ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Դոկտոր ընկերալեզուաբանութեան
Ներածական
Թէեւ դպրոցը, Եկեղեցին, մամուլն ու մշակութային միութիւնները կենսական դեր ունին վտանգուած լեզուներու պահպանման մէջ, սակայն ընկերալեզուաբանական իրականութիւնը կը հաստատէ անվիճելի ճշմարտութիւն մը` լեզուի գոյութեան գլխաւոր երաշխաւորը տունն է:
Լեզուի մը մահուան, պահպանման կամ վերակենդանացման ճակատագիրը կը վճռուի ընտանեկան յարկին տակ: Ուստի, եթէ կը փնտռենք արեւմտահայերէնի` վտանգուած լեզուի մը, փրկութեան բանալին, զայն պէտք է փնտռել նախ եւ առաջ ծնողքին գիտակից հոգիէն եւ տան սեմէն ներս:
Նախքան յառաջանալը` անհրաժեշտ էր կատարել այս կարեւոր մատնանշումը:
Այս յօդուածին նպատակը
Ընդառաջելով ընթերցողներու փափաքին ու հետաքրքրութեան` նախաձեռնեցի սոյն յօդուածին: Սակայն այս յօդուածը պիտի կեդրոնանայ կրթական օճախի` «էթնիք» դպրոցին, դերակատարութեան վրայ` վտանգուած մայրենի լեզուի մը պահպանման գործընթացին մէջ: Հայկական վարժարանները` Սփիւռքի տարածքին, կամ մաուրի դպրոցները` Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի մէջ, եւ օթոմի կրթօճախները` Մեքսիքայի մէջ, պարզ կրթական հաստատութիւններ չեն, այլ` լեզուական եւ մշակութային դիմադրութեան ամրոցներ եւ ինքնութեան պահպանման կենսական միջավայրեր:
Դպրոցներու զարգացումը արտերկրի համայնքներուն մէջ
Արտերկրի համայնքներուն մէջ դպրոցները զարգացան, երբ ժողովուրդներ գաղթեցին կամ տեղահանուեցան, յատկապէս` 16-20-րդ դարերուն, երբ առեւտուրը, կայսրութիւնները, հալածանքներն ու բռնի գաղթերը ստեղծեցին մեծ եւ մնայուն սփիւռքներ: Անոնց նպատակն էր կանխել ձուլումը եւ պահպանել ազգային ինքնութիւնը հայրենիքէն հեռու: Այսօր ալ «էթնիք» դպրոցները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` կամրջելով տեղական պետական կրթական չափանիշները ազգային ժառանգութեան հետ, պատրաստելով օրինակելի քաղաքացիներ, որոնք միաժամանակ տէր կը կանգնին իրենց արմատներուն:
Հայկական իմաստով, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, 1920-ական թուականներէն սկսեալ, Միջին Արեւելքի եւ աւելի ուշ Արեւմուտքի մէջ դպրոցները դարձան մշակութային ամրոցներ, ուր նոր սերունդները կը սորվէին մայրենի լեզուն, պատմութիւնը եւ եկեղեցական աւանդութիւնները:
Լիբանանի մէջ հայկական վարժարաններու հիմնադրութիւնը սերտօրէն կապուած էր գաղթակայաններու զարգացման հետ, յատկապէս` Պէյրութի ու Պեքայի շրջաններուն մէջ, թէեւ 1902 թուականին Ս. Նշան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հիմնուած էր Ս. Նշան վարժարանը` հետագային Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճը: 1922-ին վերապատուելի Ենովք Հատիտեանի ջանքերով Ատանա քեմփի հիւղաւանին մէջ հիմնուեցաւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը: 1930-ին Պուրճ Համուտի նորակազմ թաղամասին մէջ հաստատուած մարաշցի վերապրողներուն համար հիմնուեցաւ Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական վարժարանը (այժմ` Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարան):
