Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Կիպրոս
Ազգայիններ Պարգեւատրուեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կողմէ
Կիպրոս կատարած հայրապետական այցելութեան ծիրին մէջ, 6 դեկտեմբեր 2025-ին Նիկոսիոյ «Հիլթըն» պանդոկին մէջ Կիպրոսի հայ համայնքը նշեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին գահակալութեան եւ օծման 30-ամեակը:
Այս առիթով կազմակերպուած յոբելենական ճաշկերոյթին բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Յակոբ Գազանճեանը` թեմի Ազգային վարչութեան ատենապետը:
Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ թեմի Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան Այնեճեանը:
Արամ Ա. կաթողիկոս «Կիլիկեան ասպետ» եւ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշաններով պատուեց թեմի արժանաւոր ազգայինները` առ ի գնահատանք անոնց երկարամեայ եւ անձնուէր ծառայութեան: Առ այդ, «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանին արժանացան` պետական երեսփոխան Վարդգէս Մահտեսեան, Գէորգ Մահտեսեան, Սեպուհ Դաւիթեան, իսկ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանին արժանացաւ Արթօ Դաւիթեան:
Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կերպով անդրադարձաւ Կիպրոսի հայ համայնքին` ըսելով. «Կիպրոսի հայ գաղութը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմական գաղութներէն մէկը եղած է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը այս գաղութի կեանքին պատմութեան մէջ արմատացած է եւ գոյութենական ներկայութիւն դարձած է: Մենք պիտի շարունակենք աջակից, զօրակից ու գործակից դառնալ այս գաղութին»:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ երգչախումբն ու Համազգայինի «Սիփան» պարախումբը:
Միացեալ Նահանգներ
Պարգեւատրում` Սօսի Եւ Ռազմիկ Փոլատեաններու
Սան Ֆրանսիսքօ հովուապետական այցելութեան ընթացքին տրուած ճաշկերոյթի ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատեց Սօսի Փոլատեանը, իսկ «Կիլիկեան ասպետ» շքանշանով` անոր զաւակը` Ռազմիկ Փոլատեանը:
Ճաշկերոյթի ընթացքին յաջորդաբար խօսք առին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանն ու Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռոստոմ Այնթապլեանը:
Փասատինայի Համայնքի Հիմնադրութեան 40-Ամեակի Եւ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Օծման 20-Ամեակի Նշում
Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի բարերար Սարգիս եւ Նունէ Սէփէթճեան ամոլին, կազմակերպութեամբ Փասատինայի հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի, հոգաբարձութեան եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան, 6 դեկտեմբերին «Փասատինա Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ Փասատինայի մեծ ընտանիքը տօնեց իր ծխական համայնքի հիմնադրութեան 40-րդ եւ շրջանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ստեղծման 20-րդ տարեդարձները: Սրբազան հայրը գնահատանքի արժանի յաջողութիւն նկատեց ծխական համայնքն ու եկեղեցւոյ ընտանիքը համախմբող յոբելենական ձեռնարկը եւ այս առիթով դրուատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, նուիրատուները եւ համայնքի կամաւոր ծառայողները եւ իր հայրական թելադրանքները կատարեց ներկաներուն` ի նպաստ Փասատինայի համայնքային կեանքի առաւել կազմակերպման եւ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս հոգեւոր միասնականութեան ու ծրագիրներու յաջողութեան:
Քանատա
Քանատա Ցեղասպանութեան Զոհերու Միջազգային Օրուան Նշում
9 դեկտեմբեր 1948-ին հիմնադրուած Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան` Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու միջազգային օրը, Վերին Քանատայի քոլեճը հիւրընկալեց «Զօրեան» հիմնարկի բարձրագոյն դպրոցներու կրթական ծրագիրը:
Այս տարուան ծրագիրը Վերին Քանատայի քոլեճ բերուեցաւ Արա Սաղարեանի ղեկավարութեամբ, որ հայ-քանատացի ուսանող է, տուեալ քոլեճի Հայկական ակումբի գործօն անդամ եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգ: Ոգեշնչուած իր ժառանգութեամբ եւ ուրիշներու նկատմամբ համակրական հասկացողութեամբ, Սաղարեան գիտակցեցաւ, որ հայ, հրեայ, ռուանտացի եւ այլ շատ մը ուսանողներ կը կրեն ցեղասպանութեան պատճառով ձեւաւորուած կամ ժառանգած վէրք մը: Պատմականօրէն հիմնաւորուած եւ մասնագիտականօրէն մատուցուող կրթական փորձ փնտռելով` ան դիմեց «Զօրեան» հիմնարկին` ծրագիրը իր դպրոցը բերելու համար:
Արա Սաղարեան հասկցաւ, որ իւրաքանչիւր ցեղասպանութիւն իւրայատուկ է` իր պատճառներով, պատմութեամբ եւ հետեւանքներով, սակայն բոլորը մարդկային տառապանքի, դիմադրողականութեան եւ գոյատեւման ընդհանուր փորձին մաս կը կազմեն: Իր նպատակն էր յարգանքի տուրք մատուցել տարբեր պատմութիւններու` միաժամանակ ընդգծելով համընդհանուր օրինաչափութիւնները, մասնաւորաբար` վնասակար «Մենք ընդդէմ անոնց» մտածողութեան աճը, որ կը հրահրէ բաժանումը եւ անմարդկայնացումը:
Ուսուցումն ու երկխօսութիւնը խթանելու համար Սաղարեան միաւորեց Վերին Քանատայի քոլեճի բոլոր մշակութային ակումբները, ներառեալ` հայկական, յունական եւ չինական ժառանգութեան ակումբները, ինչպէս նաեւ` «Ճշմարտութիւն եւ հաշտութիւն» խումբը եւ «Բազմաթեմութեան խորհուրդը»: Տարբեր ծագում ունեցող ուսանողներ եւ ուսուցիչներ համախմբելով` ան դարձաւ հաւասարութեան, արդարադատութեան եւ Քանատայի` մարդու իրաւունքներու նկատմամբ յանձնառութեան ներկայացուցիչ, որ յատկապէս նշանակալից է, որովհետեւ նոյն օրը կը նշէ թէ՛ Ցեղասպանութեան պայմանադրութիւնը, թէ՛ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի տարեդարձները:
Հիմնարկը ներկայացուց իր «Հաւասարութեան, հանդուրժողականութեան, հաշտեցման եւ իրազեկ դառնալու յառաջացում ցեղասպանութեան կրթութեան միջոցով» ծրագիրը, որ մեկնարկեց 2022-ին` Օնթարիոյի կրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ: Ներկայացուելով Օնթարիոյի 32 բարձրագոյն դպրոցներու եւ Արիզոնայի կարգ մը դպրոցներուն մէջ` ծրագիրը կ՛արտացոլացնէ «Զօրեան» հիմնարկի հասանելի համաշխարհային կրթութիւն ունենալու յանձնառութիւնը: Թորոնթոյի համալսարանի դոկտորայի թեկնածու եւ GHRUP-ի շրջանաւարտ Լորէն Ֆետէուայի ղեկավարութեամբ, նիստը ուսումնասիրեց ցեղասպանութիւնը երկու դեռահասներ` Անն Ֆրանքի եւ Օրօրա Մարտիկանեանի ձայներու միջոցով` շեշտելով եզակի պատմութիւններ եւ ընդհանուր մարդկայնութիւնը: Ուսանողները մեծապէս ներգրաւուած էին ներկայացման ընթացքին եւ հարցուցին մտածուած հարցումներ, մշակութային ցեղասպանութեան արդիականութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի ներկայ սահմաններու շրջագիծին մէջ:
Սուրիա
Նոր Սրահի Եւ Առաջնորդարանի Փոխանորդութեան Գրասենեակներու Բացում, Նաեւ` «Հինին Եւ Նորին Միջեւ 90- Ամեակի Ցուցահանդէս»-ի Բացում
