Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն – 100-ամեակ Սեւրի Դաշնագիրի Ստորագրութեան Լուրը Ինչպէ՞ս Կը Հասնի Հայաստան Եւ` Պոլսոյ Համազգային Ժողովին Ողջոյնը

Սեպտեմբեր 6, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան մասին Աւետիս Ահարոնեանին յղած հեռագիր-լուրը, ըստ երեւոյթին, նախ կը հասնի Հայաստանի Կոստանդնուպոլսոյ դեսպանատուն, ուր դեսպան (Ֆ.) Թահթաճեանը իր կարգին հեռագիրին բովանդակութիւնը կը յղէ Հայաստանի Թիֆլիսի դեսպանատուն, որպէսզի ի վերջոյ այնտեղէն հեռագիրով հասնի Երեւան: Ըստ երեւոյթին, կարելի չէր Սեւրէն Երեւան կամ Թիֆլիս հեռագիր ղրկել:

Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան լուրը Հայաստանի մամուլին մէջ կը տեսնենք 11 օր ետք` 21 օգոստոս 1920-ին, թէեւ անկէ երկու օր առաջ` 19 օգոստոսին «Միացեալ Հայաստանի անկախութեան» ժողովրդային փառաշուք տօնակատարութիւնը արդէն տեղի կ՛ունենայ Երեւանի մէջ, որուն լրատուութիւնը նաեւ կը կարդանք «Յառաջ»-ի նոյն համարին մէջ: ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Յառաջ»-ի 21 օգոստոս 1920-ի թիւով կը հրատարակուի լուրը. «ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ` ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԱԾ» խորագիրով: Ստորեւ լրատուութիւնը` արեւմտահայերէնի վերածուած (1).

«Պոլսոյ մեր դիւանագիտական ներկայացուցիչ Գ. Թահթաճեանէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին անունով ամսոյս 12-ին (12 օգոստոս 1920) ստացուած է հետեւեալ աւետաբեր հեռագիրը.

«Ձերդ վսեմութիւն, կը շտապեմ հաղորդել ձեզի այն հեռագիրի բովանդակութիւնը, որ ստացայ Փարիզի մեր պատուիրակութենէն, երէկ (10 օգոստոս 1920).

«Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը նուիրագործող դաշնագիրը այսօր` օգոստոս 10-ին ստորագրեցի Սեւրի մէջ, դաշնակիցներուն հետ միասին:

«Այս փաստին վճիռը, որ կը ճանչնայ հայ ժողովուրդին ազատութիւնը, հրճուանքով կը լեցնէ մեր սիրտերը եւ կաթոգին երախտագիտութեամբ` բոլորին հանդէպ, որոնք փառքով ինկան հայրենիքին համար:

«Խնդրեմ` այս հեռագիրին մասին հաղորդել Թիֆլիս (դիւանագիտական ներկայացուցիչ Տիգրան) Բէգզադեանին` հասցնելու համար Երեւան, եւ պատճէնը հայկական ազգային իշխանութիւններուն` Պոլիս:

(Աւետիս) Ահարոնեան»

Խորին հրճուանքով  ձերդ վսեմութեան կը հաղորդեմ այս լուրը:

Յարգանօք` (Տիգրան) Բէգզադեան»:

Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան լուրը` «Յառաջ» 21-8-1920:

Յատկանշական է այս առիթով Թուրքիոյ հայկական համայնքին յղած հետեւեալ շնորհաւորական նամակը: 3 հոկտեմբեր 1920-ի թիւով «Յառաջ» կը հրատարակէ «Պոլսոյ Համազգային ժողովի ողջոյնը» Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան առիթով (2).

«Վսեմաշուք պ. Համօ Օհանջանեան, վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան,

«Հայաստանի Հանրապետութեան Կոստանդնուպոլսոյ ներկայացուցիչ պ. Ֆ. Թահթաճեանի միջոցով ծանօթացած ըլլալով պ. Աւետիս Ահարոնեանի հեռագիրին, որ կ՛աւետէր օգոստոս 10-ին Սեւրի մէջ Թուրքիոյ (վերաբերեալ) դաշնագիրը ստորագրուած ըլլալը, Համազգային ժողովը սրտագին կը շնորհաւորէ հանրապետութեան կառավարութիւնդ այս բարեբաստիկ իրողութեան առթիւ:

«Սեւրի դաշնագիրը, որ Հայաստանի ներկայացուցիչը կը ստորագրէր իբրեւ անկախ եւ աշխարհի հզօրներու դաշնակից պետութիւն, միջազգային նուիրագործումն էր հայ ժողովուրդին դարաւոր բաղձանքին` Հայաստանի անկախութեան:

«Թէեւ Սեւրի դաշնագիրը չ՛իրագործեր մեր ազգային բոլոր բաղձանքները, սակայն անիկա առաջին հանգրուանն է դէպի հայ ժողովուրդին մեծ իտէալը, որուն անվրէպ պիտի հասնի` շնորհիւ աննկուն կամքին եւ անփոխարինելի կորովին, որ արդէն ցոյց տուաւ ազատութիւնը կորզելու համար իր երկար ջանքերուն տեւողութեան:

«Այդ կամքը եւ կորովը Համազգային ժողովը կը յուսայ, որ զօրավիգը եւ ուժը պիտի ըլլայ Հայաստանի կառավարութեան` դաշնագիրով իրեն խոստացուած իրաւունքները իրագործելու եւ գրաւելու համար այն նահանգները, որոնք դաշնագիրով հայ հանրապետութեան կը կցուէին:

«Համազգային ժողովը կը մաղթէ, որ այսպէս դաշնագիրը իրագործուելէ ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը կատարելապէս յաջողի ազատագրութեան պայքարին մէջ` խորապէս վիրաւոր հայութիւնը վերականգնելու եւ աւերուած հայրենիքը վերաշինելու եւ կենսունակ գործունէութեամբ իրագործելու հայ ազգին բոլոր բաղձանքները:

«Համազգային ժողովը լիայոյս է հայ հանրապետութեան ապագային վրայ եւ կը հաւատայ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն կարելին պիտի ընէ արդարացնելու համար թէ՛ ազգին եւ թէ՛ օտարներուն կողմէ իր վրայ դրուած յոյսերը:

«Մաղթելով ամէն յաջողութիւն ձեր ձեռնարկներուն եւ գործերուն,
Մնանք խորին յարգանքներով`
Պատրիարք Հայոց`
Զաւէն Արքեպիսկոպոս
Ազգապետ աւետարանականներու`
Մեսրոպ Պեզճեան
Պատրիարքի տեղակալ հայ կաթողիկէներու`
Արժ. Սայեղեան»:

Պոլսոյ Համազգային ժողովի ողջոյնը Հայաստանի կառավարութեան` Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութեան առիթով, «Յառաջ» 3-10-1920:

25 օգոստոս 2018

————————–

(1) «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 178, 21 օգոստոս 1920, էջ 2:
(2) «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Բ. տարի, թիւ 215, 3 հոկտեմբեր 1920, էջ 3:

 

Նախորդը

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց Կոմիտասի Անուան Պանթէոնին (Ա)

Յաջորդը

Յետյեղափոխութեան Երկրորդ Փուլի Ազդանշաններով…

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?