Գ. 1- «Մտքի Վիճակ»
1995-ին Համազգայինի հրաւէրով Վ. Օշական Պէյրութ եկած էր իր գրական 50-ամեայ վաստակին նուիրուած յոբելենական ձեռնարկին համար: Եւ Պուրճ Համուտի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ դասախօսութիւն մը տուաւ: Դասախօսութիւնը ձայներիզի վրայ արձանագրած էի: Նոյն ատեն, արձանագրած էր նաեւ Իշխան Չիֆթճեան: Ձայնագրածս խմբագրելով, լոյս ընծայեցի «Յառաջ/Միտք Եւ Արուեստ» 2000 հոկտեմբեր 1-ի թիւին մէջ` տիտղոս դնելով. «Ինքնութեան եւ առաքելութեան տագնապներ» (ԻԱՏ): Չիֆթճեան անտեղեակ ըլլալով «Յառաջ»-ի հրապարակման` իր կարգին դասախօսութիւնը խմբագրելով լոյս ընծայեց «Հասկ» պարբերականին մէջ, անոր 2011-ի փետրուար-մարտ թիւին, տիտղոս դնելով. «Սփիւռքահայու տագնապներ» (ՍՏ): Արդ, դասախօսութեան խմբագրումի երկու տարբերակ կայ: Մերթ ընդ մերթ պիտի նայիմ Չիֆթճեանի խմբագրածին, որովհետեւ տարիներու հեռաւորութենէն, երբ իր կատարածին եւ իմ ըրածին կը նայիմ, երբեմն երբեմն կը տեսնեմ յօտելու եռանդիս աւելորդութիւնը:
Վ. Օշական իր սոյն դասախօսութեան միտքերը տարբեր յօդուածներով արտայայտած էր: Ուստի պիտի դիմեմ այն յօդուածներէն քանի մը հատին ալ:
«Սփիւռքը երկու վիճակ ունի. մէյ մը` աշխարհագրական, եւ մէյ մըն ալ` հոգեբանական», ըսաւ: Աշխարհագրականը շատ յստակ է. անիկա աշխարհով մէկ, բազում երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ հայութեան տարտղնուածութիւնն է, նաեւ` միշտ ցրւումը: Կարեւորութեան առումով, աշխարհագրականը զինք «շատ քիչ» հետաքրքրած է, յայտնեց եւ բացատրեց, թէ աշխարհագրականօրէն տարտղնուածութիւնը եւ ցրւումը, բազում անկիւններով, տագնապի պատճառ չեն կրնար ըլլալ: Տագնապի պատճառը, իր բանաձեւումով` «բուն պատճառ»-ը եւ «բուն տարածութիւն»-ը է «հոգեբանական» (ՍՏ):
Սակայն աշխարհագրական վիճակի բացատրութեան ատեն թիւր, բայց հետաքրքրական տարազում մը կատարեց, թէ աշխարհագրականը` հայութեան Հայաստանէն դուրս, դէպի դուրս պոռթկալը, տեւական պոռթկալն է. «Քիչ մը Պիկ Պէնկի տեսութեան համաձայն, սփիւռքը տեւական ինքնիրմէ դուրս կ՛ելլէ. իր ներքին տրամաբանութիւնն է` դուրս պոռթկալ»: «Պոռթկալ» բայը գործածեց տարտղնումին եւ ցրւումին առնչաբար: Սակայն Պիկ Պենկի տեսութիւնը տարտղնումի եւ ցրւումի մասին չէ: Անիկա տիեզերքին խտագոյն ու սաստկագոյն տաք կէտէ մը գոյացումն է եւ ուղղութիւններով ընդարձակումը: Սովորական աչքին համար այն ընդարձակումը տարտղնում եւ ցրւում կը թուի, սակայն այնպէս չէ: Իսկ հայութեան Հայաստանէ դուրս «պոռթկալ»-ուն Պիկ Պենկը ե՞րբ պատահած է: Ըսած է, թէ` «Հազար տարիէ ի վեր սփիւռք մը կայ» («Սփիւռքը արտերկիր չէ, երկի՛ր է»(Հարցազրոյց, ՍԵՀ):
