Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Մահացաւ Վաստակաւոր Ճարտարապետ Փրոֆ. Մուրադ Հասրաթեան
Յունուար 15-ին 91 տարեկանին մահացաւ ճարտարապետութեան պատմաբան, Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) արուեստի հիմնարկի տնօրէնի խորհրդական, ճարտարապետութեան բաժնի երկարամեայ վարիչ, ԳԱԱ-ի թղթակից անդամ, Հայաստանի վաստակաւոր ճարտարապետ, Հայաստանի պետական մրցանակի դափնեկիր, ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆեսէօր Մուրադ Հասրաթեանը:
Մուրադ Հասրաթեանը ծնած է 20 յունիս 1935-ին, 1952-ին ընդունուած է Երեւանի Կ. Մարքսի անուան բազմարհեստից հիմնարկի շինարարական կաճառի ճարտարապետութեան բաժանմունք, զոր գերազանցութեամբ աւարտած է 1958-ին եւ աշխատանքի սկսած «Երեւան նախագիծ» հիմնարկին մէջ: Անոր նախագիծերով Երեւանի մէջ կառուցուած են բնակելի եւ վարչական շէնքեր, դպրոցներ:
1964-ին Մ. Հասրաթեանն աշխատանքի սկսած է Գիտութիւններու ակադեմիային արուեստի հիմնարկին մէջ` իբրեւ կրտսեր գիտաշխատող, 1971-1976-ին` գիտական քարտուղար, 1979-1985-ին` Պատմութեան եւ մշակոյթի յուշարձաններու համահաւաքի բաժնի վարիչ, 1988-2026-ին` ճարտարապետութեան բաժնի վարիչ, 2026-էն` տնօրէնի խորհրդական:
2003-ին ստացած է փրոֆեսէօրի գիտական կոչում, իսկ 2006-ին ընտրուած է Հայաստանի ԳԱԱ-ի թղթակից անդամ:
Մ. Հասրաթեանի շուրջ երկու տասնեակ գիրքերը, բազմաթիւ պրոշիւրներն ու հարիւրաւոր գիտական յօդուածները լոյս տեսած են Հայաստանի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Աւստրիայի, Իտալիայի, Գերմանիոյ, Նիտըրլանտներու, Լեհաստանի, Քանատայի, Ճափոնի մէջ եւ այլուր:
Մ. Հասրաթեանը ճարտարապետութեան այն եզակի պատմաբանն է, որ ուսումնասիրած եւ հրատարակած է հայ ճարտարապետութեան ամբողջական պատմութիւնը` սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը «Histoire de l՛architecture arménienne des origines à nos jours»: Ծանրակշիռ է Մ. Հասրաթեանի ներդրումը յատկապէս ուշ միջնադարու «Սիւնիքի XVII-XVIII դարերի ճարտարապետական համալիրները» եւ վաղ միջնադարու «Early Christian Architecture of Armenia» հայկական ճարտարապետութեան, Արցախի ճարտարապետութեան «Հայկական ճարտարապետութեան Արցախի դպրոցը», ճարտարապետական առնչութիւններու (հայ-բիւզանդական, հայ-սուրիական, հայ-իրանական, հայ-վրացական) ուսումնասիրութիւններուն մէջ:
Փրոֆ. Հասրաթեան երկար տարիներ դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանին, Երեւանի գեղարուեստի պետական ակադեմիայի, Երեւանի ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան ազգային համալսարանին մէջ` իր փորձառութիւնն ու գիտելիքը փոխանցելով ապագայ ճարտարապետներուն ու մշակութաբաններուն:
Մ. Հասրաթեան պարգեւատրուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալով, Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան ոսկէ յուշամետալով, Հայաստանի վարչապետի յուշամետալով, ՀՀ ԳԱԱ-ի վաստակագիրով: Արժանացած է Հայաստանի վաստակաւոր ճարտարապետի պատուաւոր կոչման, Հայաստանի պետական մրցանակի ու ԳԱԱ-ի Թորոս Թորամանեանի անուան մրցանակի:
Արցախի Նուիրուած Արցախահայութեան «Մենք Կանք» Նախաձեռնութիւնը Համախմբեց Արցախեան Շունչն Ու Մշակոյթը