Նախագահութեամբ` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, 12 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Գամիշլիի նոր սրահի եւ փոխանորդութեան գրասենեակներու բացում:
Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ժամերգութենէն եւ ջրօրհնէքէն ետք սրբազան հօր օրհնութեամբ եւ ձեռամբ կատարուեցան յուշաքարի քողազերծում նոր սրահի եւ փոխանորդութեան գրասենեակներու բացման առիթով, ապա կատարուեցաւ «Հինին եւ նորին միջեւ 90-ամեակի ցուցահանդէս»-ի բացումը:
Ցուցահանդէսին ցուցադրուած էին 1930-ական թուականներէն մինչեւ մեր օրերը առաջնորդական փոխանորդներուն, ազգային վարժարանի աշակերտներուն, միութիւններու լուսանկարներ, եկեղեցական սպասներ, ինչպէս` Հասիչէի, Թել Պրաքի եկեղեցւոյ միւռոնաթափ աղաւնին, հնատիպ գիրքեր, 1828-ի տօնացոյց, հայերէն տառերով թրքերէն եւ քրտերէն աւետարաններ, եկեղեցական տարազներ, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հին խաչեր, մասունքներ, սկիհներ եւ այլ իրեր:
Ցուցահանդէսի բացման խօսքը արտասանեցին հայերէնով` լեզուով Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան, իսկ արաբերէնով` Լիզա Շառոյեան:
Սրբազան հայրը արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ նոր սրահն ու փոխանորդութեան գրասենեակները պիտի ծառայեն` կիրակնօրեայ դպրոցի եւ համայնքի զաւակներուն համար առողջ եւ հայեցի մթնոլորտ ստեղծելու եւ շահեկան ձեռնարկներ կազմակերպելու:
Գամիշլիի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ 90-Ամեակի Յոբելենական Հանդիսութիւն
Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, 14 դեկտեմբերին յիշատակուեցաւ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 90-ամեակը` նորակառոյց եկեղեցւոյ նոր սրահին մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Յակոբ Ա. սրկ. Պարսումեան, որ ընդգծեց, թէ սոյն առիթը ոչ միայն կը յիշատակէ 1934-ի հիմնադրութեան եւ օծման փառահեղ պահը, այլ նաեւ կը վկայէ համայնքի ամրութեան, դիմացկունութեան եւ հաւատքի անսասանութեան մասին:
Օրուան խորհուրդը պատմական եւ վաւերագրական ընդարձակ ուսումնասիրութեամբ ներկայացուց Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան: Ան յիշեց Ճեզիրէի շրջանին մէջ հաստատուած հայերու բարձր ազգային գիտակցութիւնը, որ դրսեւորուեցաւ իւրաքանչիւր հայաբնակ գիւղի մէջ ազգային դպրոց հիմնելու եւ պահպանելու վճռակամութեամբ` հայ լեզուն ու մշակոյթը կենդանի պահելու համար, անդրադառնալով եկեղեցաշինութեան առաջին տարիներու դժուարութիւններուն:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը, ուր Ճեզիրէի նախկին առաջնորդներ եւ գամիշլիածին հոգեւոր առաջնորդներ իրենց շնորհաւորանքներն ու տպաւորութիւնները կը յայտնէին:
Կարդացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղարկած կոնդակը` Արմէն աբղ. Գալաճեանի կողմէ: Սրբազան հայրը ծառայութեան շքանշաններով գնահատեց Գամիշլիի մէջ երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած հայորդիներ` Զաւէն Գասպարեանը, Գէորգ Կարապետեանը եւ յետմահու տոքթ. Սերոբ Ազատեանը:
Իր հայրական խօսքին մէջ սրբազանը ընդգծեց, որ հայը, ուր որ ալ գտնուի, կեանքը կը լուսաւորէ ու կը գեղեցկացնէ իր շինարարութեամբ, համերաշխութեամբ եւ ստեղծագործ ոգիով: Ան ըսաւ, որ տարեդարձները մեզ կը կոչեն հաշուետուութեան եւ ինքնաքննութեան, որպէսզի մեր յիշողութիւնը սրաթափանց դարձնենք եւ հաստատակամ շարունակենք նախնիներու աւանդը: Աւարտին սրբազանը արծաթեայ լանջախաչով պարգեւատրեց Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանը:
