Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ
ՍԷՐՈՒԺ ԽԱՆՃԻՀԱՆԵԱՆ Ազգեր, պետութիւններ եւ ժողովուրդներ մնայուն կերպով պատերազմի մէջ են: Մարդկութեան հակամարտութեան ծնունդէն մինչեւ օրս արհեստագիտական զարգացումները յեղաշրջած են պատերազմելու եւ պատերազմ մը յաղթելու միջոցները: Աշխարհի վրայ ապրող ժողովուրդներու մեծամասնութիւնը ընդհանրապէս պատերազմի եւ յատկապէս խաղաղութեան մասին սխալ ըմբռնումներ ունի: Պատերազմներն ու հակամարտութիւնները անխուսափելի են: Անոնք կը պատահին` հակառակ ժողովուրդի փափաքին: Տարբեր ժամանակաշրջաններու ընթացքին, սկսեալ փոքր տոհմային հաւաքականութիւններէն եւ հասնելով...




