18 յունուար 2026-ին Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ կայացաւ Արցախի մշակոյթին նուիրուած լայնածաւալ «ՄԵՆՔ ԿԱՆՔ» մշակութային նախաձեռնութիւնը, որ մէկ յարկի տակ համախմբեց Արցախի գրեթէ բոլոր մշակութային միութիւնները, ինչպէս նաեւ` հայաստանեան եւ արցախեան ճանչցուած մենակատարներ:
Օրուան ընթացքին համալիրի տարածքին կազմակերպուած էր արցախեան մոթիֆներով ցուցահանդէս, ուր ներկայացուեցան` բռնի տեղահանումէն ետք իրենց գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ վերսկսած արցախեան ընկերութիւններու արտադրանքը, ձեռագործ աշխատանքները եւ անհատներու ու մշակութային միութիւններու ստեղծագործական ներկայացումները:
Երեկոյեան կայացաւ մեծ համերգ` բարձր մակարդակի կատարումներով եւ բացառիկ մասնակցութեամբ` արցախեան շունչն ու ոգին վերակենդանացնելով: Իրենց մասնակցութիւնը բերին Արցախի գրեթէ բոլոր մշակութային միութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի ու Հայաստանի նշանաւոր մենակատարներ:
Նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ Արցախեան մշակոյթի պահպանման կեդրոն հասարակական կազմակերպութեան եւ «ՄՈՒՆՔ» դպրոցին նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ` դառնալով կարեւոր հարթակ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ներկայացման, համախմբման եւ շարունակականութեան ապահովման համար:
Արցախի հասարակական գործիչ Արտակ Մկրտչեան շեշտեց, որ այս նախաձեռնութեան խորհուրդը արցախեան մշակոյթի պահպանութիւնն ու զայն սերունդներուն փոխանցելն է, որովհետեւ եթէ` «Մենք դա չանենք, ապա ոչ ոք մեր փոխարէն չի անելու այդ գործը` թէ՛ մշակոյթի, թէ՛ բարբառի պահպանութիւնը»:
Ան նշեց, որ ընտրուած է յունուար 18-ը, եւ կարելի է ըսել, որ այս օրը կը յայտարարուի Արցախի օր: «Քանի որ արցախցիները ցրուած են Հայաստանի տարբեր մարզերում ու արտերկրում, այս օրը հնարաւորութիւն է, որ գան ու միաւորուեն: Մենք չենք ուզում, որ Արցախը դառնայ Նախիջեւան: Մենք Նախիջեւանում չունենք պահպանուած հայկական որեւէ բան, բայց Արցախում դեռ կայ: Չնայած Արցախն այսօր գերեվարուած է, բայց մենք պէտք է աշխարհին ցոյց տանք, պէտք է լինենք պահանջատէր, որ մեր մշակոյթը թողել ենք Արցախում, այսինքն եկեղեցիներ կան, որոնք ամէն օր ոչնչացւում են թշնամու կողմից: Եւ մեր մշակոյթը ցոյց տալով` պէտք է աշխարհին ցոյց տանք, որ մենք կանք եւ շարունակում ենք մեր պայքարը` մեր մշակոյթով, մեր կրթութեամբ, մեր հայ լինելով: Արցախը հայկական է, անկախ նրանից, որ այսօր գերեվարուած է: Եթէ մենք լռենք, ապա երբեւէ չենք վերադառնայ: Մենք պէտք է ցոյց տանք, որ հայկական մշակոյթն Արցախում կար, հիմա եւս կայ եւ շարունակուելու է: Այս միջոցառմամբ փորձում ենք ցոյց տալ, որ մենք դա պահպանում ենք եւ փոխանցելու ենք յաջորդ սերունդներին, մինչեւ որ պահը կը գայ, եւ բոլորս միասին կը վերադառնանք հայկական Արցախ», շեշտեց Արտակ Մկրտչեան:
Կազմակերպիչներուն հետեւողական եւ պատասխանատու աշխատանքին շնորհիւ` նախաձեռնութիւնը վերածուեցաւ ոչ միայն մշակութային տօնի, այլ նաեւ` համերաշխութեան, միասնականութեան եւ ապագայ վերադաձի յստակ ուղերձի:
Արցախի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան զարգացման գործակալութիւն կազմակերպութեան նախագահ Սերգէյ Շահվերդեանը այս նախաձեռնութեան մասին գրած է.