Ատրպատական
Պաշտօնական Վերաբացում Ատրպատականի Հայոց Թեմի «Մելիք Թանգեան» Թանգարանի
6 յունուարին, սուրբծննդեան պատարագէն անմիջապէս ետք, կատարուեցաւ պաշտօնական վերաբացումը Ատրպատականի հայոց թեմի «Մելիք Թանգեան» թանգարանին, որ շուրջ 40 տարիներ առաջ փակուած էր ապահովական պատճառներով, եւ որ` կը գտնուէր Բերդաթաղի «Արամեան» շէնքի գետնայարկի անշուք վայրի մը մէջ:
Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի եւ Թեմական խորհուրդի անդուլ ջանքերով եւ յատկապէս երկրի Հնապահպան կառոյցի ու Փոքրամասնութեան գրասենեակի արտօնութեամբ, դարաւոր գոյքերը, հնաբոյր գիրքերը, եկեղեցական զգեստերն ու սպասները տեղափոխուեցան Լիլաւա թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող նախկին «Թամարեան» շէնքը, որ կառուցուած էր 1895-ին` Թումանեաններու բարերարութեամբ:
Շուրջ երկու տարիներ տեւած վերանորոգութիւնը եւ շէնքին թանգարանային տեսք տալու աշխատանքները, ինչպէս նաեւ գոյքերու վերստին թուագրումն ու մաքրութիւնը գրեթէ աւարտին հասած, ցարդ շէնքի առաջին յարկը յարդարուած էր` Թանգարանի բացման յարմարութիւն ստեղծելով: Աշխատանքը յառաջիկայ ամիսներուն եւս նոյն թափով պիտի շարունակուին լրիւ շէնքը ցուցասրահներու վերածելու հեռանկարով:
Բացման արարողութեան սրբազանը ողջունելէ ետք պետական բարձրաստիճան հիւրերը, որոնց բարձր արտօնութեամբ թեմը կարողացած էր վերաբանալ իր թանգարանը, շեշտեց, թէ մշակոյթը անկորնչելի գանձ է, որ իւրաքանչիւր ազգի նկարագրի, ինքնութեան, կերտած եւ ապրած պատմութեան, ինչպէս նաեւ զինք անտեսանելի ժամանակներ առաջնորդելու ուժը կը ներկայացնէ:
Ան հաստատեց, որ թանգարանին վերաբացումը` նոր տեսքով ու արդիական յարդարանքով, ո՛չ միայն հայ համայնքին, այլեւ Իրանի պետութեան պարծանք է: Իր խօսքի աւարտին սրբազան հայրը սղոցակերտ ձեռարուեստի արծաթեայ միւռոնաթափ թանկագին աղաւնի մը նուիրեց թանգարանին:
Այնուհետեւ Թեմական խորհուրդի հրաւէրով տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Սրբազանը այս առիթով բարձր գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք նպաստեցին թանգարանի իրերու վերանորոգման, մաքրութեան եւ տեղադրման գործին:
Շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ Իրանի Իսլամական խորհրդարանի պատգամաւոր դոկտ. Արա Շահվերդեանը, որ յիշատակեց այն դժուարին աշխատանքը` իրագործուած առաջնորդ սրբազանին եւ Թեմական խորհուրդին միջոցով, հովանաւորութեամբ Փոքրամասնութեան գրասենեակին եւ Մշակութային կազմակերպութեան պատասխանատուներուն:
Այնուհետեւ Թեմական խորհուրդը պղնձեայ յատուկ յուշատախտակով պատուեց բոլոր պետական բարձրաստիճան պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ` Հնապահպան կառոյցներու եւ Թաւրիզի թանգարաններու մշակութային պատասխանատուները, որոնք իրենց խորհուրդներով ու գործօն մասնակցութեամբ օժանդակած էին «Մելիք Թանգեան» թանգարանի վերաբացման աշխատանքներուն:
Չեխիա
Դոկտ. Մհեր Սահակեանի Գիրքին Շնորհահանդէսը