Նոր Ատանա թաղամասին բնակիչները, իրենց ծննդավայրի Աբգարեան վարժարանի յիշատակը յաւերժացնելու համար, 1931-ի աշնան, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդարանի կողմէ լիազօրուած երկու ազգայիններով` Յակոբ Տիգրանեան եւ Երուանդ Թաւուգճեան, 40 աշակերտներով հիմը դրին Ազգային Աբգարեան վարժարանին:
Սսեցի գաղթական հայերու ճիգերով, 1930-ին կառուցուեցաւ փայտաշէն եւ թիթեղածածկ վարժարանը, որ կոչուեցաւ Ազգային Լուսինեան վարժարան: 1932-ին երկու յարկի վրայ կառուցուեցան վեց սենեակներ, որոնք օգտագործուեցան իբրեւ նախակրթարանի դասարաններ:
Նոյն թուականին Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի նման մտաւորականներու կողմէ հիմնադրուեցաւ Համազգայինի Ճեմարանը` նպատակ ունենալով սփիւռքի մէջ պատրաստել հայ մշակոյթի ու ղեկավարութեան նոր սերունդ մը: Այս ժամանակաշրջանին իրենց կրթական առաքելութիւնը ծաւալեցին նաեւ Մխիթարեան հայրերը` 1930-ականներու սկզբնաւորութեան պաշտօնական դպրոց հաստատելով Լիբանանի հայ գաղթականութեան զաւակներուն համար:
Իսկ Հալէպը դարձաւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներու գլխաւոր կեդրոնը, ուր բազմաթիւ վարժարաններ հիմնուեցան: 1919-ին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդարանին կողմէ հիմնուեցաւ Հայկազեան վարժարանը: 1924-ին Այնթապի Կրթասիրաց միութիւնը հիմնեց Կրթասիրաց վարժարանը: Զաւարեան վարժարանը, որ սկզբնապէս հիմնուած էր 1925-ին` որպէս Ներսէսեան դպրոց, նախապէս կը ծառայէր որպէս չափահաս որբերու կեդրոն, իսկ հետագային վերածուեցաւ նախակրթարանի` Հալէպի Նոր Գիւղ (Մէյտան) թաղամասին մէջ: 1927-ին հիմնուեցաւ Սահակեան վարժարանը` անուանուած Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսի անունով, որուն կառուցումը իրականացաւ Հնդկաստանի եւ Պրազիլի հայ գաղութներու նուիրատուութիւններով: 1930-ին Ներսէս Կիւլպէնկեանի բարերարութեամբ հիմնադրուեցաւ Կիւլպէնկեան վարժարանը` սպասարկելով Սուլէյմանիէ թաղամասի աճող հայ բնակչութեան:
Դպրոցին հիմնական դերակատարութիւնները
Դպրոցները կը տրամադրեն յատուկ ժամանակ եւ վայր` լեզուի պաշտօնական կրթութեան համար, այլ նիւթերու կողքին: Համախմբելով տարբեր ընտանիքներէ եկած անհատներ` դպրոցը կը ստեղծէ ընկերային միջավայր մը, ուր լեզուն կը խօսուի եւ կ՛արժեւորուի` զայն դարձնելով իրենց առօրեայ կեանքին բնական մէկ մասը: Ասիկա կ՛օգնէ բնականոն դարձնելու լեզուի գործածութիւնը եւ կրնայ պայքարիլ ամչկոտութեան կամ մեկուսացման զգացումներուն դէմ, որոնք յաճախ կապուած են փոքրամասնութեան լեզուով խօսելուն հետ:
Պատմական փորձառութիւնը ցոյց կու տայ սակայն, թէ տեղական կրթական համակարգերը յաճախ վերածուած են փոքրամասնութիւններու լեզուներու խափանման եւ կորուստի միջոցներու: Հարկ է հարց տալ, թէ ինչպէ՞ս յառաջացած է այս երեւոյթը:
Լեզուական քաղաքականութիւնը որպէս բռնի ձուլման միջոց