Վստահաբար գիտէր, թէ անկէ առաջ ալ հայեր գաղթած էին թէ՛ կամաւորաբար եւ թէ՛ բռնութիւններու եւ բրտութիւններու ենթարկուելով: Ուստի ինքն իրեն հարց տուած էր. «Ուրկէ՞ սկսիլ (…) պատմութեան հիմերու ո՞ր խորութեան մակարդակէն ճամբայ ելլել դէպի ներկան»: Եւ` պատասխանած. «Սկսինք մեր գլխուն պայթած բոլոր չարիքներուն արմատէն, որ սելճուքներն եղան» (Սփիւռքի արմատները, ՍԱ): Ուրեմն հայութեան տարտղնումի եւ ցրւումի Պիկ Պէնկը 11-րդ դարո՞ւն պատահեցաւ: Պատմութենէն ծանօթ ենք, որ սելճուքներէն ետք թուրանական յաջորդական արշաւանքներն ալ տարտղնում եւ ցրւում պատճառեցին: Սա կը նշանակէ, թէ այլ Պիկ Պենկեր ալ եղան մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան: Եթէ տիեզերքի գոյացման բազում Պիկ Պենկերու տեսութենէն տեղեակ ըլլար, հաւանաբար հայութեան գլխուն եկած աղէտներէն իւրաքանչիւրը «քիչ մը» Պիկ Պենկի պիտի նմանցնէր: Վերջինով Հայոց ցեղասպանութեան Պիկ Պենկով է, որ գլխագիր Սփիւռքը կը սկսի, որովհետեւ վերջինին կը հետեւի փորձը` հասկնալու «Սփիւռք կոչուած աննախընթաց երեւոյթը»: Գուցէ խորհած էր, թէ նախորդ սփռումները «աննախնթաց երեւոյթ»-ներ չէին, որովհետեւ չունեցան սահմանուելու պահանջ: Այստեղ հաւանաբար ընթերցող մը առարկէ, թէ ինչպէ՞ս չունեցան սահմանուելու պահանջ: Մեր մատենագրութեան սահմանումները ի՞նչ էին: Պատասխա՞ն: Մատենագրութեան սահմանումները խորապէս «վասն մեղաց մերոց»-ի սահմանումներ էին: Իսկ այժմեանին սահմանումը կը փորձէ հասկնալ երեւոյթին «մղիչ օրէնքներ»-ը, եւ ո՛չ միայն հասկնալ զանոնք, այլեւ կը փորձէ «ուղղութիւն մը տալ անոր ընթացքին»: Դարձեալ առարկութիւն: Մատենագրութիւնն ալ ճգնած էր «մղիչ օրէնքներ»-ը հասկնալ եւ ուղղութիւն տալ` զղջումի եւ ապաշխարութեան կոչով: Պատասխան. սփիւռքը ապագաղափարաբանական տարածք է եւ «մտքի վիճակ է էապէս»: Առարկողը կ՛ուզէ շարունակել, բայց իրեն պէտք է ըսել, թէ իր հակաճառութեան եւ տեսակէտներուն համար` հսկայ գործ մը կը սպասուի, ապա յաջողութիւն մաղթելով` ճամբու դնել զինք:
Աշխարհագրականի տարազումէն յետոյ ըսաւ, որ` «Հոգեբանականը սակայն աւելի շահեկան է» (ՍՏ), որովհետեւ սփիւռքին «բուն պատճառը եւ բուն տարածութիւն(ն)» է, ինչպէս ըսի: Ապա անմիջապէս` «Մտքի վիճակ մըն է սփիւռք ըլլալը. սփիւռքահայ ըլլալը ամէն բանէ առաջ մտքի վիճակ մըն է»: Ուրեմն «հոգեբանական» եզրը կը նշանակէ տարբեր բան մը քան «psychologique»-ը: Ի՞նչ. 1) «Հոգեբանական»-ին եւ «մտքի վիճակ»-ին արագ առնչումը պարզապէս կ՛ըսէ, որ առաջինով հասկցուած է երկրորդը: 2) Հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է, թէ ինք չի նշմարեր սփիւռքեան «ընդհանրական ոգի մը», եւ թէ` «Սփիւռքի ճշմարտութեան օտար կը թուի ըլլալ ատիկա» («Սփիւռքը իր տագնապներով» (Հարցազրոյց, ՍՏՀ): Ասիկա կը թելադրէ, որ «հոգեբանական»-ը նաեւ կարելի է փոխարինել «ոգեբանական»-ով (թող արտօնուի այս բառաշինութիւնը): Այսպիսով, կը պարզուի, որ «հոգեբանական»-ը, «մտքի վիճակ»-ը եւ «ոգեբանական»-ը նոյնիմաստ են: Բայց քանի Վ. Օշական չէ գործածած «ոգեբանական» եզրը, զայն մէկ կողմ կը ձգեմ, եւ քանի, հաւանաբար շփոթութեան մը առաջքը առնելու համար, «հոգեբանական»-էն շատ արագ անցած է «մտքի վիճակ» բացատրոյթին, հռետորական հարցումս կը դնեմ. ի՞նչ է «մտքի վիճակ»-ը:
Գրած է. «Զուտ գիտակցական դիրքորոշում մը, կեցուածք մըն է` կեանքը, մարդիկ ու աշխարհ ըմբռնելու ոճ մը, ֆորմիւլ մը բնորոշող» (ՓՍՏ1): Ասիկա որպէս անհատակա՞ն փորձառութիւն, թէ՞ հաւաքական: Անհատական: Եւ ոչ միայն անհատական, այլեւ աւելին` անհատապաշտական: Վաւերական սփիւռքը արշակաւան մըն է անհատապաշտներու («Ո՞ւր Կ՛երթայ Հայութիւնը», ՈԿՀ): Ուրեմն «մտքի վիճակ»-ը` որպէս «զուտ գիտակցական», անհատապաշտական է, որ յուզումներէ եւ զգացումներէ զերծ` ենթակայական «զուտ» լոյսով կ՛ապրի եւ կը սահմանէ «յարափոփոխ յղացք» գոյութենական ճշմարտութիւնը: Անիկա պէտք է, որ «քալէ ժամանակի մայթերուն երկայնքով», որպէսզի կարենայ դիտել եւ տեսնել այն, ինչ որ կայ ճամբաներուն վրայ, եւ պէտք է, որ «փոխուի, նորոգուի ամէն վայրկեան»` միշտ աչքերը դար մը առջեւ յարած. օրինակ, հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է, որ 20-րդ դարու հայը պէտք է 21-րդ դարու մարդ ըլլայ, եւ ոչ թէ` 19-րդ դարու հայ («Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալը»):
Ժան-Փոլ Սարթրի առիթով գրած է, որ ան` «Ողջ ըլլալու իւրայատուկ ձեւ մը ունի, որուն համար ինքզինքը պատասխանատու կ՛ուզէ բռնել»: Եւ կ՛ուսուցանէ զոհ չերթալ «գլխու պտոյտ տուող` ըլլալու, մտածելու ու զգալու աւանդական ֆորմիւլներուն». չըլլալ «մեղսակից (…) բարեմիտ քնաշրջիկներու ահաւոր տգիտութեան ու դաւադրութեան»: Նաեւ` ճգնիլ յստակատես ըլլալ: Յստակատեսութիւնը «միակ առաքինութիւն»-ն է. «Ոչ թէ Տեքարթի լիւսիտիթէն, որ անելի կը յանգի. ոչ թէ Վալերիի զուտ իմացական յստակատեսութիւնը, որ նպատակ էր, քան, միջոց. ոչ ալ Ժիտի հոգեբանական վճիտութիւնը, անկեղծութեան կարօտը, որ անոր մորթէն շատ չհեռացաւ: Այլ մեր արդի ժամանակները յատկանշող ճշմարտութեան պահանջը, նուաստացած, լքուած, քայքայուած ու կանխահաս մարդու միակ յանցանքն ու փրկութեան միակ կարելիութիւնը» (Սարթր, «Յառաջապա՞հ, թէ յետսապահ»): «Նոր ժամանակներու պորտին կայնած» այս փիլիսոփային նուիրուած Վ. Օշականի խօսքերը առաւել կը բացատրեն «զուտ գիտակցական» դիրքորոշումն ու կեցուածքը` որպէս գոյութենական յստակատեսութեան դիրքորոշում ու կեցուածք: Նոյնպէս` մարդիկ ու աշխարհ ըմբռնելու գոյութենական «ոճ»-ը, եւ «ֆորմիւլ»-ը` որպէս «ողջ ըլլալու իւրայատուկ ձեւ» եւ հանգանակ` «մեղսակից» չըլլալու տգիտութեան ու դաւադրութեան, այլ` դառնալու «ճշմարտութեան պահանջ»-ին: Այս դարձը, ինչպէս իր «Քաղաք» քերթողագիրքին մէջ գրած է, «ամէն առտու» (նախորդ պարբերութեան մէջ քաղուածք մը` «ամէն վայրկեան» կ՛ըսէ. տառացիօրէն պէտք չէ առնել զայն, ինչպէս` «ամէն առտու»-ն: Երկուքն ալ փոխաբերութիւն են` յարանոր ընթացքի մը անհրաժեշտութիւնը թելադրող) կը վերստեղծէ ճշմարտութիւնը, որ վերստեղծուելէն յետոյ «շերտ շերտ կ՛իյնայ մեր վրայէն»…
(Շար. 3)