«Հանրութիւնը քիչ պատկերացում ունի այն փորձութիւնների ու դժուարութիւնների մասին, որոնց միջով անցել են միջոցառման կազմակերպիչները: Խնդիրը միայն ֆինանսական դժուարութիւնները չէին:
«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան օրհներգի կատարումն արգելուեց: Դրօշի եւ զինանշանի օգտագործումը արգելուեց: Շատ բաներ, որոնք մեզ համար միայն խորհրդանիշներ չեն, այլ մեր ինքնութեան եւ յիշողութեան մաս են կազմում, արգելուեցին:
«Եւ այնուամենայնիւ, չնայած այս սահմանափակումներին եւ չարտայայտուած ճնշումներին, միջոցառումը տեղի ունեցաւ: Այն դարձաւ ամենամեծ մշակութային միջոցառումը բռնի տեղահանութիւնից ի վեր:
«Խորին յարգանք եւ երախտագիտութիւն` բոլոր նրանց, որոնք ստանձնեցին այս պատասխանատուութիւնը եւ հասցրին այն մինչեւ վերջ: Սա աւելին էր, քան` պարզապէս միջոցառում. սա արժանապատուութեան եւ մոռացութեան դիմադրութեան դրսեւորում էր»:
ԵՈՒՆԻՍԵՖ–ը Եւ Անոր Գործընկերները Սիւնիքի Մէջ Երիտասարդներու Նոր Համաստեղծման Գիտաշխատանոց Մը Հիմնեցին
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը, «Ձեռնարկութիւններու զարգացման հիմնարկ»-ին (EIF), Մեղրիի համայնքապետարանին եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Նորարարութիւններու գրասենեակին աջակցութեամբ, Սիւնիքի մարզի Ագարակ քաղաքին մէջ բացումը կատարուեցաւ համաստեղծման գիտաշխատանոցի մը:
Հայաստանի ամէնէն հեռաւոր հարաւային համայնքներէն մէկուն մէջ գործող այս կեդրոնը նպատակ ունի` հզօրացնել դեռահասները եւ երիտասարդները` անոնց համար հասանելի դարձնելով ժամանակակից գործիքները, տրամադրելով խորհրդատուութեան եւ համատեղ զարգացման կարելիութիւններ: Ասիկա Սիսիանի մէջ 2024-ին հիմնուած համաստեղծման գիտաշխատանոցէն ետք երկրորդն է:
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Նորաբաց կենտրոնը արդէն իր փորձնական փուլում ընդունել է 70 երիտասարդ` իրազեկման միջոցառումների եւ ներածական դասընթացների շրջանակում: Առաջիկայում ակնկալւում է, որ այն տարեկան կը սպասարկի աւելի քան 100 դեռահասի եւ երիտասարդի` առաջարկելով հմտութիւնների զարգացման շարունակական ծրագրեր, թուային գրագիտութեան աշխատարաններ եւ գործնական նախագծերի մշակման հնարաւորութիւններ»:
Նշենք, որ Ագարակ համայնքը առանցքային դեր ունեցած է կեդրոնի հիմնադրութեան մէջ` համայնքի վարչական շէնքին մէջ անվճար տրամադրելով համապատասխան տարածք մը: Այս ներդրումին նպատակը տեղական երիտասարդներու կարելիութիւնները ընդլայնելն է, ինչպէս նաեւ տրամադրութիւն ստեղծել ոչ միայն աւելի աշխուժ կերպով մասնակցելու համայնքային կեանքին, այլ նաեւ` ներդրում ունենալ տեղական եւ տարածաշրջանային ծրագրաւորման ու զարգացման գործընթացներուն մէջ:
«Այս գիտաշխատանոցը կը միտի բացայայտել տեղական երիտասարդներու ներուժը: Ասիկա տարածք մըն է, ուր երիտասարդները կրնան` նոր հմտութիւններ ձեռք բերել, գաղափարներ փորձարկել եւ ստեղծել թուային արդիւնքներ, որոնք պիտի նպաստեն Սիւնիքի մարզի զարգացման», կ՛ըսէ Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Քրիսթինէ Վայկանտ` աւելցնելով, որ անիկա նաեւ կարելիութիւն պիտի տայ երիտասարդներուն` ուսումնասիրելու թուային արուեստ, գծանկարային եւ լսատեսողական նախագիծեր մշակել, ինչպէս նաեւ` մասնակցիլ արհեստագիտական նախաձեռնութիւններու, սեմինարներու եւ գործնական աշխատանոցներու:
«Կրթութեանը, արդիւնաբերութեանը եւ ձեռնարկատիրութեան ոլորտները միաւորելով` գիտաշխատանոցը կ՛օգնի երիտասարդներին պատրաստուել 21-րդ դարի արագ փոփոխուող պահանջներին: Ծրագրերը նախատեսուած են ամրապնդելու թուային, երկրաչափական եւ գործարար հմտութիւնները` միաժամանակ խթանելով ստեղծարարութիւնն ու նորարարութիւնը: Կենտրոնը նպատակ ունի հնարաւորութիւններ ստեղծել երիտասարդների համար` ներգրաւուելու Հայաստանի զարգացող բարձր արհեստագիտութիւններու ոլորտում եւ մասնակցելու տարածաշրջանային զարգացման հեռանկարային հնարաւորութիւններին», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
«Մեր նպատակն է արագացնել արհեստագիտական ոլորտի զարգացումը Սիւնիքի մարզում եւ բացայայտել դրա նորարարական ներուժը` ներդրելով յօգուտ տեղական տաղանդի դրսեւորման եւ ստեղծելով հնարաւորութիւններ, որպէսզի երիտասարդները կարողանան զարգանալ հենց այնտեղ, որտեղ ապրում են: Երիտասարդներին ապահովելով գործնական հմտութիւններով, խորհրդատուութեամբ եւ ժամանակակից արհեստագիտութիւններու հասանելիութեամբ` այս գիտաշխատանոցները հնարաւորութիւն են տալիս նրանց ձեռք բերել արդի գիտելիքներ, զարգացնել մասնագիտական կարողութիւններ եւ ստեղծել նորարարական լուծումներ` ապրելով եւ աշխատելով իրենց սեփական համայնքներում: Այս մօտեցումը ոչ միայն նպաստում է տեղական ընկերային-տնտեսական զարգացմանը, այլեւ ամրապնդում է Հայաստանի լայնածաւալ նորարարական բնապահպանական համակարգը», իր կարգին ըսաւ Ձեռնարկութիւններու զարգացման հիմնարկի տնօրէն Բագրատ Ենգիբարեան:
Բացման արարողութեան յաջորդեցին երիտասարդներու համար նախատեսուած երկու զուգահեռ աշխատանոցներ, նաեւ յատուկ ծրագիրներ` ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն համար:
«Հայոց Վանքեր» Խորագիրով Ջրաներկի Ցուցահանդէսը` Նուիրուած Սուրբ Ծնունդին
Սուրբ Էջմիածնի Ռուբէն Սեւակի թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հայոց վանքեր» խորագիրով ջրաներկի ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Սուրբ Ծնունդին: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են հայկական վանքերը, որոնք կ՛արտայայտեն մեր հոգեւոր ժառանգութեան լուռ վեհութիւնն ու դարաւոր ուժը:
Ջրաներկի նուրբ գունաշարի եւ լոյսի միջոցով հեղինակը անդրադարձած է հայկական ճարտարապետութեան առանձնայատուկ բնոյթին` փոխանցելով ինչպէս վանքերու խորհրդաւոր մթնոլորտը, այնպէս ալ շրջապատող բնութեան խաղաղ շունչը: Աշխատանքներուն մէջ կը զգացուի ոչ միայն ճարտարապետական ձեւերու ճշգրտութիւնը, այլ նաեւ հոգեւոր խոր ապրումը:
Ցուցահանդէսի հեղինակ Յասմիկ Քարափուլեանը ստեղծագործական ուղին ապրած է նկարչական միջավայրի մէջ: Մասնակցած է շարք մը ցուցահանդէսներու` նուիրուած ջրաներկին եւ քաղաքային բնանկարներու, իսկ վերջին տարիներուն իր ստեղծագործութիւններուն մէջ առաւել յաճախ կ՛անդրադառնայ հայկական վանքերու թեմային` փորձելով ժամանակակից գունային լեզուով ներկայացնել մեր մշակութային ժառանգութիւնը:










