Սուրբ Ծննդեան ութօրէքին (յունուար 6-13) կը յաջորդէ Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի ծննդեան տօնը:
Սուրբ Յովհաննէս Քրիստոսի Կարապետն ու Մկրտիչն է, Զաքարիա քահանայի եւ Եղիսաբէթի որդին:
Զաքարիա քահանայ Տիրոջ տաճարին մէջ խնկարկելու ժամանակ աւետիս ստացաւ Գաբրիէլ հրեշտակէն, թէ` զաւակ մը պիտի ունենայ: Սակայն ծերունի Զաքարիա թերահաւատութեամբ ընդունեց բարի լուրը եւ կասկածամտութեան իբրեւ պատիժ համր դարձաւ:
Սուրբ Կոյս Մարիամ եւ Եղիսաբէթ իրենց յղութեան շրջանին իրարու հանդիպեցան: Եղիսաբէթի որովայնին մէջ գտնուող մանուկը Սուրբ Հոգիով լեցուած խայտաց արգանդին մէջ եւ իր մօր բերնով օրհնաբանեց Սուրբ Կոյսը եւ անոր Որդին` ըսելով. «Օրհնեալ ես դու ի կանայս, եւ օրհնեալ է պտուղ որովայնի քո»:
Երբ Եղիսաբէթի յղութեան ինը ամիսը եւ հինգ օրը անցաւ, ծնաւ սքանչելի մանուկը: Այն ատեն Զաքարիայի լեզուն բացուեցաւ: Մանուկը անուանեցին Յովհաննէս, որ եբրայերէն կը նշանակէ Աստուածաշնորհ:
Զաքարիա մարգարէացաւ զաւկին համար եւ ըսաւ. «Մանո՛ւկ, Բարձրեալի մարգարէն պիտի կոչուիս` Տիրոջ առջեւէն երթալու եւ Անոր ճանապարհը պատրաստելու համար»:
Յովհաննէսի մանկութիւնը անցաւ առանձնութեան մէջ, Աստուծոյ հովանիին ներքեւ:
Հերովդէսի հրամանով Բեթղեհէմի մանուկները կոտորելու ժամանակ Եղիսաբէթ իր մանուկը առնելով անապատ փախաւ: Երբ զինուորները հասան անոնց, Եղիսաբէթ աղաղակեց Տիրոջը, եւ նոյն պահուն վէմը, որ կար անոնց առջեւ, բացուեցաւ, իր մէջ առաւ մայրն ու մանուկը, եւ դարձեալ փակուեցաւ: Եօթը ամիս անոնք Աստուծոյ շնորհներով կերակրուեցան, մինչեւ որ հրեշտակը բացաւ վէմը եւ զանոնք դուրս հանեց: Ապա հրեշտակը Եղիսաբէթի պատուիրեց տուն վերադառնալ եւ սգալ մանկան հօր` Զաքարիայի մահը, քանի որ տաճարին մէջ սպաննած էին զայն: Հրեշտակը Եղիսաբէթի ըսաւ. «Մանուկը անապատ թող մնայ, մենք պիտի սպասաւորենք անոր»:
Այդ օրուընէ Յովհաննէս մնաց անապատ` մարդոցմէ հեռու: Անոր կերակուրն էր մորեխ եւ վայրի մեղր: Ունէր ուղտի մազէ հանդերձ, մէջքին` մաշկեղէն գօտի:
Երբ երեսուն տարեկան եղաւ, Տիրոջ խօսքը լսելի եղաւ Յովհաննէսին` երթալ Յորդանան գետի կողմերը եւ մեղքերու թողութեան համար մկրտութիւն ու ապաշխարութիւն քարոզել:
Սուրբ Կոյս Մարիամի Որդին եկաւ Յովհաննէսի մօտ եւ մկրտուեցաւ անոր կողմէ: Երկնային ձայնով ու աղաւնակերպ իջմամբ վկայուեցաւ Հօր եւ Սուրբ Հոգիին կողմէ. «Սա է Աստուծոյ Որդին, Մարիամի որդին` Յիսուս: Ահաւասիկ Քրիստոս` Աստուծոյ Գառը, որ իր վրայ կ՛առնէ աշխարհի մեղքը»:
Այսպիսով Յովհաննէս, Քրիստոսի Կարապետն ու Մկրտիչը, պատրաստեց Տիրոջ ժողովուրդը, որպէսզի անոնք արժանանան Աստուծոյ Որդիին հետ հանդիպման:
Յիսուսը մկրտելէն եւ Զայն իբրեւ խոստացուած Մեսիա (օծեալ) յայտարարելէն ետք Յովհաննէսի առաքելութիւնը աւարտած էր այլեւս:
Արդարեւ, այս իրադարձութիւններէն ետք, Հերովդէս թագաւորին հրամանով, Յովհաննէսը բանտարկեցին եւ եղերական պայմաններու տակ գլխատեցին:



