Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնրոյի Վարդապետութեան Վերականգնումը

January 16, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ 3 յունուարին Վենեզուելայի դէմ կայծակնային գործողութեամբ մը ձերբակալեց անոր նախագահ Նիքոլա Մատուրոն:Ցնցիչ արարք մը, որ մեծ հարուած հասցուց միջազգային համակարգին եւ աշխարհը վերադարձուց Համաշխարհային Բ. պատերազմին ու ՄԱԿ-ի ստեղծման նախորդող ժամանակաշրջան: Իրողութիւն մը, որ առաւել եւս ընդգծուեցաւ, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ օրեր ետք «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Միջազգային օրէնքին կարիքը չունիմ»:

Թրամփ ամերիկեան գործողութեան օրը Մար-ա-Լակոյի մէջ լրագրողներու հետ զրուցելով պնդեց, թէ Վենեզուելան Մատուրոյի իշխանութեան տակ` «մեր շրջանին մէջ օտար մրցակիցներ» կը հիւրընկալէ:

«Բոլոր այս արարքները ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան աւելի քան երկու դար առաջ հաստատուած խորքային սկզբունքներու մեծ խախտում են», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Ատիկա կ՛երթայ մինչեւ Մոնրոյի վարդապետութիւն, եւ Մոնրոյի վարդապետութիւնը շատ կարեւոր է, սակայն մենք զայն շատ, իրապէս շատ (երկար ժամանակ) առկախած ենք», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ իր կարգին ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Վենեզուելական քարիւղին պէտք չունինք: Մենք Միացեալ Նահանգներու մէջ բաւականաչափ սեփական քարիւղ ունինք: Մենք չենք արտօներ, որ Վենեզուելայի քարիւղային արդիւնաբերութեան Միացեալ Նահանգներու հակառակորդներուն կողմէ վերահսկուի:

«Վենեզուելական քարիւղը ինչո՞ւ Չինաստանին անհրաժեշտ է: Վենեզուելական քարիւղը ինչո՞ւ Ռուսիոյ պէտք է: Վենեզուելական քարիւղը ինչո՞ւ Իրանին անհրաժեշտ է: Անոնք նոյնիսկ այս ցամաքամասին վրայ չեն: Ասիկա արեւմտեան կիսագունդն է: Ասիկա այն վայրն է, ուր մենք կ՛ապրինք»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը այդպիսով իր կարգին անուղղակի կերպով կ՛ակնարկէր հիմնարար ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան` Մոնրոյի վարդապետութեան, որ 1823 թուականին յայտարարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճէյմզ Մոնրոյի կողմէ:

Նշեալ քաղաքականութեան համաձայն, արեւմտեան կիսագունդը ամերիկեան ազդեցութեան գօտի է, այդտեղ արգիլուած է արտաշրջանային որեւէ միջամտութիւն. այդպիսի որեւէ փորձ Միացեալ Նահանգներու դէմ թշնամական արարք կը նկատուի, ուստի եւ ամերիկեան անմիջական միջամտութիւն կը հրահրէ:

Մոնրոյի վարդապետութիւնը անցեալին բազմիցս կիրարկուած է Հարաւային Ամերիկայի մէջ,ինչպէս 1962-ին Քուպայի հրթիռներու ճգնաժամի ընթացքին, 1973-ին Չիլիի Մարքիստական նախագահ Սալվատոր Ալենտէի իշխանութեան տապալման համար կամ 1980-ական թուականներուն Նիքարակուայի մէջ Խորհրդային Միութեան աջակցութիւնը վայելող Սանտինիսթա կառավարութեան դէմ: Այսօր անիկա վերականգնած է:

 

 

Նախորդը

Քեսապցիներու Ծածկանունները

Յաջորդը

Արպելոա Ձախող Ձեւով Սկսաւ Ռէալ Մատրիտի Իր Ասպարէզը` Դուրս Մնալով Բաժակի Մրցաշարքէն

RelatedPosts

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին
Անդրադարձ

Ռազմավարական Դիմակայութիւնից Դիւանագիտութիւն. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Լարուածութեան Թուլացման Ուղին

February 9, 2026
Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ
Անդրադարձ

Պաքուի Ցմահ Վճիռները` Միջազգային Իրաւունքի Բացարձակ Ձախողութիւն Եւ Արցախի Ցեղային Զտման Օրինականացում

February 7, 2026
Մասիս Ալեքսանդրեան
Անդրադարձ

Մահուան Քառասունքին Առիթով. Մասեաց Սէգ Մասիսը

February 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.