Միացեալ Նահանգներու, Միացեալ Թագաւորութեան եւ Աւստրալիոյ մէջ, օրինակի համար, լեզուական քաղաքականութիւնը ծառայեց որպէս բռնի ձուլման հզօր գործիք, որուն նպատակն էր տեղական/ցեղային եւ գաղթական հաւաքականութիւններու ինքնութիւնը ձուլել անգլիախօս ազգային կերպարի մը մէջ:
Մայրենիի հալածանքը արեւմուտքի մէջ
Միացեալ Թագաւորութեան մէջ կը պատժէին այն երեխաները, որոնք կելտական լեզուներ կը խօսէին, ինչ որ պատճառ դարձաւ ուէլշ, քորնիշ եւ մենքս լեզուներու գրեթէ անհետացման: Թէեւ Միացեալ Նահանգները միշտ ալ եղած է լեզուական հսկայական բազմազանութեամբ երկիր մը, սակայն այն նաեւ յաճախ կը նկարագրուի որպէս «լեզուներու գերեզմանոց»: Նիւ Եորքի մէջ, ուր նախապէս 800 լեզուներ վաւերագրուած էին, այսօր միայն 180-ի հետքերը կը գտնուին: Աւստրալիոյ քաղաքականութիւնը ի վերջոյ նուազեցուց երկրի լեզուական հարստութիւնը` աւելի քան 250 տեղական լեզուները հասցնելով շուրջ 120-ի, որոնք այսօր վտանգուած են:
Վերջ ի վերջոյ, այս համակարգուած ջանքերը ստեղծեցին «հեղինակութեան անջրպետ» մը, որ կը պատժէր մայրենի լեզուները եւ անգլերէնը կը հռչակէր որպէս քաղաքացիական եւ ընկերային գոյատեւման միակ լեզուն: Ընկերալեզուաբանական գետնի վրայ, անգլերէնը յաճախ կը բնորոշուի որպէս «սպաննող լեզու» (killer language):
Ափրիկեան փորձառութիւնը
Ափրիկէի մէջ գաղութատիրական լեզուական քաղաքականութիւնները հիմնականին մէջ ձեւաւորուեցան բրիտանացիներու կիրարկած «Անուղղակի կառավարման» եւ ֆրանսացիներու նախընտրած «Ձուլման» իրերամերժ փիլիսոփայութիւններով: Բրիտանացիները որդեգրեցին «բուրգի» դրութիւնը, որ թոյլ կու տար տեղական կարեւոր լեզուներուն, ինչպէս` սուահիլիին, հաուսային կամ եորուպային, գոյատեւել տեղական մակարդակի վրայ` նախնական կրթութեան եւ առեւտուրի համար, մինչ անգլերէնը խստիւ վերապահուած էր օրէնքի, բարձրագոյն կրթութեան եւ վարչական «վերնախաւին» համար:
Իսկ ֆրանսացիները հետապնդեցին «Քաղաքակրթական առաքելութեան» (Mission Civilisatrice) քաղաքականութիւնը, որուն հիմքը բացարձակ միալեզուութիւնն էր: Անոնք պարտադրեցին ֆրանսերէնը` որպէս դպրոցական առաջին իսկ օրուան միակ ուսուցման լեզուն, եւ արգիլեցին ափրիկեան լեզուները` զանոնք արհամարհանքով որակելով որպէս պարզունակ բարբառներ (patois): Ասիկա յառաջացուց ֆրանսերէնի բարձր մակարդակի տիրապետում մտաւորական վերնախաւին մօտ, բայց ծանրօրէն արգելք դարձաւ տեղական լեզուներու պաշտօնական զարգացման ու կանոնաւորման:
Կրօնական քարոզչութիւն եւ լեզուական գաղութատիրութիւն
Միսիոնարական դպրոցները բախտորոշ դեր խաղցան բնիկ լեզուներու նահանջին մէջ: Բռնի կերպով հեռացնելով երեխաները իրենց ընտանիքներէն, անոնք արգիլեցին մայրենիի գործածութիւնը` զայն պիտակելով «յետամնաց» կամ «սատանայական»: Լեզուի փոփոխութիւնը ներկայացուեցաւ իբրեւ հոգեւոր փրկութեան նախապայման: Նոյնիսկ երբ լեզուները գրաւոր կը դառնային Աստուածաշունչի թարգմանութեան համար, անոնք կը սահմանափակուէին լոկ կրօնական ոլորտով` տեղի տալով գաղութատէրերու լեզուին: Այս քաղաքականութիւնը խզեց ընտանեկան շղթան` սերունդներ զրկելով իրենց մայրենիէն եւ ինքնութենէն:
Հոգեբանական եւ ֆիզիքական բռնութիւն
Լեզուական այս ճնշումին կ՛ընկերակցէին դաժան պատիժներ: Քենիացի հեղինակ Նկուկի ուա Թիոնկօ կը գրէ, թէ ինչպէ՛ս իր մայրենի լեզուն գործածող աշակերտը կ՛ենթարկուէր ծեծի եւ նուաստացուցիչ պատիժներու: Երեխային վիզէն կախուած տախտակի մը վրայ գրուած կ՛ըլլար` «Ես ապուշ եմ» կամ «Ես էշ եմ»: Ան պէտք էր անգլերէն խօսէր: Նմանապէս, Ալասքայէն թլինկլիթ ցեղախումբէն մէկը կը գրէ. «Մինչեւ օրս, երբ թլինկլիթ խօսիմ, բերանիս մէջ օճառին համը կը զգամ»: Անոր բերանը օճառով կը լուային ամերիկացի ուսուցիչները իր մայրենի լեզուն խօսելուն համար:
Դպրոցին դերը` վտանգուած մայրենի լեզուի մը պահպանման գործին մէջ
Ներկայիս, բարեբախտաբար, նախկին գաղութատէր երկիրները սկսած են ընդունիլ իրենց պատմական դերը լեզուներու կորուստին մէջ եւ կը ձեռնարկեն գործնական վերակենդանացումի քայլեր, ինչպէս, օրինակ, Միացեալ Նահանգներու 2024-ի «Բնիկ լեզուներու վերակենդանացման 10-ամեայ ազգային ծրագիրը»:
Աւստրալիոյ մէջ համայնքային ու կրթական յատուկ ծրագիրներ թոյլ կու տան տեղացիներուն` վերատիրանալ իրենց նախնիներու լեզուական հմտութիւններուն: Միացեալ Թագաւորութեան մէջ Ուելզի կառավարութիւնը պարտադիր դպրոցական ուսուցման միջոցով նպատակ դրած է մինչեւ 2050 մէկ միլիոնի հասցնել ուէլշ խօսողներու թիւը: Ափրիկէի պարագային, նախապէս միայն բանաւոր համարուող լեզուները այսօր կը ստանան իրենց գրային համակարգերը, իսկ թուային արհեստագիտութեան ու «Google Translate»-ի նման միջոցներու շնորհիւ` ափրիկեան բազմաթիւ լեզուներ կը ստանան ժամանակակից հեղինակութիւն եւ կիրարկութեան նոր դաշտ:
Սորվեցնելով եւ արժեւորելով վտանգուած լեզու մը, դպրոցը կրնայ շրջել այս միտումը` բարձրացնելով լեզուին վարկը եւ տալով հզօր պատգամ մը, թէ այդ արժանի է ուսումնասիրութեան եւ պահպանման: Ասիկա կրնայ քաջալերել թէ՛ անհատները եւ թէ՛ ծնողները, որպէսզի լեզուին նային ո՛չ միայն իբրեւ մշակութային մասունք, այլեւ` իբրեւ կենդանի եւ արժէքաւոր միջոց:
Դպրոցը` իբրեւ լեզուի եւ մշակոյթի փոխանցման երաշխաւոր
Դպրոցը վտանգուած լեզուի մը պահպանման միակ վայրն է, ուր տեղի կ՛ունենայ հետեւողական եւ համակարգուած ուսուցում: Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, ուր տան մէջ լեզուի գործածութիւնը յաճախ անկայուն է, կրթօճախը կը դառնայ այն հարթակը, ուր աշակերտը կը սորվի գրել, կարդալ, եւ լեզուն կիրարկել կանոնաւոր ձեւով: Այս միջավայրը ոչ միայն գիտելիք կը ջամբէ, այլեւ օրինականութիւն ու վարկ կու տայ մայրենիին` պատգամելով նոր սերունդին, որ իրենց լեզուն ոչ թէ «նախնեաց» մնացուկ է, այլ` արժէքաւոր ու այժմէական հաղորդակցման միջոց:
Միաժամանակ կրթական հաստատութիւնը կը լեցնէ ընտանեկան փոխանցման խզուած բացը եւ կը կերտէ հաստատուն ինքնութիւն: Այնտեղ կը ստեղծուի ապահով եւ քաջալերող մթնոլորտ մը, ուր աշակերտը զերծ կը մնայ սխալելու վախէն եւ ձեռք կը բերէ լեզուական ինքնավստահութիւն: Դպրոցը լոկ լեզու սորվեցնելու վայր չէ, այլ` ինքնաճանաչման դարբնոց, ուր աշակերտը կը զգայ իր պատկանելիութիւնը համայնքին` զինուելով մշակութային հպարտութեամբ, որ պիտի ուղեկցի իրեն ողջ կեանքի ընթացքին:
Վերջապէս, դպրոցները կը ծառայեն իբրեւ համայնքային խարիսխներ, որոնք կը կամրջեն աւանդութիւնն ու արդիականութիւնը: Անոնք կը պատրաստեն ոչ միայն լեզուն խօսողներ, այլեւ` ապագայ ուսուցիչներ, առաջնորդներ եւ պահապաններ, որոնք ի վիճակի պիտի ըլլան շարունակելու լեզուապահպանման նուիրական գործը: Դպրոցը, համախմբելով ընտանիքներն ու ամրապնդելով ընկերային կապերը, լեզուական ծրագիրները կը վերածէ համայնքային կեանքի զարկերակին` երաշխաւորելով մայրենիին յարատեւութիւնը օտար ափերու վրայ:
Սփիւռքի մէջ` դպրոցներու մարտահրաւէրները եւ սահմանափակումները
Հակառակ իրենց կենսական դերին` պէտք է ընդունիլ, որ սփիւռքեան դպրոցները կը դիմագրաւեն զգալի մարտահրաւէրներ:
Ուսուցիչներու պակասը, դասաւանդման հինցած ձեւերն ու անբաւարար աշխատավարձերը կը դժուարացնեն երիտասարդութեան ներգրաւումը: Նիւթական տագնապն ու բարձր կրթաթոշակները ընտանիքները կը մղեն դէպի անվճար պետական վարժարաններ: Դպրոցները յաճախ կը գործածեն այնպիսի լեզուական ծրագիրներ, որոնք տասնամեակներով ետ կը մնան տեղական պետական կամ համաշխարհային դպրոցներու մէջ օգտագործուող բարձր արհեստագիտական դասագիրքերէն: Նաեւ, երբ հայկական իմաստով, օրինակի համար, հայահոծ թաղամասերը կը նօսրանան եւ ընտանիքները կը փոխադրուին արուարձաններ, հեռաւորութիւնը կը դառնայ մեծ արգելք` դպրոց յաճախելու համար: Վերջապէս, ընտանիքներու շարունակական արտագաղթը պատճառ կը դառնայ որոշ ազգային եւ համայնքային վարժարաններու եւ աշակերտութեան թիւի զգալի նուազումին:
Յատկանշական է վիճակագրական տուեալներու համեմատականը: Օրինակի համար, եթէ 1975-ին Լիբանանի մէջ կը գործէին 60 հայկական վարժարաններ` օժտուած 21.000 աշակերտութեամբ, ապա 2007-ին այդ թիւերը նուազեցան` հասնելով 28 կրթական հաստատութեան եւ շուրջ 7000 աշակերտի: Ներկայիս դպրոցներու քանակը կրճատուած է` հասնելով 15-ի, ինչ որ ընթերցողը կը մղէ եզրակացնելու աշակերտութեան թիւի համապատասխան եւ մտահոգիչ անկումը:
Եզրակացութիւն
Վերոյիշեալ տուեալները կը հաստատեն, որ կրթական օճախը կը պահէ իր վճռորոշ եւ անփոխարինելի առաքելութիւնը` արեւմտահայերէնի, ուէլշի, քաթալանի, կամ մաուրիի նման վտանգուած լեզուներու պահպանման ու վերաշխուժացման հոլովոյթին մէջ, յատկապէս` սփիւռքեան կամ տեղական բարդ պայմաններուն մէջ, ուր փոքրամասնութեան լեզուն, մեր պարագային` արեւմտահայերէնը, կը գտնուի օտար լեզուներու մշտական ու գերիշխող ազդեցութեան տակ:
Այսուհանդերձ, նկատի ունենալով նշուած մարտահրաւէրներն ու առկայ սահմանափակումները, հարց կը ծագի. ինչպէ՞ս կրնայ դպրոցը լիարժէքօրէն իրագործել իր լեզուապահպանումի դերը: Այս հարցումին պատասխանին պիտի անդրադառնանք յաջորդ յօդուածով:
Կիպրոս, յունուար 2026


