Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

13 նոյեմբեր 2025-ին Պէյրութի նաւահանգիստի  «Սթոն կարտըն» շէնքին մէջ գտնուող «Տալլուլե արուեստագէտներու հանդիպումի արուեստի տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) խորագիրով անհատական առաջին ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 3 յունուար 2026:

Այս ցուցահանդէսի, ինչպէս նաեւ Երուանդ Հաւարեանի արուեստին մօտէն ծանօթանալու նպատակով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ արուեստագէտին հետ:

Հաւարեան ըսաւ, որ ինք ծնած է Գամիշլի: Դպրոցական շրջանին շաբաթական դրութեամբ գծագրութիւն կը դասաւանդէին, եւ ինք այդ ժամանակ, երբ ութը տարեկան էր, սկսած է սիրել գծելը: Կը գծէր Աստուածամօր, նաեւ Յիսուսի նկարներ եւ ինքնաշխատութեամբ զարգացուցած է գծելու ձիրքը` դիտելով ուրիշներու գործերը: Ան հաստատեց, որ ոչ ոք քաջալերած է զինք, որպէսզի գծէ, եւ նոյնիսկ իր հայրը դէմ կեցած է:

1964 թուականին ընտանեօք փոխադրուած են Լիբանան, եւ ինք սկսած է գծել ժապաւէններու որմազդներ, որ պատճառ դարձած է աւելի սիրելու գծագրութիւնը: Գծած է Պուրճ Համուտի տարածքին գտնուող բոլոր պատկերասրահներու մէջ ցուցադրուած ժապաւէններու որմազդներ: Պուրճ Համուտի մայր ճամբուն վրայ խանութ մը վարձած է, ուր աշխատած է մինչեւ 1969 թուականը, երբ Տըպպասի շրջանէն խանութ մը վարձելով` փոխադրուած է հոն, եւ շարունակած է իր աշխատանքը դարձեալ ժապաւէններու որմազդներ գծելով, որոնց մեծամասնութիւնը ինք յօրինած է ժապաւէնի նիւթին համապատասխան: Նոյն ատեն սկսած է գծել մեծ դէմքերու նկարները: Առաջին անձնաւորութիւնը, որուն նկարը գծած է, եղած է երգչուհի Սամիրա Թաուֆիքը, ապա` Ֆարիտ Աթրաշ, Ապտել Հալիմ Հաֆեզ, եւ այսպիսով գծած է գրեթէ բոլոր հին երգիչ-երգչուհիներու նկարները: Իր իսկ վկայութեամբ, կը սիրէր դժուար դէմքեր գծել: Գծած է լիբանանցի մեծ անձնաւորութիւններու նկարները, ինչպէս` վարչապետներ, նախագահներ, նաեւ եղած է հեղինակը լիբանանի բանակի լոկոյին, որ կը կրէ «Պատիւ, զոհողութիւն, հաւատարմութիւն» նշանաբանը:

Հաւարեան ըսաւ, որ այս մէկը իր առաջին անհատական ցուցահանդէսն է, ուր ներկայացուած են ժապաւէններու շուրջ 50 ջրաներկ զանազան չափի որմազդները, որոնք ժամանակին գծած է եւ ներկայիս կրկին զանոնք բոլորը գծած է ցուցահանդէսին համար: Ան դիտել տուաւ, որ շուրջ երեք տարիէ սկսած է վերստին գծել բոլոր այն նկարները, որոնք գծած է ժամանակին, որպէսզի ցուցահանդէս կազմակերպէ: Որոշած է երեք ցուցահանդէսներով ներկայանալ հանրութեան: Առաջինը` ժապաւէններու որմազդներով, որ ներկայիս կը ցուցադրուի, երկրորդը` պետական մեծ դէմքերու եւ անձնաւորութիւններու նկարներով, ինչպէս` նախագահներ, վարչապետներ, թագաւորներ, իսկ երրորդը` դերասաններու եւ երգիչներու նկարներով:

Հաւարեան ըսաւ, որ յիշատակելի եւ լաւ օրեր էին անցնող ժամանակները, որոնք դժբախտաբար անցան, եւ ներկայ երիտասարդութիւնը զանոնք չվայելեց:

 

Նախորդը

2026 Տարին` «Հրեղէն« Ձիու Տարի

Յաջորդը

«ԼՕԽ»-ի 2026-ի Օրացոյցը

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Այնճարցի Համալսարանական Պարոյր Ղուկասեանի Աւարտաճառը` Մուսա Լերան Յուշահամալիր
Հարցազրոյց

Այնճարցի Համալսարանական Պարոյր Ղուկասեանի Աւարտաճառը` Մուսա Լերան Յուշահամալիր

November 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.