Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը յաճախ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ քաղաքակրթութիւններու կամուրջ` երկիր մը, որ իւրայատուկ կերպով տեղակայուած է մայրցամաքամասերու, մշակոյթներու եւ պատմութիւններու խաչմերուկին վրայ: Սակայն այս յղկուած պատմութեան ետին թաքնուած է շատ աւելի մտահոգիչ իրականութիւն. երկարատեւ, պետականօրէն հաստատուած խտրականութիւն եւ զանգուածային բռնութիւններ` հայերու, յոյներու, հրեաներու եւ ասորիներու նկատմամբ: Այս ազգային փոքրամասնութիւններու համայնքները տարիներ շարունակ բախած են այնպիսի քաղաքականութիւններու եւ գործողութիւններու, որոնք երկրին մէջ համակարգուած կերպով զրկած են զանոնք ապահովութենէ, արժանապատուութենէ եւ գոյութենէ:
Իմ յօդուածիս երրորդ եւ եզրափակիչ մասին մէջ ներկայացուած են քանի մը հատը 1941-2007 թուականներուն իրականացուած հալածանքներէն, զորս փաստագրած է թուրք պատմաբան Այշէ Հիւրը:
– 1941 դեկտեմբեր 15.- Թրքական իշխանութիւնները չթոյլատրեցին գերբեռնուած «Սթրումա» նաւին, որ կը տեղափոխէր նացիներու հետապնդումներէ փախչող Քոնսթանցայէն 769 ռումանացի հրեաներ, ափ իջնել Պոլսոյ մէջ` Պաղեստին երթալու ճամբուն վրայ: Երկուքուկէս ամիս հիւանդութեան, սովի եւ մահուան պայմաններու մէջ մնալէ ետք «Սթրումա»-ն հեռացուեցաւ ափէն 23 մղոն հեռաւորութեան վրայ` առանց շարժիչի, վառելանիւթի, սնունդի, ջուրի կամ դեղորայքի: 1942-ի փետրուար 24-ին անիկա թորփիլահարուեցաւ եւ խորտակուեցաւ անյայտ սուզանաւի մը կողմէ: Փրկուեցաւ միայն մէկ ճամբորդ:
– 1942 նոյեմբեր 11.- Վարչապետ Շիւքրու Սարաճօղլուի կառավարութիւնը փոքրամասնութիւններուն վրայ սահմանեց յայտնի «Հարստութեան հարկ»-ը, որ տնտեսական հալածանքներու ամէնէն աղաղակող օրինակներէն մէկն է: Տուրք վճարողներուն 87 տոկոսը ոչ իսլամներն էին: Հայ առեւտրականները կը տուգանուէին իրենց դրամագլուխի 232 տոկոսի չափով, հրեայ առեւտրականները` 179 տոկոսի, յոյն առեւտրականները` 156 տոկոս, իսկ իսլամ-թուրք առեւտրականները` ընդամէնը 4.94 տոկոսի չափով: Անոնք, որոնք չէին կրնար վճարել իրենց հարկերը, կ՛ուղարկուէին երկրի ներքին պարտադիր աշխատանքային ճամբարներ: «Հարստութեան հարկի ողբերգութեան» ժամանակաշրջանին, որ տեւեց մինչեւ 1944 թուականի մարտը, ընտանիքները կորսնցուցին իրենց տուները, գործառնութիւնները, իսկ որոշ պարագաներուն` նաեւ կեանքը: Օրէնքը ի վերջոյ չեղեալ յայտարարուեցաւ, բայց պատճառուած վնասը մնաց մնայուն:
– 1946.- Առաջին անգամն ըլլալով համալսարաններու ոչ իսլամ շրջանաւարտներուն թոյլատրուեցաւ ծառայել բանակին մէջ` իբրեւ պահեստազօրի սպաներ: Սակայն այդ ժամանակէն ի վեր ոչ մէկ ոչ իսլամ Թուրքիոյ զինուած ուժերու մէջ չէ բարձրացուած հրամանատարի կոչման:
– 1946.- Իշխող կուսակցութիւնը հրապարակեց սարսափելի ներքին զեկոյց մը. «Մենք պէտք է լուրջ միջոցներու ձեռնարկենք յատկապէս Պոլսոյ յոյներուն դէմ… Մինչեւ 1953` Պոլսոյ օսմանեան նուաճման 500-ամեակը, այս քաղաքին մէջ ոչ մէկ յոյն պէտք է մնայ»: Զեկոյցին համաձայն, «Անատոլիան նոյնպէս պէտք է մաքրուի ոչ իսլամներէ»:
– 1948.- Երբ հրեաները փորձեցին արտագաղթել նորաստեղծ Իսրայէլի պետութիւն, իսկ հայերը` Խորհրդային Հայաստան, թրքական կառավարութիւնը եւ անոր հաւատարիմ մամուլը, որոնք տարիներ շարունակ ամէն ինչ ըրած էին զանոնք վտարելու համար, սկսան հրապարակել յօդուածներ, որոնք արտագաղթել փափաքողները կը ներկայացնէին իբրեւ «դաւաճաններ»:
– 1955 սեպտեմբեր 6-7.- Տեղի ունեցան լայնածաւալ, պետականօրէն կազմակերպուած ջարդեր, որոնց թիրախ դարձաւ հիմնականին մէջ Պոլսոյ յոյն բնակչութիւնը: Սակայն իրադարձութիւնները տարածուեցան նաեւ այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Զմիւռնիա, Ատանա եւ Տրապիզոն: Հայերն ու հրեաները եւս ենթարկուեցան յարձակման: Որոշ աղբիւրներու համաձայն, սպաննուեցան երեք անձեր, միւսներուն համաձայն, 11, մօտ 300 հոգիներ վիրաւորուեցան, իսկ հարիւրաւոր կիներ բռնաբարուեցան: Պաշտօնական տուեալներով յարձակման ենթարկուեցան աւելի քան 5300 շէնքեր, մինչդեռ ոչ պաշտօնական տուեալներով այդ թիւը կը հասնի 7000-ի: Վնասի գնահատականները կը տատանին 150 միլիոնէն մինչեւ մէկ միլիառ լիրա:
– 1964.- Յունաստանի հետ լարուածութեան սրման զուգահեռ, Թուրքիան միակողմանիօրէն չեղեալ յայտարարեց 1930-ին Թուրքիոյ նախագահ Քեմալ Աթաթուրքի եւ Յունաստանի վարչապետ Էլեֆթերիոս Վենիզելոսի միջեւ ստորագրուած «Բարեկամութեան համաձայնագիր»-ը: Թուրքիոյ մէջ ծնած ու մեծցած տասնեակ հազարաւոր յոյն քաղաքացիներ բռնի ուժով արտաքսուեցան: Անոնց թոյլատրուեցաւ իրենց հետ առնել միայն մէկ ճամպրուկ եւ շատ փոքր գումար: Յունական ծագում ունեցող թուրք քաղաքացիներուն հեռացումով յունական համայնքը հասաւ ոչնչացման եզրին:
– 1974.- Պոլսոյ Պալըքլիի յունական հիւանդանոցի հիմնադրամի տնօրէններու խորհուրդին եւ պետական գանձարանին միջեւ դատական գործընթացին վերաբերեալ Թուրքիոյ Գերագոյն դատարանի որոշմամբ Թուրքիոյ մէջ ոչ իսլամ քաղաքացիները պաշտօնապէս դասակարգուեցան իբրեւ «ոչ թուրքեր»:
– 1984.- Փանարի յոյն ուղղափառ պատրիարքարանը թոյլտուութիւն խնդրեց փակել Հէյպելիատա աստուածաբանական ճեմարանը` նշելով, որ չի կրնար հոգալ անոր ծախսերը: Սակայն թրքական կառավարութիւնը, որ մինչ այդ ամէն ինչ կ՛ընէր դպրոցը փակելու համար, մերժեց այս խնդրանքը` պնդելով, որ զայն փակելը կարելի չէ Լոզանի պայմանագիրով եւ այլ երկկողմանի համաձայնագիրներով ու «փոխադարձութեան սկզբունքով»: Այսօր, հակառակ աշակերտներ չունենալուն, դպրոցի թուրք կառավարիչը, որ նշանակուած էր ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ, ամէն օր կը ներկայանայ աշխատանքի: Պատրիարքարանը կը շարունակէ ծախսեր կատարել դպրոցը բաց պահելու համար:
– 1985 եւ 1990.- Եզիտիները, որոնք կ՛երկրպագեն Սիրամարգ հրեշտակին, վտարուեցան իրենց տուներէն եւ ստիպուած եղան զանգուածաբար գաղթել արեւմտեան երկիրներ, քանի որ հրաժարեցան դառնալ գիւղական պահակներ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) դէմ:
– 2000-ականներ.- Ազգային ապահովութեան խորհուրդի նիստերու կեդրոնական թեմաներէն մէկը «Միսիոնարական գործունէութեան դէմ պայքար»-ն էր:
– 2003 նոյեմբեր 15.- երկու թուրք իսլամական ահաբեկիչներ անձնասպանական յարձակումներ կատարեցին Շիշլիի Պեթ Իսրայէլ եւ Քալաթայի Նեւէ Շալոմ սինակոկներուն վրայ` պատճառելով 25 զոհեր, որոնց կարգին` յարձակողները, եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 300 անձեր:
– 2006 փետրուար 5.- Տրապիզոնի Սանթա Մարիա կաթողիկէ եկեղեցւոյ հայր Անտրէա Սանթորոն դանակահարուեցաւ 16-ամեայ թուրք տղայի մը կողմէ:
– 2007 յունուար 19.- սպաննուեցաւ «Ակօս» հայկական թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինք:
– 2007 ապրիլ 18.- Մալաթիոյ մէջ եօթը թուրք ազգայնական երիտասարդներ ներխուժեցին քրիստոնէութեան վերաբերեալ աշխատութիւններ հրատարակող «Զիրվէ» հրատարակչութիւն եւ դաժանօրէն սպաննեցին գրասենեակի երեք աշխատակիցները:
Տասնամեակներ շարունակուող խտրականութեան, սեփականութենէ զրկելու եւ բռնութիւններու պատմութիւնը Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ մեկուսացուած դէպքերու շարք չէ, այլ` հետեւողական պետական քաղաքականութիւն, որ վերաձեւաւորեց երկրի ժողովրդագրական եւ մշակութային պատկերը: Հազարամեակներով Անատոլուի մէջ արմատաւորուած հայերու, յոյներու, հրեաներու, ասորիներու եւ եզիտիներու համայնքները օրէնքներու, ահաբեկման եւ բացայայտ դաժանութեան ճնշման տակ հասցուեցան չգոյութեան եզրին: Անոնց թիւին նուազումը զուգադիպութիւն չէր, այլ` ծրագրուած:
www.TheCaliforniaCourier.com
(3/3 եւ վերջ)



