեւորագոյն խնդիրներ` վստահութիւն յայտնելով, որ պետութեան կողմէ կը ձեռնարկուին բոլոր միջոցները զանոնք արդիւնաւէտօրէն լուծելու ուղղութեամբ: «Այդ վստահութեան հիմքի մէջ ինկած է մեր ժողովրդի անսասան կամքը, ցանկացած դժուարութիւն յաղթահարելու եւ իր ճակատագրի տէրը ըլլալու պատրաստակամութիւնը», շեշտած է նախագահ Սահակեանը:
Ձեռնարկին ներկայ էին` Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, պետնախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը, պաշտօնատար այլ անձինք: