Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա Բ. թագաւորին անունը կրող եւ Վիեննայի մէջ հաստատուած միջկրօնական յարաբերութիւններու կեդրոնը վերջին երկու տասնամեակներուն կարեւոր դեր կը կատարէ միջազգային մակարդակի վրայ միջկրօնական յարաբերութեան ու գործակցութեան զարգացման իմաստով: Անոր աշխատանքին մաս կը կազմեն զանազան մարզերու մասնագէտներ եւ աշխատակիցներ` տարբեր կրօնները ներկայացնող:
Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան բնագաւառը յիշեալ կազմակերպութեան համար միշտ կը մնայ առաջնահերթութիւն: Այս ծիրին մէջ ան կը շարունակէ կազմակերպել համագումարներ, սեմինարներ ու մասնագիտական դասընթացքներ: Կազմակերպութիւնը մօտէն կը գործակցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ, եւ յաճախակի առիթներով անոր ընդհանուր քարտուղարն ու բարձրաստիճան պատասխանատուները խորհրդակցութիւն կ՛ունենան վեհափառ հայրապետին հետ` KAICIID-ին առնչուած աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն վերաբերեալ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նաեւ իր ներկայացուցիչներուն ճամբով իր հետեւողական մասնակցութիւնը կը բերէ կազմակերպութեան, յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած աշխատանքներուն:
Յայտնենք, որ շուրջ տարի մը առաջ, վեհափառ հայրապետը դասախօսութիւն տուած էր Վիեննայի մէջ KAICIID-ի կազմակերպած միջկրօնական միջազգային համագումարին, եւ անոր տուած որոշումներուն լոյսին տակ, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւնը ամրապնդելու կոչուած Գործադիր մարմին մը ստեղծուած էր: Յիշեալ Գործադիր մարմինը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ մաս կը կազմէ դոկտ. Ժան Սալմանեան, իր առաջին հանդիպումը ունեցած էր Ամմանի մէջ, իսկ երկրորդ հանդիպումը ունեցաւ անցնող երեք օրերուն` Պէյրութի մէջ:
25 անձերէ բաղկացած յանձնախումբը երկուշաբթի, 3 սեպտեմբեր 2018-ին, ներկայացաւ վեհափառ հայրապետին նախ իր աշխատանքներուն արդիւնքը ներկայացնելու եւ ապա ունենալու անոր տեսակէտը: Շուրջ երկու ժամնոց հանդիպում մը տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին եւ համագումարի մասնակիցներուն միջեւ: Հանդիպման ընթացքին, ընդհանուր գիծերով, վեհափառ հայրապետը պարզեց քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան գծով իր մօտեցումները, յատկապէս վերջին շրջանին տեղի ունեցած նոր զարգացումներու լոյսին տակ: Ան նաեւ պատասխանեց ներկաներուն կողմէ արծարծուած կարգ մը հարցերուն ու մտահոգութիւններուն:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը գնահատեց KAICIID-ին կատարած բոլոր աշխատանքները:



