Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Արցախի Դէմ Իրականացուած Ցեղասպանութեան Գիտաժողովի Նիւթեր» (21-22 Ապրիլ, 2024)

January 16, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Անթիլիասի տպարանէն 2025-ին լոյս տեսաւ «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ի թիւ 18 հատորը` «Արցախի դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան գիտաժողովի նիւթեր», բաղկացած` 362 էջերէ:

«Մտածումներ ու առաջադրութիւններ հայկական աշխարհը դիմագրաւող տագնապներուն ու զարգացումներուն գծով» խօսքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ կ՛ըսէ, որ հայ ժողովուրդը կ՛ապրի իր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն ճակատագրական փուլերը:

Հայաստանի եւ սփիւռքի ռազմավարութեան վրայ կեդրոնանալով վեհափառը կը շեշտէ, որ անհրաժեշտ է համոզուիլ, թէ Արցախի հարցը չէ լուծուած եւ ան կը մնայ առաջնահերթ` համահայկական օրակարգի վրայ: Իսկ Արցախի հայութեան վերադարձը պէտք է երաշխաւորել միջազգային օրէնքի լոյսին տակ:

«Ազրպէյճան. պատմութեան կեղծարարութիւնը պետական քաղաքականութիւն» յօդուածին մէջ փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան կ՛ըսէ, որ նոր ժամանակներուն ասպարէզ իջած եւ իրենց նուաճողական քաղաքականութեամբ յայտնի ազգերէն շատերուն, յատկապէս` թրքալեզու ժողովուրդներուն բնորոշ է սեփական պատմութիւնը կեղծելու վարքագիծը: 1918-ին պատմական Աղուանքի մէջ կազմաւորուած թրքական պետութիւնը կոչուեցաւ Ազրպէյճան, եւ յառաջ մղուեցաւ անոր «աղուանական» տեսութիւնը:

«Մեծ Ազրպէյճան ծրագիրը համաթրքական հայեցակարգում. պատմութիւն եւ արդի մարտահրաւէրներ» յօդուածին մէջ փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան կ՛ըսէ, որ «Մեծ Ազրպէյճան» ծրագիրի ռազմավարական եւ մարտավարական բաղադրիչներն են` բռնագրաւուած տարածքներու բնիկ ժողովուրդներու ցեղասպանութիւն, մշակութային, հոգեւոր ժառանգութեան եւ քաղաքական պատմութեան իւրացում:

«Ազրպէյճանի հակահայ ժողովրդագրական քաղաքականութիւնը Արցախում 1921-2003 թթ.» յօդուածին մէջ փրոֆ. Գայիանէ Յովհաննիսեան կ՛ըսէ. որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խորհրդային ժամանակաշրջանին Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած է հակահայ ժողովրդական քաղաքականութիւն, որուն պատճառով մարզին ազգագրական պատկերը զգալիօրէն փոխուած է: Նոյն քաղաքականութիւնը շարունակուած է` յանգեցնելով հայ բնակչութեան ամբողջական զտման:

«Հարաւային Կովկաս. թրքական գործօնը եւ Հայաստանը» յօդուածին մէջ փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան դիտել կու տայ, որ Թուրքիա խրախուսելով Ազրպէյճանի յարձակողական նկրտումները Արցախի դէմ, օգնեց անոր 44-օրեայ պատերազմին եւ հասաւ ստեղծուած սթաթուս-քուոյի փոփոխութեան յօգուտ Թուրքիոյ եւ թուլցուց Ռուսիոյ դիրքերը:

Սիւնիքը աշխարհաքաղաքական հանգոյց եւ Իրանի դիրքորոշումը» յօդուածին մէջ Կարէն Խանլարեան կ՛ընդգծէ Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական դերը համաթրքական ծաւալապաշտութեան խափանման գործին մէջ. ան կը նշէ, որ Սիւնիքը Իրանի համար փոքր դարպաս մըն է դէպի Հայաստան եւ տարածաշրջան:

«Փանթուրքիզմը եւ փանիսլամիզմը` թուրք-ազրպէյճանական ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական գործակցութեան հիմք» յօդուածով Ահարոն Շխրտըմեան կ՛ըսէ, որ Ալիեւ եւ Էրտողան վարագոյրի ետին համաթուրանական օրակարգ կը հետապնդեն Հայաստանի դէմ:

Փրոֆ. Արմէն Մարուքեան կ՛անդրադառնայ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմին քարոզչական եւ տեղեկատուական դրսեւորումներուն:

«Ցեղասպանութեան հետեւանքներ եւ իրաւական հետապնդում. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիմումի նախադէպ» յօդուածին մէջ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան կ՛ըսէ, որ Միջազգային արդարութեան ատեանին առջեւ Հայաստանի պետութեան բարձրացուցած դատը կարեւոր քայլ է. կը նշէ, որ դատական հայցը կ՛ընդգրկէ Ղարաբաղի ժողովուրդի վերադարձի եւ ապահովութեան հարցերը:

Դոկտ. Իսկուհի Աւանէսեան կը խօսի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Արցախի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւններու մասին: Իսկ փրոֆ. Վահրամ Բալայեան կը խօսի 2023 Սեպտեմբեր 19-ին ռազմական գործողութիւններու եւ անոնց հետեւանքներու մասին:

Եղիա Թաշճեան կը խօսի աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու եւ հայկական արտաքին քաղաքական ընտրութիւններու մասին:

«Ազրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանական քաղաքականութեան դիմաց Երեւանի եւ միջազգային համայնքի արձագանգները» յօդուածին մէջ Շահան Գանտահարեան կ՛ըսէ, որ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը պաշտօնական Երեւան օրին բնութագրեց իբրեւ ցեղասպանութիւն կամ ցեղային զտում: Իրենց կարգին ցեղասպանագէտներ եւ իրաւագէտներ, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի մտաւորականներ արձանագրեցին Ազրպէյճանի կողմէ գործուած ցեղասպանական եւ ցեղային զտման քաղաքականութիւնը:

Դոկտ. Արփինէ Բաբլումեան կը խօսի Արցախի հայութեան բռնագաղթի ու հայրենազրկման գծով միջազգային մամուլի անդրադարձի մասին:

«ԼՂՀ-ի միջնորդական եւ բանակցային գործընթացի ձախողեցման պատճառները» յօդուածին մէջ դոկտ. Հրայր Պալեան կը շեշտէ, որ խաղաղութիւն ստանալու համար պէտք է պատերազմի պատրաստուիլ: Առանց հակամարտող կողմերու միջեւ ուժերու հաւասարակշռութեան, տկար կողմը կը մնայ խաղաղութիւն մուրալու դերին մէջ, կը յայտնէ ան:

Դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան կ՛անդրադառնայ Արցախը սփիւռքեան օրակարգի վրայ (վերա)սահմանելու հեռանկարի մասին:

Դոկտ. Մելանիա Բալայեան, Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ Արմինէ Տիգրանեան իրենց ելոյթներուն մէջ անդրադարձած են Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի մշակութային ժառանգութեան իւրացման եւ ոչնչացման քաղաքականութեան:

Հատորին մէջ լոյս տեսած գիտաժողովին նիւթերէն եզրակացնելով կարելի է հաստատել, որ արցախահայութեան իրաւունքները անհրաժեշտ է հետապնդել հետեւողական եւ համապարփակ համազգային քաղաքականութեամբ:

 

 

Նախորդը

ՏԱՀԵՇ-ի Առաջնորդին Բրիտանացի Կինը Եւ Անոր Կեանքը Լոնտոնի Մէջ

Յաջորդը

Քեսապցիներու Ծածկանունները

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.