Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Բարեսիրտ Հայորդին, Որ Կ՛ուզէր Թուրքին Խիղճը Արթնցնել (19 Յունուար 2007)

January 19, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ   

Հրանդ Տինքի ոճիրը, իր նմաններէն շատերու օրինակով Էրկենեքոնէն ալ անդին, աւելի խորունկ կառոյցի մը ծրագիրով գործուած է…

ՖԵԹՀԻՅԷ ՉԵԹԻՆ
(«Ազդակ», 19-1-2015)

Յաճախ մենք մեզի հարց կու տանք, թէ մօտիկ անցեալի դիպաշարերը, որոնք կ՛առնչուին ազգային մեր պարունակին, ինքնութեան, կենցաղին ու ապագային, ինչո՞ւ մեր հաւաքական կեանքի կիզակէտին չեն մնար կամ մոռացութեան կը տրուին առհասարակ բազմաթիւ հարցադրումներու պատճառով:

Արդեօք նմանօրինակ վիճակ չի՞ պարզեր Հրանդ Տինքի նահատակութիւնը, որ օրին ցնցեց հայութիւնը ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի:

Օրին զարհուրելի կացութիւն մը ստեղծեց ազնուասիրտ հայորդիին մահը, որուն ականատես եղաւ մարդկութիւնը համակ, որ միայն բաւարարուեցաւ քանի մը տժգոյն եւ դատապարտանքի խօսքերով` իր ուշադրութիւնը սեւեռելով սպանութեան վրայ: Այդուամենայնիւ, միջազգային հանրային կարծիքը լուռ մնաց, անարձագանգ թողնելով դատական գործընթացները, այլապէս ալ խուսափելով թուրք պետութեան դէմ դիրքորոշուելէ եւ արդարութիւն պահանջելէ:

Միւս կողմէ, քստնմելի ոճիրը, որ տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ, օր ցերեկով, «Ակօս»-ի խմբագրատան դիմաց, բարոյահոգեբանական ուժգին հարուած մը հասցուց թուրք հասարակութեան ներքին կեանքին, երբ Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան ատեն բազմահազար մարդիկ յուզումնախառն բացագանչեցին «Բոլորս Հրանդ ենք», «Բոլորս հայ ենք»:

Այո՛, զազիր սպանութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող մեծ թիւով ազատամիտ մարդիկ լսելի դարձնեն իրենց ցասումն ու պոռթկումը, պարզ այն պատճառով, որ Հրանդ Տինք յաջողած էր իր նահատակութենէն առաջ առանց վախի եւ հարազատօրէն ներկայանալ թուրք հասարակութեան, մե՛րթ դասախօսութիւններով, մե՛րթ հարցազրոյցներով եւ առաւելաբար` «Ակօս»-ի էջերէն` իր անկեղծ մտածումները, տեսակէտներն ու համոզումները յայտնելու:

Հրանդ Տինք հայորդին, որ ծնած ու հասակ առած էր Թուրքիոյ մէջ, ապրած` զրկանք ու  որբութիւն, իսկ չափահասի տարիքին` ճանչցած իր արմատներն ու հայակականութիւնը, կ՛ուզէր լոյսին բերել պատմական ոճիրի մը ծալքերը, իսկ թուրք շրջապատը մղել ինքնագիտակցութեան, խիղճի արթնացման եւ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման:

Արդարեւ,

Ճիշդ է, որ 19 տարիէ ի վեր տակաւին կը լսուին այս մեծ հայուն մասին բարի խօսքեր ու յիշատակներ, այդուհանդերձ, երբ Հրանդ Տինքի դատական գործընթացը, այսպէս ըսած, իր լրումին հասաւ, երբ անհերքելի ճշմարտութիւնը քողարկուեցաւ, երբ ոճիրը գործած մարդակերները` Օկիւն Սամսաթ, Եասին Հայալ եւ Թունչելի (ոճիրի մտայղացողը), ծիծաղելի դատավարութենէ եւ բանտարկութենէ ետք բարի վարուց վկայագիր ալ ստացան, երբ թուրք պետական այրեր արհամարհական եւ ամօթալի կեցուածքներ ունեցան` ստորագնահատելով Հրանդի խօսքն ու գործը, մենք` հայերս, ցաւ ի սիրտ, յանձնուեցանք անտարբերութեան շղարշին ու տակաւ սկսանք մոռացութեան տալ այս մեծ հայուն յիշատակը:

Արդար է ընդգծել, որ Հրանդ Տինքի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինն էր, որ Տինքի նահատակութենէն առաջ եւ ետք ցոյց տուաւ եզակի քաջութիւն եւ ստանձնեց այս ծանր պարտականութիւնը` Հրանդ Տինքի իրաւապաշտպանութիւնը:

Մարդասէր ու հայասէր, արմատներով հայ Ֆեթհիյէ Չեթին, իր կարգին, ցնցեց թուրք հասարակութիւնը, երբ հրատարակեց «Մեծ մայրիկս», «Թոռներ» ու հետագային` «Ամօթ կը զգամ. Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը» հատորները, որոնք որոշակի ազդեցութիւն ունեցան Թուրքիոյ ներքին կեանքին վրայ:

2007-էն ի վեր հայ մամուլը, իր կարգին, կը յիշէ Հրանդ Տինքը, կ՛արժեւորէ անոր արի կեցուածքներն ու ազգային մօտեցումները, ինչպէս նաեւ ամէն պատեհ առիթի լոյսին կը բերէ թուրք պետութեան հայատեաց ու ազգայնամոլի պահուածքը:

Հայ խմբագիրին` Հրանդ Տինքի ամբողջ մտասեւեռումը կեդրոնացած էր հայ եւ թուրք ժողովուրդի հաշտութեան վրայ: Եւ յանուն այս գաղափարին ու համոզումին, ան նետուած էր պայքարի դաշտ աղաւաղուած ու ճշմարտացի պատմական եղելութիւն մը լոյսին բերելու եւ հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու:

Ճիշդ է, որ յախուռն հրապարակախօսը յաջողած էր Հայոց ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնել եւ ամբողջ հասարակակարգ մը իրազեկել, սակայն, անդին, թուրք ազգայնականութիւնը, որ լուռ կը հետեւէր անոր քայլերուն եւ խօսքին, քանի մը սպառնալիքներէ ետք արդէն կ՛որոշէր լռութեան մատնել ազնուական հայու սիրտն ու մտածումները:

«Գորշ գայլեր»-ու վոհմակին ձեռամբ կը սպաննուէր հայազգի մտաւորականը, իր իսկ խմբագրատան դիմաց: Փաստօրէն, թուրք ոճրամիտ տեսակը դարձեալ կը յայտնէր իր հայատեացութիւնը եւ կը զգուշացնէր թրքահայն ու թուրք ազատամիտը:

Հրանդ Տինքի դէմ կատարուածը պետական ահաբեկչութիւն էր:

Հայ մտաւորականը զոհն էր, այսպէս ըսած, արդի Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող խորունակ պետութեան, որ իր մարդակերի ատամները կը ցցէ` ամէն անգամ որ այս երկրին մէջ լոյսին կու գան արդարութիւն պահանջող մտածողներ:

Այսօր, երբ հայ եւ թուրք պետական յարաբերութիւնը տարբեր բնագաւառներէ ներս «եղբայրական» մեղրալուսին կ՛ապրի, երբ հայոց երկրին մէջ քաղաքական ու ռազմավարական գործընթացները «թրքասէրի» ուղղութեան մէջ կը գտնուին, արդար է հարցադրել, որ հայ քաղաքական միտքը երբեւէ իր մտածումներուն առանցքին կը յիշէ՞ պատմական թէ ժամանակակից եղելութիւնները, որոնք ցոյց կու տան, որ հայը որքա՜ն մօտիկութիւն յայտնէ թուրքին, նոյնքա՛ն կ՛աւելնայ թուրքի հայատեացութիւնը:

Մտահան պէտք չէ ընել անսեթեւեթ ճշմարտութիւն մը, որ Հրանդ Տինքի նահատակութիւնը, մեր պարագային, զգօնութեան հրաւէր պէտք է ըլլայ, պարզապէս հասկնալու, որ թուրքին պահուածքը չէ փոխուած դարերէ ի վեր:

Շիրիմիդ լոյս, սիրելի՛ Հրանդ:

 

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Աշակերտները Արժանացան Բարձր Մրցանակներու

Յաջորդը

Դպրեվանքեան Ոգին. Փոքր Պատասխանատուութենէն` Մեծին

RelatedPosts

Դպրեվանքեան Ոգին. Փոքր Պատասխանատուութենէն` Մեծին
Անդրադարձ

Դպրեվանքեան Ոգին. Փոքր Պատասխանատուութենէն` Մեծին

January 19, 2026
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Ինչպէ՞ս Արժեւորենք Արհեստագիտական Բանականութիւնը

January 19, 2026
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Պուրճ Համուտ (3)
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պուրճ Համուտ (3)

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.