Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Երազը

January 21, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Կը հաւատա՞ք, որ արդէն 25 տարի անցեր է այն օրէն, երբ հեռատեսիլներուն առջեւ նստած` անհամբեր եւ սրտատրոփ կը սպասէինք կէս գիշերին, որ մեզ նոր հազարամեակ մը պիտի փոխադրէր` փորձելով չմտածել այն բոլոր բախտագուշակութիւններուն մասին, որոնք կ՛ըսէին, թէ, ըստ Աստուածաշունչին, ասիկա աշխարհի վերջն է եւ այլն, առանց մտածելու, թէ կէս գիշերային այդ պահը պիտի կրկնուի 24 տարբեր ժամանակային տարածքներու մէջ, տարբեր կէս գիշերներով…

Անգամ մը եւս նոր տարին կը սկսի եւ անոր նորութեան հետ կը նորոգուին մեր յոյսերը:

Բայց, երբ կը մտածենք հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին մեր` հայերուս վիճակին մասին, ինքնաբերաբար կարծես կը զսպուի նորին բերած մեր խանդավառութիւնը, որովհետեւ չենք գիտեր, թէ ապագան ի՛նչ պահեր է մեզի համար:

Սակայն պատմութեան մէջ մի՛շտ ալ ապագան սպառնացեր է մեր լինելութեան, վախը պատեր է մեզ, եւ չենք կրցեր կողմնորոշուիլ:

Սիմոն Սիմոնեանի հետ իր զրոյցին ընթացքին («Զրոյց», Զ. հատոր, Պէյրութ, 1988) Կարօ Փօլատեան կ՛արծարծէ նաեւ ա՛յս` լինելութեան հարցը: Սիմոնեան օրինակ կը բերէ Վահան Տէրեանը` «Մի՞թէ վերջին պոէտն եմ ես… Մա՞հն է արդեօք, թէ նինջը քեզ պատել…», օրինակ կը բերէ Վահան Թէքէեանի վախը, որ «Լեզուն որով գրեցի» հարիւր տարի վերջ ա՛լ խօսող չունենայ (գրուած` 1942 թուականին), կամ` Գէորգ Զ. կաթողիկոսին եւ Աւետիք Իսահակեանին զրոյցը, նաեւ` Արշակ Չօպանեանն ու Թորոս Թորանեանը (կ՛արժէ կարդալ ամբողջութիւնը), բայց յետոյ կ՛ըսէ, թէ ինք չի մեղադրեր այս քերթողներն ու գրագէտները, որովհետեւ անոնց «չարագուշակութիւնները անճիշդ, անարդար ու անփաստ չէին», որովհետեւ սարսափելի բաներ պատահեր էին 20-րդ դարու ամբողջ ընթացքին:

«Պիտի գոյատեւէ՞ հայ ժողովուրդը քսաներորդ դարէն անդին, չորս հազար տարուան ճամբայ կտրելէն ետք»:

Բայց այս հարցումին պատասխանելէ առաջ  կան ուրիշ հարցումներ, զորս պէտք է ուղղենք մե՛նք մեզի, իւրաքանչիւր հայուն առանձնաբար.

– Կ՛ուզե՞նք գոյատեւել իբրեւ հայ:

– Իրապէս կը զգա՞ս հոգիիդ խորունկէն հայ մնալու հզօր պահանջ, անզսպելի ցանկութիւն:

– Իրապէ՞ս կ՛ուզենք չանհետանալ եւ մեր բազմադարեան կերպով շարունակել հայ մնալ:

– Երջանկութի՞ւն է հայ մնալը:

– Անկարելիութիւն դարձա՞ծ է քեզի հայ չմնալը, օրինակ, երբ ահաւոր ուժ մը քեզ հարկադրէ հրաժարիլ հայութենէդ…» եւ այլն:

Սիմոնեան կը շարունակէ.

«Այս բոլորը եւ անոր մօտիկ հարցումները` անոր համար, որ հայը գոյատեւել տալու համար այսօր անհրաժեշտ է նոր եւ բարձրագոյն հայրենասիրութիւն մը…»:

«Ուրիշ հայրենասիրութեան մը մասին է իմ խօսքը, հայրենասիրութիւն մը, որ Անին երբե՛ք պիտի չյանձնէր յոյներուն, հայրենասիրութիւն մը, որ Տիգրանակերտի պարիսպներուն առջեւ ճզմէր որկրամոլ Լուկուլլոսն ու իր քանի մը տասնեակ հազար լեգէոնականները, հայրենասիրութիւն մը, որ 1915 ապրիլ 24-էն դարեր առաջ հայ ժողովուրդը պահէր իր ամբո՛ղջ հողերուն վրայ միազանգուած մեծամասնութիւն… հայրենասիրութիւն մը, որ հարիւր կամ երկու հարիւր զինուորներով Անդրանիկը տանէր` դէպի Էրզրում, Բասէն, Երզնկա, Վան, Պիթլիս, Մուշ, Սասուն… հայրենասիրութիւն մը, որ Սարդարապատի ճակատամարտը մղէր Սասունի մէջ, Վանի մէջ եւ այլն, եւ այլն»:

Երբ երկիրներ կը հպատակին իրենց նախագահներու քմահաճոյքին, երբ ժողովուրդներ կը տառապին իրենց նախագահներուն ընչաքաղցութեան թաթին տակ, երբ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը, որ ստեղծուեր էր «Այլեւս երբե՛ք» կարգախօսով, Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, ոչինչ կրնայ ընել կասեցնելու համար բռնատիրութեան տարածումը աշխարհի մէջ, թէեւ` ամէն տեղ այլ անունով, բայց` մի՛շտ նոյն նպատակներով եւ միջոցներով. ո՞ւր կը մնայ յոյսը, կը հարցնենք այսօր:

Բայց յոյսը ամէնէն վերջին մահացողն է, ըսուած է իրաւամբ: Ամէնէն ծանր լուծին տակ իսկ մարդ կը յուսայ գալիք առաւօտին եւ անոր բերելիք բարիքին:

Մենք եւս, հակառակ անհատնում, չվերջացող տառապանքին, Հալէպէն մինչեւ Կազա եւ մինչեւ սահմանամերձ տարածքները մեր երկրին ու դարձեա՛լ Հալէպ, կը շարունակենք յուսալ: Այդ յոյսն է, որ կը մղէ մեզ շարունակելու մեր օրը` վաղուան երազով:

Իսկ երազը մի՛շտ հզօր է:

 

 

 

Նախորդը

Պանդուխտի Երգ

Յաջորդը

Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ

RelatedPosts

Սուրիահայութիւնը Իրաւա-Սահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ՝ Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն
Անդրադարձ

Սուրիահայութիւնը Իրաւա-Սահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ՝ Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն

January 21, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միջազգային Իրաւունքի Մահը

January 21, 2026
Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ
Անդրադարձ

Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.