ՄԱՆՈՒՇԱԿ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Այնճար, 9 դեկտեմբեր 2025, կէսօրուան ժամը 1:00, Ս. Պօղոս եկեղեցի: Սգակիրներու հոծ բազմութիւն մը խռնուած է ներսը: Դուրսը` ամպամած երկինք, անձրեւը անընդհատ կը տեղայ:
Ներսը` խորանին առջեւ, սգոյ սեղանին վրայ դագաղ մը կը հանգչի մոմերու խորհրդաւոր լոյսերուն տակ:
Բացարձակ լռութիւն, ցաւի ու ափսոսանքի մթնոլորտ մը կը տիրէ:
Դագաղին մէջ կը հանգչի Վարդան Աշըգեանը…
Կարելի՞ է երեւակայել արդեօք, որ այդ առողջ, յաղթանդամ. բարձրահասակ երիտասարդը, որ համակ շարժում էր, սէր ու նուիրում, եւ քալելու փոխարէն, կը վազէր, միշտ բազմազբաղ, ծայր աստիճան աշխատասէր, ծառայասէր, անշահախնդիր, ժպտուն դէմքով, վստահութիւն ներշնչող աչքերով, զուարթախօս ու կատակասէր, այդպէս հանգիստ ու անխօս, անշարժ մնայ ու յանկարծ հրաշքով մը գլուխը չբարձրացնէ ու ժպիտով մը չյայտարարէ.
– Կատա՜կ է, սիրելինե՛ր, հարազատնե՛ր կատա՜կ է…
– Ի՞նչպէս կարող եմ երկնային ճամբորդութիւնս կատարել, երբ անհամբեր կը սպասեմ, որ քանի մը օր վերջ իմ առաջին ու անուշիկ թոռնիկս պիտի դիմաւորեմ…
– Ինչպէ՞ս կրնամ անխնամ ձգել այն բոլոր փոքր ձիթենիի ծառերը, որոնք պիտի մեծնան, ուճռանան ու ձիթենիի խաղաղութեան ճիւղեր տարածեն աշխարհին…
– Իսկ ընկուզենինե՞րս… արդէն տարածած են իրենց լայն թեւերը, առողջ ու կանաչ, որոնք ապագային իրենց հովանիին տակ պիտի համախմբեն, հարազատներս, զաւակներս, թոռներս, նահապետական ընտանիքս…
– Հապա նուռե՞րս, որոնց այնքա՜ն խնամք տարի. հատիկները մեծցան ու պատռեցին իրենց կեղեւները, եւ հասուն հատիկներէն արիւն կը կաթի: Անոնք պիտի զարդարեն Նոր տարուան սեղանս ու առատութիւն եւ բարգաւաճում պիտի բերեն ընտանիքիս:
– Եւ դեռ ի՜նչ նոր ծրագիրներ ու կիսատ մնացած գործեր ունիմ ամբողջացնելիք…
Չէ՛, Վարդա՛ն, չէ՛, կատակ չէ՛… կատակ չէ այս մէկը, այլ` դառն իրականութիւն:
Անողոք մահը իր մռայլ ստուերը տարածած է չորս դին, եւ դուն առյաւետ բաժնուեցար մեզմէ ու երկրային կեանքէդ:
Թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ: «Ի վերին Երուսաղէմ»-ը դառն արցունքներ խլեց մեր աչքերէն: Հոգեշնորհ հայր սուրբը` Շնորհք ծ. վդ. Աշըգեանը, յուզումնախառն բառերով թուեց բացառիկ առաքինութիւններդ` որպէս անհատ, որպէս ընտանիքի հայր, ամուսին, ընկերային էակ, աշխատասէր, հիւրասէր ու ընկերասէր:
Չէր կրնար այդպէս չըլլալ…
Վարդանը ծնած էր Քեսապ, համեստ ընտանիքի մը մէջ: Հայրը` Աբրահամը, նոյնքան` մարդկային արժանիքներով օժտուած, հիւրասէր ու ծառայասէր, ազգային, կուսակցական ու հասարակական գործերու մէջ աշխատող: Մայրը` Խաթունը, «Տիկ. Խաթունը», այդպէս կը կոչէին զինք, մեծ յարգանք կը վայելէր իր շրջապատին մէջ` որպէս տարիներու անխոնջ մշակ ու դաստիարակ, ՍՕԽ-ին կազմակերպչական ու պատասխանատու գործերուն` ամբողջ կեանքը նուիրած:
Նման օրինակելի ընտանիքի մը մէջ հասակ առաւ ու մեծցաւ բնութեան մէջ` ազատ եւ ուրախ:
Յաճախեց Ազգային Ուսում. վարժարան մինչեւ միջնակարգ, ապա ուզեց արհեստի մէջ մասնագիտանալ: Գնաց Հալէպ ու տարիներու ընթացքին, որակաւոր վարպետներու ցուցմունքներով մասնագիտացաւ իր արհեստին մէջ` բնակարաններու ջեռուցում եւ ջրամատակարարման խողովակներու տեղադրում, (Plumber) ու ապա վերադարձաւ ծննդավայր ու դարձաւ փնտռուած վարպետ:
Գործի կողքին, ունէր նաեւ տարբեր նախասիրութիւններ, նախաձեռնող էր, կը սիրէր նորութիւններ ու անպայմանօրէն կը փորձէր, երբեմն չէր յաջողէր, բայց երբեք չէր յուսահատէր:
Ամուսնացաւ, ընտանիք կազմեց: Լէյլան եղաւ իր արժանի կողակիցը, միշտ իր կողքին, մանաւանդ հիւանդութեան ծանր տարիներուն քայլ առ քայլ հետեւեցաւ ու քաջալերեց` անկարելին կարելի դարձնելով:
Իր քաջալերանքով երեք զաւակները իրենց ուսման տարիները մինչեւ համալսարան յաջողութեամբ աւարտեցին:
2014-ին Քեսապ գրաւուեցաւ զինեալ ահաբեկիչներու կողմէ: Ժողովուրդը գաղթական դարձաւ: Վարդանը եւս, հակառակ իր կամքին, լքեց պապենական տունն ու տեղը եւ տարիներու վաստակն ու դարձաւ գաղթական:
Շատ ծանր տարաւ այս մէկը, բայց դարձեալ չյուսահատեցաւ, ընտանիքին հետ հաստատուեցաւ Այնճար:
Հոս եւս մթնոլորտը հարազատ էր իրեն: Շրջապատուած էր կուսակցական հաւատարիմ ընկերներով, բարեկամներով, հարազատներով:
Նոր թափով, նոր ոգեւորութեամբ գործի լծուեցաւ, տունը վերանորոգեց, բարեզարդեց, ծառ ու ծաղիկ տնկեց, գեղեցկացուց ու յարդարեց շրջապատն ու այնուհետեւ մասնակցեցաւ կուսակցական, հանրային, ընկերային գործունէութեանց: Մեծապէս գնահատուեցաւ իր անխոնջ ու տքնաջան աշխատանքին համար:
Անողոք հիւանդութիւնը շատ կանուխ բոյն դրաւ իր մարմնէն ներս: Այդ բարձրահասակ, թիկնեղ, չարքաշ երիտասարդը երկար ատեն տոկաց, դիմադրեց, փորձեց յաղթահարել, բայց ի զուր…
Հետեւեցաւ բոլոր անհրաժեշտ դարմանումներուն, ընտանիքը, հարազատները, ընկերները` բոլորը իրենց անկարելին կարելի դարձուցին, բայց անօգուտ:
«Մահուան արձակած նետին դիմաց, ամէն վահան անօգուտ է»: Մահէն քանի մը օր առաջ հիւանդանոցէն հեռաձայնեց.
– Մօքո՜ւր, նո՛ր բժիշկին տուած դեղերը կ՛օգնեն ինծի, լաւ կը զգամ, ուրախ եմ, կ՛ուզեմ ուրախութիւնս քեզի փոխանցել, որ դուն ալ ուրախանաս:
Կազդուրուելու, ապաքինելու մեծ յոյսերով ապրեցար, որովհետեւ կը սիրէիր կեանքը, ընտանիքդ, հարազատներդ…
Շատ դառն է հաշտուիլ մահուանդ գաղափարին հետ, բայց միակ մխիթարական զգացումը այն է, որ դուն ապրեցար արժանավայել, բեղուն ու օրինակելի կեանք մը: Թող յիշատակդ վա՛ռ մնայ մեր սրտերէն ներս:
Ննջէ՛ խաղաղութեամբ, սիրելի՛ Վարդան:


