Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

January 14, 2026
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Վահան Յովհաննիսեանի Յիշատակի Օրը Երդման Արարողութիւն Անոր Շիրիմի Մօտ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակէն հաղորդեցին, որ 28 դեկտեմբերին` ականաւոր քաղաքական գործիչ, դաշնակցական Վահան Յովհաննիսեանի յիշատակի օրը, անոր շիրիմին մօտ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն:

Իրենց դաշնակցականի երդումը տուին եւ ՀՅԴ-ի շարքերուն միացան ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններէն տասնեակ մը երիտասարդներ:

«Արցախ. Վտանգուած Ժառանգութիւն» Պատկերագիրքի Բ. Հատորի Շնորհահանդէսը Երեւանի Մէջ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Հայաստանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Երեւանի մէջ` Արցախի ներկայացուցչութեան դահլիճի յարկին տակ, տեղի ունեցաւ «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» եռալեզու պատկերագիրքի Բ. հատորին շնորհահանդէսը:

Պատկերագիրքին Ա. եւ Բ. հատորները` հայերէնով, անգլերէնով եւ ռուսերէնով, կը ներկայացնեն Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը, որ այսօր Ազրպէյճանի կողմէ կ՛ենթարկուի ցեղասպանութեան:

Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք Համազգայինի Հայաստանի եւ Արցախի գրասենեակները նախաձեռնեցին այս կարեւոր հրատարակութեան` նպատակ ունենալով պատկերագիրքի տարածման միջոցով աշխարհին ուշադրութիւնը սեւեռել այն փաստին վրայ, որ Արցախի մէջ հայկական մշակութային հետքը վտանգուած է:

«Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» պատկերագիրքը կազմուած է Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի տնօրէն Րաֆֆի Քորթոշեանի կողմէ` հիմնուելով յստակ փաստերու եւ մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու վրայ: Անոր նպատակը Ազրպէյճանի կեղծ քարոզչութեան փաստարկուած պատասխաններ տալն է:

Շնորհահանդէսին բացումը կատարեց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան: «Գուցէ ժամանակին մենք ըստ արժանւոյն չենք հակադարձած Ազրպէյճանի հակահայկական քարոզչութեան, երբ ան տարիներ շարունակ կը փորձէր աշխարհին ապացուցել, որ Արցախի մէջ հայկական հետք չկայ: Բայց այսօր իրաւունք չունինք այդ հարցին մէջ թերանալու: Արցախի մէջ ոչնչացման վտանգի տակ կը գտնուին բազմաթիւ հնամեայ եկեղեցիներ եւ պատմական յուշարձաններ: Ազրպէյճան կը շարունակէ քաղաքակիրթ աշխարհին աչքին առջեւ իրականացնել նոր ցեղասպանութիւն: Ոչ ոք կը սաստէ եւ կը բռնէ  անոր ձեռքը: Այս պատկերագիրքը թերեւս փոքր, բայց շատ կարեւոր քայլ է` հակազդելու մեր դրացիներու նկրտումներուն եւ մեր մշակութային արժէքները աշխարհին ցոյց տալու համար», ըսաւ Առաքելեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի եւ հայկական ժառանգութեան պահպանման հիմնահարցերուն` ընդգծելով, որ այսպիսի գիրքերու լոյս ընծայումը եւ տարածումը այսօր, աւելի քան երբեք, կարեւոր են` միջազգային դիւանագէտներուն հետ փաստերով խօսելու համար:

«Ի տարբերութիւն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն, որոնք կը կարծեն, թէ Արցախի հարցը փակուած է, մենք կը շեշտենք, որ այդպէս չէ: Արցախի մէջ մշակութային ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւս մէկ անգամ կ՛ապացուցէ, որ հակամարտութիւնը գոյութիւն ունի եւ լուծուած չէ: Մինչեւ այն ատեն, որ ժառանգութեան պահպանման հարց կայ, մենք պարտաւոր ենք միջազգային բարձր հարթակներու վրայ շարունակաբար բարձրաձայնել եւ հետապնդել զայն: Այդ նպատակին կը ծառայեն ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակները եւ անոր ուղեկից կառոյցները, անոնց մէջ` Համազգայինը», յայտնեց Ռուստամեան:

Խօսքերով հանդէս եկան նաեւ` պատմական գիտութիւններու դոկտոր եւ փրոֆեսէօր Վահրամ Բալայեան, պատկերագիրքին հեղինակը` Րաֆֆի Քորթոշեան, ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան, Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Հայկազուն Ալվրցեան:

Շնորհահանդէսի աւարտին Ռուզան Առաքելեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ բոլոր հովանաւորներուն, որոնք աջակցած են պատկերագիրքի Ա. եւ Բ. հատորները կեանքի կոչելուն: Ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց Արցախի ներկայացուցչութեան` նշելով, որ համագործակցութիւնը շարունակական բնոյթ պիտի ունենայ:

Մինչեւ 2020 Հպարտութեամբ Կ՛այցելէինք Եռաբլուր, Հիմա Կու Գանք Ներողութիւն Խնդրելու. Քրիստինէ Վարդանեան

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան Նոր տարուան երեկոյեան Եռաբլուրի մէջ, ուր նահատակներու շիրիմները այցելութեան գացած էին խմբակցութեան անդամները, «Նիուզ»-ի հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ մինչեւ 2020 իրենք բոլորովին տարբեր զգացումներ ունէին, իսկ վերջին տարիներուն` այլ:

«Մինչեւ 2020 թուական մենք հպարտութեամբ կու գայինք եւ իսկապէս շնորհակալութիւն կը յայտնէինք, հիմա կու գանք ներողութիւն խնդրելու, կու գանք ըսելու, որ չկրցանք պահել այն, ինչ որ մարդիկ կեանքի գնով ձեռք բերին, այլ հակառակը, կորուստներու շղթան կը շարունակուի: Բայց այս բոլորը մեր նահատակներուն զոհողութիւնը չի նսեմացներ», ըսաւ Վարդանեան` աւելցնելով. «Հիմա պարտաւոր ենք պահելու այն ինչ որ ունինք, որպէսզի օր մը վերադարձնենք այն, ինչ որ ձեռք բերած ենք»:

«Թեւանիկ»-ը Կը Շարունակէ Ամանորին Ուրախացնել Արցախցի Փոքրիկները

Արցախի մէջ 2014 թուականէն տարբեր ծրագիրներ իրականացուցած «Թեւանիկ» բարեգործական կազմակերպութիւնը կը շարունակէ մնալ տեղահանուած, պատերազմ ու զրկանքներ տեսած արցախցիներու կողքին:

Կազմակերպութեան պատասխանատու Իւետ Դանիէլեան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին խօսած է Ամանորին արցախցի փոքրիկները ուրախացնելու հերթական նախաձեռնութեան մասին:

«Ամէն տարուան նման, «Թեւանիկ»-ը կը շարունակէ Ամանորին նուէրներ բաշխել այս անգամ Սիւնիքի սահմանամերձ համայնքներու մէջ հաստատուած արցախցի փոքրիկներուն:

Այս տարի մօտաւորապէս քաղցրաւենիքներով 300 կապոցներ պատրաստեցինք «Թեւանիկ»-ի խումբով միասին: Կապոցներէն 50-ը Արցախի ղեկավարութեան միջոցով փոխանցեցինք վառելիքի պայթիւնի պատճառով նահատակուած մեր հայրենակիցներու զաւակներուն:

250 հատ ուղարկած ենք Սիւնիքի շրջան, որ բաժնուած է Սիւնիքի մէջ` Քարահունջի Հարճիս գիւղի, Գորիսի մէկ մանկապարտէզի, Կոռնիձորի, ինչպէս նաեւ Սիսիանի եւ Կապանի շրջաններու մէջ հաստատուած արցախցի անապահով ընտանիքներու փոքրիկներուն:

Նաեւ Թեհրանի Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան ուղարկած 40 կապոցները յանձնեցինք Վայքի շրջանի եւ տարբեր համայնքներու մէջ բնակող անապահով ընտանիքներու: Այս նուազագոյնն է, որ կարողանանք կատարել մեր խումբով` ամէն տարի ուրախութիւն պարգեւելով մեր փոքրիկներուն», նշեց խումբի ղեկավար Իւետ Դանիէլեանը` խոստանալով, որ «Թեւանիկ»-ը պիտի շարունակէ արցախցիներուն կողքին մնալ:

«Մարալն Ու Հայրիկը Արցախում». Պատմութիւնը Արցախի Հանդէպ Մեծ Սիրոյ Մասին Է

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Գիւմրիի Հայորդաց տան մէջ տեղի ունեցաւ «Ծիլ» տիկնիկային սթիւտիոյի «Մարալն ու հայրիկը Արցախում» գիրքի հիման վրայ բեմադրուած անդրանիկ ներկայացումը: Գիրքին հեղինակն է Մարինէ Չարշաւճեանը: Ան ամուսնոյն` Շանթ Չարշաւճեանի հետ 44-օրեայ պատերազմէն ետք տեղափոխուած է Արցախ եւ այնտեղ շարունակած` իր ստեղծագործական ու մարդասիրական գործունէութիւնը:

Պատմութիւնը իրական մեծ սիրոյ մասին է` Արցախի հանդէպ: Հեքիաթը գրուած է Արցախի Մարտունիի ենթաբարբառով եւ ունի կարեւոր կրթական ու դաստիարակչական նշանակութիւն: Ան ներկայացուցած է Մարտունին` անոր պատմական կառոյցներով, արձաններով ու հերոսներով` երեխաներուն փոխանցելով հայրենասիրութեան, յիշողութեան եւ արժէքներու կարեւորութիւնը:

Հեքիաթի առանցքային ուղերձը այն է, որ երբ մարդ մտածէ միւսին մասին, որեւէ խոչընդոտ անլուծելի չի մնար: Մարալին հայրիկը, իր փոքրիկ դստեր հետ, Նոր տարին կը վերածէ հեքիաթի`  Կաղանդ պապուկի եւ Ձիւնանուշի կերպարներով, գիւղ առ գիւղ շրջելով, նուէրներ բաժնելով եւ փոքրիկներուն հեքիաթ պարգեւելով:

Գիրքի վաճառքէն ստացուած հասոյթով ձեռք բերուած նուէրները բաժնուած են Շիրակի մարզին մէջ հաստատուած արցախցի երեխաներուն:

«Ծիլ» տիկնիկային սթիւտիոն ծրագիրը իրականացած է «Լորիկ» հիմնադրամի աջակցութեամբ:

Տեղահանութենէն ի վեր «Լորիկ» հիմնադրամը կ՛աջակցի արցախցի ստեղծագործ խումբերուն` շարունակելու իրենց գործունէութիւնը, համախմբուած պահելով արցախցի փոքրիկները` Արցախի մշակոյթի ու աւանդութիւններու շուրջ:

 

 

 

 

Նախորդը

Քեսապ` Հայկական Հին Եւ Պատմական Բնօրրան

Յաջորդը

Մէկ Միտք, Բազում Հետեւանքներ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

February 4, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 28, 2026
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.