ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Յովհաննէս (Վանիս) Գապաքեանը, ժողովրդային բնորոշումով սովորական «զուռնաճի» չէ. ան տիրապետած է այս գործիքին` թէ՜ բացայայտելով զուռնային բոլոր նրբերանգները, թէ՜ նաեւ պատրաստելով բարձր որակով զուռնաներ: Ան հմտացած է նաեւ թմբուկի, սրինգի եւ «ուտ»-ի պատրաստութեան մէջ:
Իր կատարումները ունկնդրողին կը փոխանցեն Մուսա լերան հերոսական ժողովուրդին պարեղանակներուն զուլալ, առնական եւ պայքարող ոգին:
Փաստօրէն Վանիսը եղած է Մուսա լեռ-Այնճարի (եւ ոչ միայն) ժողովրդային տօնախմբութեանց զարդը վերջին յիսուն տարիներուն` արժանանալով բոլորին գնահատանքին:
Վանիսը յաջողած է նաեւ իր փորձառութիւնն ու գիտելիքները փոխանցել նոր սերունդին` որպէսզի միշտ հնչէ մուսալեռցիներուն թմբուկ-զուռնան:
Այս ձայնասկաւառակով ան կը յաւերժացնէ իր կատարումները` ունկնդիրներուն հրամցնելով Մուսա լերան պարեղանակներուն եւ ժողովրդային երգերուն իր հարազատ եւ ոգեշնչող մեկնաբանութիւնը:
1 մայիս 2018
Մուսա լեռ-Այնճար