Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքեան Ոգին. Փոքր Պատասխանատուութենէն` Մեծին

January 19, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Դպրեվանքին մէջ իւրաքանչիւր տարեշրջանի սկիզբը տեսչութիւնը պաշտօնական հանդիպում մը կ՛ունենայ աշակերտութեան հետ: Սոյն հանդիպումին տեսուչն ու հսկիչները աշակերտներուն կը բացատրեն դպրեվանքի ընդհանուր օրէնքները, առօրեայի կարգ-կանոնը եւ տարեշրջանի նորութիւնները: Անոնք նաեւ կը յայտարարեն իւրաքանչիւր ուսանողի համար ճշդուած պատախանատուութիւնը եւ ստանձնելիք աշխատանքը: Այս պատասխանատուութիւններու բաշխումին նպատակը դպրեվանեան կեանքի  կազմակերպ եւ համահունչ ընթացքի ապահովումն է:

Դպրեվանքը մեծ ընտանիք է, եւ անոր շէնքը ունի տարբեր բաժանմունքներ` դասարաններ, ննջարաններ, տեսչարան, ուսուցչարան, ընդունարան, քարտուղարութեան բաժին, մատենադարան, գրատուն, քարտուղարութիւն, մառան, հանդերձատուն, խաղասրահ, մարզասրահ, դեղատուն, համակարգիչի սենեակ եւ այլն: Իւրաքանչիւր բաժանմունք կ՛ունենայ իր պատասխանատուն ու փոխանորդը կամ օգնականները, որպէսզի տուեալ պաշտօնը լիուլի կատարուի: Իւրաքանչիւր պատասխանատու իր փոխանորդին հետ պէտք է հսկէ տուեալ բաժինի մաքրութեան, կոկիկութեան եւ աշխատանքի արդիւնաբերութեան: Հսկիչ հայր սուրբերը արդէն իսկ կու տան պէտք եղած ցուցմունքները, եւ պաշտօն ստանձնողները, նախկին ուսանողներու օրինակը իրենց մտքին մէջ ունենալով, պատասխանատուութիւնը կը ստանձնեն` զայն լաւագոյնս կատարելու ձգտումով:

Դպրեվանեան կեանքի այս երեսին նպատակն է գործով արտայայտել Քրիստոսի այն ոսկի խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Ով որ փոքր ծառայութեան մէջ հաւատարիմ է, մեծին մէջ ալ հաւատարիմ է» (Ղկ. 16.10): Այլ խօսքով, ապագայի ղեկավար դառնալու պատրաստուող դպրեվանեցին նախ իր տան` դպրեվանքին մէջ պէտք է սորվի պատասխանատուութիւն ստանձնել եւ անոր հանդէպ գիտակցութիւն զարգացնել: Երբ այս հունտը կը սերմանուի պատանի հասակէն, ապագային տուեալ անհատը կը յաջողի ազգին ու Եկեղեցւոյ մարտահրաւէրներուն, դժուարութիւններուն, մտահոգութիւններուն եւ տագնապներուն լուծումներ գտնելու պատրաստակամութիւնը ունենալ եւ ըստ այնմ գործի լծուիլ: Դպրեվանեցիին վստահուած աշխատանքային դաշտը  դարաւոր անցեալ ունեցած եւ պատմութիւն կերտած Հայ եկեղեցին է, որ շատ փոթորիկներու եւ ալիքներու զարնուած է, սակայն պահած է` իր դիմագիծը, նկարագիրը, վարկը, հոգեւոր գանձերն ու արժէքները: Եթէ նոր սերունդէն պատրաստուող ղեկավարները պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ չմօտենան անոր, անիկա դիւրաւ կ՛ընկղմի համաշխարհայնացումի  խեղդող  ովկիանոսին մէջ: Շատ դիւրին է ըսել` «Այսօր այսինչ արժէքը անիմաստ է, ուրեմն պէտք չկայ պահելու զայն» եւ անտարբերութեամբ անցնիլ անոր վրայէն: Մօտեցում մը, որ, ըստ երեւոյթին, դիւրաւ կը զարգանայ ամէնուր: Ուրեմն, ո՞վ պիտի պահպանէ մեր Եկեղեցին իր դիմագիծով ու վաստակով եւ պաշտպանէ անոր դիմաց պարզուած երբեմն անդիմադրելի թուող հոսանքները, որոնք կը սպառնան մեր Եկեղեցւոյ գոյատեւումին: Եթէ փորձենք պահ մը մտածել դպրեվանեցիին վստահուած պատասխանատուութեան մեծութեան մասին, պիտի  կարենանք պատկերացնել անոր կազմաւորման հիմքի զօրութեան կարեւորութիւնը: Սերմանուած հունտին նետած արմատները այնքան զօրաւոր պէտք է ըլլան, որպէսզի ան ոչ միայն անշեղ մնայ, այլ կարենայ դէմ դնել բոլոր հոսանքներուն:

Ահաւասիկ, փոքր պատասխանատուութեան մէջ է, որ դպրեվանեցիին հաւատարմութիւնն ու պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը կը գնահատուի: Դասերու մէջ ապահոված նիշին համազօր եւ երբեմն ալ աւելի կարեւոր է դպրեվանեցին արժեւորել իր ստանձնած պատասխանատուութեան մէջ: Այլ խօսքով, իմացական հմտութիւններով միայն կազմաւորուիլը անիմաստ պիտի դառնայ, եթէ դպրեվանեցին չի գիտեր պատասխանատուութիւն ստանձնել եւ անոր հանդէպ բծախնդրութիւն ցուցաբերել: Հայ եկեղեցին միայն ուսուցման եւ հոգեւոր կեանքի անդաստան մը չէ. անիկա հրաշագործ ու բուժող ձեռք մըն է նաեւ, որ կը հասնի իր բոլոր զաւակներուն` գոհացնելով անոնց բազմազան կարիքները:

Նոյն այս դպրեվանեան ոգին ու դաստիարակութիւնն է, որ առաքած է երիտասարդ ղեկավարներ` դէպի մեր գաղութները, ուր, հակառակ իրենց փոքր տարիքին եւ համեստ փորձառութեան, անոնք կրցած են մեր ժողովուրդը համախմբել Եկեղեցւոյ շուրջ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յատուկ նկարագիրին ու ոգիին համաձայն, եկեղեցւոյ եւ ազգային արժէքները դարեր շարունակ պահուեցան, կը պահուին մինչեւ օրս եւ պիտի շարունակուին պահպանուիլ, որովհետեւ անոնց հանդէպ պատասխանատուութեան ոգին` դպրեվանեան ոգին կ՛աճի դպրեվանքի նուիրական յարկին տակ կազմաւորուղ պատանիին ու երիտասարդին մէջ:

 

 

 

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Բարեսիրտ Հայորդին, Որ Կ՛ուզէր Թուրքին Խիղճը Արթնցնել (19 Յունուար 2007)

Յաջորդը

«Լիկ 1». Լանս Անակնկալի Դիրքէն Բարձրացաւ Թեկնածուի Դիրք

RelatedPosts

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը.  Բարեսիրտ Հայորդին, Որ Կ՛ուզէր Թուրքին Խիղճը Արթնցնել (19 Յունուար 2007)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Բարեսիրտ Հայորդին, Որ Կ՛ուզէր Թուրքին Խիղճը Արթնցնել (19 Յունուար 2007)

January 19, 2026
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Ինչպէ՞ս Արժեւորենք Արհեստագիտական Բանականութիւնը

January 19, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Պուրճ Համուտ (3)
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պուրճ Համուտ (3)

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.