Իրանի մէջ զարգացումները բարենպաստ եղան Լիբանանի համար. անոնք դարձան Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի զինաթափման համար մինչեւ 2025 թուականի աւարտը ճշդուած պայմանաժամի երկարաձգման ու Իսրայէլի զինուորական ծրագիրի գործադրութեան յետաձգման պատճառը եւ անոր յարձակողական ախորժակները զսպելու կարեւորագոյն ազդակը:
Իրանի մէջ ցոյցերէն առաջ Լիբանանի դէմ Իսրայէլի զինուորական գործողութեան մը հաւանականութիւնը բարձր էր: Երբ լիբանանեան բանակը զէնքի մենաշնորհման առաջին փուլի իրագործումը յայտարարող հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, եւ Պէյրութ արդարօրէն այդ իրողութեան զուգահեռ դիմաց Թել Աւիւէն քայլ պահանջեց, իսրայէլեան բանակը պատասխանեց. «Հըզպալլան տակաւին Լիթանի գետէն հարաւ ներկայ է»` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակին հաղորդագրութիւնը «իրականութեան չի համապատասխաներ», իսկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Լիբանանի բանակին ու կառավարութեան ջանքերը որակեց «ոչ բաւարար»:
Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը 1 յունուարին հաղորդեց. «Ուաշինկթըն պայման կը դնէ, որ Հըզպալլայի դէմ որեւէ գործողութիւն պէտք է ըլլայ համաչափ, եւ թիրախաւորէ «ահաբեկչական ենթակառոյցները»` առանց վտանգելու զինադադարը կամ շրջանը աւելի ընդարձակ մագլցումի մէջ ներքաշելու»: Իրանեան զարգացումներուն եւ Իրանը հարուածելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի սպառնալիքի լոյսին տակ, ամերիկեան այդ արգելքը իմաստազրկուեցաւ եւ առ ոչինչ դարձաւ:
Այստեղ, սակայն, ի յայտ եկաւ Լիբանանին նպաստաւոր նրբութիւն մը. իրանեան կողմը սպառնաց ամերիկեան որեւէ յարձակումի հակադարձել` հարուածելով Իսրայէլն ու շրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայանները: Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը 1 յունուարին հաղորդեց, որ ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ, Թել Աւիւ նախընտրած է իր ունեցած յատուկ զինամթերքը չմսխել Հըզպալլայի վրայ եւ սպասել Իրանի շուրջ զարգացումներուն` այդ զինամթերքը պահելով Իրանի հետ ճակատումի մը հաւանականութեան համար:
14 յունուարին իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Իսրայէլի մէջ գոյութիւն ունի այն համոզումը, որ Թրամփի յայտարարութիւններէն ետք, Իրանի դէմ ամերիկեան հարուածը ժամանակի հարց է»: Եւրոպական աղբիւրներ նոյն օրը «Ռոյթըրզ»-ի յայտնեցին, որ Իրանի դէմ ամերիկեան յարձակումը տեղի պիտի ունենայ «յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին»: Աւելի՛ն. լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ կարգ մը անհատներու թելադրուած է «մինչեւ երեկոյեան» հեռանալ Քաթարի ամերիկեան Ատիտ ռազմակայանէն: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ իր քաղաքացիներուն թելադրեց «անմիջապէս» Իրանէն հեռանալ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը, սակայն, 14 յունուարի երեկոյեան յայտարարեց. «Մեզի տեղեկացուցին, թէ Իրանի մէջ մահապատիժները դադրած են, եւ իշխանութիւնները ոչ ոք մահապատիժի պիտի ենթարկեն»: Փաքիստանի մէջ Իրանի դեսպան Ռեզա Ամիրի Մուքատամ 15 յունուարին յայտնեց. «Թրամփ Իրանին յայտնեց, որ յարձակում շղթայազերծելու մտադրութիւն չունի»:
Սէուտցի պաշտօնատար մը ԱՖՓ-ին յայտնեց.«Սէուտական Արաբիան, Քաթարն ու Օմանը Թրամփը համոզեցին Իրանին առիթ տալու»: Անոր պնդումը թերեւս իր մէջ որոշ ճշմարտութիւն մը կրնայ պարունակել, սակայն նաեւ կը յիշեցնէ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճոն Քենետիի «յաղթանակը բազմաթիւ հայրեր ունի, իսկ պարտութիւնը որբ է» խօսքը…
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը 16 յունուարին հաղորդեց. «Միացեալ Նահանգները յետաձգեցին Իրանի զինուորական հարուած հասցնելու ընտրանքը` սպասելով դիւանագիտական ջանքերու արդիւնքին»: Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութենէն պաշտօնատարներ «Տի Աթլանթիք»-ի նշած էին, թէ Միջին Արեւելքի մէջ տեղակայուած ամերիկեան ուժը բաւարար է Իրանը հարուածելու, սակայն` ոչ հաւանական հակադարձութենէ մը պաշտպանուելու:
Յամենայն դէպս ամերիկեան հարուածին յետաձգման պատճառը մահապատիժներու դադրեցումը, դիւանագիտական ջանքերուն առիթի ընծայումը կամ պաշտպանողական միջոցներու ապահովման սպասումը ըլլայ, թէ ոչ, Իրանի շուրջ ստեղծուած ներկայ կացութեան յամենալը պիտի շարունակէ Իսրայէլի` Լիբանանի նկատմամբ յարձակողական ախորժակները զսպող ուժեղ ազդակ մնալ, ուստի եւ, թեկուզ ժամանակաւորապէս, ի շահ Լիբանանին ըլլալ:



