Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

January 16, 2026
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ինչպէ՞ս «գերագոյն հրամանատարը» լքած է զայն եւ երեք երեխաները` համաշխարհային ահաբեկչութիւն իրականացնելու համար:

Վերջին ժամանակաշրջանին կրկին կը խօսուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու վերակենդանացման մասին, սակայն ընդհանրապէս լուռ են պետական ահաբեկչութիւններու մասին, որոնց ամէն օր ականատես կ՛ըլլանք, եւ որոնք շատ աւելի մահաբեր են, քան` հրոսակախումբերու յանցագործութիւնները: Ամէն պարագայի, բրիտանական «Տէյլի Մէյլ»-ը հրապարակած է, այսպէս կոչուած, «ընտանիքի» մը պատմութիւնը…

Ն.

«Իսլամական պետութեան» (ԻՊ) համաշխարհային նոր առաջնորդը Լոնտոնի մէջ ունի բրիտանացի կին մը եւ երեք երեխայ, որոնք ան լքած է իր ահաբեկչական տեսլականը իրականացնելու համար:

ԻՊ-ի գերագոյն նոր հրամանատար Ապտիւլ Քատիր Մումին այժմ տեղակայուած է Սոմալիի հիւսիսային հեռաւոր լեռնային շրջանի մը մէջ, ղեկավարելով համաշխարհային ահաբեկչական արշաւը` իր հրամանատարութեան տակ ունենալով 1200 մարտիկ:

Յայտնի ըլլալով իր նարնջագոյն ներկուած մօրուքով, մարգարտաձեւ սպիտակ ակռաներով եւ կրակոտ հռետորութեամբ, ան կը նկատուի աշխարհի ամէնէն շատ հետախուզուող ահաբեկիչներէն մէկը եւ քանի մը անգամ փրկուած է իր դէմ մահափորձերէն` Միացեալ Նահանգներու  ցամաքային եւ օդային ուժերու, ինչպէս նաեւ սոմալական զօրքերու իրականացուցած գործողութիւններու ժամանակ:

Սակայն Սոմալիի կիսաինքնավար շրջան Պունտլանտի Կալ Միսկաատ լեռներուն մէջ գտնուող իր ժայռոտ թաքստոցէն հազարաւոր մղոններ հեռու, Մումին արտասովոր կապ մը  ունի Բրիտանիոյ հետ:

Մօտ 2003-2010 թուականներուն երկրին մէջ ապրելով` ան ամուսնացած է բրիտանացի սոմալիցի Մունա Ապտուլէի հետ եւ անկէ ունեցած է երեք երեխայ` մանչ մը եւ երկու աղջիկ:

Անոնք միասին կ՛ապրէին Կրինուիչի բնակարանի մը մէջ, Լոնտոնի հարաւ-արեւելքը, բայց ան հազուադէպ կը մնար տան մէջ` նախընտրելով փոխարէնը յաճախել տեղական սրճարաններ, ուր երիտասարդ սոմալիցիներ կը փորձէր հաւաքագրել Շապաապ ժիհատական շարժման համար, որ դաշնակից է Քայիտային:

Երբ ան չէր հաւաքագրեր, կը քարոզէր իր արմատական իսլամի ոճը, Կրինուիչի մզկիթին մէջ, ուր ան հանդիպեցաւ Բրիտանիոյ ամէնէն յայտնի երկու ահաբեկիչներուն:

Մէկը Մոհամետ Էմվազին էր, որ յայտնի է որպէս «Ժիհատի Ճոն», ԻՊ-ի յայտնի «Պիթըլզ» խումբի անդամներէն մէկը, որ 2014 եւ 2015 թուականներուն վերահսկած է Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած արեւմտեան լրագրողներու եւ մարդասիրական աշխատողներու դաժան մահապատիժները:

ԻՊ -ի նոր ղեկավարը Բրիտանիոյ մէջ ապրած է գրեթէ տասը տարի եւ ունի բրիտանացի կին` Մունա Ապտիւլէն  եւ երեք երեխայ, որոնք կ՛ապրին երկրին մէջ: 43-ամեայ Ապտիւլէն (նկարին մէջ) կը խօսի մեղմ բրիտանական առոգանութեամբ, աւելցելով. «Մենք անոր մասին ընդհանրապէս չենք խօսիր: Մենք պարզապէս կ՛ապրինք մեր կեանքով»:
Միւսը` Մայքըլ Ատեպոլաճոն էր, որ 2013 թուականին Վուլվիչի Թագաւորական հրետանիի զօրանոցի մօտ մսագործի կացինով սպաննեց ֆուզիլիէր Լի Ռիկպին:

Երկուքն ալ ոչ միայն այցելած են Կրինուիչի մզկիթ, այլեւ ձախողած փորձեր կատարած են միանալու Սոմալիի ծայրայեղական հրոսակախումբերուն:

Սակայն Մումինի շարունակական ընտանեկան կապն է Բրիտանիոյ հետ, որ առաւել ուշագրաւ եղած է, քանի որ անոր կինն ու երեխաները կը շարունակեն մնալ Լոնտոն` ապրելով սովորական կեանքով իրենց հայրենի շրջաններուն մէջ, ինչ որ կտրուկ կը հակադրուի ժիհատի մարտադաշտին մէջ անոր կեանքին:

Ապտուլէն կ՛ապրի երկու ննջասենեակ ունեցող քաղաքային բնակարանին մէջ, 20-ամեայ տղուն եւ երկու դուստրերուն (18 եւ 17 տարեկան) հետ:

Մինչ ամուսինը կը ծրագրէ վերակենդանացնել «Իսլամական պետութեան» խալիֆայութիւնը իր ապաստարանէն` աջակցութեամբ աւելի քան 30 երկիրներէ եկած զինեալներու, ան ամէն առաւօտ ինքնաշարժով կ՛երթայ իր աշխատանքին` տեղական առողջապահական ընկերութեան մէջ, եւ երեկոյեան կը վերադառնայ` ընթրիք պատրաստելու:

Ապտուլէն սրտաճմլիկ մանրամասնութիւններ պատմած է այն մասին, թէ ինչպէ՛ս Մումին լքած է զինք եւ իրենց երեք երեխաները, որոնք այդ ժամանակ բոլորը հինգ տարեկանէն փոքր էին: Ան 2010 թուականին հեռացած է Բրիտանիայէն` առանց իրենց ըսելու, թէ ո՛ւր կ՛երթայ, որպէսզի կարենայ մեկնիլ համաշխարհային ժիհատ մղելու:

«Ան զիս ձգեց երեք երեխաներու հետ: Ինծի համար դիւրին չէ եղած: Ան նոյնիսկ չըսաւ, թէ ո՛ւր կ՛երթայ: Օր մը ան պարզապէս տուն եկաւ եւ ըսաւ, որ կը հեռանայ :

«Ան մեզ լքեց, ի՞նչ կ՛ուզէք, որ ըսեմ: Մենք զայն չենք տեսած կամ անոր մասին չենք լսած աւելի քան 10 տարիէ: Մենք անոր հետ ոչ մէկ կապ ունինք: Երեխաները գիտեն, թէ ո՛վ է ան, բայց անոնք նաեւ անոր հետ ոչ մէկ հաղորդակցութիւն  ունին», ըսաւ Ապտուլէն:

43-ամեայ կինը, որ կը խօսէր բրիտանական մեղմ առոգանութեամբ, աւելցուց. «Մենք անոր մասին ընդհանրապէս չենք խօսիր: Մենք պարզապէս կ՛ապրինք մեր կեանքով: Ես անգամ մը գացի Սոմալի` այցելելու, քանի որ ան ըսաւ, որ փոխուած է, բայց այդ ճիշդ չէր: Այդ աւելի քան 10 տարի առաջ էր, եւ այդ ժամանակէն ի վեր ես ոչ մէկ կապ ունեցած եմ»:

Անոր տղան ժամանակ մը հարկային խորհրդատու էր, թէեւ հիմա յայտնի չէ, թէ ինչո՛վ կը զբաղի: Երկու դուստրերն ալ դեռ ուսանող են:

Ընտանիքի ընկերուհի Տեկան ըսած է. «Ան լաւ հայր եւ ամուսին չէր: Ան միշտ մզկիթին մէջ էր կամ դուրսն էր` փորձելով ժիհատական շարժման համար նորեկներ գտնել:

«Ան սարսափելի մարդ եւ վատ ամուսին էր: Ան երբեք չէր եփեր կամ տնային գործեր չէր ըներ, ամէն գիշեր տուն կու գար եւ կը պահանջէր իր ընթրիքը: Ան շատ իշխող էր: Օր մը ան պարզապէս հեռացաւ` նոյնիսկ չըսելով, թէ ո՛ւր կ՛երթայ: Ան ժիհատը գերադասեց ընտանիքէն»:

«Ապտիւլէի համար շատ դժուար եղած է: Ան ստիպուած եղած է առանձին մեծցնել երեք երեխայ: Զաւակները շատ փոքր էին, եւ դիւրին չէր անոնց բացատրել, թէ ո՛ւր է իրենց հայրը եւ ինչ կ՛ընէ: Կրնա՞ք պատկերացնել, ինչպէ՞ս փորձել բացատրել այդ բոլորը անոնց:

«Ան ստիպուած եղած է երթալ աշխատանքի եւ ընտանիքը միասին պահել: Անոնցմէ ոչ մէկը ուզած է որեւէ կապ ունենալ իրենց հօր հետ, կարելի չէ մեղադրել զանոնք»,- ըսած է ընկերուհին:

Կ՛ըսուի, որ Մումին ամուսնացած է Ապտուլէի հետ 2003 թուականի սկզբին` Լեսթըրի մէջ տեղի ունեցած աւանդական իսլամական արարողութեամբ: Երկուքն ալ Ալի Սալիբեան տոհմէն են: Ամուսնութիւնը կազմակերպուած է ազգականներու կողմէ: Ան այդ ժամանակ 19 տարեկան էր, ամուսինը` 48:

Ապտուլէն ծնած է Սոմալի, Բրիտանիա եկած է երիտասարդ տարիքին:

Ընտանիքը ժամանակ մը ապրած  է Կրինուիչ, Լոնտոնի հարաւ-արեւելքը, ուր ան քարոզած է իր արմատական իսլամը Կրինուիչի մզկիթին մէջ եւ հանդիպած է Բրիտանիոյ երկու ամէնէն յայտնի ահաբեկիչներու հետ:

Մէկը Մ.Էմվազին էր, որ յայտնի է որպէս «Ժիհատի Ճոն» (նկարին մէջ), ԻՊ-ի յայտնի «Պիթըլզ»-ներէն մէկը: Միւսը Մայքլ Ատեպոլաճոն էր, որ 2013 թուականին Վուլվիչի Թագաւորական հրետանիի զօրանոցի մօտ մսագործի կացինով սպաննեց ֆուզիլիէր Լի Ռիկպին:

Ամուսնանալէ ետք անոնք ապրած են Լեսթեր, ուր Մումին դարձած է Քուպա մզկիթի քարոզիչ, սակայն շուտով վէճեր ունեցած է սուրբ գրութիւններու իր ծայրայեղական մեկնաբանութեան պատճառով:

Դժգոհութիւններէն ետք ան Ապտիւլէի հետ տեղափոխուած է Լոնտոն եւ բնակութիւն հաստատած Կրինուիչ` Լոնտոնի հարաւ-արեւելքը, ուր ծնած են անոր երեք երեխաները:

Ընտանիքի բարեկամը` Իպրահիմ, ըսած է. «Ան յոգնած էր Բրիտանիոյ անվտանգութեան ծառայութիւններէն, որոնք կը հետապնդէին զինք, այդ պատճառով ալ հեռացած է: Ան կոշտ մարդ է, որ երբեք շատ ժամանակ չէ ունեցած իր ընտանիքին համար: Հեգնական է, որ ան աւելի կոշտ դարձաւ, երբ եկաւ Բրիտանիա: Անկէ առաջ կարելի է ըսել, որ ան աւելի շատ աւանդապաշտ քարոզիչ էր»:

Ըստ կարգ մը  տեղեկութիւններու Մումին ունի չորս կին, որոնցմէ երկրորդը  Ապտիւլէն է: Ան ծնած է Պունտլենտ եւ կ՛ենթադրուի, թէ 70 տարեկան է:

Մումինի կողմէ «լքուելէ» ետք, ան 2012 թուականին մեկնած է Սոմալի` անոր այցելելու, ապա լուր ստացած է, որ ան հաստատուած է այդ երկիրը եւ մտադիր չէ վերադառնալու Բրիտանիա:

Այցելութենէն ետք ան անյաջող դատի տուած է Բրիտանիոյ կառավարութեան` պահանջելով 1 միլիոն սթերլինկ հատուցում, պնդելով, որ զինք խոշտանգած են բրիտանական հետախուզութեան աշխատակիցները, երբ փորձած է լքել Սոմալին` տուն վերադառնալու համար:

Գործը քննուած է 2019 թուականին` ըստ դատական փաստաթուղթերուն մէջ եղած նշումներուն: «2012 թուականի նոյեմբերին ան կ՛ըսէ, որ Մումին խրախուսած է զինք` հանդիպելու իրեն հետ Սոմալիի մէջ: Ան կ՛ըսէ, թէ Մումին իրեն ըսած է, որ իր բոլոր կապերը Շաապապ ահաբեկչական հրոսակախումբին հետ խզուուած են: Ան համաձայնած է մեկնիլ եւ լքած է Բրիտանիան մօտաւորապէս 20 դեկտեմբեր 2012-ին: Ան Լոնտոն մեկնած է 11 յունուար 2013-ին համար նախատեսուած երկկողմանի տոմսով»:

Անոնք աւելցուցած են. «Ան կ՛ըսէ, որ ի վերջոյ հանդիպած  է Մումինի հետ: Իրենց միջեւ յարաբերութիւնները անբաւարար էին, եւ սկիզբը ան խոչընդոտած է իր մեկնելու փորձերը, բայց ինք յաջողած է մեկնիլ Սոմալիի Պոսասօ օդակայան` Լոնտոն վերադառնալու համար»:

Ապտիւլէն պատմած է, որ զինք կեցուցած են Պոսասօ օդակայանի մօտ գտնուող անցակէտին եւ հարցաքննած են քննիչները, որոնցմէ մէկը խօսած էր բրիտանական առոգանութեամբ եւ, կարծես, շատ բան գիտէր Բրիտանիոյ մէջ իր կեանքին մասին:

Ան պնդած է, որ գաղտնի սպասարկութեան (MI6) գործակալ եղած է եւ մետաղական մալուխներով հարուածներ ստացած է ու նուաստացուած` մեղադրուելով ՏԱՀԷՇ-ի անդամ ըլլալու համար: Գործին մէկ մասը գաղտնի քննուած է Գերագոյն ատեանին մէջ, սակայն դատաւորը այդ մերժած է:

Մումինի ճամբորդութիւնը դէպի Բրիտանիա սկսած է 1990 թուականին, երբ ան քաղաքացիական պատերազմի գագաթնակէտին փախած է Սոմալիէն եւ որպէս գաղթական մեկնած Շուէտ` իր առաջին կնոջ` Աւայի եւ իրենց փոքր դստեր ընկերակցութեամբ, որոնք ենթադրաբար տակաւին այնտեղ են:

Ան լքած է երկիրը 2003 թուականի սկիզբը, երբ գաղտնի նկարահանուած է լրագրողի մը հետ, որուն ըսած է, թէ ինք կը կեղծէ իր դստեր, բան մը, որ տեղական իշխանութիւնները դրդած է հետաքննութիւն սկսիլ անոր նկատմամբ:

Շուէտ գտնուելու ընթացքին ան ընտանիքին հետ կը բնակէր Կոթեպորկի Հիոլպօ շրջանը, որ կը յատկանշուի բարձր ոճիրի եւ գործազրկութեան մակարդակով:

Մումինը կանոնաւոր քարոզիչ էր թաղամասի Պելուի մզկիթին մէջ, որ յայտնի էր արմատական իսլամի հետ կապեր ունենալու համար: Այստեղ է, որ ան ծայրայեղական եղած է:

Իպրահիմ, որ Մումինի նոյն տոհմէն է, ըսած է. «Ան բաւական շատ կը շրջագայէր, բայց միակ բանը, որ կարեւոր էր անոր համար, իսլամն ու ժիհատն էին: Ան շատ տպաւորող անձ մը եւ հզօր հռետոր է, լաւ յայտնի է ամբողջ աշխարհի սոմալական համայնքին մէջ եւ կրցած է իր մտածելակերպի շուրջը գրաւել բազմաթիւ երիտասարդ տղամարդիկ»:

Շուէտէն Բրիտանիա տեղափոխուելէ ետք ան դարձաւ Բրիտանիոյ քաղաքացի եւ Լեսթերէն Լոնտոն փոխադրուելով` աւելի մեծ եռանդով սկսաւ երիտասարդ մարդիկ հաւաքել ժիհատական գործի համար` միաժամանակ Կրինուիչի մզկիթին մէջ կրքոտ քարոզներ կարդալով:

Այդ գրաւեց ուշադրութիւնը անվտանգութեան ծառայութիւններուն, որոնք սկսան հետեւիլ անոր տեղաշարժերուն: Մումին այդ պատճառով 2010 թուականին լքեց երկիրը` նոյնիսկ ընտանիքին չտեղեկացնելով, ընկերներուն բողոքելով, որ զինք կը «հետապնդեն»:

Կրինուիչի մէջ ընտանեկան տունը լքելէ ետք ան մեկնեցաւ Քենիա, ուր անցուց քանի մը ամիս` նախքան սահմանը աննկատ անցնիլը եւ Սոմալի մտնելը:

Ան յայտնի է իր քարոզներով մզկիթ ժամանելէ անմիջապէս ետք հարիւրաւոր կողմնակիցներու առջեւ, այրելով իր բրիտանական անձնագիրը անոնց առջեւ եւ հաւատարմութեան երդում տալով Շապաապին:

Մումինը արագ հաստատուեցաւ որպէս ծայրայեղական հրոսակախումբի  գլխաւոր գաղափարախօս եւ ըսաւ անոր զինուած հետեւորդներուն, որ անոնք պէտք չէ հանգստանան, մինչեւ իսլամը չհաստատուի «աշխարհի իւրաքանչիւր տան մէջ»:

Սոմալի գտնուելու ընթացքին ան ամուսնացաւ տեղացի կնոջ մը` Ֆարթուն Ապտիրաշիտ Հուսէյնի հետ, բայց կինը մնաց մայրաքաղաք Մոկատիշոյի մէջ, մինչ ինք շարունակեց թափառական կեանք վարել` խուսափելով երկրի անվտանգութեան ուժերէն, որոնք կը պայքարին ծայրայեղական իսլամական հրոսակախումբերու դէմ:

Անցեալ տարի ան դատապարտուեցաւ ութ տարուան բանտարկութեան` ԻՊ-ին անդամակցելու եւ անոր կարգ մը  անդամներու ֆինանսաւորման նպաստելու համար:

Աղբիւրները կը պնդեն, որ Մումին իրեն հետ ունի այլ կին մը  Պունտլանտ լեռներու քարանձաւներէն ներս տեղակայուած  ցանցին մէջ, ուր ան կը մնայ:

Հոկտեմբեր 2015-ին Շապաապի աւագ ղեկավարութեան հետ վիճաբանութենէն ետք, ան անցաւ ԻՊ-ի կողմը` առցանց հրապարակուած ձայնագրութեան մը միջոցով, հաւատարմութիւն յայտնելով զարգացող խալիֆայութեան:

Մումին կարեւոր դեր խաղացած է ԻՊ-ի վերակենդանացման գործով, երբ այդ կորսնցուց իր ինքնահռչակ խալիֆայութիւնը 2009 թուականին, եւ վայելած է արագ վերելք:

Ան անսովոր է անով, որ չի պնդեր, թէ իր տոհմածառը Մոհամետ մարգարէէն է, որ նախապայման է ԻՊ-ի խալիֆներու համար:

Անոր վերելքը` դէպի հրոսակախումբի  համաշխարհային առաջնորդ, կը վկայէ անոր հմայիչ անհատականութեան եւ ծայրայեղականութեան ու հաւաքագրման աշխարհին մէջ լայնածաւալ փորձառութեան մասին, որուն մեծ մասը ան կատարելագործած է Լոնտոնի մէջ անցուցած ժամանակ:

Անվտանգութեան մասնագէտները կը պնդեն, որ ԻՊ-ի համաշխարհային խարիսխը այժմ կը գտնուի Սոմալիի մէջ եւ Մումինի գլխաւորութեամբ, ենթադրաբար, տնտեսած է համաշխարհային շարք մը ահաբեկչական յարձակումներ, ինչպէս`  2021 թուականին Քապուլի օդակայանի մօտ տեղի ունեցած անձնասպանական երկու պայթումները, որոնց պատճառով զոհուած են 169 աֆղան եւ 13 ամերիկացի զինուորներ:

Կ՛ըսուի նաեւ, որ ան կանգնած է դրացի արեւելեան Ափրիկէի երկրներուն մէջ իրականացուած շարք մը այլ ահաբեկչական յարձակումներու ետին:

Պունտլենտի անվտանգութեան ուժերը, Միացեալ Նահանգներու ուժերու աջակցութեամբ, ներկայիս կը պայքարին Մումինի մարդոց դէմ` սկսելով շարք մը արշաւներ, փորձելով սպաննել զայն եւ ոչնչացնել ահաբեկչական հրոսակախումբը:

Պունտլենտի ծովային ոստիկանութեան ուժերու (PMPF) սպայ  Օմար Եուսուֆ Մոհամետ ըսած է. «Այն օրը, երբ մենք կը սպաննենք Մումինը, կ՛ըլլայ իմ կեանքիս ամէնէն երջանիկ օրը»:

Նախորդը

Վահէ Օշական` «Իմ Սիրելի Սփիւռքս»

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութեան Գիտաժողովի Նիւթեր» (21-22 Ապրիլ, 2024)

RelatedPosts

Թուրքիոյ Մէջ Կը Մերժեն Փողոցը Անուանակոչել Հայ Բժիշկին Անունով
Մշակութային եւ Այլազան

Թուրքիոյ Մէջ Կը Մերժեն Փողոցը Անուանակոչել Հայ Բժիշկին Անունով

November 28, 2025
Greatbritain News-ը` Սամուէլ Կարապետեանի Բանտարկութեան Եւ Եկեղեցւոյ Դէմ Յարձակումներու Մասին
Մշակութային եւ Այլազան

Greatbritain News-ը` Սամուէլ Կարապետեանի Բանտարկութեան Եւ Եկեղեցւոյ Դէմ Յարձակումներու Մասին

November 21, 2025
Պատմութեան Մէջ Քանդիչ Դաւաճանութիւններ
Մշակութային եւ Այլազան

Պատմութեան Մէջ Քանդիչ Դաւաճանութիւններ

November 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.