Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկ Միտք, Բազում Հետեւանքներ

January 14, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԶԱ ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ-ԹԵԼՎԻԶԵԱՆ

Մարդու կեանքին մէջ կան պահեր, երբ ան կանգ կ՛առնէ ոչ թէ հանգստանալու,այլ իր  անցած ուղին լուռ կշռադատելու համար: Այդ ժամանակ ան կը դառնայ իր իսկ միտքերուն ունկնդիրը. կը յիշէ իր ձեռքբերումները, որոնք լուռ հպարտութեամբ կը ջերմացնեն հոգին, եւ` երազները, որոնց իրականացումը տակաւին անսպառ փափաք կը մնայ: Այդ մտորումներուն մէջ կը յայտնուին նաեւ ապրելակերպի այն մեծ ու փոքր փոփոխութիւնները, որոնք կեանքին աւելի ամբողջական իմաստ կու տան եւ զայն կը դարձնեն առաւել արդիւնաւէտ ու իմաստալից:

Արդեօք ան կը համարձակի՞ անդրադառնալ կեանքի «ընթացիկ սխալներուն»:  Ինչպէս լեզուի մը մէջ կրկնուող սխալները կրնան զանազան ձեւերով խանգարել այդ լեզուին բնական ու առողջ գործածութիւնը` զայն դարձնելով «անխնամ», որովհետեւ լեզուի մը պահպանումը կախեալ է մաքուր եւ գիտակից գործածութենէն, մեր կեանքին մէջ ալ գոյութիւն ունին սխալ վարքեր, որոնք սովորութիւն դարձած են եւ ոչ թէ` ակնյայտ սխալ:

Այս ընթացիկ սխալներէն մէկը, թերեւս` ամէնէն աննկատը, ենթադրութիւնն է: Մտածում մը, որ մարդու մտքէն կ՛անցնի կայծի մը պէս եւ կը յարուցէ` պատկերացում, երեւակայութիւն, հաւանաբար ժամանակաւոր համոզում, բայց եւ` անորոշութիւն: Ինչո՞ւ անխուսափելի է ենթադրութեան ծուղակը իյնալ… որովհետեւ մարդ կը վախնայ ճշմարտութենէն եւ անոր փոխարէն` կը նախընտրէ ընտելանալ պատրանքի մը: Ենթադրելը մեր հոգեկան անապահովութեան ձայներէն մէկն է, որ ընդհանրապէս հիմնուած կ՛ըլլայ երեւակայութեան, անցեալի փորձառութեան եւ անհատի մը փափաքներուն վրայ: Պէտք չէ մոռնալ, որ կրնայ նաեւ սխալ եզրակացութիւններու եւ սխալ դատողութիւններու դուռ բանալ:

Առօրեայ դրութեամբ մենք ենթադրութիւններ կ՛ընենք մարդոց վերաբերունքին, դէպքերու պատճառներուն կամ ապագայի ընթացքին մասին: Գրիգոր Զoհրապ ըսած է. «Յաճախ մենք կը դատենք ուրիշները` մեր սեփական միտքի ստուերով»: Իսկ Րաֆֆի քննադատած է ենթադրելը` ըսելով. «Մարդ շատ անգամ կ՛ըսէ` կը կարծեմ, առանց իսկապէս մտածելու, թէ իր կարծիքը հիմք ունի՞, թէ՞ ոչ»: Երբ մարդ անծանօթ երեւոյթի մը առջեւ գտնուի, կ՛ըսէ` «թերեւս այսպէս է», եւ այդ «թերեւս»-էն կը ծնին` բազում հարցումներ, ենթադրութիւններ, ժամանակաւոր գաղափարներ, որոնք բոլորն ալ պէտք ունին հաստատման:

Ենթադրութիւնները շատ անգամ բացասական անդրադարձ կրնան ունենալ անհատի մը կեանքին վրայ: Սխալ ակնկալիքներ կը ստեղծեն` պատճառ դառնալով անհասկացողութեան եւ սխալ որոշումի յանգելու: Կ՛առաջացնեն յուսախաբութիւն եւ կը մղեն, որ անձը ժխտական զգացումներ ունենայ, որովհետեւ իրականութիւնը կը տարբերի իր երեւակայած պատկերէն: Ենթադրութիւնը կրնանք համարել մթութեան մէջ լոյս մը, որ միշտ չէ, թէ ճիշդ ուղղութիւն ցոյց կու տայ: Այս պատճառով ենթադրութիւնը պէտք չէ նկատել որպէս վերջնական պատասխան, այլ որպէս սկիզբ` դէպի բացայայտում եւ յառաջընթաց:

Այո՛, բոլորս ալ անձնատուր ենք ենթադրութիւններու եւ կը խորհինք, թէ դժուար է հրաժարիլ անոնցմէ: Ենթադրութիւնը կրնայ խանգարել անհատի մը լիարժէք, գիտակից ու խաղաղ կեանք մը ապրելու իրողութիւնը: Առողջ մտածողութիւնը կը պահանջէ, որ ամէն ենթադրութիւն բաց մնայ քննադատութեան եւ փոփոխութեան: Այսպիսով, ան կամուրջ մը կը հանդիսանայ անգիտութեան եւ գիտելիքի միջեւ:

Կեանքը ճանապարհ մըն է` լեցուն փորձութիւններով, մարտահրաւէրներով եւ սխալներով: Երբ սորվինք սխալները իբրեւ դաս դիտել, կեանքը կը դառնայ ոչ թէ յոգնեցուցիչ ճամբորդութիւն, այլ` վերելքներով հարստացող ուղի եւ անձը ձեւաւորող ազդակ: Ամէն մէկ ենթադրութիւն հրաւէր մըն է` խորքին մէջ նայելու, մենք մեզ ճանչնալու եւ մեր ուղին վերարժեւորելու:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Նոր Հրատարակութիւն. «Յովհան Գ. Օձնեցի Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.