Վերջերս Փրակայի «Սեւրօ» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ դոկտ. Մհեր Սահակեանի համախմբագրութեամբ հրատարակուած գիտական աշխատութեան` «Չինաստանի «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը Եւրասիոյ մէջ. Ռութլեճի ձեռնարկ» գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը լոյս տեսած է բրիտանական աշխարհահռչակ «Ռութլեճ» հրատարակչութենէն եւ կը համախմբէ Եւրասիոյ աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական զարգացումները ուսումնասիրող գիտականներ` աշխարհի 24 երկիրներէն: Գիրքի ստեղծման աշխատանքներուն մասնակցած են նաեւ «Սեճրօ» համալսարանի Ասիա-խաղաղովկիանոսեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն, դոկտ. Ժան Ժելեզնի, որ գիրքի շնորհահանդէսի կազմակերպիչն էր եւ գիտաշխատող, դոկտ. Ժտենեկ Ռոտ:
Շնորհահանդէսի ընթացքին դոկտ. Մհեր Սահակեան ներկայացուց «Բազմաբեւեռ աշխարհակարգ 2.0-ի» ձեւաւորման գործընթացը եւ անոր խորքային ազդեցութիւնը Եւրոպայի եւ Ասիոյ վրայ: Ան ընդգծեց, որ աշխարհակարգային այս փոփոխութիւնները պայմանաւորուած են Եւրասիական մայր ցամաքին մէջ ընթացող աշխարհաքաղաքական, աշխարհատնտեսական եւ արհեստագիտական սուր մրցակցութեամբ:
Դոկտ. Ժան Ժելեզնի ներկայացուց չին-ռուսական համագործակցութեան զարգացումը տիեզերական ոլորտին մէջ, իսկ դոկտ. Ժտենեկ Ռոտ խօսեցաւ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան ազդեցութեան մասին կեդրոնական եւ արեւելեան Եւրոպայի մէջ` ընդգծելով անոր տնտեսական եւ քաղաքական հետեւանքները:
Յունաստան
Հնագոյն Քաղաքակրթութիւններու Համաժողովը
Յունաստանի նախագահութեամբ, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ «Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու համաժողովը»-ի 9-րդ նախարարական հանդիպումը, որուն մասնակցեցան` Հայաստանի, Պոլիվիոյ, Եգիպտոսի, Իտալիոյ, Իրանի, Իրաքի, Չինաստանի եւ Փերուի պատուիրակութիւնները: Դէտի կարգավիճակով ներկայ էին` Մեքսիքան, Կիպրոսը եւ Հնդկաստանը:
Աւարտին ընդունուած Աթէնքի հռչակագիրին մէջ ամրագրուած են մշակութային ժառանգութեան պահպանումին եւ պաշտպանումին վերաբերող կարեւոր դրոյթներ: Հռչակագիրը կը հաստատէ Կիպրոսի անդամակցութիւնը եւ կ՛ողջունէ Հնդկաստանի մտադրութիւնը` ապագայ անդամակցութեան վերաբերեալ:
Հանդիպումին աւարտին համաժողովին նախագահութիւնը ստանձնեց Իտալիան:
Հանդիպումին մասնակցած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան իր ելոյթին ընթացքին բարձր գնահատեց համաժողովը` խաղաղութեան մշակոյթը խթանելու, միջմշակութային երկխօսութիւնը յառաջ մղելու, ինչպէս նաեւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, ինքնութեան խեղաթիւրումին ու իւրացումին դէմ պայքար մղելու ուղղութեամբ: Ան ընդգծեց անցեալ տարի Երեւանի մէջ տեղի ունեցած 8-րդ նախարարական համաժողովին եւ ընդունուած` «Երեւանի հռչակագիր»-ին կարեւորութիւնը` նշուած ոլորտներու հարցերը շեշտադրելու եւ համաժողովին տեսանելիութիւնը բարձրացնելու նպատակներուն համար:
Պուլկարիա
Հրատարակութեան Ընթացքին Մէջ Է Քրիստափոր Միքայէլեանի Նահատակութեան 120-Ամեակին Նուիրուած Գրքոյկը
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Պուլկարիոյ կոմիտէին, հրատարակութեան ընթացքի մէջ է գրքոյկ մը, որ նուիրուած է Քրիստափոր Միքայէլեանի նահատակութեան 120-ամեակին: Գրքոյկը ծաղկաքաղ մըն է հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածներու եւ վկայութիւններու, որոնք գրուած են Քրիստափորի նահատակութենէն ետք: Հատորը կը միտի նորովի ներկայացնել Քրիստափորի մարդկային եւ յեղափոխական կերպարը` իր ազնիւ եւ համեստ նկարագիրով եւ միաժամանակ բացայայտել անոր անսասան ու վճռական ղեկավարի տիպարը:


